Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ95 10/1 էջ 12-16
  • «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը եւ «մեծ բազմութիւն»ը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը եւ «մեծ բազմութիւն»ը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Մեծ Բազմութիւն»ը
  • Տիպական «Քահանաներու Թագաւորութիւն» մը
  • Օտարականները Իսրայէլի մէջ
  • Հոգեւոր Ազգը
  • Երկնային Կատարում մը
  • Վերահաստատուած ‘երկրի’ մը մէջ միասնաբար բնակողներ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
  • Երկնային քաղաքացիութիւն ունեցող քրիստոնեայ վկաներ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
  • Թագաւորական քահանայութիւն մը՝ յօգուտ մարդկութեան
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Ըլլաք քաղաքացի թէ օտարական, Աստուած ձեզ սիրով կ’ընդունի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
դ95 10/1 էջ 12-16

«Աստուծոյ Իսրայէլ»ը եւ «մեծ բազմութիւն»ը

«Տեսայ մեծ բազմութիւն մը, որ մէ՛կը չէր կրնար համրել»։—ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 7։9

1-3. (ա) Օծեալ Քրիստոնեաները փառաւոր ի՞նչ երկնային հեռանկարներ ունին։ (բ) Սատանան ինչպէ՞ս փորձած է առաջին դարու ժողովքը կործանել։ (գ) 1919–ին, ի՞նչ պատահեցաւ, ցոյց տալով որ Քրիստոնէական օծեալ ժողովքը ապականելու համար Սատանայի ջանքերը ի դերեւ ելած էին։

ՄԵՐ Հասարակ Դարաշրջանի 33–ին, «Աստուծոյ Իսրայէլ»ին հիմնուիլը մեծ քայլ մը եղաւ Եհովայի նպատակներու իրագործման մէջ։ (Գաղատացիս 6։16) Այս Իսրայէլին օծեալ անդամները հոգեւոր անմահ արարածներ ըլլալու եւ Քրիստոսին հետ Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան մէջ իշխելու յոյսը ունին։ (Ա. Կորնթացիս 15։50, 53, 54) Այդ դիրքին մէջ, անոնք Եհովայի անունը սրբացնելուն եւ մեծ Հակառակորդին՝ Բանսարկու Սատանային՝ գլուխը ջախջախելուն մէջ մեծ բաժին ունին։ (Ծննդոց 3։15. Հռովմայեցիս 16։20) Զարմանալի չէ որ Սատանան իր ամէն կարելին ըրած է այս նոր ժողովքը կործանելու համար թէ՛ զայն հալածելով եւ թէ զայն ապականել փորձելով։—Բ. Տիմոթէոս 2։18. Յուդա 4. Յայտնութիւն 2։10

2 Երբ առաքեալները ողջ էին, Սատանան չկրցաւ յաջողիլ։ Սակայն, անոնց մահէն ետք, հաւատուրացութիւնը անարգել ծաւալեցաւ։ Վերջապէս, մարդկային տեսանկիւնէն դիտուած, այնպէս թուեցաւ որ Յիսուսի կողմէ հիմնուած Քրիստոնէական մաքուր ժողովքը ապականուեցաւ, երբ Սատանան հաւատուրաց կրօնական կեղծիքը, այսօր ճանչցուած՝ Քրիստոնեայ Աշխարհը, յառաջ բերաւ։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։3–8) Այսուհանդերձ, ճշմարիտ Քրիստոնէութիւնը յարատեւեց։—Մատթէոս 28։20

3 Ցորենի եւ որոմի իր առակին մէջ, Յիսուս գուշակեց որ ճշմարիտ Քրիստոնեաները ատեն մը «որոմ»ին, կամ կեղծ Քրիստոնեաներուն, հետ մէկտեղ պիտի աճէին. իսկ այս գուշակութիւնը կատարուեցաւ։ Բայց ան նաեւ ըսաւ որ վերջին օրերուն ընթացքին, «թագաւորութեան որդիներ»ը բացայայտօրէն դարձեալ պիտի զատուէին «որոմ»էն։ (Մատթէոս 13։36–43) Ասիկա ալ իրականացաւ։ 1919–ին, օծեալ անկեղծ Քրիստոնեաները Բաբելոնական գերութենէն դուրս եկան։ Անոնք Աստուծոյ կողմէ ճանչցուեցան որպէս «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» եւ համարձակութեամբ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու լծուեցան։ (Մատթէոս 24։14, 45–47. Յայտնութիւն 18։4) Անոնք բոլորն ալ գրեթէ Հեթանոսներ էին. բայց քանի որ Աբրահամի հաւատքը ունէին, իրապէս «Աբրահամին սերունդն» էին։ Անոնք «Աստուծոյ Իսրայէլ»ին անդամներ էին։—Գաղատացիս 3։7, 26–29

«Մեծ Բազմութիւն»ը

4. Մասնաւորաբար 1930–ական թուականներուն, Քրիստոնեաներու ի՞նչ խումբ նկատելի եղաւ։

4 Առաջին հերթին, անոնք, որոնք այս օծեալ Քրիստոնեաներուն քարոզչութեան կ’ընդառաջէին, նոյնպէս երկնային յոյս ունեցող հոգեւոր Իսրայելացիներ կը դառնային. 144,000–ի մնացորդը։ (Յայտնութիւն 12։17) Սակայն, մասնաւորաբար 1930–ական թուականներուն, ուրիշ խումբ մը նկատելի եղաւ։ Այս խումբին անդամները բակերու առակին «ուրիշ ոչխարներ»ուն հետ բնորոշուեցան։ (Յովհաննու 10։16) Անոնք Քրիստոսին աշակերտներն էին, դրախտային երկրի մը վրայ յաւիտենական կեանքի յոյսը ունենալով։ Անոնք որպէս թէ օծեալ Քրիստոնեաներու հոգեւոր սերունդն էին։ (Եսայեայ 59։21. 66։22. բաղդատել Ա. Կորնթացիս 4։15, 16–ին հետ։) Անոնք Քրիստոնէական օծեալ ժողովքը կ’ընդունէին որպէս հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան եւ իրենց օծեալ եղբայրներուն նման, Եհովայի հանդէպ խոր սէր ունէին, Յիսուսի զոհագործութեան հանդէպ՝ հաւատք, Աստուած փառաբանելու համար՝ նախանձախնդրութիւն, նաեւ արդարութեան համար տառապելու պատրաստակամ էին։

5. Ուրիշ ոչխարներուն դիրքը ինչպէ՞ս աստիճանաբար աւելի լաւ հասկցուեցաւ։

5 Սկիզբը, այս ուրիշ ոչխարներուն դիրքը լաւ չէր հասկցուած, բայց ժամանակի ընթացքին, այս կէտը աւելի յստակացաւ։ 1932–ին օծեալ Քրիստոնեաներ քաջալերութիւն ստացան, որ քարոզչութեան մասնակցելու հրաւիրեն ուրիշ ոչխարները—բան մը զոր ուրիշ ոչխարներէն շատեր արդէն կ’ընէին։ 1934–ին, ուրիշ ոչխարները ջուրի մկրտութեան ենթարկուելու քաջալերութիւն ստացան։ 1935–ին անոնք Յայտնութիւն 7–րդ գլուխին ‘մեծ բազմութեան’ հետ բնորոշուեցան։ 1938–ին, անոնք Յիսուս Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնին ներկայ գտնուելու հրաւիրուեցան որպէս հանդիսատեսներ։ 1950–ին, հասկցուեցաւ որ ուրիշ ոչխարներուն մէջ գտնուող հասուն այրեր այն «իշխաններ»ուն մաս կը կազմեն, որոնք կը ծառայեն «հովին դէմ դնող պատսպարանի պէս ու փոթորիկին դէմ դնող ծածկոցի պէս»։ (Սաղմոս 45։16. Եսայեայ 32։1, 2) 1953–ին, հասկցուեցաւ որ Աստուծոյ երկրային կազմակերպութիւնը, որ այդ ժամանակ մեծաւ մասամբ ուրիշ ոչխարներէ կը բաղկանար, նոր աշխարհին մէջ գոյութիւն ունենալիք երկրային ընկերութեան կորիզը պիտի կազմէր։ 1985–ին, հասկցուեցաւ որ Յիսուսի քաւիչ զոհին հիման վրայ, ուրիշ ոչխարները արդար յայտարարուած են որպէս Աստուծոյ բարեկամներ, Արմագեդոնէն վերապրելու հեռանկարով։։

6. Օծեալներուն եւ ուրիշ ոչխարներուն յարաբերական դիրքերը ի՞նչ են այսօր, եւ ասիկա ի՞նչ հարցումներու կ’առաջնորդէ։

6 Ներկայիս, «վերջին օրեր»ու այս յառաջացած ժամանակին, 144,000–ին մեծամասնութիւնը մեռած եւ իր երկնային վարձատրութիւնը ստացած է։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1. Յայտնութիւն 6։9–11. 14։13) Երկրային յոյս ունեցող Քրիստոնեաները հիմա բարի լուրի քարոզչութեան մեծ մասը կը կատարեն եւ ասոր մէջ Յիսուսի օծեալ եղբայրներուն զօրավիգ կանգնիլը առանձնաշնորհում կը սեպեն։ (Մատթէոս 25։40) Սակայն, այս օծեալները հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան են, որու միջոցաւ հոգեւոր կերակուրը մատակարարուած է այս վերջին օրերուն ընթացքին։ Ուրիշ ոչխարներուն վիճակը ի՞նչ պիտի ըլլայ, երբ բոլոր օծեալները իրենց երկնային վարձատրութիւնը ստանան։ Այդ ժամանակ ի՞նչ կարգադրութիւններ պիտի ըլլան ուրիշ ոչխարներուն ի նպաստ։ Վաղեմի Իսրայէլին վրայ հակիրճ ակնարկ մը նետելը պիտի օգնէ մեզի որ այս հարցումներուն պատասխանենք։

Տիպական «Քահանաներու Թագաւորութիւն» մը

7, 8. Օրէնքի ուխտին ներքեւ, վաղեմի Իսրայէլը ո՞ր տարողութեամբ քահանաներու թագաւորութիւն ու սուրբ ազգ մըն էր։

7 Երբ Իսրայելացիները ընտրեց որպէս իր սեփական ազգը, Եհովա անոնց հետ ուխտ մը ըրաւ, ըսելով. «Եթէ իրաւցընէ իմ ձայնիս հնազանդիք ու իմ ուխտս պահէք, դուք ինծի սեպհական ժողովուրդ պիտի ըլլաք բոլոր ազգերէն. վասնզի բոլոր երկիր իմս է։ Դուք ինծի քահանաներու թագաւորութիւն ու սուրբ ազգ մը պիտի ըլլաք»։ (Ելից 19։5, 6) Իսրայէլ Եհովայի սեփական ժողովուրդն էր Օրէնքի ուխտին հիման վրայ։ Սակայն քահանաներու թագաւորութիւն ու սուրբ ազգ մը պարփակող այս խոստումը ինչպէ՞ս պիտի կատարուէր։

8 Երբ հաւատարիմ էին, Իսրայելացիները Եհովայի գերիշխանութիւնը կը ճանչնային ու զինք կ’ընդունէին որպէս իրենց Թագաւորը։ (Եսայեայ 33։22) Հետեւաբար, անոնք թագաւորութիւն մըն էին։ Բայց, ինչպէս հետագային յայտնուեցաւ, ‘թագաւորութեան մը’ մասին խոստումը անկէ շատ աւելին պիտի նշանակէր։ Ասկէ զատ, երբ Եհովայի Օրէնքին հնազանդէին, անոնք մաքուր կը մնային եւ զիրենք շրջապատող ազգերէն կը զատուէին։ Անոնք սուրբ ազգ մըն էին։ (Բ. Օրինաց 7։5, 6) Անոնք քահանաներու թագաւորութիւն մըն էի՞ն։ Իսրայէլի մէջ, Ղեւիի ցեղը տաճարի սպասարկութեան համար ընտրուած էր եւ այդ ցեղին մէջ Ղեւտական քահանայութիւնը կը գտնուէր։ Երբ Մովսիսական Օրէնքը ի զօրու եղաւ, Ղեւտացի արուները առնուեցան ամէն ոչ–Ղեւտացի ընտանիքի անդրանիկին փոխարէն։a (Ելից 22։29. Թուոց 3։11–16, 40–51) Այս կերպով, Իսրայէլի ամէն ընտանիք որպէս թէ տաճարի սպասարկութեան մէջ զինք ներկայացնող մը ունէր։ Այսպիսով, այս ազգը քահանայութիւն մը ըլլալու ամենէն շատ մօտեցաւ։ Այսուհանդերձ, անիկա Եհովան կը ներկայացնէր ազգերուն առջեւ։ Ոեւէ օտարական, որ ճշմարիտ Աստուածը պաշտել կը փափաքէր, Իսրայէլին պէտք էր ընկերակցէր։—Բ. Մնացորդաց 6։32, 33. Եսայեայ 60։10

9. Ի՞նչ բան պատճառ եղաւ որ Եհովա Իսրայէլը՝ հիւսիսային թագաւորութիւնը՝ մերժէ, ‘որպէսզի անիկա անգամ մըն ալ իրեն քահանայ չըլլայ’։

9 Սողոմոնի մահէն ետք, Աստուծոյ ժողովուրդը բաժնուեցաւ. Իսրայէլ՝ հիւսիսային ազգը՝ Յերոբովամ Թագաւորին իշխանութեան ներքեւ եւ Յուդա՝ հարաւային ազգը՝ Ռոբովամ Թագաւորին իշխանութեան ներքեւ։ Քանի որ տաճարը՝ մաքուր պաշտամունքին կեդրոնը՝ Յուդայի թաղամասին մէջ կը գտնուէր, Յերոբովամ պաշտամունքի ապօրինի ձեւ մը հաստատեց իր իսկ ազգային թաղամասին մէջ հորթերու արձաններ կանգնեցնելով։ Ասկէ զատ, ան «բարձր տեղերու վրայ կռատուններ շինեց ու ժողովուրդին ցած մարդոցմէն քուրմեր նշանակեց, որոնք Ղեւիի որդիներէն չէին»։ (Գ. Թագաւորաց 12։31) Հիւսիսային ազգը շատ աւելի ընկղմեցաւ սուտ պաշտամունքին մէջ, երբ Աքաաբ Թագաւոր թոյլատրեց որ իր օտարազգի կինը՝ Յեզաբէլ՝ երկրին մէջ Բահաղի պաշտամունքը հաստատէ։ Վերջապէս, Եհովա այս ըմբոստ թագաւորութեան վրայ վճիռ արձակեց։ Ովսէէի միջոցով, ան ըսաւ. «Իմ ժողովուրդս գիտութիւն չունենալուն համար բնաջինջ եղաւ. որովհետեւ դուն գիտութիւնը մերժեցիր, ես ալ քեզ պիտի մերժեմ, որպէսզի անգամ մըն ալ ինծի քահանայ չըլլաս»։ (Ովսեայ 4։6) Անկէ քիչ ետք, Ասորեստանցիները Իսրայէլը՝ հիւսիսային թագաւորութիւնը՝ բնաջնջեցին։

10. Երբ հաւատարիմ էր, Յուդա՝ հարաւային թագաւորութիւնը՝ ինչպէ՞ս Եհովան ներկայացուց ազգերուն առջեւ։

10 Ի՞նչ կրնանք ըսել հարաւային ազգին՝ Յուդայի՝ մասին։ Եզեկիայի օրերուն, Եսայիի միջոցով Եհովա անոր ըսաւ. «Իմ վկաներս դուք էք, ... նաեւ իմ ընտրած ծառաս. ... այս ժողովուրդը ինծի համար ստեղծեցի, անոնք իմ գովութիւնս պիտի պատմեն»։ (Եսայեայ 43։10, 21. 44։21) Երբ հաւատարիմ էր, հարաւային թագաւորութիւնը Եհովայի փառքը ազգերուն յայտարարելու ծառայեց, որպէսզի արդարամիտ անհատները իր տաճարին մէջ զինք պաշտելու հրապուրուին եւ օրինաւոր Ղեւտական քահանայութեան կողմէ սպասարկուին։

Օտարականները Իսրայէլի մէջ

11, 12. Կարգ մը օտարականներ յիշեցէք, որոնք Եհովայի ծառայելու եկան Իսրայէլին ընկերակցելով։

11 Ինչ որ կը վերաբերի օտարականներուն, որոնք կ’ընդառաջէին այս ազգային վկայութեան, անոնց համար կարգադրութիւն եղած էր այն Օրէնքին մէջ, որ տրուեցաւ Մովսէսին միջոցով, որու կինը՝ Սեպփօրա՝ Մադիամացի մըն էր։ Ոչ–Իսրայելացիներէ բաղկացած «խառն բազմութիւն» մը Իսրայէլին հետ Եգիպտոսը ձգեց եւ երբ Օրէնքը տրուեցաւ, անոնք ներկայ էին։ (Ելից 2։16–22. 12։38. Թուոց 11։4) Ռախաբ եւ իր ընտանիքը Երիքովէն ազատագրուեցան եւ հետագային Հրէական ժողովքին մէջ ընդունուեցան։ (Յեսուայ 6։23–25) Անկէ քիչ ետք, Գաբաւոնացիները Իսրայէլին հետ խաղաղութիւն կնքեցին եւ տաղաւարին կապակցաբար գործերու նշանակուեցան։—Յեսուայ 9։3–27. տես նաեւ Գ. Թագաւորաց 8։41–43. Եսթերայ 8։17։

12 Վերջապէս, օտարականներ բարձր դիրքերու մէջ ծառայեցին։ Քետացի Ուրիան՝ Բերսաբէի ամուսինը՝ Դաւիթի «զօրավարներ»ուն մէջ դասուած էր, ինչպէս էր նաեւ Ամմոնացի Սելեկին պարագան։ (Ա. Մնացորդաց 11։26, 39, 41. Բ. Թագաւորաց 11։3, 4) Աբդեմելէք, Եթովպիացի մը, պալատին մէջ կը ծառայէր եւ թագաւորին առջեւ կը ներկայանար։ (Երեմեայ 38։7–9) Իսրայելացիները Բաբելոնի աքսորէն վերադառնալէ ետք, ոչ–Իսրայելացի Նաթանայիմներուն յաւելեալ պատասխանատուութիւն տրուեցաւ որպէս քահանաներուն օժանդակողներ։ (Եզրասայ 7։24) Քանի որ այս հաւատարիմ օտարականներէն, կամ պանդուխտներէն, ոմանք ներկայիս նկատուած են որպէս մեծ բազմութեան նախապատկերներ, անոնց պարագան կը հետաքրքրէ մեզ։

13, 14. (ա) Իսրայէլի մէջ նորահաւատներու առանձնաշնորհումներն ու պատասխանատուութիւնները ի՞նչ էին։ (բ) Իսրայելացիները ինչպէ՞ս պէտք էր նկատէին հաւատարիմ նորահաւատները։

13 Անոնք նորահաւատներ էին, Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ Եհովայի նուիրուած երկրպագուներ որոնք Իսրայելացիներուն հետ մէկտեղ ազգերէն զատուած էին։ (Ղեւտացւոց 24։22) Անոնք զոհեր կը մատուցանէին, սուտ պաշտամունքէ հեռու կը մնային եւ արիւնէ կը զգուշանային, ճիշդ Իսրայելացիներուն նման։ (Ղեւտացւոց 17։10–14. 20։2) Անոնք Սողոմոնի տաճարին կառուցման մէջ օգնեցին եւ Ասա Թագաւորին եւ Եզեկիա Թագաւորին ներքեւ ճշմարիտ պաշտամունքին վերահաստատման մասնակցեցան։ (Ա. Մնացորդաց 22։2. Բ. Մնացորդաց 15։8–14. 30։25) Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, երբ Պետրոս Թագաւորութեան առաջին բանալին գործածեց, իր խօսքերը լսեցին «թէ՛ Հրեաներ եւ թէ՛ [ոչ–Հրեայ] նորահաւատներ»։ Թերեւս այդ օրը մկրտուած երեք հազար անհատներէն ոմանք նորահաւատներ էին։ (Գործք 2։11, 41) Անկէ քիչ ետք, Եթովպիացի նորահաւատ մը մկրտուեցաւ Փիլիպպոսի կողմէ—Պետրոս Կոռնելիոսին եւ իր ընտանիքին ի նպաստ Թագաւորութեան վերջին բանալին գործածելէ առաջ։ (Մատթէոս 16։19. Գործք 8։26–40. 10։30–48) Բացայայտ է որ նորահաւատները չէին նկատուած որպէս Հեթանոսներ։

14 Բայց եւ այնպէս, երկրին մէջ նորահաւատներու դիրքը չէր նմաներ բնիկ Իսրայելացիներու դիրքին։ Նորահաւատները չէին ծառայեր որպէս քահանաներ եւ անոնց անդրանիկները Ղեւտական քահանայութեան մէջ չէին ներկայացուած։b Նորահաւատները Իսրայէլի մէջ կալուածի ժառանգութիւն չունէին։ Այսուհանդերձ, Իսրայելացիներուն պատուէր տրուած էր, որ հաւատարիմ նորահաւատներուն հանդէպ նկատառու ըլլային եւ զանոնք նկատէին որպէս եղբայրներ։—Ղեւտացւոց 19։33, 34

Հոգեւոր Ազգը

15. Երբ բնական Իսրայէլ մերժեց Մեսիան ընդունիլ, հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։

15 Օրէնքին նպատակն էր Իսրայէլը մաքուր եւ զինք շրջապատող ազգերէն զատուած պահել։ Բայց անիկա ուրիշ նպատակի մը համար ալ կը ծառայէր։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Օրէնքը մեր դաստիարակը եղաւ՝ մեզ Քրիստոսին բերելու [առաջնորդելու (ՆԱ)], որպէսզի մենք հաւատքով արդարանանք»։ (Գաղատացիս 3։24) Դժբախտաբար, Իսրայելացիներու մեծամասնութիւնը Օրէնքով Քրիստոսին չառաջնորդուեցաւ։ (Մատթէոս 23։15. Յովհաննու 1։11) Ուստի Եհովա Աստուած այդ ազգը մերժեց եւ «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը ծնաւ։ Ասկէ զատ, ան այս նոր Իսրայէլի մէջ լրիւ քաղաքացիներ ըլլալու հրաւէր տուաւ ոչ–Հրեաներուն։ (Գաղատացիս 3։28. 6։16) Ելից 19։5, 6–ին մէջ թագաւորական քահանայութեան մը մասին Եհովայի խոստումը այս նոր ազգին վրայ է որ հոյակապ ու վերջնական կերպով կը կատարուի։ Ինչպէ՞ս։

16, 17. Երկրի վրայ գտնուող օծեալ Քրիստոնեաները ի՞նչ առումով «թագաւորական» են։ Անոնք ի՞նչ առումով «քահանայութիւն» մըն են։

16 Պետրոս Ելից 19։6–ը մէջբերեց, երբ իր օրերու օծեալ Քրիստոնեաներուն գրեց. «Դուք ‘ընտիր ցեղ մը’ն էք, ‘թագաւորական քահանայութիւն, սուրբ ազգ, սեփական ժողովուրդ մը’»։ (Ա. Պետրոս 2։9) Այս խօսքերը ի՞նչ կը նշանակեն։ Երկրի վրայ գտնուող օծեալ Քրիստոնեաները թագաւորնե՞ր են։ Ո՛չ, անոնց իշխանութիւնը տակաւին ապագային է։ (Ա. Կորնթացիս 4։8) Բայց եւ այնպէս, անոնք «թագաւորական» են այն առումով որ անոնք ապագայ թագաւորական առանձնաշնորհումներու համար ընտրուած են։ Հիմա իսկ անոնք ազգ մըն են թագաւորի մը՝ Յիսուսի՝ իշխանութեան ներքեւ, որ Մեծ Գերիշխանին՝ Եհովա Աստուծոյ՝ կողմէ նշանակուած է։ Պօղոս գրեց. «[Եհովա] մեզ ազատեց խաւարին իշխանութենէն ու իր սիրելի Որդիին թագաւորութեանը փոխադրեց»։—Կողոսացիս 1։13

17 Երկրի վրայ գտնուող օծեալ Քրիստոնեաները քահանայութի՞ւն մըն են։ Որոշ առումով մը, ա՛յո։ Ժողովք մը ըլլալով, անոնք անվիճելի քահանայական պաշտօն մը կը կատարեն։ Պետրոս ասիկա բացատրեց, երբ ըսաւ. «Դուք ալ ... [կը] շինուիք հոգեւոր տաճար մը, սուրբ քահանայութիւն մը»։ (Ա. Պետրոս 2։5. Ա. Կորնթացիս 3։16) Այսօր, օծեալ Քրիստոնեաներու մնացորդը հաւաքականօրէն «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» է, հոգեւոր կերակուրի մատակարարութեան խողովակը։ (Մատթէոս 24։45–47) Ինչպէս էր պարագան վաղեմի Իսրայէլի մէջ, Եհովան պաշտել փափաքողը այս օծեալ Քրիստոնեաներուն պէտք է ընկերակցի։

18. Քահանայութիւն մը ըլլալով, երկրի վրայ գտնուող Քրիստոնէական օծեալ ժողովքը ի՞նչ գլխաւոր պատասխանատուութիւն ունի։

18 Ասկէ զատ, օծեալ Քրիստոնեաները Եհովայի վսեմութեան մասին ազգերուն մէջ վկայելու առանձնաշնորհումը առին Իսրայէլի ձեռքէն։ Բովանդակութիւնը ցոյց կու տայ որ, երբ օծեալ Քրիստոնեաները թագաւորական քահանայութիւն մը կոչեց, Պետրոս քարոզչութիւնը ի մտի ունէր։ Արդարեւ, ան մէկ մէջբերումի մէջ Ելից 19։6–ի Եհովայի խոստումը միացուց Եսայեայ 43։21–ին մէջ Իսրայէլի ուղղած Իր խօսքերուն, երբ ըսաւ. «Դուք ... ‘թագաւորական քահանայութիւն’ [մըն էք], ‘... որպէսզի հռչակէք [յայտարարէք (ՆԱ)]’ անոր ‘առաքինութիւնները’, որ ձեզ խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց»։ (Ա. Պետրոս 2։9) Ասոր հետ ներդաշնակ, Պօղոս Եհովայի առաքինութիւնները յայտարարելու մասին խօսեցաւ որպէս տաճարին մէջ մատուցանուած զոհ մը։ Ան գրեց. «[Յիսուսի] ձեռքով ամէն ատեն Աստուծոյ օրհնութեան պատարագ մատուցանենք, այսինքն մեր շրթունքներուն պտուղը, որոնք իր անունը կը դաւանին [իր անուանը հանրային յայտարարութիւն կ’ընեն (ՆԱ)]»։—Եբրայեցիս 13։15

Երկնային Կատարում մը

19. Ի՞նչ է վերջնական, հոյակապ կատարումը այն խոստումին թէ Իսրայէլ քահանաներու թագաւորութիւն մը պիտի ըլլայ։

19 Սակայն, Ելից 19։5, 6–ը ի վերջոյ շատ աւելի փառաւոր կատարում մը պիտի ունենայ։ Յայտնութիւն գրքին մէջ, Յովհաննէս առաքեալ երկնային արարածներ կը լսէ, որոնք այս համարը կը կիրարկեն, մինչ անոնք յարուցեալ Յիսուսը կը փառաբանեն. «Դուն ... մորթուեցար ու քու արիւնովդ մեզ ծախու առիր Աստուծոյ համար ամէն ցեղէ ու լեզուէ եւ ժողովուրդէ ու ազգէ եւ մեզ մեր Աստուծոյն թագաւորներ ու քահանաներ ըրիր որպէսզի երկրի վրայ թագաւորենք»։ (Յայտնութիւն 5։9, 10) Արդ, իր վերջնական առումով, թագաւորական քահանայութիւնը Աստուծոյ երկնային Թագաւորութիւնն է, այն իշխող հեղինակութիւնը որու համար Յիսուս սորվեցուց մեզի որ աղօթենք։ (Ղուկաս 11։2) Բոլոր 144,000 օծեալ Քրիստոնեաները, որոնք մինչեւ վերջը հաւատարմօրէն կը համբերեն, այդ Թագաւորութեան կարգադրութեան մէջ բաժին պիտի ունենան։ (Յայտնութիւն 20։4, 6) Երկար ժամանակ առաջ Մովսէսի միջոցով տրուած այս խոստումին ի՜նչ հոյակապ կատարում մը։

20. Ո՞ր հարցումին տակաւին պէտք է պատասխանուի։

20 Այս բոլորը ի՞նչ առնչութիւն ունի մեծ բազմութեան վիճակին եւ անոր ապագային հետ, երբ բոլոր օծեալները իրենց սքանչելի ժառանգութիւնը ստանան։ Ասիկա յստակ պիտի դառնայ այս շարքին վերջին յօդուածին մէջ։

[Ստորանիշ էջ 13]

a Երբ Իսրայէլի քահանայութիւնը հաստատուեցաւ, Իսրայէլի ոչ–Ղեւտացի ցեղերուն անդրանիկ որդիները եւ Ղեւիի ցեղին արուները համրուեցան։ Ղեւտացի արուներէն 273 անդրանիկներ աւելի կային։ Հետեւաբար, Եհովա հրամայեց որ 273–ին իւրաքանչիւրին համար հինգ սիկղ վճարուի որպէս փրկագին յաւելեալներուն համար։

[Ստորանիշ էջ 15]

b Ոչ–Իսրայելացիներու խառն բազմութիւնը ներկայ էր, երբ Օրէնքը ի զօրու եղաւ Հ.Դ.Ա. 1513–ին, բայց անոր անդրանիկները հաշուի չառնուեցան, երբ Ղեւտացիները առնուեցան Իսրայէլի անդրանիկներուն փոխարէն (Տես 8–րդ պարբերութիւնը)։ Հետեւաբար, Ղեւտացիներ չառնուեցան այս ոչ–Իսրայելացիներուն անդրանիկներու փոխարէն։

Կրնա՞ք Բացատրել

◻ Ուրիշ ոչխարներուն դիրքը ինչպէ՞ս աստիճանաբար աւելի լաւ հասկցուեցաւ։

◻ Եհովա ինչո՞ւ Իսրայէլը՝ հիւսիսային թագաւորութիւնը՝ մերժեց, որպէսզի անիկա անգամ մըն ալ իրեն քահանայ չըլլայ։

◻ Երբ հաւատարիմ էր, Յուդայի դիրքը ի՞նչ էր ազգերուն առջեւ։

◻ Իսրայէլի մէջ հաւատարիմ նորահաւատներու դիրքը ի՞նչ էր։

◻ Օծեալ ժողովքը ինչպէ՞ս կը ծառայէ որպէս քահանաներու թագաւորութիւն մը։

[Նկար՝ էջ 15]

Ելից 19։6–ի վերջնական կատարումը Թագաւորութիւնն է

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել