Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ95 12/1 էջ 29-31
  • Կրնա՞նք աւելի ներատեսութիւն մշակել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Կրնա՞նք աւելի ներատեսութիւն մշակել
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Իսրայէլի Ներատեսութեան Պակասը
  • Հոգեւոր Ներատեսութիւն Ձեռք Ձգել
  • Ներատեսութիւն եւ Խորաթափանցութիւն
  • Ձեր սիրտը ներատեսութեան բացէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • Ներատեսութիւնը թող պահպանէ ձեզ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • «Եհովա իմաստութիւն կու տայ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Ընդօրինակէ Յիսուսին քաջութիւնն ու խորատեսութիւնը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
դ95 12/1 էջ 29-31

Կրնա՞նք աւելի ներատեսութիւն մշակել

ՆԵՐԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ «մտքին այն ընդունակութիւնը կամ կարողութիւն»ն է, «որով անհատ մը իրերը մէկը միւսէն կը զատորոշէ»։ Անիկա նաեւ կրնայ «դատելու սրամտութիւն» կամ «իրերու կամ գաղափարներու տարբերութիւնները նշմարելու ընդունակութիւն»ը ըլլալ։ Բառարան մը (Webster’s Universal Dictionary) այս սահմանումը կու տայ։ Որոշ է, ուրեմն, որ ներատեսութիւնը փափաքելի յատկութիւն մըն է։ Անոր արժէքը կը տեսնուի Սողոմոնի խօսքերէն. «Երբ իմաստութիւնը քու սրտիդ մէջ մտնէ եւ գիտութիւնը քու հոգիիդ ախորժելի ըլլայ, ... հանճարը [ներատեսութիւնը (ՆԱ)] քեզ պիտի պաշտպանէ։ Որպէսզի քեզ ազատէ չար ... ճամբայէն»։—Առակաց 2։10–12

Այո, ներատեսութիւնը պիտի օգնէ մեզի որ ներկայիս համատարած եղող ‘չար ճամբուն’ ընդդիմանանք։ Անիկա շատ մը ուրիշ օգուտներ կու տայ։ Օրինակի համար, ծնողներ յաճախ իրենց զաւակներէն հետեւեալը կը լսեն. ‘Չե՛ս հասկնար’։ Հմտութեամբ, ներատես ծնողներ գիտեն ի՛նչպէս իրենց զաւակներէն դուրս հանել զանոնք անհանգստացնող զգացումներն ու հարցերը։ (Առակաց 20։5) Ներատես ամուսին մը իր կնոջ մտիկ պիտի ընէ եւ անոր խորհուրդներուն ու զգացումներուն պիտի թափանցէ, փոխանակ շտապ եզրակացութիւններու գալու։ Կինն ալ իր ամուսնոյն հետ նոյնպէս պէտք է վարուի։ Այս կերպով, «տունը իմաստութեամբ կը շինուի ու հանճարով [ներատեսութեամբ (ՆԱ)] կը հաստատուի»։—Առակաց 24։3

Ներատեսութիւնը կ’օգնէ անհատի մը որ հարցերը յաջողութեամբ ձեռք առնէ։ Առակաց 17։27–ն կ’ըսէ. «Իր խօսքերը զսպողը իմաստուն է ու երկայնամիտ [ներատես (ՆԱ)] մարդը հանճարեղ է»։ Ներատես անհատ մը տաք–գլուխ չէ, առանց մտածելու ամէն հարցի մէջ նետուելով։ Ան, բանի մը յանձնառու ըլլալէ առաջ, հաւանական հետեւանքներուն վրայ զգուշութեամբ կը խոկայ։ (Ղուկաս 14։28, 29) Ան ուրիշներուն հետ ալ աւելի խաղաղ յարաբերութիւն մը կը վայելէ, քանի որ իր ‘շրթունքները զսպելը’ կը մղէ զինք որ իր բառերը զգուշութեամբ ընտրէ։ (Առակաց 10։19. 12։8) Բայց, ամենէն կարեւորը, ներատես անհատ մը խոնարհութեամբ կ’ընդունի իր սահմանափակումները եւ առաջնորդութեան համար Աստուծոյ կը դիմէ եւ ոչ թէ մարդոց։ Ասիկա հաճելի է Եհովային եւ ներատեսութիւն մշակելու յաւելեալ պատճառ մըն է։—Առակաց 2։1–9. Յակոբու 4։6

Իսրայէլի Ներատեսութեան Պակասը

Իսրայէլի պատմութեան սկիզբը պատահած դէպք մը ներատեսութիւն չգործադրերու վտանգը ցոյց կու տայ։ Այդ ժամանակին ակնարկելով, Սաղմոսերգուն ներշնչման ներքեւ ըսաւ. «Մեր հայրերը Եգիպտոսի մէջ չիմացան քու հրաշքներդ, չյիշեցին քու ողորմութեանդ շատութիւնը, հապա ապստամբեցան ծովուն քով, Կարմիր ծովուն քով»։—Սաղմոս 106։7

Երբ Մովսէս Իսրայելացիները Եգիպտոսէ դուրս առաջնորդեց, Եհովա արդէն իր ժողովուրդը ազատագրելու իր զօրութիւնըն ու վճռակամութիւնը ցոյց տուած էր այդ աշխարհակալ հզօր ոյժին վրայ տասը պատուհասներ բերելով։ Երբ Փարաւոն թոյլ տուաւ որ Իսրայելացիները մեկնին, Մովսէս Կարմիր Ծովուն ափերը առաջնորդեց զանոնք։ Սակայն, Եգիպտական բանակները հետապնդեցին զանոնք։ Այնպէս կը թուէր որ Իսրայելացիները ծուղակը ինկած էին եւ անոնց նոր գտած ազատութիւնը շատ կարճատեւ պիտի ըլլար։ Ուստի Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Խիստ վախցան եւ Իսրայէլի որդիները աղաղակեցին Տէրոջը»։ Իսկ Մովսէսին դառնալով, անոնք ըսին. «Ի՞նչ է այս մեզի ըրածդ, որ մեզ Եգիպտոսէն հանեցիր։ ... Աւելի աղէկ է մեզի հոս ծառայութիւն ընել, քան թէ անապատին մէջ մեռնիլ»։—Ելից 14։10–12

Անոնց վախը կրնար հասկնալի ըլլար, բացի երբ յիշենք թէ անոնք արդէն Եհովայի զօրութեան տասը արտակարգ ցուցադրութիւնները տեսած էին։ Անոնք նախ ականատեսները եղած էին այդ բանին զոր Մովսէս շուրջ 40 տարիներ ետք անոնց պիտի վերյիշեցնէր. «Տէրը զօրաւոր ձեռքով ու բարձր բազուկով, մեծ սարսափներով, նշաններով ու հրաշքներով մեզ Եգիպտոսէն հանեց»։ (Բ. Օրինաց 26։8) Ուստի, ինչպէս սաղմոսերգուն գրեց, երբ Իսրայելացիները Մովսէսի առաջնորդութեան դէմ դարձան, անոնք «չիմացան [ներատեսութիւն չցուցաբերեցին (ՆԱ)]»։ Այսուհանդերձ, Եհովա իր խոստումին հաւատարիմ ըլլալով, Եգիպտական զօրքերը ապշեցուցիչ պարտութեան մատնեց։—Ելից 14։19–31

Մեր հաւատքն ալ կրնայ նոյն կերպով խախտիլ, եթէ փորձութիւններու կասկածով կամ անորոշութեամբ ընդդիմանանք։ Ներատեսութիւնը պիտի օգնէ մեզի որ հարցերը միշտ յարմար հեռաւորութենէն դիտենք, յիշելով որ Եհովա ոեւէ հակառակորդէ շատ աւելի մեծ է։ Ներատեսութիւնը նաեւ մեզի պիտի օգնէ յիշելու ինչ որ Եհովա արդէն ըրած է ի նպաստ մեզի։ Անիկա պիտի օգնէ մեզի որ բնաւ չմոռնանք այն իրողութիւնը թէ Ան «բոլոր զինք սիրողները կը պահէ»։—Սաղմոս 145։18–20

Հոգեւոր Ներատեսութիւն Ձեռք Ձգել

Ներատեսութիւնը ինքնաբերաբար տարիքով չի գար։ Անիկա պէտք է մշակուի։ Սողոմոն իմաստուն Թագաւորը, որ իր ներատեսութեանը համար միջազգային համբաւի տիրացաւ, ըսաւ. «Երանի՜ այն մարդուն, որ իմաստութիւն կը գտնէ ու այն մարդուն, որ հանճար [ներատեսութիւն (ՆԱ)] կը ստանայ. վասնզի անոր շահը արծաթի շահէն աղէկ է ու անոր արդիւնքը՝ զուտ ոսկիէն»։ (Առակաց 3։13, 14) Սողոմոն իր ներատեսութիւնը ուրկէ՞ ձեռք կը ձգէր։ Եհովայէ։ Երբ Եհովա Սողոմոնին հարցուց թէ ի՛նչ օրհնութիւն կը փափաքէր, Սողոմոն պատասխանեց. «Քու ծառայիդ իմաստուն սիրտ տուր, որպէսզի քու ժողովուրդդ դատէ ու բարին ու չարը որոշէ»։ (Գ. Թագաւորաց 3։9) Այո, Սողոմոն Եհովայի կը դիմէր որպէս իր օգնականը։ Ան ներատեսութիւն խնդրեց, իսկ Եհովա զայն արտակարգ չափով մը տուաւ իրեն։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ «Սողոմոնին իմաստութիւնը բոլոր արեւելքցիներուն իմաստութենէն ու Եգիպտացիներուն բոլոր իմաստութենէն աւելի էր»։—Գ. Թագաւորաց 4։30

Սողոմոնի փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ թէ ո՛ւր պէտք է երթանք ներատեսութիւն փնտռելու համար։ Սողոմոնին նման, մենք ալ Եհովայի պէտք է դիմենք։ Ինչպէ՞ս։ Եհովա իր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը՝ տուած է մեզի, որպէսզի մենք իր խորհուրդներուն թափանցենք։ Երբ Աստուածաշունչը կը կարդանք, գիտութեան արժէքաւոր գանձ մը կը փորենք, որ հոգեւոր ներատեսութիւն կերտելու հիմնական քարեր կը հայթայթէ։ Պէտք է խոկալ այն տեղեկութիւններուն վրայ զորս կը մթերենք Աստուածաշունչի մեր ընթերցանութենէն։ Ապա, կրնանք զանոնք գործածել շիտակ որոշումներ տալու համար։ Ժամանակի ընթացքին, մեր ըմբռնելու կարողութիւնը կը զարգանայ ա՛յն աստիճան որ «մտքով չափահաս» կը դառնանք եւ կը կարողանանք «բարին ու չարը զանազանել»։—Ա. Կորնթացիս 14։20. Եբրայեցիս 5։14. բաղդատել Ա. Կորնթացիս 2։10։

Հետաքրքրական է որ տակաւին կրնանք Սողոմոնին տուած Եհովայի ներատեսութենէն օգուտ քաղել։ Ինչպէ՞ս։ Սողոմոն, առակներու ձեւով իմաստութիւն արտայայտելու հմտութիւնը ունէր, որոնք արդարեւ, Աստուծոյ կողմէ ներշնչուած իմաստութեան ամփոփումներ են։ Այդ առածներէն շատերը Աստուածաշունչի Առակաց գրքին մէջ պահպանուած են։ Այդ գիրքը ուսումնասիրելով, կրնանք Սողոմոնի ներատեսութենէն օգուտ քաղել եւ մեր կարգին, ներատեսութիւն զարգացնել։

Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մէջ մեզի օգնելու համար, կրնանք սուրբ գրային օժանդակողներ գործածել, ինչպէս Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Աւելի քան 116 տարիներէ ի վեր, Դիտարանը Եհովայի Թագաւորութիւնը կը ծանուցանէ պարկեշտ անհատներուն։ 1919–էն ի վեր, Զարթի՛ր պարբերաթերթը եւ անոր նախորդները աշխարհի վիճակներուն մասին մեկնութիւն կու տան։ Այս երկու պարբերաթերթերը Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները կը քննեն եւ աստիճանաբար հոգեւոր լուսաւորում կը հայթայթեն, որոնք կ’օգնեն մեզի որ թէ՛ Քրիստոնեայ Աշխարհի կողմէ ուսուցանուած եւ թէ մեր մտածելակերպին մէջ եղող սխալները ըմբռնենք։—Առակաց 4։18

Ներատեսութիւն զարգացնելու ուրիշ օգնութիւն մըն է շիտակ ընկերակցութիւնը։ Սողոմոն Թագաւորին առակներէն մէկը կ’ըսէ. «Իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ’ըլլայ, բայց անմիտներուն ընկերակցողը չար կ’ըլլայ»։ (Առակաց 13։20) Ցաւոք սրտի, Սողոմոն Թագաւորին որդին՝ Ռոբովամ՝ իր կեանքին տուեալ կարեւոր մէկ պահուն այս առակը չյիշեց։ Իր հօրը մահէն ետք, Իսրայէլի ցեղերը իրեն եկան իրմէ խնդրելու համար, որ իրենց բեռը թեթեւցնէ։ Ռոբովամ նախ տարէցներէն խորհուրդ հարցուց, որոնք ներատեսութիւն ցուցաբերեցին զինք քաջալերելով, որ իր հպատակներուն մտիկ ընէ։ Ապա, ան երիտասարդներուն դիմեց։ Անոնք փորձառութեան եւ ներատեսութեան պակաս ցուցաբերեցին, Ռոբովամը քաջալերելով, որ Իսրայելացիներուն սպառնալիքներով պատասխանէ։ Ռոբովամ երիտասարդներուն մտիկ ըրաւ։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Իսրայէլ ապստամբեցաւ եւ Ռոբովամ իր թագաւորութեան մեծ մասը կորսնցուց։—Գ. Թագաւորաց 12։1–17

Սուրբ հոգիին օգնութիւնը փնտռելը ներատեսութիւն զարգացնելուն կենսական մէկ մասն է։ Եգիպտոսի գերութենէն Իսրայելացիները ազատագրելէ ետք անոնց հանդէպ Եհովայի վերաբերմունքը վերաքաղ ընելով, Աստուածաշունչի գրող Նէեմեայ ըսաւ. «Զանոնք իմաստուն ընելու համար քու բարի հոգիդ տուիր»։ (Նէեմեայ 9։20) Եհովայի հոգին նաեւ կրնայ օգնել մեզի որ իմաստուն ըլլանք։ Երբ Եհովայի հոգիին օգնութիւնը կը խնդրենք որ մեզի ներատեսութիւն տայ, վստահութեամբ աղօթենք, քանի որ Եհովա «ամենուն առատապէս կու տայ ու չի նախատեր»։—Յակոբու 1։5. Մատթէոս 7։7–11. 21։22

Ներատեսութիւն եւ Խորաթափանցութիւն

Պօղոս առաքեալ ներատեսութիւն ցուցաբերեց, երբ հեթանոսներուն ճշմարտութիւնը քարոզեց։ Առիթով մը, զոր օրինակ, երբ Աթէնքի մէջ կը գտնուէր, ան ‘կը պտըտէր’ ու Աթենացիներուն պաշտամունքի իրերը ‘կը զննէր’։ Պօղոս կուռքերով շրջապատուած էր, իսկ իր հոգին անհանգիստ եղաւ իր ներսիդին։ Ան որոշում պէտք էր տար։ Ապահով ընթացքը պիտի բռնէր եւ լո՞ւռ պիտի կենար, թէ ոչ՝ զինք այդքան անհանգստացուցած, ընդհանրացած կռապաշտութեան մասին համարձակութեամբ պիտի խօսէր, հակառակ անոր որ այսպէս ընելը կրնար վտանգաւոր ըլլալ։

Պօղոս ներատեսութեամբ վարուեցաւ։ Ան սեղան մը գտած էր, որու վրայ հետեւեալ գրութիւնը կար. «Անծանօթ Աստուծոյն»։ Փափկանկատութեամբ, Պօղոս գիտակցեցաւ կուռքերուն կատարած անոնց նուիրումին եւ ապա այդ սեղանը գործածեց որպէս միջոց մը ‘աշխարհը եւ անոր մէջի բոլոր բաները ստեղծած Աստուծոյ’ մասին նիւթը բերելու համար։ Այո, Եհովա այն Աստուածն էր, որու մասին անոնք չէին գիտեր։ Հետեւաբար Պօղոս այս հարցին մէջ անոնց զգայուն ըլլալը նկատի առաւ եւ կրցաւ հոյակապ վկայութիւն մը տալ։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Բազմաթիւ անհատներ ճշմարտութիւնը ընդունեցին, «որոնց մէջ էին Դիոնեսիոս Արիսպագացի եւ Դամարիս անունով կին մը եւ անոնց հետ ուրիշներ ալ»։ (Գործք 17։16–34) Ներատեսութեան ի՜նչ գեղեցիկ օրինակ հանդիսացաւ Պօղոս։

Կասկած չվերցներ որ ներատեսութիւնը դիւրութեամբ կամ ինքնաբերաբար չի գար։ Համբերութեամբ, աղօթքով, ջանադրութեամբ, իմաստուն ընկերակցութեամբ, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեամբ եւ անոր վրայ խոկումով, ինչպէս նաեւ Եհովայի սուրբ հոգիին օգնութեամբ, մենք ալ կրնանք զայն մշակել։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել