Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • մսա դաս 5
  • Խօսքերդ կշռէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Խօսքերդ կշռէ
  • Մարդիկը սիրէ եւ աշակերտէ
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Պօղոսին օրինակը
  • Պօղոսէն ի՞նչ կը սորվինք
  • Պօղոսին նմանէ
  • Խոնարհ եղիր
    Մարդիկը սիրէ եւ աշակերտէ
  • Արտերը ինչպէ՞ս կը նկատես
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
  • Անձով հետաքրքրուէ
    Մարդիկը սիրէ եւ աշակերտէ
  • Բնական եղիր
    Մարդիկը սիրէ եւ աշակերտէ
Տես աւելին
Մարդիկը սիրէ եւ աշակերտէ
մսա դաս 5

ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՍԿՍԵԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿ

Պօղոս առաքեալ աթենացիներուն հետ կը տրամաբանէ։

Գործք 17։22, 23

ԴԱՍ 5

Խօսքերդ կշռէ

Սկզբունք. «Ձեր խօսքը ամէն ատեն շնորհքով, որպէս թէ աղով համովցած ըլլայ» (Կող. 4։6)։

Պօղոսին օրինակը

Պօղոս առաքեալ աթենացիներուն հետ կը տրամաբանէ։

ՎԻՏԷՕ. Պօղոս կը քարոզէ աթենացիներուն

1. Դիտէ՛ ՎԻՏԷՈՆ կամ կարդա՛ Գործք 17։22, 23։ Ետքը, այս հարցումներուն պատասխանէ.

  1. ա) Պօղոս ի՞նչ զգաց, երբ Աթէնքի կրօնական սովորութիւնները տեսաւ (տե՛ս Գործք 17։16)։

  2. բ) Աթենացիները քննադատելու տեղ, Պօղոս ինչպէ՞ս նուրբ կերպով անոնց հաւատալիքները գործածեց, որ բարի լուրը քարոզէ։

Պօղոսէն ի՞նչ կը սորվինք

2. Հաւանական է որ մարդիկ մեզի աւելի մտիկ ընեն, երբ ուշադրութեամբ զատենք մեր բառերը եւ գիտնանք ատոնք ինչպէ՛ս ըսել եւ ե՛րբ ըսել։

Պօղոսին նմանէ

3. Բառերդ ուշադրութեամբ ընտրէ։ Օրինակ, երբ կը խօսիս քրիստոնեայ չեղող անձի մը հետ, թերեւս պէտք ըլլայ որ տարբեր կերպով ներկայացնես Աստուածաշունչը կամ Յիսուսը։

4. Շատ արագ դիմացինը սրբագրելու մի՛ նայիր։ Ձգէ որ իր մտքին մէջինը ըսէ։ Եթէ ըսէ բան մը, որ ըստ Աստուածաշունչին ճիշդ չէ, հետը մի՛ վիճաբանիր (Յակ. 1։19)։ Երբ որ իրեն մտիկ ընես, պիտի գիտնաս որ ինչի՛ կը հաւատայ եւ ինչո՛ւ ատոր կը հաւատայ (Առ. 20։5)։

5. Երբ որ տեղին է, դիմացինը գովէ եւ հետը համաձայնէ։ Ան թերեւս համոզուած է որ իր հաւատացած բաները ճիշդ են։ Փորձէ խօսիլ նիւթի մը մասին, որուն շուրջ երկուքդ կը համաձայնիք։ Ետքը, իրեն կամաց–կամաց օգնէ, որ Աստուածաշունչին սորվեցուցածները հասկնայ։

ՏԵ՛Ս ՆԱԵՒ

Առ. 25։15. Բ. Տիմ. 2։23-26. Ա. Պետ. 3։15

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել