Աստուծոյ վրէժխնդրութեան օրը
ԻՆՉՊԷՍ տեսանք նախորդ յօդուածին մէջ, շատ մը պատճառներով վրէժխնդրութիւնը սխալ է։ Սխալ է, քանի որ վերջ ի վերջոյ բան մը չի լուծեր։ Մանաւանդ որ փոխանակ բարեկամութիւն հաստատելու իրարու միջեւ, անիկա թշնամութիւնը կը սաստկացնէ։ Նաեւ, ոխակալ խորհուրդներ սնուցանողին համար ալ գէշ է ասիկա։
Վրէժխնդրութեան սխալ ըլլալուն գլխաւոր պատճառը Իսրայէլի ուղղած Մովսէսի հետեւեալ խօսքերուն մէջ կը գտնուի. «Քու Տէր Աստուածդ, ողորմած Աստուած է»։ (Բ. Օրինաց 4։31) Քանի որ Աստուած ողորմած է, մենք ալ իրեն նման ողորմած պէտք է ըլլանք։ Յիսուս ըսաւ իր հետեւորդներուն. «Գթած եղէք, ինչպէս ձեր Հայրն ալ գթած է»։—Ղուկաս 6։36
Այսուհանդերձ, Աստուածաշունչը Եհովան կը նկարագրէ որպէս «վրէժխնդրութեան Աստուած»։ (Սաղմոս 94։1) Եսայի մարգարէն կը խօսի ‘Տէրոջը ընդունելի տարուան’, ինչպէս նաեւ ‘մեր Աստուծոյն վրէժխնդրութեան օր’ուան մասին։ (Եսայեայ 61։2) Աստուած ինչպէ՞ս կրնայ թէ՛ գթած եւ թէ վրիժառու ըլլալ։ Իսկ եթէ մենք Աստուծոյ ողորմածութիւնը պիտի ընդօրինակենք, ինչո՞ւ իր վրէժխնդրութիւնը չընդօրինակենք։
Առաջին հարցումին պատասխանելով, կրնանք ըսել թէ Աստուած ողորմած է, քանի որ կը սիրէ մարդկութիւնը եւ կը ներէ այնքան շատ եւ այնքան ատեն որ կրնայ, որպէսզի մարդոց առիթ տայ իրենց ճամբաները շտկելու։ Շատեր օգտուած են իր ողորմութենէն, ինչպէս Պօղոս առաքեալ։ Բայց Աստուած նաեւ վրիժառու է—այն իմաստով որ արդարութիւնը կը պարտադրէ—քանի որ ողորմութիւնն ալ իր սահմանը ունի։ Երբ անհատներ ցուցաբերեն որ իրենց ճամբաները բնաւ պիտի չփոխեն, Աստուած պիտի դատէ զանոնք իր վրէժխնդրութեան օրը։
Իսկ երկրորդ հարցումին պատասխանելով, կրնանք ըսել որ վրիժառու ըլլալով չենք կրնար մենք մեզ արդարացնել, պատճառաբանելով որ Աստուած ինքն ալ վրիժառու է։ Եհովայի արդարութիւնը կատարեալ է. նոյնը չէ պարագան մարդոց արդարութեան։ Աստուած հարցի մը բոլոր կողմերը կը տեսնէ եւ միշտ արդար որոշում կ’առնէ։ Չենք կրնար մենք մեր մասին նոյնը ըսել։ Անոր համար, Պօղոս խրատեց. «Սիրելինե՛ր, վրէժխնդրութիւն մի՛ ընէք ձեր անձերուն համար, հապա բարկութեան տեղի տուէ՛ք. վասնզի գրուած է. ‘Վրէժխնդրութիւնը ի՛մս է, ե՛ս պիտի հատուցանեմ’, կ’ըսէ Տէրը»։ (Հռովմայեցիս 12։19) Մեր օգտին համար պէտք է վրէժխնդրութիւնը Եհովայի ձեռքերուն մէջ ձգենք։
Ինչո՞ւ Վրէժխնդրութեան Օր մը
Արդարեւ, Աստուածաշունչը շատ մը տեղեր կ’ընդունի որ անզեղջ յանցագործներէն հաշիւ պէտք է պահանջուի։ Օրինակի համար, Պօղոս առաքեալ նախագուշակեց որ Աստուած Յիսուսի միջոցաւ ‘վրէժ պիտի առնէ անոնցմէ՝ որ Աստուած չեն ճանչնար եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի աւետարանին չեն հնազանդիր»։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։8) Լաւ պատճառներ ունինք այս խօսքերը լուրջի առնելու։ Ինչո՞ւ։
Նախ, քանի որ մարդոց մեծամասնութիւնը ներկայիս կը յարատեւեն Ստեղծիչին գերիշխանութեան ասպարէզ կարդալ եւ կ’անտեսեն անոր արդար օրէնքները։ Անոնք հաւատացեալ ըլլան թէ ոչ, իրենց վարքը յստակօրէն ցոյց կու տայ որ անոնք Աստուծոյ առջեւ իրենք զիրենք համարատու չեն զգար։ Այսպիսիներուն կը կիրարկուի սաղմոսերգուին հետեւեալ խօսքերը. «Ինչո՞ւ համար ամբարիշտը Աստուած կ’անարգէ։ Իր սրտին մէջ ըսաւ թէ ‘Պիտի չքննես, [հաշիւ պիտի չպահանջես (ՆԱ)]’»։ (Սաղմոս 10։13) Վստահաբար, Եհովա յաւիտեան թոյլ պիտի չտայ որ այս կերպով զինք անարգեն։ Թէեւ ան սիրոյ Աստուած է, բայց արդարութեան ալ Աստուած է։ Ան ականջ պիտի դնէ իրապէս արդարութեամբ հետաքրքրուողներուն աղաղակին. «Ելի՛ր, ո՛վ Տէր. ո՛վ Աստուած, ձեռքդ վե՛ր վերցուր, մի՛ մոռնար նեղեալները»։—Սաղմոս 10։12
Ասկէ զատ, անօրէն մարդիկ կ’աւերեն երկիրը որու վրայ կ’ապրինք։ Անոնք օդը, հողը եւ ջուրը կ’ապականեն. երկիրը անարդարութեամբ եւ բրտութեամբ կը լեցնեն։ Նաեւ քիմիական, կորիզային եւ ուրիշ մահացու զէնքեր կը մթերեն, մարդկութեան վերապրումին սպառնալով։ Աստուածային միջամտութիւնը պայման է, որպէսզի հնազանդ մարդկութեան համար ապագայ մը ապահովէ։ (Յայտնութիւն 11։18) Եսայի այս միջամտութիւնը կոչեց վրէժխնդրութեան օր։
Աստուծոյ Վրէժխնդրութեան Օրը Ի՞նչ Պիտի Իրագործէ
Ըստ Հին եւ Նոր Կտակարաններու Վայնի Բացատրական Բառարանին [Անգլ.], Յունարէն Գրութիւններուն մէջ, երբ վրէժխնդրութիւն բառը Աստուծոյ կապակցաբար կը գործածուի, անիկա բառացիօրէն կը նշանակէ՝ «‘Արդարութենէն մղուած ծագում կ’առնէ’, ոչ թէ մարդոց վրէժխնդրութեան պէս, որ յաճախ վիրաւորանքի եւ ցասումի արդիւնքն է»։ Հետեւաբար, իր թշնամիներուն դէմ Աստուծոյ վրէժխնդրութեան օրը անսանձ արիւնահեղութեան ժամանակ մը պիտի չըլլայ, անձնական արեան վրէժխնդրութեան նման։ «Տէրը գիտէ բարեպաշտները փորձութենէ ազատել եւ անիրաւները տանջանքի համար դատաստանի օրուան պահել», կ’ըսէ Աստուածաշունչը։—Բ. Պետրոս 2։9
Աստուծոյ ծառաները անձկութեամբ կը սպասեն Աստուծոյ վրէժխնդրութեան օրուան, որպէս ժամանակ մը երբ շիտակ վարքը պիտի ջատագովուի եւ արդարը պիտի ազատագրուի ամբարիշտին կեղեքումէն։ Ասիկա չի նշանակեր թէ անոնք չարամիտ կամ ոխերիմ են։ «Ձախորդութեան վրայ ուրախացողը անպատիժ պիտի չմնայ», կը զգուշացնէ Աստուածաշունչը։ (Առակաց 17։5) Ճիշդ հակառակը, անոնք ողորմութիւն եւ կարեկցութիւն կը մշակեն, վրէժխնդրութեան որե՛ւէ որոշում Աստուծոյ ձգելով։
Իրաւ է որ դիւրին չէ զայրացած անհատի մը համար այսպէս վարուիլ։ Բայց անիկա կարելի է եւ շատեր այդպէս ըրած են։ Օրինակի համար, Փէտրօն շատ տխուր մանկութիւն մը ունեցած էր եւ իր մեծ եղբօր կողմէ յաճախ՝ ծեծուած։ Ուստի ան վայրագ բնաւորութեամբ մեծցաւ, միշտ ոստիկանութեան հետ խնդիրներ ունենալով եւ իր եղբօր բարկութիւնը իր կնոջ եւ իր պզտիկներուն վրայ առնելով։ Վերջապէս, ան Եհովայի Վկայի մը մտիկ ըրաւ եւ հետագային սկսաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ «Եհովայի օգնութեամբ», կը պատմէ ան, «փոխուեցայ եւ հիմա փոխանակ մարդոց հետ կռուելու, անոնց կ’օգնեմ որպէս Քրիստոնեայ երէց մը»։ Աստուածաշունչին եւ սուրբ հոգիին օգնութեամբ, անհամար ուրիշներ ալ փոխուած են, փոխանակ չարամիտ կամ ոխերիմ ըլլալու, ուրիշներուն հանդէպ սէր եւ համբերութիւն ցոյց կու տան։
Ի՞նչ Պիտի Ընէք
Եհովայի մօտալուտ վրէժխնդրութեան օրը ի մտի ունենալը պիտի օգնէ ձեզի որ Եհովայի համբերութենէն օգտուիք։ Բայց այս պատեհութիւնը իր սահմանը ունի։ Շուտով այդ օրը պիտի գայ։ Պետրոս առաքեալ ցոյց կու տայ թէ անիկա ի՛նչու մինչեւ հիմա չէ եկած. «Տէրը չուշացներ իր խոստումը, ինչպէս ոմանք ուշացուցած կը սեպեն, հապա մեզի երկայնամիտ կ’ըլլայ. վասնզի չուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն»։—Բ. Պետրոս 3։9
Հետեւաբար հիմա ստիպողական է պատրաստուիլ Աստուծոյ հաշուեյարդարի օրուան, Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով եւ անոր խրատը կիրարկելով։ Ասիկա պիտի օգնէ մեզի սաղմոսերգուին խօսքերուն հետեւելու. «Դադարէ՛ բարկութենէ ու սրդողիլը վերջացուր։ Մի՛ նեղանար, որ չարութիւն ընել փորձես։ Վասնզի չարագործները պիտի կորսուին, սակայն Տէրոջը համբերողները երկիրը պիտի ժառանգեն»։—Սաղմոս 37։8, 9
[Նկար՝ էջ 7]
Եհովայի վրէժխնդրութեան օրուընէ ետք, ‘Եհովայի յուսացողները երկիրը պիտի ժառանգեն’