Զգուշացէ՛ք սուտ մարգարէներէ
ԳԻՇԵՐ մը, Պրազիլիացի զոյգ մը կը քնանային, երբ լսեցին որ գողեր իրենց տունը կը մտնեն։ Սարսափած, անոնք կրցան ննջասենեակին պատուհանէն փախչիլ եւ ոստիկանութիւնը կանչել։ Բայց կինը այնքա՛ն ազդուեցաւ իր ապրած փորձառութենէն որ չէր կրնար տանը մէջ քնանալ եւ ստիպուեցաւ իր մօրը տունը երթալ։
Իր տունը կողոպտուած կամ ուրիշ կերպով մը կողոպուտի զոհ դարձած անհատ մը այս կնկան վիճակը պիտի հասկնայ։ Այսպիսի փորձառութիւններ կրնան ջլատիչ ըլլալ եւ, դժբախտաբար, երթալով աւելի մեծ թիւով անհատներ կը տառապին այս կերպով։ Սակայն, գողութեան կերպ մը կայ, որ շատ աւելի լուրջ հետեւանքներ ունի։
Ի՞նչ է այս շատ լուրջ գողութեան կերպը, իսկ որո՞նք են գողերը։ Յիսուս Քրիստոս ասոր մասին կարգ մը տեղեկութիւններ տուաւ մեզի երբ, մեր օրերուն մասին խօսելով, ըսաւ. «Շատ սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն ու շատերը պիտի մոլորեցնեն»։ (Մատթէոս 24։11) Սուտ մարգարէները գողեր են։ Ի՞նչ կերպով։ Անոնք ի՞նչ կը գողնան։ Անոնց գողութիւնը կապ ունի իրենց մարգարէանալուն հետ։ Ուստի, այս հարցը լիովին հասկնալու համար, նախ կարիքը ունինք գիտնալու թէ, ըստ Աստուածաշունչին, ի՛նչ կը նշանակէ մարգարէանալ։
Ի՞նչ կը Նշանակէ Մարգարէանալ
Երբ «մարգարէանալ» կ’ըսենք, թերեւս անմիջապէս կը մտածէք ապագան գուշակելու մասին։ Ասիկա իսկապէս Աստուծոյ վաղեմի մարգարէներուն գործին մէկ երեսակն էր, բայց անիկա անոնց գլխաւոր գործը չէր։ Օրինակի համար, երբ, տեսիլքի մը մէջ, Եզեկիէլ մարգարէին ըսուեցաւ որ ‘շունչին [հովին (ՆԱ)] մարգարէութիւն ընէ’, ան պարզապէս Աստուծմէ եկած պատգամ մը պէտք էր յայտարարէր։ (Եզեկիէլ 37։9, 10) Երբ Յիսուս քահանաներուն դիմաց դատուեցաւ, իր հալածիչները իր վրայ թքեցին ու զինք ապտակեցին եւ ծաղրանքով ըսին. «Մարգարէացիր մեզի, դո՛ւն, Քրիստո՛ս, ո՞վ է ան որ քեզի զարկաւ»։ Անոնք Յիսուսէ չէին խնդրեր որ ապագան գուշակէր, այլ՝ իրեն մարտահրաւէր կը կարդային որ Աստուծոյ զօրութեամբ գիտնար թէ ո՛վ իրեն զարկած էր։—Մատթէոս 26։67, 68
Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչի նախնական լեզուներուն մէջ «մարգարէանալ» կամ «մարգարէութիւն» թարգմանուած բառերը հիմնականօրէն կը հաղորդեն հարցի մը շուրջ Աստուծոյ միտքը իմացնելու, կամ, ինչպէս Գործք Առաքելոց գիրքը կ’ըսէ, «Աստուծոյ մեծամեծ բաներու մասին» խօսելու գաղափարը։ (Գործք 2։11) Այս առումով է որ շատեր կը կողոպտուին սուտ մարգարէներու կողմէ։
Ուստի, որո՞նք են սուտ մարգարէները, իսկ անոնք ի՞նչ կը գողնան։ Այս հարցումին պատասխանելու համար, յետադարձ ակնարկ մը նետենք Երեմիայի ժամանակուան Իսրայէլ ազգին պատմութեան։