Ժամանակագրական ցուցակ
«Սկիզբէն. . . »
Ք.Ա. 4026 Ադամի ստեղծագործութիւնը
Ք.Ա. 3096 Ադամի մահը
Ք.Ա. 2370 Ջրհեղեղը կը սկսի
Ք.Ա. 2018 Աբրահամ կը ծնի
Ք.Ա. 1943 Աբրահամական ուխտը
Ք.Ա. 1750 Յովսէփ որպէս գերի կը ծախուի
Ք.Ա. 1613–է առաջ Յոբի փորձութիւնը
Ք.Ա. 1513 Եգիպտոսէն ելքը
Ք.Ա. 1473 Իսրայէլ Քանան կը մտնէ Յեսուի առաջնորդութեամբ
Ք.Ա. 1467 Քանանի մեծ մասը կը նուաճուի
Ք.Ա. 1117 Սաւուղ թագաւոր կ’օծուի
Ք.Ա. 1070 Աստուած Դաւիթին Թագաւորութեան խոստումը կու տայ
Ք.Ա. 1037 Սողոմոն թագաւոր կ’ըլլայ
Ք.Ա. 1027 Երուսաղէմի տաճարին կառուցումը կ’ամբողջանայ
Ք.Ա. շուրջ 1020 Երգ Երգոցը կ’ամբողջանայ
Ք.Ա. 997 Իսրայէլ երկու թագաւորութիւններու կը բաժնուի
Ք.Ա. շուրջ 717 Առակներու հաւաքածոն կ’ամբողջանայ
Ք.Ա. 607 Երուսաղէմ կը կործանուի. դէպի Բաբելոն գերութիւնը կը սկսի
Ք.Ա. 539 Բաբելոն Կիւրոսի ձեռքը կ’իյնայ
Ք.Ա. 537 Հրեայ գերիները Երուսաղէմ կը վերադառնան
Ք.Ա. 455 Երուսաղէմի պարիսպները կը վերաշինուին. 69 եօթնեակները կը սկսին
Ք.Ա. 443–էն ետք Մաղաքիան իր մարգարէական գիրքը կ’աւարտէ
Ք.Ա. շուրջ 2 Յիսուսի ծնունդը
Ք.Ե. 29 Յիսուս կը մկրտուի. Յիսուս կը սկսի Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին քարոզել
Ք.Ե. 31 Յիսուս իր 12 առաքեալները կ’ընտրէ. Լերան քարոզը կու տայ
Ք.Ե. 32 Յիսուս Ղազարոսը կը յարուցանէ
Ք.Ե. 33, Նիսան 14 Յիսուս կը ցցահարուի (Նիսանը կը սկսի մարտի կէսերէն եւ կը վերջանայ ապրիլի կէսերուն)
Ք.Ե. 33, Նիսան 16 Յիսուս յարութիւն կ’առնէ
Ք.Ե. 33, Սիվան 6 Պէնտէկոստէ. սուրբ հոգին կը թափուի (Սիվանը կը սկսի մայիսի կէսերէն եւ կը վերջանայ յունիսի կէսերուն)
Ք.Ե. 36 Կոռնելիոս քրիստոնեայ կը դառնայ
Ք.Ե. շուրջ 47-48 Պօղոսի առաջին քարոզչական շրջապտոյտը
Ք.Ե. շուրջ 49-52 Պօղոսի երկրորդ քարոզչական շրջապտոյտը
Ք.Ե. շուրջ 52-56 Պօղոսի երրորդ քարոզչական շրջապտոյտը
Ք.Ե. շուրջ 60-61 Պօղոս նամակներ կը գրէ, մինչ բանտարկուած է Հռոմի մէջ
Ք.Ե. 62–էն առաջ Յիսուսի խորթ եղբայրը՝ Յակոբոս, իր նամակը կը գրէ
Ք.Ե. 66 Հրեաները Հռոմի դէմ կ’ապստամբին
Ք.Ե. 70 Երուսաղէմն ու անոր տաճարը կը կործանուին հռոմայեցիներուն կողմէ
Ք.Ե. շուրջ 96 Յովհաննէս Յայտնութիւնը կը գրէ
Ք.Ե. շուրջ 100 Վերջին առաքեալին՝ Յովհաննէսին մահը