Նոյեմբեր
Շաբաթ, նոյեմբեր 1
Մանկանց ու կաթնկեր տղայոց բերնէն գովութիւն կատարեցիր (Մատ. 21։16)։
Եթէ ծնող մըն ես, զաւակներուդ օգնէ որ իրենց տարիքին համեմատ պատասխաններ պատրաստեն։ Թէեւ երբեմն նիւթը լուրջ կ’ըլլայ, ինչպէս ամուսնական խնդիրներու եւ բարոյական հարցերու մասին, բայց տակաւին թերեւս ըլլան մէկ կամ երկու պարբերութիւններ, որոնց վրայ պզտիկ մը կրնայ պատասխանել։ Ասկէ զատ, պզտիկներուդ օգնէ որ հասկնան, թէ ամէն անգամ որ ձեռքերնին բարձրացնեն, իրենց պատասխանելու առիթ պիտի չտրուի։ Ասիկա պիտի օգնէ որ յուսախաբ չըլլան, երբ իրենց տեղ ուրիշները պատասխանեն (Ա. Տիմ. 6։18)։ Բոլորս կրնանք Եհովան պատուող եւ մեր հաւատակիցները քաջալերող պատասխաններ պատրաստել (Առ. 25։11)։ Ճիշդ է որ ատեն–ատեն կրնանք կարճ կերպով մեր մասին խօսիլ, բայց պէտք չէ չափը անցընենք (Առակաց 27։2. Բ. Կոր. 10։18)։ Հապա, պէտք է կեդրոնանաք Եհովային, իր Խօսքին եւ իր ժողովուրդին վրայ (Յայտ. 4։10)։ դ23.04 24-25 ¶17-18
Կիրակի, նոյեմբեր 2
Չքնանանք ինչպէս ուրիշները, հապա արթուն ու զգաստ ըլլանք (Ա. Թես. 5։6)։
Սէրը կարեւոր է արթուն եւ զգաստ մնալու համար (Մատ. 22։37-39)։ Աստուծոյ հանդէպ սէրը մեզի կ’օգնէ, որ քարոզչութեան մէջ տոկանք, հակառակ որ ասիկա երբեմն մեր գլուխը ցաւի կը տանի (Բ. Տիմ. 1։7, 8)։ Քանի՛ որ կը սիրենք անոնք որոնք մեր հաւատքը չեն բաժներ, կը շարունակենք քարոզել, նոյնիսկ հեռաձայնով եւ նամակով վկայութիւն տալով։ Յոյսերնիս չենք կտրեր որ օրին մէկը մարդիկ փոխուին եւ սկսին ճիշդը ընել (Եզեկ. 18։27, 28)։ Մեր ընկերը սիրել կը նշանակէ նաեւ մեր հաւատակիցները սիրել։ Այսպիսի սէր ցոյց կու տանք՝ ‘մէկզմէկ մխիթարելով եւ իրարու օգնելով’ (Ա. Թես. 5։11)։ Կողք–կողքի կռուող զինուորներու պէս, մենք իրար կը քաջալերենք։ Մենք բնա՛ւ մեր եղբայրներն ու քոյրերը պիտի չվիրաւորենք գիտակցաբար, ոչ ալ չարութեան փոխարէն չարութիւն պիտի հատուցանենք (Ա. Թես. 5։13, 15)։ Մեր սէրը ցոյց տուած կ’ըլլանք նաեւ՝ յարգելով ժողովքին մէջ առաջնորդութիւն առնող եղբայրները (Ա. Թես. 5։12)։ դ23.06 10 ¶6. 11 ¶10-11
Երկուշաբթի, նոյեմբեր 3
[Եհովան] ըսաւ ու պիտի չընէ՞ (Թւ. 23։19)։
Մեր հաւատքը զօրացնելու առաջին կերպն է՝ փրկանքին վրայ խոկալ։ Փրկանքը մեզ կը վստահեցնէ որ Աստուծոյ խոստումները պիտի իրականանան։ Երբ որ մտածենք որ Յիսուս ինչո՛ւ իր կեանքը որպէս փրկանք տուաւ եւ Եհովան որքա՛ն մեծ զոհողութիւն ըրաւ, մեր հաւատքը կը զօրանայ որ դրախտ բերելու իր խոստումը պիտի կատարուի։ Ինչո՞ւ այսպէս կ’ըսենք։ Մէկ հատ մտածէ. Եհովան որքա՜ն սուղ գին վճարեց, երբ իրեն ամէնէն մօտիկ անձը՝ իր անդրանիկ Որդին երկիր ղրկեց։ Յիսուս երկրի վրայ տեսակ–տեսակ նեղութիւններէ անցաւ, ետքն ալ չարչարուելով մեռաւ։ Արդեօք Աստուած այսքա՛ն սուղ գին պիտի վճարէ՞ր, որ մենք միայն քանի մը տարի լաւ կեանք ապրինք (Յովհ. 3։16. Ա. Պետ. 1։18, 19)։ Վստահ ո՛չ։ Ուրեմն Եհովան անպայման մեզի յաւիտենական կեանք պիտի տայ նոր աշխարհին մէջ։ դ23.04 27 ¶8-9
Երեքշաբթի, նոյեմբեր 4
Ո՛վ մահ, ո՞ւր է քու տանջանքդ (Ով. 13։14)։
Եհովան մեռելներուն յարութիւն տալու փափաքը ունի՞։ Անկասկած։ Ան կարգ մը Աստուածաշունչի գրողներ ներշնչեց, որ գրեն ապագայ յարութեան մը նկատմամբ իր խոստումին մասին (Եսա. 26։19. Յայտ. 20։11-13)։ Եւ երբ Եհովան խոստում մը կու տայ, անիկա մի՛շտ կը կատարէ (Յես. 23։14)։ Իրականութեան մէջ, Եհովան մե՛ծ փափաքով կը սպասէ, որ մեռելներուն յարութիւն տայ։ Նկատի առ Յոբ նահապետին խօսքերը։ Ան վստահ էր, որ նոյնիսկ եթէ մեռնէր, Եհովան կ’ուզէր զինք ետ կեանքի բերել (Յոբ 14։14, 15, ՆԱ)։ Եհովան նոյն փափաքը ունի իր բոլոր ծառաներուն նկատմամբ, որոնք մեռած են։ Ան շատ կ’ուզէ որ անոնք նորէն ապրին եւ առողջ եւ ուրախ ըլլան։ Ի՞նչ կրնանք ըսել մահացած միլիոնաւորներու մասին, որոնք Եհովային մասին ճշմարտութիւնը գիտնալու առիթը չունեցան։ Մեր սիրալիր Աստուածը կ’ուզէ անո՛նց ալ յարութիւն տալ (Գործք 24։15)։ Ան կ’ուզէ որ անոնք առիթը ունենան իր բարեկամները ըլլալու եւ երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու (Յովհ. 3։16)։ դ23.04 9 ¶5-6
Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 5
Աստուծմով քաջութիւն պիտի ունենանք (Սաղ. 108։13)։
Ինչպէ՞ս կրնաս յոյսդ զօրացնել։ Օրինակ, եթէ երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունիս, կարդա՛ Դրախտին մասին Աստուածաշունչին նկարագրութիւնը եւ անոր վրայ խոկա՛ (Եսա. 25։8. 32։16-18)։ Երեւակայէ թէ կեանքը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ նոր աշխարհին մէջ։ Դուն քեզ հոն տես։ Եթէ նոր աշխարհի նկատմամբ մեր յոյսը մեր մտքին մէջ հաստատ պահենք, մեր խնդիրները ‘վայրկենական եւ թեթեւ’ պիտի ըլլան (Բ. Կոր. 4։17)։ Եհովային տուած յոյսը քեզ պիտի զօրացնէ։ Ան արդէն իսկ քեզի տուած է ինչ որ պէտք է որ զօրանաս։ Անոր համար, երբ նշանակում մը ընելու, փորձութեան մը տոկալու կամ ուրախութիւնդ պահպանելու համար օգնութեան պէտք ունենաս, անկեղծօրէն Եհովային աղօթէ եւ անձնական ուսումնասիրութեամբ իր օգնութիւնը խնդրէ։ Քրիստոնեայ եղբայրներուդ ու քոյրերուդ տուած քաջալերութիւնը ընդունէ եւ յոյսդ յստակ եւ վառ պահէ։ Այն ատեն, ‘պիտի զօրանաս ամբողջ ուժով՝ [Աստուծոյ] փառաւոր զօրութեան համեմատ, ուրախութեամբ համբերելով եւ համբերատար ըլլալով’ (Կող. 1։11, ԱԾ)։ դ23.10 17 ¶19-20
Հինգշաբթի, նոյեմբեր 6
Ամէն բանի մէջ գոհութիւն տուէ՛ք (Ա. Թես. 5։18)։
Մենք շատ պատճառներ ունինք աղօթքով Եհովային շնորհակալութիւն յայտնելու։ Կրնանք իրեն շնորհակալութիւն յայտնել մեր ունեցած բոլոր բարի բաներուն համար, քանի որ անոնք իրմէ կու գան (Յակ. 1։17)։ Օրինակ, կրնանք մեր գնահատանքը արտայայտել գեղեցիկ երկրին եւ ստեղծագործութեան համար, ինչպէս նաեւ՝ մեր կեանքին, ընտանիքին, բարեկամներուն եւ ունեցած յոյսին համար։ Ասկէ զատ, կրնանք իրեն շնորհակալութիւն յայտնել, քանի որ մեզի առիթը տուած է որ իր մտերիմ բարեկամները ըլլանք։ Թերեւս պէտք ըլլայ որ ժամանակ տրամադրենք մտածելու այն պատճառներուն մասին, որոնց համար Եհովային շնորհակալ ենք։ Մենք ապերախտ աշխարհի մէջ կ’ապրինք, ուր մարդիկ միայն կեդրոնացած են իրենց ուզած բաները ձեռք ձգելու վրայ, քան՝ արտայայտելու թէ ի՛նչ բաներու համար շնորհակալ են։ Եթէ սկսինք իրենց պէս ըլլալ, մեր աղօթքները խնդրանքներու ցանկ պիտի դառնան։ Հոն չհասնելու համար, պէտք է շարունակենք Եհովային արտայայտել, թէ իր ըրած ո՛ր բաներուն համար շնորհակալ ենք (Ղուկ. 6։45)։ դ23.05 4 ¶8-9
Ուրբաթ, նոյեմբեր 7
Հաւատքով թող խնդրէ ու չերկմտի (Յակ. 1։6)։
Սիրող Հայր մը ըլլալով, Եհովան չ’ուզեր տեսնել որ մենք կը չարչարուինք (Եսա. 63։9)։ Բայց եւ այնպէս, ան արգելք չ’ըլլար որ մենք փորձութիւններու մէջ իյնանք, որոնք կարելի է նմանցնել գետերու կամ բոցերու (Եսա. 43։2)։ Բայց կը խոստանայ որ մեզի պիտի օգնէ որ անոնց մէջէն ‘անցնինք’։ Եւ պիտի չարտօնէ որ այդ փորձութիւնները մեզի մնայուն վնաս հասցնեն։ Ասկէ զատ, Եհովան մեզի պիտի տայ իր զօրաւոր սուրբ հոգին, որ մեզի օգնէ որ տոկանք (Ղուկ. 11։13. Փլպ. 4։13)։ Այս պատճառներով, կրնանք վստահ ըլլալ որ ան միշտ մեզի պիտի տայ ինչ որ մեզի պէտք է, որ տոկանք եւ իրեն հաւատարիմ մնանք։ Եհովան մեզմէ կ’ակնկալէ որ իրեն վստահինք (Եբ. 11։6)։ Ատեններ, թերեւս զգանք որ մեր դժուարութիւնները այնքա՛ն մեծ են, որ այլեւս չենք կրնար շալկել։ Թերեւս նոյնիսկ սկսինք կասկածիլ, եթէ Եհովան մեզի կ’օգնէ կամ ոչ։ Բայց Սուրբ Գիրքը մեզ կը վստահեցնէ, որ Աստուծոյ ուժով մենք կրնանք ‘պարիսպէ անցնիլ’ (Սաղ. 18։29)։ Անոր համար, փոխանակ մեր կասկածներուն տեղի տալու, պէտք է զօրաւոր հաւատքով Եհովային աղօթենք, վստահելով որ ան մեր աղօթքներուն պիտի պատասխանէ (Յակ. 1։6, 7)։ դ23.11 22 ¶8-9
Շաբաթ, նոյեմբեր 8
[Սիրոյ] կայծերը կրակի կայծեր են։ Անիկա Եահի բոցն է։ Առատ ջուրերը չեն կրնար սէրը մարել, ոչ ալ գետերը կրնան ատիկա ընկղմել (Երգ 8։6, 7, ՆԱ)։
Այս համարներուն մէջ իսկական սէրը ի՜նչ աղուոր նկարագրուած է։ Այս խօսքերը կը քաջալերեն ամուսնացած զոյգերը, թէ անոնք կրնան մնայուն սէր ունենալ իրարու հանդէպ։ Զոյգ մը պէտք է ջանք թափէ, որ իրենց սէրը մինչեւ վերջ վառած մնայ։ Օրինակով մը բացատրենք. խարոյկ մը կրնայ մինչեւ վերջ վառած մնալ, այնքան ատեն որ մէկը մէջը փայտ կը նետէ։ Բայց եթէ չնետէ, կրակը վերջ ի վերջոյ պիտի մարի։ Նոյնպէս, ամուսինի մը եւ իր կնոջ միջեւ եղած սէրը կրնայ մինչեւ վերջ զօրաւոր մնալ, միայն եթէ անոնք իրենց կապը զօրաւոր պահեն։ Բայց ատեններ, զոյգ մը կրնայ զգալ որ իրենց սէրը կը պաղի, մանաւանդ երբ դրամական նեղութիւններ կամ առողջապահական հարցեր ունենան, կամ ալ երբ ճնշուած զգան՝ քանի որ պզտիկ կը մեծցնեն։ Ուրեմն «Եահի բոցը» վառած պահելու համար, թէ՛ ամուսինը եւ թէ կինը պէտք է ջանք թափեն որ Եհովային հետ իրենց փոխյարաբերութիւնը զօրաւոր պահեն։ դ23.05 20-21 ¶1-3
Կիրակի, նոյեմբեր 9
Մի՛ վախնար (Դան. 10։19)։
Քաջութիւն մշակելու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։ Մեր ծնողները կրնան մեզ քաջալերել որ քաջ ըլլանք, բայց չեն կրնար այս յատկութիւնը մեզի ժառանգութեամբ փոխանցել։ Քաջութիւն ձեռք ձգելը կրնանք նմանցնել նոր արհեստ մը սորվելուն։ Ատիկա սորվելու համար, պէտք է ուշի–ուշով վարպետին ըրածները դիտես, եւ ետքը անոր ըրածները ընես։ Նոյն կերպով, քաջութիւն սորվելու համար, պէտք է դիտենք անոնք՝ որոնք այս յատկութիւնը ցոյց կու տան եւ ետքը անոնց պէս ընենք։ Դանիէլին պէս, պէտք է Աստուծոյ Խօսքը լաւ գիտնանք եւ իրեն հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն մշակենք՝ միշտ ազատօրէն խօսելով իրեն։ Պէտք է նաեւ Եհովային վստահինք՝ համոզուած ըլլալով որ մեզի պիտի օգնէ։ Այս բոլորը ընելէ ետք, երբ մեր հաւատքը փորձի տակ դրուի, քաջութիւն ցոյց պիտի տանք։ Քաջ մարդիկ սովորաբար ուրիշներուն յարգանքը կը շահին, եւ նոյնիսկ կրնան պարկեշտ սիրտ ունեցողները Եհովային մօտեցնել։ Վստահաբար, կարեւոր պատճառներ ունինք որ քաջութիւն մշակենք։ դ23.08 2 ¶2. 4 ¶8-9
Երկուշաբթի, նոյեմբեր 10
Ամէն բան փորձեցէ՛ք (Ա. Թես. 5։21)։
«Փորձել» թարգմանուած յունարէն բառը անցեալին կը գործածուէր, երբ կը խօսուէր թանկագին մետաղներ փորձելու մասին։ Անոր համար, պէտք է որ մեր լսածը եւ մեր կարդացածը փորձենք, տեսնելու համար թէ կե՛ղծ է թէ ոչ իրական է։ Ասիկա ա՛լ աւելի կարեւոր պիտի ըլլայ մեզի համար, մինչ մեծ նեղութիւնը կը մօտենայ։ Փոխանակ միամտօրէն ուրիշներուն ըսածներուն հաւատալու, մեր մտային կարողութիւնը կը գործածենք, մեր կարդացածը կամ լսածը բաղդատելով Աստուածաշունչին եւ Եհովայի կազմակերպութեան ըսածներուն հետ։ Այսպէս ընելով, ո՛չ մէկ դիւային փրոփականտ մեզ պիտի խաբէ (Առ. 14։15. Ա. Տիմ. 4։1)։ Աստուծոյ ծառաները որպէս խումբ մեծ նեղութենէն պիտի ազատին։ Բայց անհատապէս չենք գիտեր վաղը ի՛նչ պիտի բերէ (Յակ. 4։14)։ Ըլլա՛նք մեծ նեղութենէն ազատողներ կամ անկէ առաջ մեռնողներ, բոլորս ալ պիտի վարձատրուինք յաւիտենական կեանքով, եթէ հաւատարիմ մնանք։ Թող որ բոլորս կեդրոնանանք մեր հոյակապ յոյսին վրայ եւ պատրաստ կենանք Եհովային օրուան համար։ դ23.06 13 ¶15-16
Երեքշաբթի, նոյեմբեր 11
Իր գաղտնիքը յայտնե[ց] իր ծառաներուն՝ մարգարէներուն (Ամս. 3։7)։
Չենք գիտեր թէ կարգ մը մարգարէութիւններ ինչպէ՛ս պիտի կատարուին (Դան. 12։8, 9)։ Բայց քանի՛ որ չենք գիտեր թէ որոշ մարգարէութիւն մը ինչպէս պիտի կատարուի, ասիկա ըսել չէ թէ անիկա պիտի չկատարուի։ Անկասկած, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան ճիշդ ժամանակին մեզի պիտի հասկցնէ ինչ որ պէտք ունինք գիտնալու, ճիշդ ինչպէս որ անցեալին ըրաւ։ Նա՛խ «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն» պիտի յայտարարուի (Ա. Թես. 5։3)։ Անկէ ետք, աշխարհի քաղաքական ուժերը սուտ կրօնքին դէմ պիտի ելլեն եւ զայն պիտի կործանեն (Յայտ. 17։16, 17)։ Որմէ ետք, անոնք Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ պիտի յարձակին (Եզեկ. 38։18, 19)։ Այս դէպքերը մեզ ուղղակի պիտի տանին Արմագեդոն պատերազմին (Յայտ. 16։14, 16)։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ այս դէպքերը շատ մօտ ատենէն տեղի պիտի ունենան։ Մինչ այդ, շարունակենք մեր գնահատութիւնը ցոյց տալ մեր սիրալիր երկնաւոր Հօր հանդէպ՝ ուշադրութիւն ընելով Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն եւ ուրիշներուն օգնելով որ նոյնը ընեն։ դ23.08 13 ¶19-20
Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 12
Մէկզմէկ սիրենք, վասն զի սէրը Աստուծմէ է (Ա. Յովհ. 4։7)։
Երբ Պօղոս առաքեալ հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ մասին կը խօսէր, վերջաւորութեան ըսաւ. «Ասոնց [այս յատկութիւններուն] մեծագոյնը սէրն է» (Ա. Կոր. 13։13)։ Ինչո՞ւ այդպէս ըսաւ։ Քանի որ ապագային, մենք այլեւս պէտք պիտի չունենանք հաւատալու նոր աշխարհի նկատմամբ Աստուծոյ խոստումներուն, որովհետեւ այն բաները, որոնց կը յուսայինք, արդէն կատարուած պիտի ըլլան։ Բայց մենք միշտ պէտք պիտի ունենանք Եհովան եւ մարդիկը սիրելու։ Եւ անոնց հանդէպ մեր սէրը պիտի շարունակէ յաւիտեան աճիլ։ Ասկէ զատ, մենք՝ ճշմարիտ քրիստոնեաներս, սիրով կը ճանչցուինք։ Յիսուս իր առաքեալներուն ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք» (Յովհ. 13։35)։ Ասկէ զատ, իրար սիրելը մեզ միացած կը պահէ։ Պօղոս սէրը կոչեց՝ «կատարելութեան կապը» (Կող. 3։14)։ Յովհաննէս առաքեալ իր հաւատակիցներուն գրեց. «Ան որ Աստուած կը սիրէ, իր եղբայրն ալ պէտք է սիրէ» (Ա. Յովհ. 4։21)։ Երբ իրար սիրենք, ցոյց կու տանք որ Աստուած կը սիրենք։ դ23.11 8 ¶1, 3
Հինգշաբթի, նոյեմբեր 13
Ամէն ծանրութիւն մեր վրայէն մէկդի ձգենք (Եբ. 12։1)։
Սուրբ Գիրքը քրիստոնեաներուն կեանքը կը նմանցնէ մրցավազքի։ Այն վազողները, որոնք աւարտագիծին կը հասնին, յաւիտենական կեանք կ’ունենան (Բ. Տիմ. 4։7, 8)։ Պէտք է ամէն ջանք ընենք որ շարունակենք վազել, մանաւանդ քանի որ աւարտագիծին շատ մօտ ենք։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ որ ի՛նչը մեզի պիտի օգնէ որ մենք ալ մրցավազքը յաղթենք։ Ան գրեց. «Ամէն ծանրութիւն մեր վրայէն մէկդի ձգենք. . . ։ Համբերութիւնով վազենք մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը [«մրցավազքը», ՆԱ]»։ Պօղոս ըսել ուզեց որ քրիստոնեայ մը կրելիք բեռ չունի՞։ Ո՛չ, հապա ըսել ուզեց որ պէտք չէ շալկենք որեւէ ծանրութիւն, որուն պէտք չունինք։ Այս տեսակ ծանրութիւն կրնայ մեզ դանդաղեցնել եւ յոգնեցնել։ Կեանքի մրցավազքին մէջ տոկալու համար, պէտք է անմիջապէս որեւէ անտեղի ծանրութիւն նկատենք եւ մեր վրայէն հանենք։ Բայց միեւնոյն ատեն պէտք չէ մէկ կողմ դնենք բեռներ, որոնք պէտք է շալկենք, թէ ոչ կրնանք մրցավազքէն դուրս ելլել (Բ. Տիմ. 2։5)։ դ23.08 26 ¶1-2
Ուրբաթ, նոյեմբեր 14
Ձեր զարդարանքը թող չըլլայ դրսէն (Ա. Պետ. 3։3)։
Ճկուն ըլլալը մեզի կ’օգնէ որ ուրիշներուն կարծիքները յարգենք։ Օրինակի համար, կարգ մը քոյրեր կը սիրեն դիմայարդարուիլ (makeup դնել), բայց ուրիշներ՝ ոչ։ Նաեւ կարգ մը քրիստոնեաներ կը սիրեն չափաւորութեամբ խմիչք խմել, բայց ուրիշներ կ’որոշեն բնաւ չխմել։ Ասկէ զատ, բոլոր քրիստոնեաները կ’ուզեն լաւ առողջութիւն ունենալ, բայց առողջ մնալու համար տարբեր–տարբեր կերպերու կը դիմեն։ Եթէ միշտ պնդենք որ մեր կարծիքը ճիշդ է, եւ փորձենք քոյրերն ու եղբայրները համոզել որ ատիկա ընեն, ժողովքին մէջ գայթակղութիւն եւ բաժանումներ կրնանք պատճառել (Ա. Կոր. 8։9. 10։23, 24)։ Օրինակ, Եհովան օրէնքներ չի դներ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է հագուինք, հապա սկզբունքներ կու տայ, որ անոնց հետեւինք։ Մեր հագուելակերպը պէտք է Աստուած պատուէ եւ ճկունութիւն, համեստութիւն եւ «պարկեշտութիւն» ցոյց տայ (Ա. Տիմ. 2։9, 10)։ Անոր համար, չենք ձգեր որ մեր հագուելակերպը ուրիշներուն ուշադրութիւնը մեր վրայ հրաւիրէ։ Աստուածաշնչական սկզբունքները նաեւ երէցներուն պիտի օգնեն, որ հագուելակերպի եւ մազի վերաբերեալ օրէնքներ չդնեն։ դ23.07 23-24 ¶13-14
Շաբաթ, նոյեմբեր 15
Ուշադրութեամբ ինծի մտիկ ըրէ՛ք, որպէս զի բարիքներ ուտէք ու ձեր հոգին պարարտութեամբ զուարճանայ (Եսա. 55։2)։
Եհովան մեզի ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք ուրախ ապագայ մը ունենալ։ Անոնք որոնք ‘անզգամ կնոջ’ հրաւէրը կ’ընդունին, կը փորձեն անբարոյութեան մէջ հաճոյք գտնել։ Անոնց վերջաւորութիւնը «դժոխքին անդունդներուն մէջ» է, այսինքն՝ մահը (Առ. 9։13, 17, 18)։ Անոնք որոնք «իմաստութեան» տուած հրաւէրը կ’ընդունին, ի՜նչ տարբեր ապագայ մը կ’ունենան (Առ. 9։1)։ Մենք կը սորվինք սիրել ինչ որ Եհովան կը սիրէ, եւ ատել ինչ որ ինք կ’ատէ (Սաղ. 97։10)։ Եւ կ’ուրախանանք ուրիշները հրաւիրելով որ իրենք ալ օգտուին «իմաստութենէն»։ Կարծես թէ մենք կը նմանինք այն սպասուհիներուն, որոնք «քաղաքին բարձր տեղերը կանչ[եցին]. ‘Ով որ պարզամիտ է, թող հոս գայ’»։ Մենք եւ անոնք որոնք «իմաստութեան» հրաւէրին ականջ կու տան, ոչ միայն հիմա կ’օգտուինք, հապա՝ յաւիտեան, մինչ խոհեմութեան ճամբուն մէջ կը քալենք (Առ. 9։3, 4, 6)։ դ23.06 24 ¶17-18
Կիրակի, նոյեմբեր 16
Երկայնամիտ մարդը հզօր մարդէն աղէկ է ու իր ոգին զսպողը՝ քաղաք առնողէն (Առ. 16։32)։
Ի՞նչ կը զգաս երբ գործակիցդ կամ դասընկերդ քեզի հարցումներ հարցնէ հաւատալիքներուդ մասին։ Թերեւս ջղագրգիռ ըլլաս։ Մեզմէ շատեր այդպէս կը զգան։ Բայց այս տեսակ հարցում կրնայ մեզի առիթ տալ, որ գիտնանք թէ դիմացինը ինչ կը մտածէ կամ ինչի կը հաւատայ, եւ կարենանք իրեն բարի լուրը քարոզել։ Սակայն, ատեններ անհատ մը կրնայ հարցում մը հարցնել յարձակողական կերպով։ Ատիկա մեզ պէտք չէ զարմացնէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ոմանք սխալ գաղափարներ լսած են մեր հաւատալիքներուն մասին (Գործք 28։22)։ Ասկէ զատ, մենք կ’ապրինք «վերջին օրեր»ուն մէջ, որուն ընթացքին շատեր «անհաշտ» եւ «դաժանաբարոյ», այսինքն՝ վայրագ են (Բ. Տիմ. 3։1, 3)։ Թերեւս դուն քեզի հարցնես. ‘Ինչպէ՞ս կրնամ ազնուութեամբ վարուիլ, երբ մէկը հաւատալիքներուս վրայ կը յարձակի’։ Ի՞նչը կրնայ քեզի օգնել։ Մէկ խօսքով՝ հեզութիւնը։ Հեզ անհատը դիւրին–դիւրին չի ջղայնանար եւ կարողութիւնը ունի ինքզինք զսպելու, երբ ուրիշէն նեղանայ կամ երբ չի գիտեր ինչ պիտի պատասխանէ։ դ23.09 14 ¶1-2
Երկուշաբթի, նոյեմբեր 17
Բոլոր երկրի մէջ իշխաններ պիտի ընես զանոնք (Սաղ. 45։16)։
Երբեմն կազմակերպութենէն խրատներ կը ստանանք, որոնք մեզ կը պաշտպանեն։ Օրինակի համար, մեզի զգուշութիւն կը տրուի որ դրամասէր չըլլանք եւ չընենք բաներ, որոնք կ’առաջնորդեն որ Աստուծոյ օրէնքը կտրենք։ Այս մարզերուն մէջ շատ կ’օգտուինք, եթէ Եհովային առաջնորդութեան հետեւինք (Եսա. 48։17, 18. Ա. Տիմ. 6։9, 10)։ Անկասկած Եհովան պիտի շարունակէ մարդկային ներկայացուցիչներ գործածել մեզի ուղղութիւն տալու համար մեծ նեղութեան ընթացքին եւ մինչեւ Հազարամեայ իշխանութիւնը։ Արդեօք, հիմակուընէ մինչեւ այդ ատեն պիտի շարունակե՞նք ուղղութեան հետեւիլ։ Ասիկա դիւրին պիտի ըլլայ, եթէ հիմա իսկ Եհովային առաջնորդութեան հետեւինք։ Հետեւաբար, շարունակենք մի՛շտ Եհովային առաջնորդութեան հետեւիլ, մէջը ըլլալով՝ մեր վրայ նշանակուած տղամարդոց կողմէ տրուած ուղղութիւններուն (Եսա. 32։1, 2. Եբ. 13։17)։ Եւ մինչ ասիկա կ’ընենք, շատ պատճառներ ունինք մեր առաջնորդին՝ Եհովային վստահելու, որ մեզ հոգեւոր վտանգներէն կը պաշտպանէ եւ մեզ կը հասցնէ հո՛ն ուր կ’ուզենք հասնիլ, որ է՝ նոր աշխարհին մէջ յաւիտեան ապրիլ։ դ24.02 25 ¶17-18
Երեքշաբթի, նոյեմբեր 18
Դուք շնորհքով փրկուած էք (Եփ. 2։5)։
Պօղոս առաքեալ Եհովայի ծառայութեան մէջ գոհացուցիչ կեանք վայելեց, բայց նաեւ դժուարութիւններ ունեցաւ։ Պօղոս յաճախ երկար ճամբորդութիւններ կ’ընէր, եւ այդ օրերուն ասիկա դիւրին չէր։ Իր ճամբորդութիւններուն ընթացքին, Պօղոս երբեմն «գետերէն՝ վտանգներ»ու եւ երբեմն ալ «աւազակներէն՝ վտանգներ»ու հանդիպեցաւ (Բ. Կոր. 11։23-27)։ Ատեններ ալ իր թշնամիներուն կողմէ ծեծուեցաւ։ Ասկէ զատ, Պօղոսին հաւատակիցները միշտ չգնահատեցին իրենց օգնելու իր անկեղծ ջանքերը (Բ. Կոր. 10։10. Փլպ. 4։15)։ Ի՞նչ բան Պօղոսին օգնեց որ շարունակէ Եհովային ծառայել։ Ան Եհովայի անձնաւորութեան մասին շատ բան սորվեցաւ Սուրբ Գրութիւններէն եւ իր անձնական փորձառութենէն։ Պօղոս համոզուեցաւ որ Եհովա Աստուած զինք կը սիրէր (Հռով. 8։38, 39. Եփ. 2։4, 5)։ Եւ ինքն ալ Եհովան շատ սիրեց եւ իր սէրը ցոյց տուաւ՝ ‘սուրբերուն ծառայելով’ (Եբ. 6։10)։ դ23.07 9 ¶5-6
Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 19
Վրա[դ] եղած իշխանութիւններուն հնազանդ[է] (Հռով. 13։1)։
Շատեր կ’ընդունին որ մենք կառավարութիւններուն պէտք ունինք եւ թէ այս «իշխանութիւններուն» դրած օրէնքներէն գոնէ մէկ մասին պէտք է հնազանդինք։ Բայց այդ նոյն մարդիկը թերեւս չհնազանդին օրէնքի մը, որ իրենց համար անարդար կ’երեւնայ, կամ շատ բան կը պահանջէ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ մարդկային կառավարութիւնները մարդոց տառապանք կը պատճառեն, Սատանային իշխանութեան տակ են եւ մօտ ատենէն պիտի կործանին (Սաղ. 110։5, 6. Ժող. 8։9. Ղուկ. 4։5, 6)։ Ատիկա նաեւ մեզի կ’ըսէ, որ «ով որ իշխանութեան դէմ կը կենայ, Աստուծոյ հրամանին դէմ կը կենայ»։ Հիմակուհիմա Եհովան թոյլ տուած է որ կառավարութիւնները իշխեն, որպէսզի կարգուկանոնը պահեն, եւ մեզմէ կ’ակնկալէ որ անոնց հնազանդինք։ Անոր համար, մենք պէտք է ‘հատուցանենք պէտք եղածը անոնց’, մէջը ըլլալով՝ տուրքերը, յարգանքը եւ հնազանդութիւնը (Հռով. 13։1-7)։ Թերեւս մեզի համար որոշ օրէնքի մը հնազանդիլը անյարմար, անարդար կամ ծախսալից ըլլայ։ Բայց մենք Եհովային կը հնազանդինք, եւ ի՛նք մեզի կ’ըսէ որ այս իշխանութիւններուն հնազանդինք, այնքան ատեն որ անոնք իր պատուէրներուն հակառակ չեն (Գործք 5։29)։ դ23.10 8 ¶9-10
Հինգշաբթի, նոյեմբեր 20
Տէրոջը Հոգին անոր վրայ եկաւ (Դատ. 15։14)։
Երբ Սամփսոն ծնաւ, փղշտացիները իսրայէլ ազգին վրայ կ’իշխէին եւ անոնց վրայ կը ճնշէին (Դատ. 13։1)։ Իսրայէլացիները շատ չարչարուեցան, որովհետեւ փղշտացիները անգութ էին։ Եհովան Սամփսոնը ընտրեց, որ ‘Իսրայէլը Փղշտացիներուն ձեռքէն ազատէ’ (Դատ. 13։5)։ Ատիկա կատարելու համար, Սամփսոն պէտք էր Եհովային վստահէր։ Առիթով մը, փղշտացիներու բանակ մը եկաւ զինք ձերբակալելու Լեքիի մէջ, որ հաւանաբար կը գտնուէր Յուդայի մէջ։ Յուդայի մարդիկը վախցան եւ որոշեցին Սամփսոնը թշնամիին յանձնել։ Անոնք Սամփսոնը երկու նոր պարաններով կապեցին եւ թշնամիին յանձնեցին (Դատ. 15։9-13)։ Բայց ‘Տէրոջը Հոգին անոր վրայ եկաւ’ եւ պարանները քակուեցան։ Ետքը, ան իշու ծնօտ մը գտաւ, առաւ եւ անով 1000 փղշտացի մարդ մեռցուց (Դատ. 15։14-16)։ դ23.09 2-3 ¶3-4
Ուրբաթ, նոյեմբեր 21
Իր յաւիտենական նախասահմանութեանը համեմատ, որ ըրաւ մեր Տէրոջը Քրիստոս Յիսուսին ձեռքով (Եփ. 3։11)։
Եհովան մեզի աստիճանաբար Սուրբ Գիրքին մէջ յայտնած է իր «յաւիտենական նպատակ»ը։ Եհովան այս կամ այն կերպով միշտ կը յաջողի, քանի որ «ամէն բան իր նպատակին համար ստեղծեց» (Առ. 16։4)։ Իսկ Եհովային ըրածներուն արդիւնքները յաւիտեան պիտի մնան։ Լաւ, ի՞նչ է Եհովային նպատակը, եւ ան ի՞նչ փոփոխութիւններ ըրած է, որպէսզի զայն իրագործէ։ Աստուած առաջին մարդուն եւ կնոջ ըսաւ որ ի՛նչ էր իր նպատակը իրենց համար։ Անոնք պիտի ‘աճէին ու շատնային ու երկիրը լեցնէին եւ անոր տիրէին եւ երկրի վրայ բոլոր կենդանիներուն իշխէին’ (Ծն. 1։28)։ Երբ Ադամն ու Եւան ըմբոստացան եւ մեղքը մտցուցին մարդկային ընտանիքին մէջ, Եհովային նպատակը չխանգարուեցաւ։ Ան այդ նպատակը իրագործելու իր կերպին մէջ փոփոխութիւն մտցուց։ Ան անմիջապէս որոշեց երկինքի մէջ Թագաւորութիւն մը հաստատել, որ մարդկութեան ու երկրին նկատմամբ իր սկզբնական նպատակը կատարէ (Մատ. 25։34)։ դ23.10 20 ¶6-7
Շաբաթ, նոյեմբեր 22
Եթէ Տէրը ինծի օգնական չըլլար, քիչ պիտի մնար, որ իմ անձս լռութեան տեղը բնակէր (Սաղ. 94։17)։
Եհովան մեզի ալ կրնայ օգնել որ չյանձնուինք։ Թերեւս դժուար է որ շարունակենք պայքարիլ տկարութեան մը դէմ, որ երկար տարիներէ ունինք։ Երբեմն մեր տկարութիւնները կրնան Պետրոսի առաքեալին ունեցած տկարութիւններէն շատ աւելի դժուար ըլլալ։ Բայց Եհովան կրնայ մեզի զօրութիւն տալ որ չյանձնուինք (Սաղ. 94։18, 19)։ Օրինակի համար, եղբայր մը ճշմարտութիւնը գիտնալէն առաջ, երկար տարիներ միասեռականի կեանք կ’ապրէր։ Ետքը, վճռեց այդ անբարոյ կեանքէն վազ անցնիլ։ Բայց ան տակաւին այս սխալ ցանկութիւններուն դէմ կը պայքարի։ Արդեօք ի՞նչ բան իրեն կ’օգնէ որ չյանձնուի։ Ան կ’ըսէ. «Եհովան մեզ կը զօրացնէ։ Իր հոգիին օգնութեամբ սորված եմ որ կարելի՛ է ճշմարտութեան մէջ շարունակել։ Եհովան կրցած է զիս գործածել եւ հակառակ իմ անկատարութիւններուս՝ ան շարունակ զիս կը զօրացնէ»։ դ23.09 23 ¶12
Կիրակի, նոյեմբեր 23
Խոհեմութիւնը եւ Տէրոջը երկիւղին վախճանը հարստութիւն, փառք ու կեանք են (Առ. 22։4)։
Երբ մտածէք թէ որքա՜ն բաներ կան, որոնց վրայ պէտք է աշխատիք, թերեւս զգաք որ ասիկա շատ է ձեզի համար։ Բայց կրնա՛ք յաջողիլ։ Յիշեցէք որ Եհովան ի՛րապէս կ’ուզէ ձեզի օգնել (Եսա. 41։10, 13)։ Անշուշտ ժողովքին մէջ եղբայրներն ու քոյրերը ձեզի պիտի օգնեն։ Երբ հասուն քրիստոնեայ տղամարդ ըլլաք, ձեր կեանքը աւելի ճոխ եւ հաճելի պիտի դառնայ։ Երիտասարդ եղբայրնե՛ր, մենք ձեզ շա՜տ կը սիրենք։ Եւ կը մաղթենք որ Եհովան ձեզ մեծապէս օրհնէ, մինչ ջանք կը թափէք որ հասուն քրիստոնեայ տղամարդիկ դառնաք։ դ23.12 29 ¶19-20
Երկուշաբթի, նոյեմբեր 24
Յանցանքը ներ[է] (Առ. 19։11)։
Երեւակայէ որ հաւաքոյթի մը մէջ ես եղբայրներուդ ու քոյրերուդ հետ։ Լաւ ժամանակ անցընելէ ետք, խումբով կը նկարուիք։ Դուն երեք անգամ կը նկարես, հաշիւ ընելով որ թերեւս առաջին նկարը լաւ չելլէ։ Այդպէս ալ կ’ըլլայ։ Կը նկատես որ նկարներէն մէկուն մէջ եղբայր մը չի ժպտար։ Այդ նկարը կը ջնջես։ Քանի որ ունիս երկու ուրիշ նկարներ, ուր ամբողջ խումբը, մէջը ըլլալով՝ այդ եղբայրը, կը ժպտան։ Սովորաբար մենք հաճելի յիշատակներ ունինք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ։ Բայց ենթադրենք որ այդ առիթներէն մէկուն ընթացքին, եղբայր մը կամ քոյր մը նեղացուցիչ բան մը կ’ըսէ կամ կ’ընէ։ Այդ յիշատակը ի՞նչ պիտի ընենք։ Ճիշդ ինչպէս որ օրինակին մէջի նկարներէն մէկը ջնջեցինք, լաւ կ’ըլլայ որ փորձենք այս եղածն ալ մեր յիշողութենէն ջնջել (Եփ. 4։32)։ Կրնանք այդ յիշատակը ջնջել, քանի որ այդ անձին հետ շատ մը ուրիշ աղուոր յիշատակներ ունինք։ Եւ մենք կ’ուզենք այս տեսակ յիշատակներ մեր մտքին մէջ պահել։ դ23.11 12 ¶16-17
Երեքշաբթի, նոյեմբեր 25
Կիները վայելուչ հագուստով, ամօթխածութեամբ եւ պարկեշտութեամբ ինքզինքնին զարդարեն. . . ինչպէս կը վայլէ աստուածպաշտութիւնը յանձն առած կիներուն (Ա. Տիմ. 2։9, 10)։
Հոս գործածուած յունարէն բառը ցոյց կու տայ, որ քրիստոնեայ կնոջ մը հագուածքը պէտք է Եհովային հանդէպ յարգանք ցոյց տայ եւ ուրիշներուն զգացումներն ու կարծիքները հաշուի առնէ։ Որքա՜ն կը հպարտանանք այն քոյրերով, որոնք այս խրատին կը հետեւին։ Խորատեսութիւնը ուրիշ յատկութիւն մըն է, որ բոլոր քոյրերը պէտք է զարգացնեն։ Ի՞նչ է խորատեսութիւնը։ Ատիկա լաւ դատողութեան յատկութիւնն է, այսինքն՝ այն կարողութիւնը, որ գիտնաս ի՛նչը ճիշդ է եւ ի՛նչը՝ սխալ եւ ետքը որոշես ճիշդը ընել։ Նկատի առնենք Աբիգիայի օրինակը։ Իր ամուսինը սխալ որոշում մը առաւ, որ գէշ կերպով պիտի ազդէր լման ընտանիքին։ Աբիգիան շուտով գործի լծուեցաւ եւ իր լաւ դատողութիւնը կեանքեր փրկեց (Ա. Թագ. 25։14-23, 32-35)։ Խորատեսութիւնը նաեւ մեզի կ’օգնէ, որ գիտնանք ե՛րբ խօսինք եւ ե՛րբ լուռ մնանք։ Անիկա նաեւ կ’օգնէ որ ուրիշներով հետաքրքրուինք, առանց իրենց գործին խառնուելու (Ա. Թես. 4։11)։ դ23.12 20 ¶8-9
Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 26
Աստուծոյ փառքին յոյսովը կը պարծինք (Հռով. 5։2)։
Պօղոս առաքեալ այս խօսքը Հռոմի ժողովքին գրեց։ Այդտեղի եղբայրներն ու քոյրերը Եհովային եւ Յիսուսին մասին սորված էին, հաւատացած էին եւ քրիստոնեայ դարձած էին։ Աստուած զանոնք «հաւատքով արդար» նկատած էր, եւ սուրբ հոգիով օծած էր (Հռով. 5։1)։ Այսպիսով, անոնք ունէին հիանալի յոյս մը եւ վստահ էին որ այդ յոյսը պիտի իրականանար։ Ետքը, Պօղոս Եփեսոսի մէջ գտնուող օծեալ քրիստոնեաներուն գրեց իրենց ունեցած յոյսին մասին։ Այդ յոյսը սուրբերուն ստանալիք «ժառանգութիւն»ն էր (Եփ. 1։18)։ Պօղոս նաեւ կողոսացիներուն գրած իր նամակին մէջ նշեց, թէ այդ յոյսը ո՛ւր պիտի իրականանար։ Ան ըսաւ որ ատիկա ‘երկինքը կը պահուէր’ իրենց համար (Կող. 1։4, 5)։ Ուրեմն, օծեալ քրիստոնեաներուն յոյսը այն է, որ անոնք յաւիտեան ապրելու համար երկինք յարուցուին եւ Քրիստոսի հետ իշխեն (Ա. Թես. 4։13-17. Յայտ. 20։6)։ դ23.12 9 ¶4-5
Հինգշաբթի, նոյեմբեր 27
Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը. . . պիտի պահպանէ (Փլպ. 4։7)։
«Պահպանել» թարգմանուած յունարէն բառը, զինուորական բառ մըն էր եւ կը գործածուէր նկարագրելու համար այն զինուորները, որոնք քաղաք մը կը պաշտպանէին թշնամիներէն։ Քաղաքին բնակիչները խաղաղութեամբ կը քնանային, գիտնալով որ քաղաքին դռներուն առջեւ պահակներ դրուած են։ Նոյնպէս ալ երբ Աստուծոյ խաղաղութիւնը մեր սիրտը ու միտքը պահպանէ, մենք հանդարտ կը զգանք, գիտնալով որ ապահով ձեռքերու մէջ ենք (Սաղ. 4։8)։ Նոյնիսկ եթէ մեր պարագան անմիջապէս չփոխուի, տակաւին որոշ խաղաղութիւն մը կը զգանք, ինչպէ՛ս որ Սամուէլին մայրը՝ Աննան զգաց (Ա. Թագ. 1։16-18)։ Եւ երբ այդ հանդարտութիւնը զգանք, մեր խելքը աւելի լաւ կ’աշխատի եւ իմաստուն որոշում առնելը աւելի դիւրին կ’ըլլայ։ Մենք ի՞նչ կրնանք ընել։ Երբ նեղութեան մէջ ես, ‘պահակները’ կանչէ, այսինքն՝ շարունակէ աղօթել մինչեւ որ Աստուծոյ խաղաղութիւնը զգաս (Ղուկ. 11։9. Ա. Թես. 5։17)։ Եթէ նեղութեան մէջ ես, անդադար աղօթք ըրէ, եւ դուն ալ պիտի զգաս Եհովային խաղաղութիւնը, որ քու սիրտդ ու միտքդ կը պահպանէ (Հռով. 12։12)։ դ24.01 21 ¶5-6
Ուրբաթ, նոյեմբեր 28
Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ (Մատ. 6։9)։
Իր Հօր անունը սրբացնելու համար, Յիսուս ամէն տեսակ չարչարանքի, նախատինքի եւ զրպարտութեան տոկաց։ Ան գիտէր որ ամէն բանի մէջ իր Հօր հնազանդած էր, եւ ճակատը բաց էր (Եբ. 12։2)։ Ան նաեւ գիտէր որ իր այս դժուար ժամանակներուն, Սատանան ուղղակիօրէն իր վրայ յարձակում կը գործէր (Ղուկ. 22։2-4. 23։33, 34)։ Վստահաբար, Սատանային նպատակն էր, որ Յիսուսը անհաւատարիմ դարձնէ, բայց ան մեծապէս ձախողեցաւ։ Յիսուս փաստեց թէ Սատանան մեծ ստախօս մըն է, եւ թէ Եհովան ունի հաւատարիմ ծառաներ, որոնք իրենց հաւատարմութիւնը կը պահեն ամենագէշ փորձութիւններուն ներքեւ։ Դուն ալ կ’ուզե՞ս Թագաւորդ ուրախացնել։ Եթէ այո՛, ուրեմն շարունակէ Եհովային անունը օրհնել, ուրիշներուն օգնելով որ Աստուծոյ հիանալի յատկութիւնները գիտնան։ Այսպիսով, Յիսուսին քայլերուն հետեւած պիտի ըլլաս (Ա. Պետ. 2։21)։ Յիսուսին պէս, դուն ալ Եհովային սիրտը պիտի ուրախացնես եւ պիտի փաստես որ Իր թշնամին՝ Սատանան անամօթ ստախօս մըն է։ դ24.02 11-12 ¶11-13
Շաբաթ, նոյեմբեր 29
Ի՞նչ հատուցանեմ Տէրոջը՝ անոր ինծի ըրած բոլոր բարութեանը փոխարէն (Սաղ. 116։12)։
Վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին, աւելի քան մէկ միլիոն անձեր մկրտուած են որպէս Եհովայի վկաներ։ Երբ Եհովային նուիրուիս, կ’ընտրես Յիսուս Քրիստոսին աշակերտը դառնալ, եւ Եհովային կամքը ընելը կեանքիդ մէջ ամէնէն կարեւոր բանը կ’ըլլայ։ Քրիստոնէական նուիրումը քեզմէ ի՞նչ կը պահանջէ։ Յիսուս կ’ըսէ. «Եթէ մէկը իմ ետեւէս գալ կ’ուզէ, թող իր անձը ուրանայ» (Մատ. 16։24)։ ‘Թող իր անձը ուրանայ’ թարգմանուած յունարէն արտայայտութիւնը կրնայ նաեւ թարգմանուիլ՝ «թող ինքզինքին ‘ո՛չ’ ըսէ»։ Որպէս Եհովային նուիրուած ծառայ մը՝ պէտք է «ո՛չ» ըսես որեւէ բանի, որ Եհովային կամքին հակառակ է (Բ. Կոր. 5։14, 15)։ Ասոր մէջ կայ՝ «ո՛չ» ըսել ‘մարմնին գործերուն’. օրինակ՝ սեռային անբարոյութիւնը (Գաղ. 5։19-21. Ա. Կոր. 6։18)։ Այսպիսի օրէնքներու հնազանդիլը կեանքդ կը դժուարացնէ՞։ Ո՛չ, եթէ Եհովան կը սիրես եւ համոզուած ես որ իր օրէնքները քու լաւութեանդ համար են (Սաղ. 119։97. Եսա. 48։17, 18)։ դ24.03 2 ¶1. 3 ¶4
Կիրակի, նոյեմբեր 30
Քեզի հաւնեցայ (Ղուկ. 3։22)։
Եհովան իր սուրբ հոգին կու տայ անոնց, որոնց կը հաւնի (Մատ. 12։18)։ Մենք մեզի հարցնենք. ‘Սուրբ հոգիին կարգ մը յատկութիւնները կեանքիս մէջ ցոյց կու տա՞մ’։ Կը նկատե՞ս, որ հիմա աւելի կը համբերես ուրիշներուն, քան՝ երբ Եհովան նոր ճանչցար։ Իրականութեան մէջ, որքա՛ն աւելի սուրբ հոգիին գեղեցիկ յատկութիւնները մշակես, այնքա՛ն աւելի կրնաս վստահ ըլլալ, որ Եհովան կը հաւնի քեզի։ Եհովան փրկանքին արժէքը կը կիրարկէ անոնց, որոնց կը հաւնի (Ա. Տիմ. 2։5, 6)։ Բայց ի՞նչ ընենք, եթէ մեր սիրտը չ’ընդունիր այն գաղափարը, թէ Եհովան մեզի կը հաւնի, թէեւ մենք փրկանքին կը հաւատանք եւ մկրտուած ենք։ Յիշէ թէ մենք միշտ չենք կրնար մեր զգացումներուն վստահիլ, բայց կրնա՛նք Եհովային վստահիլ։ Ան փրկանքին հաւատացողները արդար կը նկատէ եւ կը խոստանայ զիրենք օրհնել (Սաղ. 5։12, Հռով. 3։26)։ դ24.03 30 ¶15. 31 ¶17