Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ93 6/1 էջ 32
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
դ93 6/1 էջ 32

Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր

Յուլիս 1—Մարդէ մը [Ադամէ] մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին։—Հռովմայեցիս 5։12, 9/1/92 8, 9

Յուլիս 2—Ուրիշ մէկո՛վ փրկութիւն չկայ. վասնզի անկէ զատ ուրիշ անուն մը [Յիսուս Քրիստոս] չկայ երկնքի տակ՝ մարդոց մէջ տրուած, որով կարող ըլլանք փրկուիլ։—Գործք 4։12

Յուլիս 3—Երբ ըսելու ըլլան թէ «Խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է», այն ատեն կորուստը [կործանումը (ՆԱ)] յանկարծակի անոնց վրայ պիտի հասնի։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։3, 12/1/91 8ա

Յուլիս 4—«Ուռկանը նաւին աջ կողմը ձգեցէք ու պիտի գտնէք»։ Երբ ձգեցին, ձուկերուն շատութենէն՝ չէին կրնար զանիկա քաշել։—Յովհաննու 21։6, 9/1/92 11, 13բ

Յուլիս 5—Ամէն մարդ իր որթատունկին տակ ու իր թզենիին տակ պիտի նստի, վախցնող պիտի չըլլայ. վասնզի զօրքերուն Տէրոջը բերանը խօսեցաւ։—Միքիա 4։4, 8/1/92 4

Յուլիս 6—Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ։—Փիլիպպեցիս 4։6, 7, 6/1/92 18բ

Յուլիս 7—Երբ ձեռքէդ աղէկութիւն ընել կու գայ, կարօտ եղողէն մի՛ խնայեր զանիկա։—Առակաց 3։27

Յուլիս 8—Սիրե՛լիս դուն հաւատարմաբար կ’ընես, ինչ որ կ’ընես եղբայրներուն եւ օտարներուն։—Գ. Յովհաննու 5, 1/1/92 6

Յուլիս 9—Ձեր վրայ հագէ՛ք գութը, ողորմութիւնը եւ քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնամտութիւնը։—Կողոսացիս 3։12

Յուլիս 10—Եթէ դուք իմ խօսքիս մէջ կենաք, ճշմարտապէս իմ աշակերտներս կ’ըլլաք եւ ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ։—Յովհաննու 8։31, 32, 9/1/92 4, 5

Յուլիս 11—Քիչուորը՝ հազարաւոր ու պզտիկը մեծ ազգ պիտի ըլլայ։ Ես Տէրս [Եհովա] իր ժամանակին պիտի կատարեմ ասիկա։—Եսայեայ 60։22, 9/1/92 17, 18բ

Յուլիս 12—Եթէ այն օրերը չքիչնային, բնաւ մարմին մը պիտի չապրէր. բայց ընտրեալներուն համար այն օրերը պիտի քիչնան։—Մատթէոս 24։22, 8/1/92 15, 16ա

Յուլիս 13—Մենք ալ, որ այսչափ վկաներու բազմութեամբ շրջապատուած ենք, ամէն ծանրութիւն մեր վրայէն մէկդի ձգենք եւ մեզ դիւրաւ պաշարող մեղքը։ Համբերութիւնով վազենք մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը։ Յիսուսին նայինք՝ մեր հաւատքին Առաջնորդին ու Կատարողին։—Եբրայեցիս 12։1, 2

Յուլիս 14—Ժամանակը ծախու առէք, վասնզի օրերս չար են։—Եփեսացիս 5։16, 3/1/92 18, 19ա

Յուլիս 15—Աստուծոյ՝ մեր Հօրը քով մաքուր ու անարատ կրօնասիրութիւնը այս է. «Որբերուն ու որբեւարիներուն այցելել նեղութեան ատենը ու անձը անարատ պահել աշխարհէն»։—Յակոբու 1։27

Յուլիս 16—Յոյսով ուրախ եղէ՛ք. նեղութեան մէջ համբերեցէ՛ք. ստէպ աղօթքի կեցէ՛ք։—Հռովմայեցիս 12։12, 1/1/92 1, 2բ

Յուլիս 17—[Յիսուս] իր մարմնին օրերը սաստիկ գոչումով ու արցունքով աղօթք եւ աղաչանք մատուցանեց անոր որ կարող էր զինք մահուանէ ազատել ու լսուեցաւ իր բարեպաշտութեանը պատճառով։—Հռովմայեցիս 5։7, 2/1/92 17, 18ա

Յուլիս 18—Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր, որպէսզի [զիս] անարգողին պատասխան տամ։—Առակաց 27։11, 9/1/92 21, 22

Յուլիս 19—Դուք զգուշացէք ձեր անձերուն, չըլլայ որ սրտերնիդ կերուխումով ու գինովութիւնով եւ աշխարհային զբաղմունքներով ծանրանայ ու յանկարծակի այն օրը ձեր վրայ հասնի. ... [այդ օրը] որոգայթի մը պէս պիտի հասնի։—Ղուկաս 21։34, 35, 8/1/92 1–3բ

Յուլիս 20—Մարդոց վրայ իշխողը թող արդար ըլլայ ու Աստուծոյ վախովը իշխէ, այն ատեն անիկա առաւօտեան լոյսին կը նմանի, որ արեւուն ծագած ատենը կ’երեւնայ, այնպիսի առաւօտ մը՝ որ առանց ամպի է։—Բ. Թագաւորաց 23։3, 4, 2/1/92 6, 7ա

Յուլիս 21—Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը։—Գործք 20։35

Յուլիս 22—[Ամբողջ] գիրքը Աստուծոյ շունչն է։—Բ. Տիմոթէոս 3։16, 5/1/92 9, 10

Յուլիս 23—Ձեր առաջնորդներուն մտիկ ըրէ՛ք ու անոնց հնազանդեցէ՛ք, վասնզի անոնք ձեր հոգիներուն համար կը հսկեն, որպէս թէ հաշիւ պիտի տան. որպէսզի խնդութիւնով ընեն այն գործը եւ ոչ թէ հառաչելով, վասնզի այն ձեզի օգտակար չէ։—Եբրայեցիս 13։17, 9/1/92 12ա

Յուլիս 24—Ատո՛նց մէջ կեցիր. քանզի այդպէս ընելով՝ քեզ ալ պիտի ապրեցնես ու զանոնք ալ, որոնք քեզի մտիկ կ’ընեն։—Ա. Տիմոթէոս 4։16, 9/1/92 21, 22բ

Յուլիս 25—[Եհովան] փնտռեցէ՛ք, ո՛վ երկրի բոլոր խոնարհներ։ Դուք որ անոր օրէնքը կը գործադրէք, արդարութի՛ւն փնտռեցէք, խոնարհութի՛ւն փնտռեցէք, թերեւս [Եհովայի] բարկութեան օրը ծածկուիք։—Սոփոնեայ 2։3, 8/1/92 17, 18ա

Յուլիս 26—Երբեք մէ՛կը այդ մարդուն պէս խօսած չէ։—Յովհաննու 7։46

Յուլիս 27—Արդարին գլխուն վրայ օրհնութիւններ կան, բայց բռնութիւնը ամբարիշտներուն բերանը կը գոցէ։ Արդարներուն յիշատակը օրհնեալ կ’ըլլայ, բայց ամբարիշտներուն անունը կը փտտի։—Առակաց 10։6, 7, 6/1/92 11բ

Յուլիս 28—Եթէ դուք որ չար էք՝ ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, որչա՜փ աւելի ձեր Հայրը երկնքէն սուրբ հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն։—Ղուկաս 11։13, 7/1/92 12, 13դ

Յուլիս 29—Օրհնեալ ըլլայ այն մարդը, որ Տէրոջը կ’ապաւինի [որ Եհովայի կը վստահի (ՆԱ)] ու որուն յոյսը Տէրն [Եհովան] է։—Երեմեայ 17։7, 8/1/92 9, 10դ

Յուլիս 30—Նոյնպէս ալ կիները վայելուչ հագուստով, ամօթխածութեամբ եւ պարկեշտութեամբ ինքզինքնին զարդարեն, ո՛չ թէ հիւսուածքներով կամ ոսկիով կամ մարգարիտներով կամ մեծածախս հանդերձներով։—Ա. Տիմոթէոս 2։9, 9/1/92 19, 20ա

Յուլիս 31—Այս է Տէրոջը [Եհովայի] խօսքը, որ Զօրաբաբէլին կ’ըսուի. «‘Զօրութեամբ չէ եւ ուժով չէ, հապա իմ հոգիովս’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը»։—Զաքարեայ 4։6, 9/1/92 11դ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել