Կ’ուզե՞ս աւելին գիտնալ
Այս գրքոյկը կը ներկայացնէ հակիրճ եւ հետաքրքրաշարժ ամփոփում մը Աստուածաշունչի պատգամին մասին։ Սակայն անոր նպատակը չէ մանրամասնօրէն բացատրել, թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կը սորվեցնէ իւրաքանչիւր նիւթի մասին։
Օրինակի համար, թերեւս կ’ուզես գիտնալ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կը պատասխանէ որոշ հարցումներու, ինչպէս՝ «Աստուած իսկապէս ինձմով հետաքրքրուա՞ծ է», «Ի՞նչ կը պատահի մեզի երբ մեռնինք» եւ «Ինչպէ՞ս կրնամ երջանկութիւն գտնել»։
Այս եւ ա՛յլ հետաքրքրական հարցումներու պատասխանները կրնաս գտնել Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին մէջ, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։ Այս գիրքը պատրաստուած է Աստուածաշունչը նիւթ առ նիւթ սերտելու համար։ Այսպիսի ուսումնասիրութեան մեթոտ մը կ’օգնէ, որ որոշ նիւթի մը շուրջ զանազան համարներ գտնես։
Կարդա՛ կամ բեռնէ այս գրքոյկը եւ/կամ Աստուածաշունչի անվճար տնային ուսումնասիրութիւն խնդրէ www.pr2711.com կայքի վրայ։