Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • պհ պատմ. 40
  • Մովսէս ժայռին կը զարնէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մովսէս ժայռին կը զարնէ
  • Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Յեսու առաջնորդ կ’ըլլայ
    Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Աչքերդ որո՞ւն կը նային
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
  • 12 Լրտեսները
    Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Թուոց գիրքէն աչքառու կէտեր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2004
Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
պհ պատմ. 40
Մովսէս եւ Ահարոն ժայռէն ելած ջուրին համար վարկը իրենք իրենց տուին

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 40

Մովսէս ժայռին կը զարնէ

ՏԱՐԻՆԵՐԸ կը սահին. 10 տարի, 20 տարի, 30 տարի, 39 տարի։ Իսրայելացիները տակաւին անապատին մէջն են։ Բայց այս բոլոր տարիներուն ընթացքին, Եհովա հոգ կը տանի իր ժողովուրդին։ Ան զանոնք մանանայով կը կերակրէ։ Ցորեկը ամպի սիւնով, իսկ գիշերը կրակի սիւնով կ’առաջնորդէ։ Իսկ այս բոլոր տարիներու տեւողութեան, անոնց հագուստը չի մաշիր եւ ոտքերը չեն ուրիր։

Արդ, հիմա Եգիպտոսէ դուրս ելլելէն 40–րդ տարուան առաջին ամիսն է։ Իսրայելացիները դարձեալ Կադէսի մէջ կ’իջեւանին։ Ճիշդ հոս կը գտնուէին մօտ 40 տարի առաջ, երբ Մովսէս 12 լրտեսները ղրկեց Քանանու երկիրը լրտեսելու։ Մովսէսի քոյրը Մարիամ Կադէսի մէջ կը մեռնի եւ սովորութեան պէս, դարձեալ խնդիր մը կայ։

Ժողովուրդը ջուր չեն գտներ։ Ուստի Մովսէսի կը գանգատին. ‘Աւելի լաւ էր որ մեռնէինք։ Ինչո՞ւ մեզի Եգիպտոսէն դուրս հանեցիր եւ այս տեղը բերիր, ուր բան մը չի բուսնիր։ Ոչ ցորեն կայ, ոչ թուզ, ոչ խաղող եւ ոչ նուռ։ Նոյնիսկ խմելու ջուր չկայ’։

Երբ Մովսէս եւ Ահարոն տաղաւար կ’երթան աղօթելու, Եհովա կ’ըսէ Մովսէսի. ‘Ամբողջ ժողովուրդը հաւաքէ եւ անոնց առջեւ այդ ժայռին խօսէ եւ անկէ թէ՛ ժողովուրդին եւ թէ անասուններուն համար բաւարար ջուր պիտի ելլէ’։

Ուստի Մովսէս կը հաւաքէ ժողովուրդը եւ կ’ըսէ. ‘Դուք որ վստահութիւն չունիք Աստուծոյ վրայ, մտի՛կ ըրէք։ Ահարոն եւ ես այս ժայռէն ձեզի ջո՞ւր պիտի հանենք’։ Ապա Մովսէս երկու անգամ գաւազանով կը զարնէ ­ժայռին եւ ժայռէն առատ ջուր կը սկսի ­հոսիլ։ Բոլոր ժողովուրդին եւ անասուններուն համար խմելիք բաւարար ջուր կայ։

Բայց Եհովա կը բարկանայ Մովսէսի եւ Ահարոնի դէմ։ Գիտէ՞ք ինչու։ Քանի որ Մովսէս եւ Ահարոն ըսին որ իրե՛նք ջուր կը հանէին ժայռէն։ Բայց իրականութեան մէջ, Եհովա՛ն ըրաւ անիկա։ Քանի որ Մովսէս եւ Ահարոն այս մասին ճշմարտութիւնը չըսին, Եհովա կ’ըսէ որ զիրենք պիտի պատժէ։ ‘Իմ ժողովուրդս դուք պիտի չառաջնորդէք Քանանու երկիրը’, կ’ըսէ ան։

Անկէ անմիջապէս ետք Իսրայելացիները կը մեկնին Կադէսէ։ Քիչ վերջ, անոնք Հովր Լեռ կը հասնին։ Հոն, այդ լերան գագաթը, Ահարոն կը մեռնի։ Իր մահուան ատեն, ան 123 տարեկան է։ Իսրայելացիները շատ կը տխրին եւ 30 օր բոլոր ժողովուրդը կու լան Ահարոնին համար։ Իսրայէլ ազգին յաջորդ քահանայապետը կ’ըլլայ իր որդին՝ Եղիազար։

Թուոց 20։1–13, 22–29. Բ. Օրինաց 29։5

Ուսումնասիրութեան հարցումներ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել