Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
1996–ի Տարուան Համարը. «Խօսքը Կատարողներ Եղէք»։—Յակոբու 1։22, ՆԱ
Յունուար 1—Դո՛ւն, ո՛վ Տէր [Եհովա], բարի ու ներող ես։—Սաղմ. 86։5, Դիտ. 11/1/94 9, 10
Յունուար 2—Երանի՜ իրենց հոգեւոր կարիքին գիտակից եղողներուն, վասնզի երկնքի թագաւորութիւնը անոնց կը պատկանի։—Մատթ. 5։3, ՆԱ, Դիտ. 11/1/94 6, 8գ
Յունուար 3—Ուրախ եղէք Տէրոջմով ամէն ատեն. դարձեալ կ’ըսեմ, ուրա՛խ եղէք։—Փիլ. 4։4, Դիտ. 12/1/94 2, 3ա
Յունուար 4—Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք, որ սուրբերուն ծառայեցիք ու կը ծառայէք։—Եբր. 6։10, Դիտ. 12/1/94 19գ
Յունուար 5—Արժանի ես, Տէ՛ր [Եհովա], փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու, վասնզի ամէն բան դուն ստեղծեցիր եւ քու կամքովդ եղան ու ստեղծուեցան։—Յայտն. 4։10, Դիտ. 1/1/95 6, 7
Յունուար 6—Ժողովուրդը կը զարմանար անոր վարդապետութեանը վրայ։ Վասնզի իշխանութիւն ունեցողի մը պէս կը սորվեցնէր անոնց, ոչ թէ դպիրներուն պէս։—Մատթ. 7։28, 29, Դիտ. 1/1/95 1բ
Յունուար 7—Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց։—Փիլ. 4։13, Դիտ. 3/1/95 15, 16գ
Յունուար 8—Ինչպէս հայր մը կը գթայ իր որդիներուն վրայ, այնպէս ալ Տէրը [Եհովա] կը գթայ իրմէ վախցողներուն վրայ։ Վասնզի ան գիտէ մեր կազմուածքը, կը յիշէ թէ մենք հող ենք։—Սաղմ. 103։13, 14, Դիտ. 3/1/95 21, 22
Յունուար 9—Մարդուն ամբարտաւան աչքերը պիտի խոնարհին, մարդոց հպարտութիւնը պիտի ցածնայ։ Այն օրը միայն Տէրը [Եհովան] պիտի բարձրանայ։—Եսայ. 2։11, Դիտ. 4/1/95 15, 16
Յունուար 10—Այս ամէն բաներուն մէջ ա՛լ աւելի յաղթող կ’ըլլանք անո՛վ, որ մեզ սիրեց։—Հռովմ. 8։37, Դիտ. 2/1/95 5, 6բ
Յունուար 11—Ուրախ եղէք Տէրոջմով ամէն ատեն. դարձեալ կ’ըսեմ, ուրա՛խ եղէք։—Փիլ. 4։4, Դիտ. 4/1/95 4, 5բ
Յունուար 12—Զգուշացէք ձեր անձերուն, չըլլայ որ սրտերնիդ կերուխումով ու գինովութիւնով եւ աշխարհային զբաղմունքներով ծանրանայ ու յանկարծակի այն օրը ձեր վրայ հասնի ... որոգայթի մը պէս։—Ղուկ. 21։34, 35, Դիտ. 5/1/95 9, 10գ
Յունուար 13—Ժամանակը կարճցած է. ալ անոնք որ ... ծախու կ’առնեն՝ [այնպէս ըլլան] որպէս թէ բան մը չունին եւ անոնք որ աշխարհիկ գործով կը զբաղին՝ որպէս թէ միայն անով չեն զբաղիր. վասնզի այս աշխարհի կերպարանքը կ’անցնի։—Ա. Կորնթ. 7։29–31, Դիտ. 2/1/95 17–19ա
Յունուար 14—Փրկութիւնը մեր Աստուծոյնն է, որ աթոռին վրայ կը նստի ու Գառնուկին։—Յայտն. 7։10, Դիտ. 5/1/95 18, 19ա
Յունուար 15—Պիտի փաստեմ ըլլալ ինչ որ պիտի փաստեմ ըլլալ։—Ել. 3։14, ՆԱ, Դիտ. 11/1/94 4, 5
Յունուար 16—Ան գիտէ մեր կազմուածքը, կը յիշէ թէ մենք հող ենք։—Սաղմ. 103։14, Դիտ. 12/1/94 3, 4
Յունուար 17—Ե՛ղբայրներս, չարչարանքներու եւ համբերութեան համար օրինակ առէք մարգարէները, որոնք Տէրոջը [Եհովայի] անունովը խօսեցան։—Յակ. 5։10, Դիտ. 12/1/94 1, 2գ
Յունուար 18—Այսպէս աղօթք ըրէք դուք. «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ. քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։—Մատթ. 6։9, 10, Դիտ. 3/1/95 17գ
Յունուար 19—Անիկա է յոգնածին ոյժ տուողը ...։ Տէրոջը [Եհովայի] ապաւինողներուն ոյժը պիտի նորոգուի։—Եսայ. 40։29–31, Դիտ. 2/1/95 21, 22
Յունուար 20—Ասոնք են մեծ նեղութենէն եկողները, որոնք իրենց հանդերձները լուացին ու զանոնք Գառնուկին արիւնովը ճերմկցուցին։—Յայտն. 7։14, Դիտ. 5/1/95 7, 8գ
Յունուար 21—Ան որ կը սեպէ թէ հաստատուն կեցած է, թող զգուշանայ որ չըլլայ թէ իյնայ։—Ա. Կորնթ. 10։12, Դիտ. 12/1/94 8, 9
Յունուար 22—Ինծի քու փրկութեանդ ասպարը տուիր. եւ քու աջ ձեռքդ զիս զօրացուց ու քու քաղցրութիւնդ [խոնարհութիւնդ (ՆԱ)] զիս մեծցուց։—Սաղմ. 18։35, Դիտ. 11/1/94 3, 14, 15
Յունուար 23—Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ եւ ամէն երկսայրի սուրէ կտրուկ, որ կը թափանցէ մինչեւ շունչը ու ոգին եւ յօդուածները ու ծուծը։ Կը քննէ սրտին խորհուրդները ու մտածումները։—Եբր. 4։12, Դիտ. 12/1/94 11, 12բ
Յունուար 24—Ահա համբերողներուն երանի՜ կու տանք։ Յոբին համբերութիւնը լսեցիք դուք եւ վերջը՝ Տէրոջը [Եհովայի] անոր ըրածը տեսաք, որ Տէրը [Եհովա] բազմագութ ու ողորմած է։—Յակ. 5։11, Դիտ. 3/1/95 4, 21, 22բ
Յունուար 25—Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։ Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք. վասնզի իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ։—Մատթ. 11։28–30, Դիտ. 1/1/95 4, 5ա
Յունուար 26—Դռները բացէ՛ք, որպէսզի ճշմարտութիւն [հաւատարիմ վարք (ՆԱ)] պահող արդար ազգը ներս մտնէ։—Եսայ. 26։2, Դիտ. 2/1/95 1, 2գ
Յունուար 27—Յոյս ունիմ առ Աստուած, ինչպէս ասոնք ալ ակնկալութիւն ունին, թէ մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն։—Գործք 24։15, Դիտ. 5/1/95 5, 7, 8բ
Յունուար 28—Առաջ պէտք է որ աւետարանը քարոզուի բոլոր ազգերուն։—Մարկ. 13։10, Դիտ. 11/1/94 1, 2բ
Յունուար 29—Խաղաղութեամբ պիտի պառկիմ ու քնանամ, վասնզի դո՛ւն միայն, ո՛վ Տէր [Եհովա], զիս ապահովութեամբ կը բնակեցնես։—Սաղմ. 4։8, Դիտ. 3/1/95 6, 7դ
Յունուար 30—Այս է իմ պատուէրս, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի։ Ասկէ աւելի մեծ սէր մէ՛կը չի կրնար ունենալ, որ մէկը իր կեանքը բարեկամներուն համար դնէ։—Յովհ. 15։12, 13, Դիտ. 5/1/95 10
Յունուար 31—Արդ՝ մենք հաւատքով արդարացած [արդար յայտարարուած (ՆԱ)] ըլլալով՝ խաղաղութիւն ունինք Աստուծոյ հետ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով։—Հռովմ. 5։1, Դիտ. 5/1/95 9բ