Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աբ դաս 12 էջ 20
  • Մահուան ատեն ի՞նչ կը պատահի

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մահուան ատեն ի՞նչ կը պատահի
  • Աստուծոյ բարեկամը կրնա՛ք ըլլալ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Մեռելներուն վիճակը ի՞նչ է
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2016
  • Ո՞ւր կը գտնուին մեռելները
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
  • Մեռելներուն վիճակը ի՞նչ է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
Տես աւելին
Աստուծոյ բարեկամը կրնա՛ք ըլլալ
աբ դաս 12 էջ 20

ԴԱՍ 12

Մահուան ատեն ի՞նչ կը պատահի

Մահը կեանքին հակառակն է։ Մահը խորունկ քունի կը նմանի։ (Յովհաննու 11։11-14) Մեռելները չեն կրնար լսել, տեսնել, խօսիլ կամ որեւէ բան մտածել։ (Ժողովողի 9։5, 10) Սուտ կրօնքը կը սորվեցնէ որ մեռելները հոգեղէն աշխարհ մը կ’երթան իրենց նախնիքներուն հետ ապրելու համար։ Աստուածաշունչը այսպիսի բան չի սորվեցներ։

Յիսուս Յայրոսի աղջիկը կը յարուցանէJesus resurrects the daughter of Jairus

Անոնք որ մեռած են չեն կրնար մեզի օգնել, ոչ ալ կրնան վնասել։ Մարդոց մէջ սովորութիւն դարձած է ծէսեր եւ զոհեր ընել, հաւատալով որ անոնք պիտի հանգստացնեն մեռած անհատները։ Ասիկա հաճելի չէ Աստուծոյ, քանի որ Սատանայի սուտերէն մէկուն վրայ հիմնուած է։ Ասիկա մեռելներուն ալ որեւէ հաճոյք չի պատճառեր, քանի որ անոնք անկենդան են։ Մեռելներէն պէտք չէ վախնանք, ոչ ալ զանոնք պաշտենք։ Միա՛յն Աստուած պէտք է պաշտենք։—Մատթէոս 4։10

Մեռելները դարձեալ պիտի ապրին։ Եհովան ետ կեանքի պիտի բերէ մեռելները՝ դրախտ երկրի մը վրայ։ Բայց ասիկա ապագային պիտի ըլլայ։ (Յովհաննու 5։28, 29. Գործք 24։15) Աստուած կրնայ մեռած անհատները արթնցնել, ճիշդ ինչպէս որ դուք կրնաք քնացած անհատ մը արթնցնել։—Մարկոս 5։22, 23, 41, 42

Այն գաղափարը թէ չենք մեռնիր, Բանսարկու Սատանային կողմէ տարածուած սուտ մըն է։ Սատանան եւ իր դեւերը մարդոց հաւատացնել կու տան թէ մեռելներուն հոգիները ողջ են եւ անոնք են որ հիւանդութիւններ եւ ուրիշ խնդիրներ կը պատճառեն։ Սատանան երբեմն մարդիկը կը խաբէ երազներով եւ տեսիլքներով։ Եհովա կը դատապարտէ անոնք որոնք կը փորձեն մեռելներու հետ խօսիլ։—Բ. Օրինաց 18։10-12

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել