Ֆրանսայի՝ այլազան երկրին՝ մէջ վկայել
ՖՐԱՆՍԱՆ շատ այլազան երկիր մըն է։ Վեհաշուք լեռներ, գլանաձեւ բլուրներ, աւազուտ տաք ծովափներ, հացահատիկի բաց դաշտեր, ցանկապատուած պզտիկ ագարակներ, անթիւ այգիներ, առօտավայրեր, կոնաբեր եւ դիւրաթափ անտառներ, գիւղակներ, գիւղեր, գիւղաքաղաքներ, արդիական մեծ քաղաքներ. Ֆրանսան այս բոլորը եւ տակաւին աւելին կը ներկայացնէ։
Թէեւ գիւղական շրջանները իրենց հրապոյրը պահած են, սակայն Ֆրանսայի ընկերային երեւոյթը արագ փոփոխութիւն մը կրած է վերջին տարիներուն։ «Ֆրանսական ընկերութիւնը ոչ թէ տագնապի մէջ է», կ’ըսէ 1989–ի Ֆրանգոսգոփիի մէկ թիւը, «այլ, իրական եւ հիմնական փոփոխութեան մէջ։ Ընկերային կառոյցները, արժէքները, մշակութային չափանիշները եւ կեցուածքները շատ արագօրէն խոր փոփոխութիւններու կ’ենթարկուին»։
Այս ամբողջական փոփոխութիւնները նոյնիսկ կրօնական մարզին ալ ազդած են։ Թէեւ տակաւին մեծամասնութիւնը Կաթողիկէ կրօնքին կը պատկանի, սակայն անիկա ներկայիս աւելի աւանդութիւն մըն է, քան թէ կրօնք մը, առանց իրական ազդեցութիւն մը բանեցնելու անդամներուն մեծամասնութեան կեանքին վրայ։ Հոգեւոր արժէքներու հանդէպ ժողովուրդին երթալով աւելցող անտարբերութիւնը արգելք հանդիսացած է եկեղեցիներու աճման։
Ասոր ճիշդ հակառակը, Ֆրանսայի մէջ Եհովայի Վկաներու գործունէութիւնը շատ արագ յառաջխաղաց մը ունեցած է անցեալ քանի մը տարիներու ընթացքին։ Ատլանտեանի վրայ գտնուող Պրըթանյի հիւսիս–արեւելքի Ալզասէն, վեհաշուք Ալպեան Լեռներէն մինչեւ Լուար Հովիտը, նոյնիսկ Միջերկրականի Գորսիքա կղզին, Վկաները շատ տարբեր պարագաներու եւ տարբեր ծագում ունեցող մարդոց կը հանդիպին։ Միասին պատկերազարդ շրջապտոյտ մը կատարենք եւ տեսնենք թէ Ֆրանսայի՝ այլազան երկրին՝ մէջ բարի լուրը ի՛նչ կերպով կը քարոզուի։—Մատթէոս 24։14
ԱԼԶԱՍ
Գերմանիոյ սահմանին վրայ գտնուող Ալզասը հանրածանօթ է իր այգիներով եւ ծաղկազարդ հրապուրիչ գիւղերով։ Անոր մայրաքաղաքը՝ Սթրազպուրկը՝ Վերակարգումէն ետք Բողոքական ամրոց մը եղած է եւ Ալզասցիները ընդհանրապէս իրական յարգանք մը ունին Աստուածաշունչին հանդէպ։ Եհովայի Վկաները այս շրջանին մէջ Թագաւորութեան բարի լուրը կը քարոզեն այս դարուն սկիզբէն ի վեր։ Ներկայիս իրենց գործունէութիւնը լաւ կերպով հաստատուած է, ինչպէս երիտասարդուհի Սիլվիին օրինակը ցոյց կու տայ, որ առիթէն օգտուեցաւ դպրոցին մէջ քարոզելու։
Քանի մը դասընկերուհիներուն հետ խօսակցութեան մը ընթացքին, Սիլվին կեանքի նպատակին եւ ապագայի յոյսին մասին նիւթ բացաւ։ Տղոցմէ մէկը հետաքրքրուեցաւ. Սիլվին եւ ուրիշ Վկայ մը այցելութեան գացին իր տունը։ «Թէեւ այս Կաթողիկէ տղան եկեղեցիի մէջ ծառայած էր, բայց անպատասխան մնացած շատ հարցումներ ունէր», ըսաւ Սիլվին։ «Աստուածաշունչը գործածելով, անոնց քանի մը հատին պատասխանը տուինք եւ ան Աստուածաշունչի կանոնաւոր ուսումնասիրութիւն մը ընդունեց»։ Այս երիտասարդը մէկ տարի վերջ մկրտուեցաւ եւ որակելի ըլլալէ ետք, որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկեց։ Սիլվին ալ անկէ ի վեր ծառայութեան այդ առանձնաշնորհումը ունեցած է։
ՊՐԸԹԱՆՅԸ
Ատլանտեանին մէջ ցցուած Պրըթանյը թունթ Կաթողիկէ աւանդութեան նահանգ մըն է։ Սակայն, Վկաներուն յարատեւ ջանքերով, այս շրջանի մէջ երթալով աւելի մեծ թիւով անհատներ Թագաւորութեան պատգամը կ’ընդունին։ Ահաւասիկ օրինակ մը Ֆրանսայի հիւսիս–արեւմտեան այս շրջանէն։
«Երիտասարդ զոյգ մը մեր յարկաբաժնին վերը փոխադրուեցան», կը տեղեկագրէ տեղացի Վկայ մը։ «Ատեն մը ետք, թեւերուն մէջ տղան շալկած երիտասարդ կնոջ հանդիպեցայ աստիճաններուն վրայ։ Երբ գիտցայ որ անունը Յովնաթան էր, հարցուցի թէ կինը գիտէ՞ր այդ անուան ծագումը։ ‘Կարծեմ թէ Աստուածաշունչէն է, բայց ուրիշ բան չեմ գիտեր’, պատասխանեց ան։ Ան մտիկ ըրաւ տրուած բացատրութեան եւ ըսաւ որ ինք ու իր ամուսինը հետաքրքրուած են Աստուածաշունչով։ Թէեւ հետագային ուրիշ խօսակցութիւններ ունեցանք, սակայն շօշափելի արդիւնքի մը չհասանք այդ ատեն։
«Քիչ մը ետք, այս զոյգը խնդրի մը շուրջ խրատ ուզեց։ Պատասխանելու համար Աստուածաշունչը գործածեցի եւ անոնք զարմացան անոր մատուցած տեղեկութեան վրայ։ Դարձեալ հրաւիրեցի որ Աստուածաշունչը սերտեն։ Յաջորդ օրը երիտասարդ կինը ընդունեց ուսումնասիրել։ Քանի մը շաբաթ ետք, ամուսինն ալ ուսումնասիրութեան միացաւ եւ հիմա երկուքն ալ մկրտուած Վկաներ են»։
ԱԼՊԵԱՆ ԼԵՌՆԵՐ
Ալպեան Լեռները հռչակաւոր են իրենց շքեղ տեսարանով։ Մարդիկ հոն կ’երթան վեհաշուք գագաթներուն, մանաւանդ Արեւմտեան Եւրոպայի բարձրագոյն կատարին՝ Մոն Պլանի վրայ սքանչանալու։ Այս շրջանին մէջ ալ Ստեղծիչը փառաբանող Թագաւորութեան հրատարակիչներուն թիւը կ’աճի։ Ամէն տարիքի եւ ամէն դասակարգի պատկանող անհատներ կը միանան իրենց շարքերուն, ինչպէս հետեւեալ պատմութիւնը ցոյց կու տայ։
Այդ շրջանին մէջ չորս պատանիներ բաւական ծանր արձանագրութիւն մը ունէին։ Անոնք ինքնաշարժ կը գողնային, յաճախ կը գինովնային, թմրեցուցիչ կը գործածէին ու կը ծախէին եւ պոռնկութեան ու ոգեհարցութեան ձեռնմուխ կ’ըլլային։ Չէին աշխատեր եւ անդադար ոստիկանութեան հետ խնդիր ունէին եւ բոլորն ալ բանտ այցելած էին։ Սակայն չորսն ալ ճշմարտութեան մասին լսած էին իրենց մանկութեան շրջանին, քանի որ իրենց ընտանիքները Եհովայի Վկաներուն հետ ուսումնասիրած էին որոշ ժամանակ մը։
Քանի մը տարի անկանոն ապրելակերպ մը ունենալէ ետք, պատանիներէն մէկուն սիրտը փոխուեցաւ եւ որոշեց Եհովայի ծառայել։ Ասիկա վարակիչ ազդեցութիւն մը ունեցաւ միւսներուն վրայ։ Օր մը, ոստիկանները իրենց սովորական քննութիւնը կը կատարէին եւ այս պատանիներէն մէկուն հարցուցին որ իր պայուսակը բանայ։ Ակնկալելով թմրեցուցիչ կամ գողցուած ապրանք գտնել, զարմացան միայն Աստուածաշունչ մը եւ քանի մը գրքոյկներ գտնելով։ Երիտասարդը Աստուածաշունչը գործածելով բացատրեց թէ ի՛նչ բան իր կեանքը փոխած էր։ Անհաւատալի գտնելով, ոստիկաններէն մէկը հարցուց. «Ըսել կ’ուզես որ այլեւս չես ծխեր, չես խմեր եւ այլեւս թմրեցուցիչ չե՞ս գործածեր»։ Ոստիկանը վերջապէս ընդունեց տրուած բացատրութիւնը եւ թոյլ տուաւ որ տղան երթայ առանց յաւելեալ հարցուփորձի։ Ներկայիս այս չորս երիտասարդները մկրտուած են եւ ժողովքին մէջ կը ծառայեն որպէս օգնական ծառաներ եւ երեքը կանոնաւոր ռահվիրաներ են։
ԼՈՒԱՐ ՀՈՎԻՏԸ
Լուար Հովիտը Ֆրանսայի պարտէզը կոչուած է։ Ան կը տարածուի Փարիզէն 110 քիլոմեթր հարաւը գտնուող Օրլէանէն մինչեւ Ատլանտեանի Ծովափին վրայ գտնուող Լուար Գետին ակունքը։ Այս շրջանը ծանօթ է իր շատ մը դղեակներով, թագաւորական նախկին բնակարաններով եւ որսորդական օթեւաններով։ Այս շրջանի բոլոր գլխաւոր քաղաքներուն մէջ Եհովայի Վկաներու ժողովքներ կան։
Օր մը դպրոցի դադարի մէկ պահուն, պզտիկ Էմման՝ համարձակ եւ գորովալիր վեց տարեկան աղջնակ մը՝ դասարան վերադարձաւ իր ուսուցչուհիին բարեւելու։ Իր ուսուցչուհիին ծխելը տեսնելով ազդուեցաւ եւ լալով փախաւ։ Ուսուցչուհին ետեւէն գնաց եւ հարցուց թէ ի՛նչու կու լար, բայց Էմման չէր ուզեր բան մը ըսել։ Երբ ուսուցչուհին պնդեց, Էմման հեկեկալով ըսաւ. «Քանի որ կը ծխէք։ Դուք պիտի հիւանդանաք եւ մեռնիք»։
Յաջորդ օրը ուսուցչուհին կանչել տուաւ Էմմայի մայրը ըսելու համար թէ իր աղջկան հակազդեցութենէն որքան ազդուած էր։ Ուստի մայրը բացատրեց ծխախոտի նկատմամբ Վկաներուն դիրքը։ Ուսուցչուհին խոստովանեցաւ որ իր ընտանիքը նախապէս իրմէ խնդրած էր որ ծխելը դադրեցնէ, բայց ի զուր։ Բայց այս անգամ այնքան ազդուած էր Էմմայի անկեղծ բացատրութենէն որ երկու օրուան մէջ ծխելը դադրեցուց։
ԳՈՐՍԻՔԱ
Գորսիքա կղզին որ թէեւ կը կոչուի «բուրումնաւէտ կղզի», բայց նաեւ ծանօթ է արեան վրէժխնդրութեան տանող իր բնակիչներուն ունեցած բուռն ոգիին համար։ Տարիներ հոն Վկաները նկատուած էին որպէս «Ցամաքամասի կրօնքը»։ Սակայն, Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը հոն գտնուող շատերուն սրտերը կը փոխէ։
Նոր մկրտուած Վկայ մը կը պատմէ թէ օր մը արձակուրդէն վերադարձին կը տեսնէ թէ իր ագարակին մէջ գտնուող բոլոր դիւրատար գործիքները գողցուած են։ «Եհովայի վստահելով», կը խոստովանի ան, «տարբեր կերպով վարուեցայ, ինչ որ պարագան նոյնը չէր անցեալին»։ Իր դրացիներուն խօսած ատեն ան հանդարտութեամբ կը յիշէ իր կորուստը։
«Հետագային, կարգ մը դրացիներ խնդիրներու առջեւ գտնուեցան։ Գործս ձգեցի եւ անոնց օգնութեան գացի։ Քանի մը օր ետք, անոնցմէ մէկէն հեռաձայն մը ստացայ որ ինծմէ կը խնդրէր շուտով իր քով երթալ։ Խորհելով որ դարձեալ դժուարութեան մէջ է, անմիջապէս գացի։ Ան տեղ հրամցուց ինծի եւ հարցուց. ‘Գիտե՞ս ինչու կանչեցի քեզի. գործիքներուդ համար է։ Ես գողցայ զանոնք։ Բայց երբ տեսայ քու ազնիւ եւ բարեկամական կեցուածքդ, ես ինծի ըսի. ‘Չեմ կրնար ասիկա ընել իրեն’։ Իսկ մեզի օգնելէդ ի վեր, գիշերները չեմ կրնար քնանալ’»։ Երբ ճշմարիտ Քրիստոնէութիւնը գործադրուի, լաւ արդիւնքներ կու տայ։
Երկրորդ Աշխարհամարտի վերջաւորութեան, երբ Թագաւորութեան վկայութեան գործը վերսկսաւ Ֆրանսայի մէջ, ամբողջ երկրին մէջ միայն 1,700 Վկաներ կային։ Թագաւորութեան պատգամը համայն բնակչութեան հասցնելը անկարելիութիւն կը թուէր։ Սակայն, տարիներու ընթացքին Եհովան Ֆրանսայի մէջ իր ժողովուրդը օրհնեց հարկաւոր գործիքներով. Տպարանով, Թագաւորութեան Սրահներով, Համաժողովի Սրահներով, եւայլն, այս պատասխանատուութիւնը կատարելու յօժար հոգի մը տալով։ Ներկայիս աւելի քան 117,000 աշխոյժ քարոզիչներով, այս այլազան համայն երկրին մէջ կը քարոզուի թէ Քրիստոսի յանձնուած Եհովայի Թագաւորութիւնը, մարդկութեան միակ յոյսն է։
[Քարտէս/Նկարներ՝ էջ 23]
ՖՐԱՆՍԱ
ՊՐԸԹԱՆՅԸ
ԼՈՒԱՐ ՀՈՎԻՏԸ
ԱԼՊԵԱՆ ԼԵՌՆԵՐ
ԱԼԶԱՍ
ԱՏԼԱՆՏԵԱՆ ՈՎԿԻԱՆՈՍ
ՄԻՋԵՐԿՐԱԿԱՆ ԾՈՎ
ԱՆԳԼԻԱԿԱՆ ՆԵՂՈՒՑ
ԳՈՐՍԻՔԱ