Վերջերս ոեւէ մէկը քաջալերա՞ծ էք
ԷԼԷՆԱՆ հազիւ 17 տարեկան էր, երբ բժիշկները երեւան հանեցին որ ան ձուարանային քաղցկեղ ունէր։ Իր մայրը՝ Մարին՝ Էլէնայի տանջալի ցաւը տեսնելէն տագնապած էր։
Վերջապէս, Էլէնան Սպանիոյ Մատրիտ քաղաքին մէջ հիւանդանոց մը փոխադրուեցաւ, իր բնակավայրէն՝ Քանարի Կղզիներէն՝ 1,900 քմ. հեռու։ Մատրիտի մէջ, բժիշկներու խումբ մը յօժարեցաւ առանց արեան ներարկումի գործողութիւն ընել։ (Գործք 15։28, 29) Բայց գործողութեան ձեռնարկելէ քիչ ետք, յայտնի եղաւ որ Էլէնայի վիճակը ճակատագրական էր։ Քաղցկեղը արդէն անոր ամբողջ մարմինը պատած էր եւ վիրաբուժներուն ձեռքէն շատ բան չէր գար։ Մատրիտ հասնելէ ութ օր ետք, Էլէնան մահացաւ։
Մարին այդ ահռելի տառապանքը առանձին չէր տարած։ Երկու Քրիստոնեայ երէցներ, ճամբորդութեան համար անձնապէս վճարելով, Մատրիտ ուղեկցեցան իրեն ու իր անդրանիկ տղուն հետ եւ հոն մնացին մինչեւ Էլէնայի մահը։ «Անոնք ինծի օգնեցին որ ներքին ահռելի պարապութեան զգացումիս հետ գլուխ ելլեմ», կը բացատրէ Մարին։ «Բնա՛ւ պիտի չմոռնամ անոնց մատուցանած քաջալերութիւնը։ Անոնց հոգեւոր աջակցութիւնը եւ գործնական օգնութիւնը անգին էին։ Անոնք իրապէս ‘հովին դէմ դնող պատսպարան’ մըն էին»։—Եսայեայ 32։1, 2
Եհովա կը հաճի որ, այս երէցներուն նման, սիրալիր հովիւներ իր ոչխարներուն այդքան քնքշութեամբ հոգ տանին։ (Առակաց 19։17. Ա. Պետրոս 5։2–4) Սակայն, քաջալերելը միայն երէցներուն առանձնաշնորհումը չէ։ Բոլոր Քրիստոնեաներն ալ իրարու հետ կը հաւաքուին հոգեւոր դաստիարակութիւն ստանալու եւ ‘մէկզմէկ յորդորել’ու կամ քաջալերելու համար։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) Քաջալերելը Քրիստոնէական ընկերակցութեան կարեւոր մէկ մասն է։
Քաջալերութիւնը Ի՞նչ կը Պարփակէ
Ճիշդ ինչպէս որ գեղեցիկ ծաղիկ մը կը թառամի, երբ ջուրէ զրկուի, նոյնպէս թէ՛ մեր ընտանիքին եւ թէ մեր ժողովքին մէջ անհատները կը խամրին առանց քաջալերութեան։ Իսկ միւս կողմէն, ժամանակայարմար քաջալերութինը կրնայ փորձութիւն դիմագրաւողները զօրացնել, վատասիրտները ոգեւորել եւ Աստուծոյ հաւատարմօրէն ծառայողները խրախուսել։
«Քաջալերութիւն» թարգմանուած Յունարէն բառը կը պարփակէ մխիթարութեան, յորդորանքի եւ սփոփանքի գաղափարը։ Հետեւաբար, քաջալերութիւնը չի սահմանափակուիր պարզապէս անհատի մը ըսելու թէ ան լաւ կը գործէ։ Անիկա նաեւ կրնայ պարփակել գործնական աջակցութիւն եւ հոգեւոր օգնութիւն։
Իրապէս, «քաջալերութիւն» թարգմանուած Յունարէն բառը բառացիօրէն կը նշանակէ «մէկու մը կողքին ըլլալու հրաւէր մը»։ Մեր հոգեւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ կողք կողքի քալելը կարելի կը դարձնէ որ մենք անոնց անմիջական աջակցութիւն տանք, եթէ անոնցմէ մէկը յոգնի կամ գայթակղի։ (Ժողովողի 4։9, 10) Հետաքրքրականօրէն, Եհովայի ծառաները «մէկ ուսով ծառայութիւն» կ’ընեն։ (Սոփոնեայ 3։9) Իսկ Պօղոս առաքեալ որոշ Քրիստոնեայ մը կոչեց «հարազատ լծակից»։ (Փիլիպպեցիս 4։3) Նոյն լուծին տակ միասնաբար գործելը, մէկ ուսով ծառայելով, բեռը աւելի կը թեթեւցնէ, մանաւանդ անոնց բեռը, որոնք հոգեւորապէս զօրաւոր չեն։—Բաղդատել Մատթէոս 11։29։
Անոնք Քաջալերեցին
Քանի որ քաջալերութիւնը այսքան կարեւոր է, այս մասին սուրբ գրային քանի մը օրինակներ նկատի առնենք։ Երբ Աստուծոյ Մովսէս մարգարէն իր կեանքին վախճանին կը մօտենար, Եհովա Յեսուն նշանակեց, որ Իսրայելացիներուն առաջնորդը ըլլար։ Ասիկա դիւրին նշանակում մը չէր, ինչպէս Մովսէս լաւ գիտէր։ (Թուոց 11։14, 15) Ուստի, Եհովա ըսաւ Մովսէսին որ ‘Յեսուին պատուէր տալով զանիկա զօրացնէ, ու անոր սիրտ տայ [քաջալերէ (ՆԱ)]’։—Բ. Օրինաց 3։28
Իսրայէլի դատաւորներուն ժամանակամիջոցին, Յեփթայէի աղջիկը կամովին համաձայնեցաւ իր հօրը կատարած ուխտին, ընտանիք մը ունենալու կարելիութենէն հրաժարելով, որպէսզի Եհովայի սրբարանին մէջ ծառայէ։ Արդեօք անոր ըրած զոհողութիւնը աննշմա՞ր մնաց։ Ո՜չ. քանի որ Դատաւորաց 11։40–ը կ’ըսէ. «Տարուէ տարի Իսրայէլի աղջիկները կ’երթային ու Գաղաադացի Յեփթայէի աղջկան գովութիւն կ’ընէին տարին չորս օր (ՆԱ)»։ Այսպիսի այցելութիւններ շատ քաջալերական ըլլալու էին Յեփթայէի անձնուրաց աղջկան։
Մէկը քաջալերելը երբեմն քաջութիւն կը պահանջէ։ Իր միսիոնարական առաջին ճամբորդութեան ընթացքին, Պօղոս առաքեալ Փոքր Ասիոյ բազմաթիւ քաղաքներու մէջ բիրտ հակառակութեան հանդիպեցաւ։ Ան Անտիոք քաղաքէն վռնտուեցաւ, Իկոնիոնի մէջ սպանութենէ մը հազիւ պրծաւ, իսկ Լիւստրայի մէջ քարկոծուեցաւ ու մեռած կարծուած մնաց։ Սակայն, անկէ քիչ ետք, Պօղոս ու իր ընկերակիցները այս քաղաքները վերադարձան, «աշակերտներուն սրտերը հաստատելով եւ յորդորելով [քաջալերելով (ՆԱ)], որ հաստատ մնան հաւատքի մէջ եւ կ’ըսէին թէ՝ ‘շատ նեղութիւն կրելով կրնաք Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել’»։ (Գործք 14։21, 22) Պօղոս իր կեանքը վտանգելու պատրաստ էր այս նոր աշակերտները քաջալերելու համար։
Սակայն, միայն Քրիստոնեայ նոր աշակերտները չէին, որոնք քաջալերութեան կարիքը ունէին։ Տարիներ ետք, Պօղոս դժուար ճամբորդութիւն մը կատարեց դէպի Հռովմ, ուր պիտի դատուէր։ Երբ տեղ հասաւ, ան հաւանաբար վատ տրամադրութեան մէջ էր։ Բայց երբ Հռովմէն 74 քմ. հարաւ–արեւելք վայր մը հասաւ, ան ոգեւորուեցաւ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Հռովմէն եղբայրներ եկած էին Ապփիոսի վաճառանոցը ու Երեք Պանդոկներ ըսուած տեղը զինք տեսնելու համար։ «Պօղոս զանոնք տեսնելով՝ գոհութիւն տուաւ Աստուծոյ եւ սիրտ առաւ [քաջալերուեցաւ (ՆԱ)]»։ (Գործք 28։15) Այսպիսի պարագաներու ներքեւ, պարզապէս մեր ներկայութիւնը կրնայ շատ քաջալերական ըլլալ մեր հաւատակիցներուն։
Քաջալերելու Պատեհութիւնները Օգտագործենք
Քաջալերելու պատեհութիւնները շատ են։ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ եղբօր մը կամ քրոջ մը կողմէ լաւ տրուած աշակերտական բաժին մը ազդե՞ց ձեզի։ Ուրա՞խ էք որ ժողովքին մէջ հոգեւորապէս զօրաւոր պատանիներ կան։ Տարեցներուն ցուցաբերած համբերութիւնը տպաւորա՞ծ է ձեզ։ Տունէ տուն ծառայութեան մէջ ռահվիրայի մը Աստուածաշունչը գործածելու կերպին վրայ սքանչացա՞ծ էք։ Եթէ այո, գովեցէք զանոնք եւ քաջալերական բան մը ըսէք։
Քաջալերութիւնը կենսական դեր մը կը խաղայ ընտանիքին, ինչպէս նաեւ ժողովքին մէջ։ Անիկա կրնայ օգնել ծնողներուն, որ իրենց զաւակները մեծցնեն «Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը»։ (Եփեսացիս 6։4) Շա՜տ քաջալերական կրնայ ըլլալ զաւկի մը ըսել թէ լաւ գործած է եւ բացատրել թէ ի՛նչու։ Պատանեկան տարիներուն, երբ պատանիներ կարգ մը փորձութիւններ եւ ճնշումներ կը դիմագրաւեն, յարատեւաբար քաջալերելը կենսական է։
Մանկութեան ժամանակ քաջալերութեան պակասը կրնայ շատ վնասակար ըլլալ։ Մայքըլ անունով Քրիստոնեայ երէց մը հիմա շատ համարձակ է, բայց ան կ’ըսէ. «Հայրս մէկ անգամ իսկ չէ ըսած որ ես բան մը լաւ ըրած եմ։ Ուստի մեծցայ անձիս հանդէպ առանց յարգանքի։ ... Թէեւ հիմա 50 տարեկան եմ, տակաւին կը գնահատեմ, երբ բարեկամներս կը հաւաստիացնեն որ գործս լաւ կը կատարեմ որպէս երէց։ ... Անձնական փորձառութեամբ սորված եմ թէ ո՛րքան կարեւոր է ուրիշները քաջալերել եւ ասիկա ընելու համար ամէն ջանք կը թափեմ»։
Ո՞վ Քաջալերութեան Կարիքը Ունի
Ծանր աշխատող Քրիստոնեայ երէցները քաջալերութեան արժանի են։ Պօղոս գրեց. «Ձեզի կ’աղաչենք, եղբա՛յրներ, որ յարգէք ձեր գործաւորներն [ձեր մէջ ծանր գործողները (ՆԱ)] ու վերակացուները Տէրոջմով ու ձեզի խրատ տուողները։ Զանոնք մեծ սիրով պատուեցէք իրենց գործին համար»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։12, 13) Դիւրին է երէցներուն ծանր գործը թեթեւի առնել։ Բայց անկեղծ գնահատանքի եւ քաջալերանքի խօսքերը կրնան պատճառ ըլլալ որ անոնք իրենց բեռը թեթեւ նկատեն։
Մեր մէջ դժուար պարագաներէ անցնողներն ալ քաջալերութեան կարիքը ունին։ «Վատասիրտներն ալ մխիթարեցէ՛ք, տկարներուն ձեռնտու եղէ՛ք», կը խրատէ Աստուածաշունչը։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14) Առանձին ծնողներ, այրիներ, պատանիներ, տարեցներ եւ հաշմանդամներ անոնց մէջ են, որոնք թերեւս երբեմն ընկճուած կամ հոգեւորապէս տկար զգան։
Քրիստոնեայ կնոջ մը՝ Մարիային՝ ամուսինը յանկարծակի լքեց զինք։ Ան ըսաւ. «Յոբին նման, երբեմն ուզեցի մեռնիլ։ [Յոբ 14։13] Սակայն ստացած քաջալերութիւններուն շնորհիւ, տեղի չտուի։ Երկու երէցներ, որոնց շատ լաւ կը ճանչնայի, բազմաթիւ ժամեր անցուցին հետս, ինծի օգնելով, որ լման ժամանակով ծառայութեան մէջ շարունակելու արժէքը տեսնեմ։ Երկու հասկացող քոյրեր ալ մխիթարեցին զիս, համբերութեամբ ինծի մտիկ ընելով, երբ սիրտս կը թափէի անոնց։ Աստուածաշունչը գործածելով, անոնք օգնեցին ինծի որ հարցերը Եհովայի տեսանկիւնէն դիտեմ։ Չեմ գիտեր քանի՜ անգամներ կարդացինք Սաղմոս 55։22–ը, բայց գիտեմ որ այս համարը կիրարկելով, կամաց կամաց հոգեւոր եւ զգացական հաւասարակշռութիւնս վերագտայ։ Այս բոլորը 12 տարի առաջ տեղի ունեցաւ եւ ուրախ եմ ըսելու որ մինչեւ օրս լման ժամանակով ծառայութեան մէջ յարատեւած եմ։ Հակառակ երբեմն զգացական ցաւիս, վարձահատոյց եւ ուրախ կեանք մը կը վարեմ։ Համոզուած եմ որ այսպիսի ժամանակի մը ընթացքին քաջալերութիւն ստանալը կրնայ անհատի մը կեանքին մէջ շատ մեծ տարբերութիւն ընել»։
Ոմանք քաջալերութեան կարիքը ունին, քանի որ սխալներ գործած են եւ հիմա կը պայքարին զանոնք շտկելու համար։ Թերեւս անոնք սիրալիր յանդիմանութիւն մը ստացած են։ (Առակաց 27։6) Յանդիմանութիւն տուած երէցները արթուն պէտք է ըլլան անհատը գովելու համար, երբ կը նկատեն որ ան Աստուածաշունչի խրատները կը կիրարկէ։ Անոնց քաջալերական խօսքերը երկկողմանի օգուտներ պիտի ունենան. մոլորած անհատին հանդէպ իրենց սէրը պիտի հաստատեն, այնպէս որ ան ‘չափազանց չտրտմի’, ինչպէս նաեւ անոր պիտի յիշեցնեն խրատները կիրարկելուն օգուտները։—Բ. Կորնթացիս 2։7, 8
Երէց մը լուրջ սխալ մը գործեց եւ ժողովքին մէջ վերատեսուչի իր առանձնաշնորհումը կորսընցուց։ «Երբ երէցի պաշտօնս ետ առնուելու մասին յայտարարութիւնը եղաւ, խորհեցայ որ իմ ներկայութիւնս պիտի անհանգստացնէր եղբայրները», կ’ըսէ ան։ «Այսուհանդերձ, երէցները պատճառը շատ գաղտնի պահեցին եւ շարունակեցին զիս քաջալերել։ Ժողովքի մնացեալ անդամներն ալ շարունակեցին սէր ցուցաբերել եւ հետս ընկերակցիլ, ինչ որ իրապէս հոգեւոր ամոքումիս նպաստեց»։
Քաջալերող Ըլլանք
Քանի որ զբաղած կեանքեր կը վարենք, շատ դիւրին է քաջալերութիւնը անտեսել։ Բայց անիկա որքա՜ն օգուտ կրնայ ընել։ Ազդու կերպով քաջալերելու համար, երկու բան ի մտի պէտք է ունենալ։ Առաջին, խորհինք թէ ի՛նչ պիտի ընենք, որպէսզի մեր քաջալերութիւնը մասնայատուկ ըլլայ։ Երկրորդ, գովասանքի արժանի կամ կերտուելու կարիքը ունեցող անհատի մը մօտենալու պատեհութիւններ փնտռենք։
Որքան յաճախ այսպէս ընենք, այնքան աւելի ուրախ պիտի ըլլանք։ Վերջապէս, Յիսուս մեզ կը վստահեցնէ. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը»։ (Գործք 20։35) Ուրիշները քաջալերելով, մենք մեզ պիտի քաջալերենք։ Ամէն օր մէկը քաջալերելը ինչո՞ւ մեր նպատակակէտը չդարձնենք։