Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ94 6/1 էջ 12-16
  • Աղէկ ու գէշ պտուղներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աղէկ ու գէշ պտուղներ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Տեսիլքին Աղէկ Թուզերը
  • Տեսիլքին Գէշ Թուզերը
  • Այլաբանական Արդի Փտած Թուզերը
  • Ազդարարութիւն մը Մեզի Համար
  • Սիրտդ Եհովան կը ճանչնա՞յ
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2017)
  • Սիրտդ Եհովան կը ճանչնա՞յ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Երեմիայի գիրքէն աչքառու կէտեր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
դ94 6/1 էջ 12-16

Աղէկ ու գէշ պտուղներ

«Տէրը ինծի այս տեսիլքը ցուցուց։ Ահա ... երկու կողով թուզ կար։ Մէկ կողովին մէջ խիստ աղէկ թուզեր կային՝ կանխահաս թուզերու պէս, իսկ միւս կողովին մէջ խիստ գէշ թուզեր կային, այնպէս որ անկարելի էր զանոնք ուտելը»։—ԵՐԵՄԵԱՅ 24։1, 2

1. Եհովա ինչպէ՞ս գութ յայտնեց իր ժողովուրդին հանդէպ, բայց անոնք ինչպէ՞ս ընդառաջեցին։

ՏԱՐԻՆ Հ.Դ.Ա. 617–ն է. Երուսաղէմի եւ իր ժողովուրդին վրայ Եհովայի արժանի դատաստանը գործադրուելէն ճիշդ տասը տարի առաջ։ Երեմիա արդէն անխոնջօրէն կը քարոզէր 30 տարիէ ի վեր։ Նկատի առէք կացութեան մասին Եզրասի վառ նկարագրութիւնը որ արձանագրուած է Բ. Մնացորդաց 36։15–ին մէջ. «Անոնց հայրերուն Տէր Աստուածը՝ իր ժողովուրդին ու իր բնակարանին խնայելուն համար, իր պատգամաւորներուն միջոցով մեծ փութով ազդարարութիւններ կը ղրկէր»։ Իսկ ի՞նչ եղաւ այս բոլոր ջանքերուն արդիւնքը։ Դժբախտաբար, Եզրաս կը շարունակէ ըսել 16–րդ համարին մէջ. «Բայց անոնք Աստուծոյ ղրկած պատգամաւորները կ’անարգէին, անոր խօսքերը կ’արհամարհէին ու անոր մարգարէները ծաղր կ’ընէին. մինչեւ որ Տէրոջը բարկութիւնը իր ժողովուրդին վրայ բորբոքեցաւ, այնպէս որ ա՛լ բժշկութիւն չմնաց»։

2, 3. Նկարագրեցէք այն ուշագրաւ տեսիլքը զոր Եհովա Երեմիայի յայտնեց։

2 Ասիկա կը նշանակէ՞ր որ Յուդա ազգը ամբողջովին պիտի բնաջնջուէր։ Պատասխանը գտնելու համար, նայինք Երեմիայի տրուած ծանրակշիռ տեսիլքին որ արձանագրուած է իր անունը կրող գրքին 24–րդ գլուխին մէջ։ Այս տեսիլքին մէջ, Աստուած երկու կողով թուզ գործածեց իր ուխտեալ ժողովուրդին մէջ զարգացող վիճակը խորհրդանշելու համար։ Անոնք երկու տարբեր տեսակ՝ աղէկ ու գէշ՝ պտուղներով ներկայացուած էին։

3 Երեմեայ 24–րդ գլուխին 1 եւ 2–րդ համարները կը նկարագրեն ինչ որ Աստուծոյ մարգարէն տեսաւ. «Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին՝ Յուդայի թագաւորը Յովակիմի որդին Յեքոնիան եւ Յուդայի իշխանները եւ հիւսները ու դարբինները Երուսաղէմէն գերի առնելէն ու Բաբելոն տանելէն ետքը, Տէրը ինծի այս տեսիլքը ցուցուց։ Ահա Տէրոջը տաճարին առջեւ դրուած երկու կողով թուզ կար։ Մէկ կողովին մէջ խիստ աղէկ թուզեր կային՝ կանխահաս թուզերու պէս, իսկ միւս կողովին մէջ խիստ գէշ թուզեր կային, այնպէս որ անկարելի էր զանոնք ուտելը»։

Տեսիլքին Աղէկ Թուզերը

4. Թուզերու տեսիլքը ի՞նչ սփոփիչ պատգամ մը կը վերապահէր հաւատարիմ Իսրայելացիներուն։

4 իր տեսածին մասին Երեմիայի հարց տալէն ետք, Եհովա շարունակեց ըսել 5-7–րդ համարներուն մէջ. «Այս աղէկ թուզերուն պէս պիտի բռնեմ Յուդայէն գերի քշուածները, որոնք այս տեղէն Քաղդէացիներուն երկիրը ղրկեցի իրենց աղէկ ըլլալու համար։ Իմ աչքերս անոնց վրայ պիտի հաստատեմ բարութեան համար ու զանոնք այս երկիրը պիտի դարձնեմ եւ զանոնք պիտի շինեմ ու պիտի չփլցնեմ։ Զանոնք պիտի տնկեմ ու պիտի չխըլեմ։ Անոնց այնպիսի սիրտ մը պիտի տամ, որ զիս ճանչնան թէ ես եմ Տէրը։ Անոնք իմ ժողովուրդս պիտի ըլլան ու ես անոնց Աստուածը պիտի ըլլամ, վասնզի իրենց բոլոր սրտովը ինծի պիտի դառնան»։

5, 6. (ա) Կարգ մը Իսրայելացիներ ինչպէ՞ս Քաղդէացիներուն երկիրը գացին «իրենց աղէկ ըլլալու համար»։ (բ) Աքսորի մէջ հաւատարիմ Իսրայելացիներուն վրայ Եհովա ինչպէ՞ս իր ‘աչքերը հաստատեց բարութեան համար’։

5 Ուստի, Եհովայի այս խօսքերէն կը տեսնուէր որ աւելի լաւ ժամանակներ պիտի գային եւ Յուդա ազգը ամբողջովին պիտի չբնաջնջուէր։ Բայց այս աղէկ թուզերու կողովին իմաստը ի՞նչ է։

6 Յեքոնիան, կամ Յովաքինը, Երուսաղէմը կամովին Նաբուգոդոնոսոր Թագաւորին յանձնած ատեն, Յուդայի վրայ երեք ամիս եւ տասը օրէ ի վեր կը թագաւորէր։ Գերի քշուողներուն մէջ կային Դանիէլ եւ իր երեք Եբրայեցի ընկերները՝ Անանիան, Միսայէլը եւ Ազարիան, ինչպէս նաեւ Եզեկիէլը։ Անոնց կեանքերը պահպանուեցան Բաբելոնի թագաւորին կողմէ. ուստի կարելի էր ըսել որ Եհովա հոգ տարաւ որ այս բոլոր գերիները Քաղդէացիներուն երկիրը տարուին իրենց աղէկութեան համար։ Նկատեցի՞ք որ Եհովա նաեւ խոստացած էր որ իր ‘աչքերը անոնց վրայ պիտի հաստատէր բարութեան համար’։ Ասիկա ինչպէ՞ս կատարուեցաւ։ Հ.Դ.Ա. 537–ին, 80 տարի ետք, Եհովա պատճառ եղաւ որ Կիւրոս Թագաւոր հրովարտակ մը հանէ, թոյլ տալով որ անոնց սերունդէն մնացորդ մը Յուդայի երկիրը վերադառնայ։ Այդ հաւատարիմ Հրեաները Երուսաղէմ քաղաքը վերաշինեցին. իրենց Աստուծոյն՝ Եհովայի՝ պաշտամունքին համար նոր տաճար մը կանգնեցին եւ իրեն վերադարձան ամբողջ սրտով։ Ուստի, այս բոլոր բաներուն մէջ, այս գերիները եւ իրենց սերունդը Եհովայի համար խիստ աղէկ, կանխահաս թուզերու պէս էին։

7. Եհովայի աչքը ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս արդի Երեմիա դասակարգին վրայ եղաւ «բարութեան համար»։

7 Հաւանաբար կը յիշէք որ Երեմիայի մարգարէական խօսքերուն մասին մեր նախորդ յօդուածին մէջ սորվեցանք որ անոնք մեր Ի. դարուն համար նշանակութիւն մը ունին։ 24–րդ գլուխն ալ բացառութիւն չի կազմեր։ Ա. Աշխարհամարտի խաւար տարիներու ընթացքին, Եհովայի նուիրուած ծառաներէն շատեր կերպով մը Մեծն Բաբելոնի ազդեցութեան ներքեւ եկան։ Բայց Եհովայի հսկող աչքը ‘անոնց վրայ էր բարութեան համար’։ Մեծն Կիւրոսի՝ Քրիստոս Յիսուսի՝ միջոցով, Եհովա անոնց վրայէն Մեծն Բաբելոնի զօրութիւնը կտրեց եւ աստիճանաբար զանոնք բերաւ հոգեւոր դրախտի մը մէջ։ Այս հոգեւոր Իսրայելացիները ընդառաջեցին եւ սրտանց Եհովայի դարձան։ Ապա, 1931–ին, անոնք ցնծութեամբ ընդունեցին Եհովայի Վկաներ անունը։ Իրապէս կարելի էր ըսել որ անոնք այլեւս Եհովայի աչքին կողով մը աղէկ թուզերու պէս էին։

8. Եհովայի Վկաները ի՞նչ կերպով Թագաւորութեան պատգամին թուզանման քաղցրութիւնը հռչակած են ամէնուրեք։

8 Իսկ Եհովայի Վկաները զիրենք Մեծն Բաբելոնէն ազատագրող Աստուծոյ անարժան ողորմութիւնը չարաչար չեն գործածած։ Անոնք Թագաւորութեան բարի լուրի պատգամին թուզանման քաղցրութիւնը իրենց չեն պահած, այլ զայն հռչակած են ամէնուրեք, Մատթէոս 24։14–ին մէջ Յիսուսի խօսքերուն համաձայն. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու»։ Ասոր արդիւնքը ի՞նչ եղած է։ Հոգեւոր Իսրայելացի չեղող աւելի քան 4,700,000 ոչխարանման անհատներ ազատագրուած են Մեծն Բաբելոնէն։

Տեսիլքին Գէշ Թուզերը

9. Որո՞նք պատկերացուած էին Երեմիայի տեսիլքին գէշ թուզերով, եւ անոնց ի՞նչ պիտի պատահէր։

9 Բայց ի՞նչ կրնայ ըսուիլ Երեմիայի տեսիլքին գէշ թուզերով լեցուն կողովին մասին։ Երեմիա իր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ Եհովայի խօսքերուն վրայ, որոնք կը գտնուին Երեմեայ 24–րդ գլուխին 8-10–րդ համարներուն մէջ. «Այս գէշ թուզերուն համար, որոնք գէշութենէ չեն ուտուիր, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Յուդայի թագաւորը Սեդեկիան ու անոր իշխանները ու Երուսաղէմի մնացորդը, որոնք այս երկրին մէջ մնացեր են, նաեւ Եգիպտոսի երկրին մէջ բնակողները երկրի բոլոր թագաւորութիւններուն մէջ նեղութեան ու թշուառութեան պիտի մատնեմ, որպէսզի անոնք նախատինքի, ծաղրանքի առարկայ, անարգանք ու անէծք ըլլան այն բոլոր տեղերը, ուր զանոնք պիտի քշեմ։ Անոնց վրայ սուր, սով ու ժանտախտ պիտի ղրկեմ, մինչեւ հատնին այն երկրին վրայէն, որը իրենց ու իրենց հայրերուն տուի’»։

10. Եհովա ինչո՞ւ Սեդեկիան ‘գէշ թուզ’ մը սեպեց։

10 Ուստի, Սեդեկիա իրապէս ‘գէշ թուզ’ մը սեպուեցաւ Եհովայի աչքին։ Ան ոչ միայն Եհովայի անունով անոր հետ իր ըրած հաւատարմութեան ուխտը բեկանելով Նաբուգոդոնոսոր Թագաւորին դէմ ըմբոստացաւ, այլ նաեւ՝ ամբողջովին մերժեց Երեմիայի միջոցով իրեն մատուցուած Եհովայի կարեկցութիւնը։ Իրականութեան մէջ, ան մինչեւ իսկ Երեմիան բանտը նետել տուաւ։ Զարմանալի չէ որ Եզրաս, Բ. Մնացորդաց 36։12–ին մէջ, Թագաւորին կեցուածքը այսպէս կը բացատրէ. «Անիկա իր Տէր Աստուծոյն առջեւ չարութիւն ըրաւ ու Տէրոջը բերնէն խօսող Երեմիա Մարգարէին առջեւ չխոնարհեցաւ»։ Եհովայի աչքին, Սեդեկիան եւ Երուսաղէմ մնացողները կողով մը գէշ, փտած թուզերու պէս էին։

Այլաբանական Արդի Փտած Թուզերը

11, 12. Այսօր որո՞նք բնորոշուած են որպէս գէշ թուզեր, եւ անոնց ի՞նչ պիտի պատահի։

11 Արդ, ձեր շուրջի աշխարհին աչք մը նետեցէք։ Կը խորհի՞ք որ կրնանք կողով մը այլաբանական գէշ թուզեր գտնել։ Իրողութիւնները քննենք, մեր օրերը Երեմիայի օրերուն հետ բաղդատելով։ Այս Ի. դարուն, Եհովա Երեմիա դասակարգը՝ օծեալ մնացորդը՝ գործածած է, որպէսզի անդադար ազդարարէ ազգերը մեծ նեղութեան ընթացքին իր մօտալուտ սաստիկ բարկութեան դէմ։ Ան ազգերը յորդորած է որ անոնք իր անուան պատշաճող փառքը տան, զինք պաշտեն հոգիով ու ճշմարտութիւնով եւ իր իշխող Որդին՝ Քրիստոս Յիսուսը՝ ընդունին որպէս երկրի իրաւացի Իշխանը։ Անոնք ինչպէ՞ս հակազդած են։ Ճիշդ Երեմիայի օրուան նման։ Ազգերը կը շարունակեն ընել ի՛նչ որ չար է Եհովայի աչքին։

12 Այս ըմբոստ կեցուածքը խրախուսողները որո՞նք են։ Որո՞նք են, որ կը շարունակեն ծաղրել Երեմիայի նմանող Աստուծոյ այս պատգամաբերները, անոնց հեղինակութիւնը հարցի տակ դնելով որպէս Աստուծոյ ծառաներ։ Որո՞նք կը շարունակեն արհամարհել Աստուծոյ Խօսքը։ Այսօր ո՞վ կը հրահրէ Եհովայի Վկաներու վրայ եկած շատ մը հալածանքները։ Պատասխանը բոլորին համար շատ պարզ է. Քրիստոնեայ Աշխարհն է, մանաւանդ կղերները։ Իսկ նայեցէք Քրիստոնեայ Աշխարհին բոլոր փտած, գէշ պտուղներուն, որոնց մասին խօսեցանք նախորդ յօդուածին մէջ։ Այո, արդարեւ, այսօր երկրի վրայ կողով մը այլաբանական գէշ թուզեր կա՛ն։ Իրապէս, Եհովա կ’ըսէ որ անոնք «գէշութենէն չեն ուտուիր»։ Երեմիայի միջոցով, Եհովայի խօսքերը մինչեւ օրս կ’արձագանգեն. ‘Անոնք պիտի հատնին’։ Քրիստոնեայ Աշխարհին դէմ Եհովայի ցասումը անբուժելի է։

Ազդարարութիւն մը Մեզի Համար

13. Ա. Կորնթացիս 10։11–ին մէջ Պօղոսի խօսքերուն ի տես, ինչպէ՞ս պէտք է հասկնանք երկու կողով թուզերու տեսիլքը։

13 Մինչ կը քննենք Երեմիայի ներշնչեալ ազդարարական պատգամին հետ կցորդուած բաները, Ա. Կորնթացիս 10։11–ին մէջ Պօղոս առաքեալի խօսքերը կ’արձագանգեն մեր ականջներուն. «Այս բոլոր բաները իբրեւ օրինակ կը պատահէին անոնց. իսկ մեզի, քանի որ դարերուն վերջը հասաւ՝ խրատ ըլլալու համար գրուեցան»։ Երկու կողով թուզերու այս տեսիլքին հաղորդած ազդարարութիւնը անձնապէս ըմբռնեցի՞նք։ Ինչ որ նկատի առինք, Իսրայէլի գլխուն եկած բաներուն կենսական մէկ մասն է, որ մեզի ալ որպէս ազդարարութիւն կը ծառայէ։

14. Իսրայէլը ինչպէ՞ս հակազդեց Եհովայի քնքուշ հոգատարութեան։

14 Վերջապէս, Իսրայէլի առնչութեամբ Դաւիթ Թագաւորին ըսած Եհովայի խօսքերը յիշենք, որոնք արձանագրուած են Բ. Թագաւորաց 7։10–ին մէջ. «Իմ ժողովուրդիս Իսրայէլին ալ տեղ մը պիտի որոշեմ ու զանիկա պիտի տնկեմ»։ Եհովա ամէն կերպով քնքշութեամբ հոգ տարաւ իր ժողովուրդին՝ Իսրայէլին։ Իսրայելացիները ամէն պատճառ ունէին լաւ պտուղներ արտադրելու իրենց կեանքին մէջ։ Անոնք միայն Եհովայի աստուածային ուսուցումին մտիկ պէտք էր ընէին ու իր պատուիրանները պահէին։ Բայց անոնցմէ միայն քիչեր ասիկա ըրին։ Մեծամասնութիւնը այդքան յամառ եւ կամակոր էր որ գէշ, փտած պտուղներ յառաջ բերաւ։

15. Այսօր հոգեւոր Իսրայէլը եւ անոր ոչխարանման ընկերակիցները ինչպէ՞ս հակազդած են Եհովայի կարեկցութեան։

15 Արդ ի՞նչ կրնանք ըսել մեր օրուայ մասին։ Եհովա շատ մեծ կարեկցութիւն ցոյց տուած է հոգեւոր Իսրայէլի մնացորդին եւ անոր ոչխարանման ընկերակիցներուն հանդէպ։ 1919–ին անոնց հոգեւոր ազատագրումէն ի վեր, իր աչքը միշտ անոնց վրայ է։ Ինչպէս Եսայիի միջոցաւ ան նախագուշակեց, անոնք ամէն օր աստուածային դաստիարակութիւն կը ստանան տիեզերքի մեծագոյն Ուսուցիչէն՝ Եհովա Աստուծմէ։ (Եսայեայ 54։13) Իր սիրելի Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ կողմէ առաջնորդուած այս աստուածային ուսուցումը իրենց մէջ մեծ խաղաղութիւն մը յառաջացուցած է եւ զիրենք Եհովային հետ աւելի մտերիմ յարաբերութեան մէջ բերած է։ Ասիկա բոլորիս համար ի՜նչ հոյակապ հոգեւոր միջավայր մը հայթայթած է, Եհովան ճանչնալու, իրեն մտիկ ընելու եւ մեր կեանքին մէջ շարունակ լաւ պտուղներ յառաջացնելու—պտուղներ որոնք Եհովան կը փառաբանեն։ Ատիկա ուղղակի կեանք կը նշանակէ մեզի համար։

16. Մեզմէ ամէն մէկը ի՞նչ անձնական կիրարկում կրնայ ընել երկու կողով թուզերու տեսիլքին ի տես։

16 Բայց հակառակ Աստուծոյ անարժան ողորմութեան, տակաւին կան անհատներ որոնք ըմբոստ եւ կարծրասիրտ են, ինչպէս վաղեմի Յուդայի մէջ շատեր էին եւ որոնք իրենց կեանքին մէջ գէշ, փտած պտուղներ կ’արտադրեն։ Ասիկա որքա՜ն ողբալի է։ Թող որ բնաւ չմոռնանք այս երկու կողով լեցուն աղէկ ու գէշ թուզերով մեր ուշադրութեան յանձնուած ազդարարական դասը։ Մինչ հաւատուրաց Քրիստոնեայ Աշխարհին վրայ Եհովայի արժանի դատաստանը կ’արտորայ, լուրջի առնենք Պօղոսի յորդորանքը. ‘Տէրոջը արժանի կերպով քալեցէք եւ ամէն բանի մէջ զինք հաճեցուցէք, բարի գործերով պտղաբեր ըլլալով’։—Կողոսացիս 1։10

Վերաքաղ ընել «Աղէկ ու Գէշ Պտուղներ» յօդուածը եւ «Եհովայի Վէճը Ազգերուն Հետ» յօդուածին 1-4 պարբերութիւնները

◻ Կողով մը աղէկ թուզերը ի՞նչ կը ներկայացնեն։

◻ Տեսիլքին կողով մը գէշ թուզերը ինչպէ՞ս երեւան եկած են։

◻ Երեմիայի պատգամը ի՞նչ ազդարարական դաս մը կը հայթայթէ մեզի։

◻ Հ.Դ.Ա. 607 տարին եւ Հ.Դ. 1914 տարին ի՞նչ բանով յատկանշական էին։

[Նկար՝ էջ 15]

Աղէկ թուզերու պէս, Աստուծոյ ժողովուրդը Թագաւորութեան քաղցր պտուղներ յառաջ բերած է

[Նկար՝ էջ 15]

Քրիստոնեայ Աշխարհը փաստած է որ ինք կողով մը գէշ թուզերու պէս է

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել