Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ93 6/1 էջ 29-31
  • Ի՛նչու գանգատող մը ուրախ մէկը չէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ի՛նչու գանգատող մը ուրախ մէկը չէ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Իրաւացի Գանգատներ
  • Գանգատողներու Հանդէպ Աստուծոյ Տեսակէտը
  • Գանգատի Հոգին Նուաճել
  • Տրտնջալէ ետ կենանք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
  • Ինչո՞ւ գանգատելու սովորութիւն պէտք չէ ունենանք
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2021)
  • Օրհնութիւն՝ կամ անէծք—Օրինակներ մեզի համար
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Եհովայի կազմակերպութեան բարութեան վրայ կեդրոնացի՛ր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
դ93 6/1 էջ 29-31

Ի՛նչու գանգատող մը ուրախ մէկը չէ

ՔԱՆԻ ՄԸ շաբթուան մէջ, ցնծութիւնը՝ յուսահատութեան վերածուեցաւ։ Եգիպտական կապանքէն ազատագրուած Իսրայելացիներուն նոր գտած ազատութեան բերկրութիւնը կերակուրի շուրջ փոքրոգի տրտունջի փոխուեցաւ։ Եգիպտոսէ ելլելէ հազիւ երկու ամիս ետք, դժգոհ ազգը ըսաւ որ կը նախընտրէր գերի մնալ, քան թէ անապատին մէջ այս դժուար կեանքը ունենալ։ Յառաջիկայ ամիսներուն, այս գանգատի հոգին Եհովայի հնազանդելու անոնց վճռակամութիւնը տկարացուց եւ Խոստացեալ Երկիրը մտնելու այդ սերունդին ակնկալութիւնը քանդեց։—Ելից 16։1–3. Թուոց 14։26–30

Գանգատիլը, անշուշտ, միայն սերունդի մը կամ անհատի մը չէ վիճակուած։ Ո՛վ երբեմն չի գանգատիր գործին, ուտելիքին, օդի եղանակին, զաւակներուն, դրացիներուն կամ կեանքի սղութեան մասին։ Այնպէս կը թուի թէ գանգատիլը մարդկային անկատարութեան հակումներէն մէկն է։—Հռովմայեցիս 5։12. Յակոբու 3։2

Ինչո՞ւ իսկոյն կը գանգատինք։ Թերեւս յուսահատած, յուսախաբ եղած կամ հիւանդ ենք։ Գանգատելով մեր խռովութիւնը կ’արտայայտենք, կամ կրնայ ըլլալ որ անուղղակիօրէն կ’ուզենք ըսել. «Ես աւելի լաւը կ’ընէի»։ Անձնաւորութիւններու բախումն ալ երբեմն կրնայ գանգատներու դուռ բանալ։ Կայ նաեւ անկեղծ վիրաւորանքները։

Ի՛նչ որ ալ ըլլայ պատճառը, գանգատիլը կրնայ կործանարար ըլլալ, եթէ շարունակուի, ինչպէս Իսրայելացիներուն վերոյիշեալ օրինակը ցոյց կու տայ։ Անհատ մը կրնայ անվերջ գանգատող մը ըլլալ, նոյնիսկ Եհովայի գործառնութիւններուն դէմ տրտնջալով։ Ասիկա ինչո՞ւ շատ վտանգաւոր է։ Իսկ իրաւացի գանգատները ինչպէ՞ս կարելի է պատշաճօրէն ձեռք առնել։

Իրաւացի Գանգատներ

Եթէ վիրաւորանքը լուրջ բան մը չէ, առաջին բանը զոր մենք մեզի պէտք է հարցնենք, հետեւեալն է. Կրնա՞մ սիրով անտեսել զայն։ Ճիշդ է որ կրնանք մէկու մը, թերեւս նոյնիսկ հաւատակիցի մը դէմ գանգատելու վաւերական պատճառ մը ունենալ։ Ան թերեւս մեզի հետ անազնիւ կամ անիրաւ կերպով վարուեցաւ։ Այսուհանդերձ, այս անդիւր վերաբերմունքին մասին ուրիշներուն գանգատիլը հարցերը պիտի բարելաւէ՞։ Աստուածաշունչը ի՞նչպիսի ընթացք մը կը յանձնարարէ։ Կողոսացիս 3։13–ը կ’ըսէ. «Իրարու համբերելով եւ իրարու ներելով՝ եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ. ինչպէս Քրիստոս ձեզի ներեց, նոյնպէս ալ դուք»։ Ուստի, նոյնիսկ երբ գանգատ մը իրաւացի է, Սուրբ Գրութիւնները կը յանձնարարեն ներողամիտ կեցուածք մը ցուցաբերել, ոչ թէ՝ գանգատի հոգի մը։—Մատթէոս 18։21, 22

Իսկ եթէ հարցը շա՜տ լուրջ է անտեսելու համար։ Թերեւս գանգատ բարձրացնելու լաւ պատճառ մը ունինք։ Երբ Սոդոմի եւ Գոմորի նկատմամբ գանգատի վաւերական «աղաղակ» մը բարձրացաւ Եհովայի, ան քայլեր առաւ այդ ստորին քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցող անշնորհք վիճակին դէմ։ (Ծննդոց 18։20, 21) Ուրիշ իրաւացի գանգատ մը բարձրացաւ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէէն անմիջապէս ետք։ Երբ կարօտեալ այրիներուն ուտելիք կը բաշխուէր, աչառութիւն կ’ըլլար Եբրայախօս կիներուն հանդէպ։ Հասկնալի է որ ասիկա ընդվզում յառաջացուց Յունախօս որբեւարիներուն մէջ։ Վերջապէս, այս գանգատը առաքեալներուն ականջը հասաւ, որոնք անմիջապէս պատասխանատու անհատներու խումբ մը կազմակերպեցին խնդիրը շտկելու համար։—Գործք 6։1–6

Այսօր ալ նշանակուած Քրիստոնեայ երէցները նոյնպէս անյապաղ անհրաժեշտ քայլեր պէտք է առնեն, երբ լուրջ հարցեր իրենց ուշադրութեան յանձնուին։ Առակաց 21։13–ը կ’ըսէ. «Ով որ աղքատին աղաղակը չլսելու համար իր ականջը կը գոցէ, ինք ալ պիտի աղաղակէ ու իրեն լսող պիտի չըլլայ»։ Փոխանակ անտեսելու իրաւացի գանգատ մը, երէցները կարեկցութեամբ մտիկ պէտք է ընեն։ Իսկ միւս կողմէն, բոլորս ալ պէտք է համագործակցինք լուրջ գանգատները երէցներուն ուշադրութեան յանձնելով, փոխանակ զանոնք պատմելու երբ մտիկ ընող ականջներ գտնենք։

Այսուհանդերձ, շատերս անկեղծօրէն պէտք է ընդունինք որ շատ անգամ, մարդկային անկատարութեան պատճառաւ, անտեղիօրէն կը գանգատինք։ Անապատին մէջ Իսրայելացիներուն վարմունքին աւելի մօտէն աչք մը նետելը պիտի օգնէ մեզի տեսնելու թէ ո՛րքան վտանգաւոր է թոյլ տալ որ պատահական դժգոհութիւնը գանգատի հոգիի մը վերածուի։

Գանգատողներու Հանդէպ Աստուծոյ Տեսակէտը

Կերակուրի մասին Իսրայելացիներուն տրտունջը, գանգատին բովանդակած երկու վտանգները կը յայտնէ։ Նախ, գանգատիլը վարակիչ է։ Պատմութիւնը կ’ըսէ որ «Իսրայէլի որդիները [ամբողջ ժողովքը] անապատին մէջ Մովսէսին ու Ահարոնին դէմ տրտունջ ըրին»։ (Ելից 16։2) Հաւանաբար, քանի մը հոգիներ սկսան գանգատիլ ուտելիքի պակասին համար եւ, շուտով, բոլորն ալ անկէ վարակուեցան։

Երկրորդ, գանգատողները յաճախ կը մեծցնեն խնդիրը։ Այս պարագային, Իսրայելացիները պնդեցին որ Եգիպտոսի մէջ աւելի լաւ պիտի ըլլային, ուր կրնային իրենց ուզած չափով հաց եւ միս ուտել։ Անոնք գանգատեցան որ անապատ բերուեցան միմիայն անօթութենէ մեռնելու համար։—Ելից 16։3

Այդ Իսրայելացիներուն վիճակը այդքան գէ՞շ էր։ Հաւանաբար անոնց ուտելիքի պաշարը երթալով կը նուազէր, բայց Եհովա նախատեսած էր այս հարցը եւ յարմար ժամանակին մանանան հայթայթեց անոնց ֆիզիքական կարիքները գոհացնելու համար։ Անոնց չափազանցուած գանգատը Աստուծոյ վրայ վստահութեան ամբողջական պակաս կը մատնէր։ Երբ Եգիպտոս կը գտնուէին, անոնք իրաւացիօրէն գանգատեցան իրենց ունեցած դաժան պայմաններուն համար։ (Ելից 2։23) Բայց երբ Եհովա զիրենք ազատագրեց գերութենէ, անոնք սկսան ուտելիքի համար գանգատիլ։ Անոնց տրտունջը իրաւացի չէր։ Մովսէս զանոնք զգուշացուց, ըսելով. «Ձեր տրտունջը մեզի դէմ չէ, հապա Տէրոջը դէմ»։—Ելից 16։8

Իսրայելացիներուն այս գանգատի հոգին կրկին ու կրկին յայտնաբերուեցաւ։ Տարին չբոլորուած, անոնք սկսան մանանային համար գանգատիլ։ (Թուոց 11։4–6) Անկէ քիչ ետք, Իսրայելացի 12 լրտեսներէն 10–ին բերած գէշ տեղեկագրութիւնը Խոստացեալ Երկրին նուաճման ենթադրեալ վտանգներուն մասին բողոքի աղաղակ մը բարձրացուց։ Ժողովուրդը մինչեւ իսկ սկսաւ ըսել. «Երանի՜ թէ Եգիպտոսի երկրին մէջ մեռած ըլլայինք. կամ երանի՜ թէ այս անապատին մէջ մեռած ըլլայինք»։ (Թուոց 14։2) Գնահատութեան ի՜նչ պակաս։ Զարմանալի չէ որ Եհովա ըսաւ Մովսէսի. «Այս ժողովուրդը մինչեւ ե՞րբ զիս պիտի արհամարհէ եւ մինչեւ ե՞րբ հակառակ բոլոր հրաշքներուս՝ պիտի չհաւատան ինծի»։ (Թուոց 14։11) Այս ապերախտ գանգատողները 40 տարի անապատին մէջ թափառելու դատապարտուեցան մինչեւ որ այդ սերունդը չքացաւ։

Պօղոս առաքեալ մեզի կը յիշեցնէ այս օրինակը։ Ան Քրիստոնեայ հաւատակիցները կը զգուշացնէ որ բնաւ այդ Իսրայելացիներուն չնմանին, որոնք իրենց տրտունջներուն պատճառաւ անապատին մէջ բնաջնջուեցան։ (Ա. Կորնթացիս 10։10, 11) Որոշ է, ուրեմն, որ իրաւացի չեղող տրտունջը եւ գանգատի հոգին կրնան տկարացնել մեր հաւատքը եւ Եհովայի տհաճութեան արժանացնել։

Սակայն, Եհովա համբերատար կը գտնուի իր ծառաներուն հանդէպ, որոնք երբեմն կը գանգատին յուսալքիչ պարագաներու պատճառաւ։ Երբ Եղիա, Յեզաբէլ չար Թագուհիին հալածանքին պատճառաւ, Քորեբ լեռը փախաւ, ան համոզուած էր որ իր գործը վերջ գտած էր որպէս մարգարէ։ Ան սխալ կերպով կ’ենթադրէր որ ինք երկրին մէջ Եհովայի միակ երկրպագուն էր։ Եղիայի հաւատքը զօրացնելու համար, Աստուած նախ անոր տուաւ Իր զօրութեան մէկ ցուցադրութիւնը։ Անկէ ետք մարգարէին ըսուեցաւ որ տակաւին Եհովայի հաւատարիմ 7,000 ծառաներ կային Իսրայէլի մէջ եւ թէ ինք ընելիք շատ գործ ունէր։ Ուստի, Եղիա մոռցաւ իր գանգատները եւ վերանորոգուած կորովով մը շարունակեց։ (Գ. Թագաւորաց 19։4, 10–12, 15–18) Երբ Քրիստոնեայ երէցները ներատեսութիւն ի գործ դնեն, անոնք ալ կրնան մխիթարել հաւատարիմները, անոնց օգնելով որ Աստուծոյ նպատակին իրականացման մէջ իրենց ունեցած դերը տեսնեն։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14

Գանգատի Հոգին Նուաճել

Ինչպէ՞ս կարելի է նուաճել գանգատի հոգի մը։ Երբ ծխողի մը մարմնին վրայ ծխախոտին ունեցած վնասին մասին փաստեր տրուին, ասիկա կրնայ մղել զինք որ ծխելը դադրեցնէ։ Նմանապէս, երբ մենք գանգատի հոգիին որքան վնասաբեր ըլլալը հասկնանք, կրնանք մղուիլ գանգատելու ամէն սովորութիւն ձգել։

Ի՞նչ օգուտներ կը քաղեն անոնք որոնք կը նուաճեն գանգատի հոգին։ Կարեւոր օգուտներէն մէկը այդ է որ անոնք հարցերը սուրբ գրայինօրէն եւ աւելի առարկայօրէն կը դիտեն։ Գանգատող մը հազուադէպօրէն խնդրի մը մասին Եհովայի տեսակէտը կը փնտռէ։ Գանգատող Իսրայելացիները մոռցած էին որ Եհովա Աստուած զիրենք ազատագրած էր գերութենէն եւ հրաշքով Կարմիր Ծովուն ջուրերը բաժնած էր։ Անոնց ժխտական մտածելակերպը արգելք հանդիսացած էր Աստուծոյ զօրութիւնը տեսնելու եւ իրենց ուրախութիւնը խլած էր։ Հետեւաբար, Եհովայի վրայ իրենց վստահութիւնը շոգիացած էր։

Իսկ միւս կողմէն, անհատ մը, որ իր խնդիրները կրնայ առարկայօրէն գնահատել, պիտի նկատէ որ իր դժուարութիւններուն արմատը իր անհատական սխալներն են։ Այսպիսով, ան հաւանաբար նոյն սխալները պիտի չկրկնէ։ Երուսաղէմի կործանումէն ետք, Երեմիա զգուշացուց Իսրայելացիները որ իրենց կրած դժուարութիւններուն համար չգանգատին։ Անոնց տառապանքը ուղղակիօրէն արդիւնքն էր իրենց մեղքերուն եւ անոնք ասիկա պէտք էր հասկնային, որպէսզի զղջային ու Եհովայի դառնային։ (Ողբք 3։39, 40) Նմանապէս, Յուդա աշակերտ քննադատեց այն «ամբարիշտներ»ը որոնք Եհովայի առաջնորդութիւնը կը մերժէին եւ միշտ կը ‘տրտնջային’։—Յուդա 3, 4, 16

Ինչպէս Սողոմոն իմաստուն Թագաւորը առիթով մը դիտել տուաւ, «ուրախ սիրտը դեղի պէս օգտակար է, բայց կոտրած սիրտը ոսկորները կը չորցնէ»։ (Առակաց 17։22) Գանգատի հոգի մը զգացականօրէն կը չորցնէ մեզ եւ մեր ուրախութիւնը կը խլէ։ Անիկա յոռետեսութիւն կ’արտացոլացնէ, ոչ թէ՝ լաւատեսութիւն։ Սակայն ‘գովելի բաներ’ու մասին խորհիլ եւ խօսիլ սորվողները ուրախ սիրտ մը ունին, որու պատճառաւ իրենք զիրենք աւելի լաւ կը զգան։—Փիլիպպեցիս 4։8

Անտարակոյս, մեր կեաքերը աւելի ճոխ պիտի ըլլան, եթէ մարդոց առաքինութիւններուն նայինք, ոչ թէ՝ թերութիւններուն։ Մեր տրամադրութիւնը բարձր պիտի պահենք, եթէ դժուար պարագաներէն օգտուինք, փոխանակ մեր ձախորդութիւններուն համար տրտնջալու։ Նոյնիսկ փորձութիւնները կրնան ուրախութեան պատճառ մը ըլլալ, եթէ զանոնք մեր հաւատքն ու համբերութիւնը զօրացնելու առիթներ նկատենք։—Յակոբու 1։2, 2

Նաեւ կարեւոր է յիշել որ երբ կը տրտնջանք, միայն մենք մեզի չենք վնասեր։ Անդադար գանգատ յայտնելով, ուրիշներուն հաւատքն ալ կրնանք տկարացնել։ Իսրայելացի տասը լրտեսներուն գէշ տեղեկագրութիւնը պատճառ եղաւ որ ամբողջ ազգը Խոստացեալ Երկրին նուաճումը անյոյս նախաձեռնութիւն մը նկատէ։ (Թուոց 13։25–14։4) Առիթով մը, Մովսէս այնքան ընկճուեցաւ ժողովուրդին անվերջ տրտունջներուն պատճառաւ որ ան խնդրեց Եհովայէ որ զինք մեռցնէ։ (Թուոց 11։4, 13–15) Իսկ միւս կողմէն, եթէ կերտիչ բաներու մասին խօսինք, կրնանք ուրիշներուն հաւատքը զօրացնել եւ անոնց ուրախութեան նպաստել։—Գործք 14։21, 22

Թէեւ կրնանք փորձուիլ մեր գործակիցներուն, մեր բարեկամներուն, մեր ընտանիքին, կամ նոյնիսկ ժողովքի երէցներուն մասին գանգատիլ, բայց Եհովա կ’ուզէ որ իր ծառաները ‘իրարու հանդէպ սրտանց սէր ունենան’։ Այսպիսի սէր մը մեզ կը մղէ որ ուրիշներուն սխալները ծածկենք, փոխանակ զանոնք քօղազերծելու։ (Ա. Պետրոս 4։8) Բարեբախտաբար, Եհովա կը յիշէ որ հողէ շինուած ենք եւ իր աչքերը չի սեւեռեր մեր սխալներուն վրայ։ (Սաղմոս 103։13, 14. 130։3) Եթէ բոլորս ալ փորձենք իր օրինակին հետեւիլ, անկասկած շատ աւելի քիչ պիտի գանգատինք։

Երբ մարդկութիւնը կատարելութեան հասնի, ոչ ոք իր կեանքին համար գանգատելու պատճառ մը պիտի ունենայ։ Բայց մինչ այդ, ուրիշներուն կամ մեր դժուարութիւններուն մասին գանգատելու փորձութեան դէմ դնելու կարիքը ունինք։ Ցոյց տալու համար որ Եհովայի կը վստահինք եւ իրապէս կը սիրենք մեր հաւատակիցները, «ամէն բան առանց տրտունջներու» ընենք։ (Փիլիպպեցիս 2։14) Ասիկա Եհովայի հաճելի պիտի ըլլայ, իսկ մեզի ալ՝ մեծապէս օգտակար։ Մեր եւ ուրիշներուն բարօրութեան համար, ուրեմն, չմոռնանք որ գանգատող մը ուրախ մէկը չէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել