Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • պհ պատմ. 39
  • Ահարոնին գաւազանը կը ծաղկի

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ահարոնին գաւազանը կը ծաղկի
  • Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Հաւատարմօրէն ենթարկուեցէք աստուածային հեղինակութեան
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2002
  • Մովսէս ժայռին կը զարնէ
    Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
պհ պատմ. 39
Մովսէս Ահարոնին ծաղկած գաւազանը բռնած է

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 39

Ահարոնին գաւազանը կը ծաղկի

ՏԵՍԷՔ այս գաւազանը կամ ձողը որու վրայ ծաղիկներ եւ հասունցած նուշեր կան։ Ասիկա Ահարոնին գաւազանն է։ Ահարոնի գաւազանին այս ծաղիկներն ու հասունցած պտուղները մէ՛կ գիշերուան մէջ աճեցան։ Տեսնենք թէ ի՛նչպէս։

Իսրայելացիները որոշ ժամանակէ մը ի վեր անապատին մէջ կը թափառէին։ Անոնցմէ ոմանք կը խորհին որ իրենց առաջնորդը Մովսէսը պէտք չէ՛ ըլլայ, ոչ ալ Ահարոնը՝ իրենց քահանայապետը։ Այսպէս խորհողներէն մէկն է Կորխ, իսկ ուրիշներ՝ Դաթան, Աբիրոն եւ ժողովուրդին 250 իշխաններ։ Ասոնք բոլորը կու գան եւ Մովսէսի կ’ըսեն. ‘Ինչո՞ւ մեր բոլորին վրայ դուք ձեզ կը բարձրացնէք’։

Մովսէս կ’ըսէ Կորխի եւ մնացեալներուն. ‘Վաղը առաւօտ ձեր խնկամանները առէք եւ անոր մէջ խունկ դրէք։ Յետոյ եկէք Եհովայի տաղաւարը։ Տեսնենք թէ Եհովա որո՛ւ պիտի ընտրէ’։

Յաջորդ օրը Կորխ եւ իր 250 հետեւորդները տաղաւար կու գան։ Շատ մը ուրիշներ ալ կու գան որպէսզի թիկունք կանգնին այս մարդոց։ Եհովա շատ կը բարկանայ։ Մովսէս կ’ըսէ. ‘Այս չար մարդոց վրաններէն հեռացէք։ Իրենց պատկանած բաներուն մի՛ դպչիք’։ Ժողովուրդը մտիկ կ’ընեն եւ կը հեռանան Կորխի, Դաթանի եւ Աբիրոնի վրաններէն։

Ապա Մովսէս կ’ըսէ. ‘Ասով պիտի գիտնաք թէ Եհովա որո՛ւ ընտրած է։ Հիմա երկիրը պիտի բացուի եւ չար մարդիկը պիտի կլլէ’։

Հազիւ թէ Մովսէս իր խօսքը կը վերջացնէ, գետինը կը բացուի եւ Կորխի վրանը, անոր ստացուածքները, Դաթանը, Աբիրոնն ու անոնց հետ եղող մարդիկը կը կլլէ եւ ետ կը գոցուի։ Երբ ժողովուրդը կը լսեն գետնին տակ գացողներուն պոռչտուքը, անոնք կը պոռան. ‘Փախէ՛ք, երկիրը մեզ ալ կրնայ կլլել’։

Կորխ եւ իր 250 հետեւորդները տակաւին տաղաւարին մօտն են։ Ուստի Եհովա կրակ կը ղրկէ եւ բոլորն ալ կ’այրէ։ Ապա Եհովա կ’ըսէ Ահարոնի որդւոյն՝ Եղիազարին, որ մեռած մարդոց խնկամանները առնէ եւ խորանը պատելու համար անոնցմով բարակ թիթեղ մը շինէ։ Խորանը ծածկելը ազդարարութիւն մըն է Իսրայելացիներուն թէ Ահարոնէ եւ իր որդիներէն զատ ո՛չ մէկը պէտք է ծառայէ որպէս Եհովայի քահանաները։

Բայց Եհովա կ’ուզէ յստակօրէն ցոյց տալ թէ Ահարոնը եւ իր որդիները ընտրած է քահանաներ ըլլալու։ Ուստի կ’ըսէ Մովսէսի. ‘Իսրայէլի բոլոր ցեղերուն առաջնորդները իրենց գաւազանները թող բերեն։ Ղեւիի ցեղին համար, Ահարոնը իր գաւազանը թող բերէ։ Յետոյ այս բոլոր գաւազանները տաղաւարին մէջ ուխտի տապանակին առջեւ դիր։ Քահանայ ըլլալու ընտրած մարդուս գաւազանը պիտի ծաղկի’։

Յաջորդ առաւօտ, երբ Մովսէս կը նայի, ի՜նչ տեսնէ. Ահարոնին գաւազանը ծաղկած է եւ հասուն նուշեր ծլած են անոր վրայ։ Հիմա կը հասկնա՞ք թէ ի՛նչու Եհովա Ահարոնին գաւազանը ծաղկեցուց։

Թուոց 16։1–49. 17։1–11. 26։10

Ուսումնասիրութեան հարցումներ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել