Ինչո՞ւ ներելու պատրաստ ըլլալ
ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ եւ գրող Ճոզէֆ Ճէյգըպս առիթով մը ներելը նկարագրեց որպէս «բարոյական բոլոր դասերուն բարձրագոյնն ու ամենադժուարը»։ Արդարեւ, շատեր շատ դժուար կը գտնեն «Քեզ կը ներեմ» ըսելը։
Այնպէս կը թուի որ ներելը դրամի կը նմանի։ Անիկա կարելի է ուրիշներուն վրայ անհաշիւ կամ ողորմած կերպով ծախսել կամ ալ ագահօրէն մեր անձին պահել։ Առաջինը աստուածային կերպն է։ Ներելու մէջ առատաձեռն կերպով ծախսելու սովորութիւն պէտք է մշակենք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Աստուած կը քաջալերէ ասիկա եւ քանի որ չներող, քինախնդիր հոգի մը միմիայն աւելի կը դժուարացնէ հարցերը։
Յաճախ կը լսենք. «Ես չեմ զայրանար. ոխս կ’առնեմ»։ Դժբախտաբար, շատերու կեանքը այս սկզբունքով կ’առաջնորդուի։ Կին մը, զոր օրինակ, եօթը տարի իր եղբօր կնոջը հետ չխօսեցաւ, քանի որ, ինչպէս կ’ըսէ ան, «գլխուս այնպիսի խաղ մը խաղցաւ, որ չկրցայ ներել իրեն»։ Սակայն, այսպիսի լուրջ պայքար մը, երբ յանցաւորէն ներում խլելու կամ զինք պատժելու համար գործածուի որպէս զէնք, ոխ առնելու փափաքին շատ գոհացում չի տար։ Ընդհակառակը, անիկա պարզապէս հակաճառութիւնները շարունակուելուն կը նպաստէ եւ քինախնդրութիւն կը յառաջացնէ։ Եթէ չար տրամադրութեան այս շրջանը չխզուի, դառն ոխակալութիւնը կրնայ իրար միջեւ եղող յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ անհատին առողջութիւնը, բեկանել։
Չներելու Հոգիին Վնասները
Երբ անհատ մը չներեր, անկէ յառաջ եկող պայքարը լարուածութիւն կը ստեղծէ, որ կրնայ լուրջ հիւանդութիւններու առաջնորդել։ Բժ. Ուիլլիըմ Ս. Սէտլըր գրեց. «Ոեւէ մէկը չի կրնար բժիշկէ մը աւելի լաւ գնահատել մարդոց հիւանդութիւններուն եւ տառապանքներուն այն ապշեցուցիչ տոկոսը որ ուղղակիօրէն կապ ունի մտահոգութեան, վախի եւ պայքարի, ... վատառողջ մտածելակերպի եւ անմաքուր ապրելակերպի հետ»։ Բայց, զգացական տակնուվրայութիւնը որքա՞ն վնաս կը հասցնէ։ Բժշկական հրատարակութիւն մը (None of these Diseases) կը պատասխանէ. «Վիճակագրութիւնները ... ցոյց կու տան որ բժիշկի գացող հիւանդներուն երկու երրորդը մտային լարուածութենէն պատճառուած կամ անոր պատճառաւ վատթարացած ախտանշաններ ունի»։
Այո, դառնութիւնը, դժգոհութիւնն ու չարակամութիւնը ի՛րապէս վնասակար են։ Այս դաժան զգացումները ճիշդ կը նմանին ժանգին որ ինքնաշարժի մը մարմինը կ’ուտէ։ Ինքնաշարժին արտաքին մասը կրնայ գեղեցիկ երեւնալ, բայց ներկին տակը փճացում սկսած է։
Տակաւին աւելի կարեւորը, երբ ողորմելու հիմ մը կայ եւ կը մերժենք ներել, այդ պարագային կրնանք հոգեւորապէս վնասուիլ։ Եհովա Աստուծոյ աչքին, մենք կը նմանինք այն ծառային որու մասին Յիսուս խօսեցաւ առակի մը մէջ։ Տէրը հսկայ պարտք մը շնորհեց ծառային։ Սակայն, երբ անոր ծառայակիցը իրեն աղաչեց որ բաղդատաբար չնչին պարտք մը շնորհէ իրեն, ան բրտօրէն վարուեցաւ եւ չշնորհեց զայն։ Յիսուս պարզօրէն ցոյց տուաւ որ, եթէ մենք ալ չյօժարինք ներել, Եհովա պիտի մերժէ ներել մեր մեղքերը։ (Մատթէոս 18։21–35) Ուստի, եթէ չներենք, Աստուծոյ առջեւ մեր մաքուր խղճմտանքը եւ թերեւս ապագայի մեր յոյսը պիտի կորսնցնենք։ (Բաղդատել Բ. Տիմոթէոս 1։3։) Արդ, ի՞նչ կրնանք ընել։
Ներել Սորվինք
Անկեղծօրէն ներելը սրտէն կու գայ։ Անիկա կը պարփակէ յանցագործին սխալը ներել եւ վրէժի որեւէ ցանկութիւն չունենալ։ Այսպիսով վերջնական արդարութիւնն ու հաւանական փոխվրէժը Եհովայի կը ձգուի։—Հռովմայեցիս 12։19
Սակայն պէտք է նշել որ, քանի որ «սիրտը ամէն բանէն աւելի խաբեբայ ու խիստ չար է», անիկա միշտ ներելու հակումը չունենար, նոյնիսկ երբ պէտք է ընէ։ (Երեմեայ 17։9) Յիսուս ըսաւ. «Սրտէն կ’ելլեն չար խորհուրդներ, սպանութիւններ, շնութիւններ, պոռնկութիւններ, գողութիւններ, սուտ վկայութիւններ ու հայհոյութիւններ»։—Մատթէոս 15։19
Բարեբախտաբար, կրնանք մեր սիրտը մարզել, որ շիտակը ընէ։ Սակայն, հարկ եղած մարզումը աւելի բարձր աղբիւրէ մը պէտք է գայ։ Մենք առանձին չենք կրնար ընել ասիկա։ (Երեմեայ 10։23) Աստուածայինօրէն ներշնչուած սաղմոսերգու մը գիտակցեցաւ ասոր եւ Աստուծոյ առաջնորդութիւնը ստանալու համար աղօթեց։ Ան հետեւեալ աղաչանքը ներկայացուց Եհովային. «Սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ։ Քու հրամաններուդ ճամբան ինծի իմացուր»։—Սաղմոս 119։26, 27
Ըստ Ուրիշ Սաղմոսի մը, վաղեմի Իսրայէլի Դաւիթ Թագաւորը Եհովայի ‘ճամբան իմացաւ’։ Ան նախ անոր փորձառութիւնը ունեցաւ, ապա անկէ սորվեցաւ։ Հետեւաբար, ան կրնար ըսել. «Բարեգութ ու ողորմած է Տէրը, երկայնամիտ ու առատ՝ ողորմութիւնով։ Ինչպէս հայր մը կը գթայ իր որդիներուն վրայ, այնպէս ալ Տէրը կը գթայ իրմէ վախցողներուն վրայ»։—Սաղմոս 103։8, 13
Դաւիթին նման, մենք ալ սորվելու կարիքը ունինք։ Անկեղծօրէն ուսումնասիրենք Աստուծոյ եւ իր Որդւոյն ներելու կատարեալ օրինակները։ Այդպէս ընելով, մենք ալ կրնանք սրտանց ներել սորվիլ։
Բայց ոմանք կրնան հարցնել. Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել լուրջ մեղքերուն մասին։ Բոլո՞ր մեղքերն ալ պէտք է ներել։
Հաւասարակշռուած Ըլլալ
Երբ անհատ մը լրջօրէն սխալած է, անոր վիշտը կրնայ մեծ ըլլալ։ Այս է պարագան, մանաւանդ երբ մէկը լուրջ մեղքի մը անմեղ զոհը դառնայ։ Ոմանք նոյնիսկ հարց կու տան. ‘Ինչպէ՞ս կրնամ ներել մէկու մը որ չարակամօրէն դաւաճանեց ու վիրաւորեց զիս’։ Վտարում պահանջող լուրջ մեղքի մը պարագային, զոհ գացողը կրնայ կիրարկել Մատթէոս 18։15–17–ի խրատը։
Շատ մը պարագաներուն, յանցագործէն շատ բան կախեալ է։ Յանցագործութիւնը կատարուելէ ետք, անկեղծ զղջումի նշան մը տեսնուա՞ծ է։ Յանցագործը փոխուա՞ծ է, թերեւս ի՛րապէս վնասին հատուցում ընելով։ Եհովայի աչքին, այսպիսի զղջում մը անհրաժեշտ է ներելու համար, նոյնիսկ սարսափելի մեղքերու պարագային։ Օրինակի համար, Եհովա ներեց Մանասէին, Իսրայէլի պատմութեան ամենէն ամբարիշտ թագաւորներէն մէկը։ Ի՞նչ հիման վրայ։ Աստուած ներեց, քանի որ Մանասէ վերջապէս խոնարհեցաւ եւ իր գէշ ճամբաներուն համար զղջաց։—Բ. Մնացորդաց 33։12, 13
Ըստ Աստուածաշունչին, անկեղծ զղջումը կեցուածքի փոփոխութիւն, կատարուած սխալներուն համար սրտանց ցաւ կը պարփակէ։ Երբ յարմար եւ կարելի է, զղջումին կ’ընկերակցի մեղքի զոհ գացողին հատուցում ընելու ջանք մը։ (Ղուկաս 19։7–10. Բ. Կորնթացիս 7։11) Երբ այսպիսի զղջում չկայ, Եհովա չի ներեր։a Ասկէ զատ, Աստուած չակնկալեր որ Քրիստոնեաները ներեն անոնց որոնք ժամանակին հոգեւորապէս լուսաւորուած էին, բայց հիմա կամովին, առանց զղջալու սխալներ կը գործեն։ (Եբրայեցիս 10։26–31) Կարգ մը ծայրայեղ պարագաներուն, ներելը կրնայ նոյնիսկ անտեղին ըլլալ։—Սաղմոս 139։21, 22. Եզեկիէլ 18։30–32
Ներելը կարելի ըլլայ կամ ոչ, մեղքին զոհ դարձողը ուրիշ հարց մը նկատի պէտք է առնէ. Զգացական լուրջ խռովքի մէջ պէ՞տք է մնամ մեծապէս վիրաւորուած եւ բարկացած զգալով, մինչեւ որ հարցը լիովին լուծուի։ Օրինակ մը նկատի առնենք. Դաւիթ Թագաւոր մեծապէս վիրաւորուած զգաց, երբ իր Յովաբ զօրավարը Աբեներն ու Ամեսան՝ «իրմէ [Յովաբէն] արդար ու աղէկ» մարդիկը՝ սպաննեց։ (Գ. Թագաւորաց 2։32) Դաւիթ իր զայրոյթը բերանացի եւ անկասկած աղօթքի մէջ Եհովայի դիմաց ալ արտայայտեց։ Ժամանակ մը ետք սակայն, Դաւիթի թունթ զգացումները հաւանաբար մեղմացան։ Ան մինչեւ իր կեանքին վերջը ցասումով չապրեցաւ։ Ան նոյնիսկ շարունակեց Յովաբին հետ աշխատիլ, սակայն պարզապէս չներեց այս չզղջացած սպաննիչին։ Դաւիթ հոգ տարաւ որ վերջ ի վերջոյ արդարութիւնը ի գործ դրուի։—Բ. Թագաւորաց 3։28–39. Գ. Թագաւորաց 2։5, 6
Ժամանակ եւ ջանք կը պահանջէ որ լուրջ մեղքերու պատճառաւ վիրաւորուած անհատին վէրքերը գոցուին։ Բուժումը աւելի կը դիւրանայ, երբ յանցաւորը ընդունի իր սխալը եւ զղջայ։ Ի՛նչ որ ալ ըլլայ յանցագործին կեցուածքը, մեղքի զոհ դարձած անմեղ անհատը պէտք է կարենայ հանգստութիւն ու մխիթարութիւն գտնել Եհովայի արդարութեան ու իմաստութեան մասին իր ունեցած գիտութեամբ եւ Քրիստոնէական ժողովքին մէջ։
Նաեւ գիտակցինք որ երբ մեղաւորի մը կը ներենք, ասիկա չի նշանակեր որ մեղքին վրայ աչք կը խբենք։ Քրիստոնեային համար, ներել կը նշանակէ հարցը վստահութեամբ Եհովայի ձեռքերուն մէջ դնել։ Ան ամբողջ տիեզերքի արդար Դատաւորն է եւ ճիշդ ժամանակին արդարութիւն պիտի հատուցանէ։ Ասիկա կը պարփակէ խարդախ «պոռնիկներն ու շնացողները» դատել։—Եբրայեցիս 13։4
Ներելուն Օգուտները
Սաղմոսերգու Դաւիթ գրեց. «Վասնզի դո՛ւն, ո՛վ Տէր, բարի ու ներող ես եւ խիստ ողորմած այն ամենուն, որոնք քեզի կը կանչեն»։ (Սաղմոս 86։5) Դուք ալ Եհովային նման «ներո՞ղ» էք։ Ներելուն օգուտները շատ են։
Նախ, ուրիշներու ներելը լաւ յարաբերութիւններու կը նպաստէ։ Աստուածաշունչը հետեւեալ յորդորը կու տայ Քրիստոնեաներուն. «Իրարու հետ քաղցր եղէք, գթած, ներելով իրարու, ինչպէս Աստուած Քրիստոսով ներեց ձեզի»։—Եփեսացիս 4։32
Երկրորդ, ներելը խաղաղութիւն կը բերէ. ո՛չ միայն ընկերակիցներու հետ, այլ նաեւ՝ ներքին խաղաղութիւն մը։—Հռովմայեցիս 14։19. Կողոսացիս 3։13–15
Երրորդ, ուրիշներու ներելը մեզի կ’օգնէ յիշելու որ մենք ալ ներուելու կարիքը ունինք։ Այո, «ամէնքը մեղք գործեցին եւ Աստուծոյ փառքէն պակսեցան»։—Հռովմայեցիս 3։23
Վերջապէս, ուրիշներուն ներելը ճամբան կը հարթէ մեր մեղքերուն համար Աստուծոյ կողմէ ներուելու։ Յիսուս ըսաւ. «Եթէ դուք ներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր երկնաւոր Հայրն ալ ձեզի պիտի ներէ»։—Մատթէոս 6։14
Երեւակայեցէք թէ Յիսուսի միտքը որքա՜ն զբաղած ըլլալու էր այն յետմիջօրէին, երբ ան պիտի սպաննուէր։ Ան իր աշակերտներով, քարոզելու գործունէութիւնով եւ մանաւանդ Եհովայի հանդէպ իր ուղղամտութիւնը պահելով մտահոգուած էր։ Սակայն նոյնիսկ երբ տանջանքի ցիցին վրայ սաստիկ կը տառապէր, ան ի՞նչ բանի մասին խօսեցաւ։ Իր վերջին խօսքերուն մաս կը կազմէին «Հա՛յր, թողութիւն տուր ատոնց»։ (Ղուկաս 23։34) Կրնանք Յիսուսի կատարեալ օրինակին հետեւիլ իրարու սրտանց ներելով։
[Ստորանիշ էջ 6]
a Սակայն, Եհովա ուրիշ ազդակներ ալ հաշուի կ’առնէ, երբ կ’որոշէ ներել։ Օրինակի համար, եթէ անհատը Աստուծոյ չափանիշները չի գիտեր, այսպիսի տգիտութիւն կրնայ անհատին յանցապարտութիւնը թեթեւցնել։ Երբ իր Հօրմէն խնդրեց, որ զինք սպաննողներուն ներէ, բացայայտօրէն Յիսուս Հռովմէացի զինուորներուն մասին կը խօսէր, որոնք զինք մեռցուցին։ Անոնք ‘չէին գիտեր թէ ինչ կ’ընէին’, քանի որ իրապէս իր ո՛վ ըլլալը չէին գիտեր։ Սակայն, կրօնական առաջնորդները, որոնք այդ սպանութիւնը կը հրահրէին, աւելի յանցապարտ էին եւ անոնցմէ շատերուն համար կարելի չէ ներել։—Յովհաննու 11։45–53. բաղդատել Գործք 17։30։
[Նկարներ՝ էջ 5]
Չներող ծառային մասին Յիսուսի տուած առակին իմաստը հասկցա՞ք։
[Նկարներ՝ էջ 7]
Ուրիշներու ներելը լաւ յարաբերութիւններու կը նպաստէ եւ ուրախութիւն կը բերէ