Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ97 2/1 էջ 3-6
  • Երազները ապագան կրնա՞ն գուշակել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Երազները ապագան կրնա՞ն գուշակել
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Երազներ Որոնք Աստուծմէ Չեն
  • Դաւանութիւնները Փորձեցէք
  • «Չէ՞ որ Աստուծոյ կը վերաբերին մեկնութիւնները»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
դ97 2/1 էջ 3-6

Երազները ապագան կրնա՞ն գուշակել

ՀԻՆ ժամանակներէ ի վեր, մարդկութիւնը խիստ հետաքրքրուած է երազներով։ Եգիպտացիները մեծ խնամքով պատրաստուած գրքեր ունէին երազներ մեկնաբանելու համար, իսկ Բաբելոնացիները երազագէտներ ունէին։ Յոյներու մօտ ժողովրդական սովորութիւնն էր որ հիւանդութենէ տառապող անհատներ Ըսքլէբիըսի սրբարաններուն մէջ պառկէին իրենց երազներուն մէջ բժշկական ցուցմունքներ ստանալու համար։ Մեր Հասարակ Դարաշրջանի երկրորդ դարուն, Արդեմիտորուս գիրք մը հրատարակեց, որու մէջ երազի խորհրդանիշեր մեկնաբանեց։ Անկէ ի վեր արտադրուած բազմաթիւ նոյնանման գրքեր անոր վրայ հիմնուած են։ Մինչեւ այսօր, երազներ մեկնաբանելու ջանքեր կը թափուին, սակայն երազները ապագայի դէպքերը հասկնալու իրապէս կը նպաստե՞ն։

Որպէսզի երազները ապագայի հետ կապուած նշանակութիւն մը ունենան, անոնք գերիվեր ոյժէ մը ազդուած պէտք է ըլլան։ Աստուածաշունչին մէջ բազմաթիւ պարագաներ կը գտնենք, որոնց մէջ Աստուած նոյն այդ ոյժը հայթայթեց։ Անիկա մարգարէական երազներ տուաւ իր ծառաներուն, ինչպէս նաեւ՝ զինք չպաշտողներէն ոմանց։ Արդարեւ, Յոբայ 33։14–16–ը կ’ըսէ. «Աստուած . . . կը խօսի . . . երազի մէջ, գիշերուան տեսիլքի մէջ, երբ խորունկ քուն մը կ’իյնայ մարդոց վրայ, երբ անոնք իրենց անկողիններուն մէջ կը քնանան։ Այն ատեն մարդոց ականջները կը բանայ»։

Աստուած ա՛յս էր որ ըրաւ Եգիպտոսի Փարաւոնի պարագային, Յովսէփի օրերուն՝ որ մեր Հասարակ Դարաշրջանէն 1,700 տարիներ առաջ կ’ապրէր։ Փարաւոնին երազը կը գտնուի Ծննդոց 41։1–7–ի մէջ, եւ 25–էն 32–րդ համարներուն մէջ Յովսէփ կը մեկնաբանէ զայն, նախատեսելով որ եօթը տարի «Եգիպտոսի երկրին մէջ . . . մեծ առատութիւն պիտի գայ», որուն պիտի յաջորդէր եօթը տարուան սով։ Յովսէփ բացատրեց Փարաւոնին ըսելով. «Աստուած իր ընելիքը Փարաւոնին ցուցուցեր է»։ (Ծննդոց 41։28) Երազը կը նախատեսէր ինչ որ իրապէ՛ս տեղի ունեցաւ։

Բաբելոնացիներու երեւելի մէկ թագաւորն ալ նմանօրինակ փորձառութիւն մը ունեցաւ։ Նաբուգոդոնոսոր խռովեցուցիչ երազ մը տեսաւ, բայց չէր կրնար յիշել զայն։ Ուստի իր կախարդները կանչեց, երազն ու մեկնութիւնը իրեն գիտցնելու համար։ Ասիկա պահանջ մըն էր որու անկարելի էր գոհացում տալ։—Դանիէլ 2։1–11

Քանի որ Աստուա՛ծ տուած էր երազը թագաւորին, Ան Դանիէլ մարգարէին կարողութիւնը տուաւ որ զայն յայտնէ ու մեկնաբանէ։ Դանիէլ 2։19 կ’ըսէ. «Գաղտնիքը գիշերուան տեսիլքին մէջ Դանիէլին յայտնուեցաւ»։ Դանիէլ այս երազին վարկը Աստուծո՛յ վերագրեց ըսելով. «Թագաւորին հարցուցած գաղտնիքը իմաստունները, հմայողները, մոգերը ու բաղդ նայողները թագաւորին յայտնելու կարող չեղան։ Բայց երկնքի մէջ գաղտնիքները յայտնող Աստուած մը կայ, որ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին կը յայտնէ ինչ որ վերջին օրերը պիտի ըլլայ»։—Դանիէլ 2։27, 28

Ատեններ, Աստուած երազներու միջոցաւ ցուցմունքներ կու տար իր ժողովուրդին, իսկ երբեմն իր հաճութեան երաշխիքը կու տար, կամ կ’օգնէր անոնց որ հասկնային թէ ի՛նչ կերպով կ’օգնէր իրենց։ Յակոբի պարագային, Աստուած իր հաճութիւնը ցուցուց երազի մը միջոցաւ։—Ծննդոց 48։3, 4

Երբ Յիսուսի խորթ հայրը՝ Յովսէփ, իմացաւ թէ Մարիամ յղի էր, որոշեց արձակել զայն։ Ապա ան երազի մէջ ցուցմունքներ ստացաւ որ այդ քայլը չառնէ։ Մատթէոս 1։20 կ’ըսէ. «Երբ անիկա այս բանը կը մտածէր, ահա Տէրոջը հրեշտակը երազի մէջ երեւցաւ անոր ու ըսաւ. ‘Յ՛ովսէփ, Դաւիթի որդի, մի՛ վախնար Մարիամը իբր կին առնելէ, վասն զի անոր ներսիդին ծնածը Սուրբ Հոգիէն է»։ Հետագային, ան երազով հետեւեալ ազդարարութիւնը ստացաւ. «Երբ անկէ գացին անոնք, ահա Տէրոջը հրեշտակը երազի մէջ երեւցաւ Յովսէփին ու ըսաւ. ‘Ելի՛ր, առ մանուկը ու անոր մայրը ու Եգիպտոս փախիր’»։—Մատթէոս 2։13

Երազներ Որոնք Աստուծմէ Չեն

Այն իրողութիւնը թէ երազ մեկնաբանելը Աստուծոյ ժողովուրդէն չեղողներու համար սովորական բան մըն էր, ցոյց կու տայ թէ առհասարակ, երազները ապագան յայտնող վստահելի աղբիւրներ չեն կրնար ըլլալ։ Աստուծոյ մարգարէին՝ Երեմիայի օրերուն, սուտ մարգարէները կ’ըսէին. «Երազ տեսայ, երազ տեսայ»։ (Երեմեայ 23։25) Անոնց նպատակն էր ժողովուրդը մոլորեցնել, մտածել տալով թէ Աստուած իրենց միջոցաւ կը խօսէր։ Այս երազներուն նկատմամբ Երեմիա ներշնչուեցաւ ըսելու. «Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Ձեր մէջ եղող ձեր մարգարէները ու ձեր բաղդ նայողները ձեզ թող չխաբեն եւ ձեր տեսած երազներուն մտիկ մի՛ ընէք։ Վասն զի իմ անունովս սուտ մարգարէութիւններ կ’ընեն ձեզի’»։—Երեմեայ 29։8, 9

Քանի որ այս սուտ մարգարէները «բաղդ նայողներ» էին, կրնար ըլլալ որ իրենց երազները չար ոգիներու կողմէ ներշնչուած ըլլային, մարդիկը խաբելու համար։ Նոյն բանը մատնանշուած է Զաքարեայ 10։2–ի մէջ. «Թերափիմները ունայնութիւն խօսեցան ու գուշակութիւն ընողները ստութիւն տեսան եւ սուտ երազներ պատմեցին»։

Սատանան վարպետ խաբեբայ է, որ հազարաւոր տարիներէ ի վեր կրօնական առաջնորդները գործածած է ստախօսութեամբ դաւանելու թէ Աստուած երազներու եւ տեսիլքներու միջոցաւ խօսած է իրենց, ճիշդ ինչպէս որ ըրին Երեմիայի եւ Զաքարիայի օրերու սուտ մարգարէները։ Այսպիսիներուն նկատմամբ, Աստուածաշունչի ներշնչեալ գրող՝ Յուդան, առաջին դարու Քրիստոնեաներուն հետեւեալը գրեց. «Մէկ քանի մարդիկ գաղտուկ մտան, որ առաջուընէ այս դատապարտութեանը համար որոշուած էին, ամբարիշտներ, որոնք մեր Աստուծոյն շնորհքը անառակութեան դարձուցին եւ միակ Իշխանը ու մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը ուրացան»։ Ան ըսաւ որ այս մարդիկը որպէս թէ «ցնորածներ» [«երազախօսներ», ՆԱ] էին։—Յուդա 4, 8

Դաւանութիւնները Փորձեցէք

Անհատ մը կրնայ դաւանիլ որ Աստուած իրեն երազի մը միջոցաւ խօսեցաւ եւ կամ ապագայի դէպքերու նկատմամբ իր երազները իրականացան, սակայն ատիկա բաւարար պատճառ մը չէ իրեն հաւատալու եւ կուրօրէն իրեն հետեւելու։ Նկատեցէք Իսրայելացիներուն տրուած գրաւոր ցուցմունքները Բ. Օրինաց 13։1–3, 5–ի մէջ. «Եթէ ձեր մէջէն մարգարէ մը կամ երազատես մը ելլէ ու ձեզի նշան մը կամ հրաշք մը ընէ եւ ձեզի ըրած նշանը կամ հրաշքը կատարուի ու ձեզի ըսէ թէ երթանք օտար աստուածներ պաշտենք, որոնք դուք չէք ճանչցած, այն մարգարէին կամ երազատեսին խօսքին մտիկ մի՛ ընէք։ . . . Այն մարգարէն կամ երազատեսը պէտք է մեռցուի»։ Աստուած արտօնեց որ անոնք ստութիւններ խօսին, իր ժողովուրդին հաւատարմութիւնը փորձի ենթարկելու համար։

Փոխանակ հրապուրիչ երազատեսներու դաւանութիւններուն կուրօրէն հաւատալու, իմաստուն ընթացքը պիտի ըլլար իրենց դաւանութիւնները փորձել, խուսափելու համար անտեսանելի վարպետ խաբեբային կողմէ մոլորելէ, որ «բոլոր աշխարհ մոլորեցուց»։ (Յայտնութիւն 12։9) Սակայն անոնք ինչպէ՞ս կրնան վստահելիօրէն փորձի ենթարկուիլ։

Աստուծոյ գրաւոր Խօսքը ճշմարտութեան առաջնորդող մեր աստուածատուր ուղեցոյցն է։ Անոր մասին Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Քու խօսքդ ճշմարտութիւն է»։ (Յովհաննու 17։17) Ուստի մեզի յորդոր կը տրուի Ա. Յովհաննու 4։1–ի մէջ. «Սի՛րելիներ, ամէն հոգիի [«ներշնչուած արտայայտութեան», ՆԱ] մի՛ հաւատաք, հապա հոգիները [«ներշնչուած արտայայտութիւնները», ՆԱ] փորձեցէք՝ թէ արդեօք Աստուծմէ՞ են. վասն զի աշխարհի մէջ շատ սուտ մարգարէներ ելած են»։ Երբ Աստուածաշունչին հետ ուշադրութեամբ բաղդատուին, անոնց դաւանութիւնները, փիլիսոփայութիւնները եւ գործերը պիտի հակասեն անոր։ Աստուծոյ Խօ՛սքը հեղինակութիւնը ունի որոշելու թէ ինչ է ճշմարտութիւնը։

Մասնայատուկ գիտութիւն ունենալ դաւանող երազատեսը արդեօք գուշակութիւն կամ ոգեհարցութի՞ւն կը գործածէ։ Եթէ այդ է պարագան, ան Աստուծոյ Խօսքին կողմէ դատապարտուած է։ «Ձեր մէջ թող չգտնուի այնպիսի մարդ մը, որ . . . բաղդ նայի կամ գուշակութիւն կամ հմայութիւն եւ կամ դիւթութիւն ընէ. նաեւ կախարդ կամ վհուկ կամ նշանագէտ կամ մեռելահմայ թող չգտնուի. վասն զի ով որ այս բաները ընէ, Տէրոջը առջեւ գարշելի կ’ըլլայ»։—Բ. Օրինաց 18։10–12

Եթէ ան դաւանի որ իր մէջ անմահ հոգի մը ունի, Աստուծոյ Խօսքին հակասած կ’ըլլայ, որ յստակօրէն կը նշէ. «Այն անձը [«հոգին», ՆԱ], որ մեղք կը գործէ, պիտի մեռնի»։ (Եզեկիէլ 18։4) Արդեօք ան ինքզինքը կը բարձրացնէ՞, իր ետեւէն հետեւորդներ քաշելով։ Մատթէոս 23։12–ը կը զգուշացնէ ըսելով. «Ով որ իր անձը բարձրացնէ, պիտի խոնարհի»։ Իսկ Գործք Առաքելոց 20։30–ը Քրիստոնեաները կ’ազդարարէ ըսելով. «Ձեզմէ ալ այնպիսի՛ մարդիկ պիտի ելլեն, որոնք ծուռ բաներ պիտի խօսին՝ աշակերտները իրենց ետեւէն քաշելու համար»։

Ան բռնարարքներ կը ջատագովէ՞։ Յակոբու 3։17, 18 կը դատապարտէ զինք ըսելով. «Վերին իմաստութիւնը նախ՝ սուրբ է, ետքը՝ խաղաղարար, հեզ, հլու, ողորմութիւնով ու բարի պտուղներով լեցուն, անկողմնակալ ու անկեղծ։ Արդարութեան պտուղը խաղաղութիւնով կը սերմանուի անոնց՝ որոնք խաղաղութիւն կ’ընեն»։ Արդեօք ան այս աշխարհի մէջ քաղաքական հեղինակութիւն կամ ազդեցութիւն կը հետապնդէ՞։ Աստուծոյ Խօսքը ուժգնութեամբ կը դատապարտէ զինք ըսելով. «Ով որ կ’ուզէ աշխարհին բարեկամ ըլլալ, ինքզինք Աստուծոյ թշնամի կ’ընէ»։ Այսպէս, Աստուածաշունչը կը քօղազերծէ ինչ որ սուտ է։—Յակոբու 4։4

Եթէ անհատ մը երազին մէջ ընտանիքի մէկ անդամին կամ բարեկամի մը մահը տեսնէ, հաւանաբար պատճաոը այն է որ մտահոգուած է այդ անհատով։ Եթէ անհատը ճիշդ իր տեսած երազին գիշերը մահանայ, ասիկա ինքնին չի փաստեր թէ երազը մարգարէական էր։ Երեւութապէս իրականացած այսպիսի իւրաքանչիւր երազի դիմաց, հարիւրաւոր երազներ չեն իրականանար։

Թէեւ անցեալին, երբ իր գրաւոր Խօսքը կը պատրաստուէր, Աստուած երազներ գործածե՛ց մարգարէական դէպքեր յայտնելու եւ ցուցմունքներ տալու համար, սակայն այսօր կարիքը չունի այդպէս ընելու։ Այդ գրաւոր Խօսքը մարդկութեան համար հիմա պէտք եղած աստուածային բոլոր ցուցմունքները կը պարունակէ, իսկ անոր մարգարէութիւնները աւելի քան հազար տարիներ ետք կատարուելիք դէպքերու հետ կապ ունին։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17) Ուստի, վստահ կրնանք ըլլալ որ Աստուած մեր երազներով ապագայ դէպքեր չի մատնանշեր մեզի, այլ անոնք մեր մտային բարօրութիւնը պահպանելու համար ուղեղին անհրաժեշտ եղող գործողութիւններուն մաս կը կազմեն։

[Նկար՝ էջ 6]

Ինչպէս որ Փարաւոնին երազը պատահելիք դէպք մը ցոյց տուաւ, Աստուծոյ Խօսքը մեր ապագային վրայ լոյս կը սփռէ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել