Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
1997–ի տարուան համարը. «Սորվեցո՛ւր ինծի որ քու կամքդ ընեմ»։—Սաղմոս 143։10
Դեկտեմբեր 1—Այն ատեն Մովսէս բանակին դուռը կայնեցաւ ու ըսաւ. «Ով որ Տէրոջը կողմէն է, թող ինծի գայ»։ Ղեւիի բոլոր որդիները անոր քով հաւաքուեցան։—Ել. 32։26, Դիտ. 9/1/96 5, 6գ
Դեկտեմբեր 2—Ասոնք Թեսաղոնիկէի մէջ եղողներէն աւելի ազնիւ մարդիկ էին, որոնք Աստուծոյ խօսքը կատարեալ յօժարութեամբ ընդունեցին եւ ամէն օր գրքերը կը քննէին թէ [Պօղոսի կողմէ ըսուած] այս բաները ճի՞շդ են։—Գործք 17։11, Դիտ. 8/1/96 5, 7գ
Դեկտեմբեր 3—Երբ տեսնէք աւերմունքին պղծութիւնը՝ . . . այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին։—Մատթ. 24։15, 16, Դիտ. 9/1/96 11, 12, 15ա
Դեկտեմբեր 4—Լեզուն պզտիկ անդամ մ’է, բայց մեծ բաներ կը խօսի։ Ահա քիչ մը կրակը ո՛րչափ բան բոցի կու տայ։—Յակ. 3։5, Դիտ. 10/1/96 9, 10դ
Դեկտեմբեր 5—Հոգին ու հարսը [օծեալ մնացորդը] կ’ըսեն. «Եկո՛ւր» եւ ան որ կը լսէ՝ թող ըսէ. «Եկո՛ւր» ու ան որ ծարաւ է՝ թող գայ եւ ան որ կ’ուզէ՝ կենաց ջուրը թող ձրի առնէ։—Յայտ. 22։17, Դիտ. 10/1/96 8բ
Դեկտեմբեր 6—Ազգերուն բոլոր լեզուներէն տասը մարդ մէկուն քղանցքը պիտի բռնեն՝ այսինքն Հրեայ եղող մարդուն քղանցքը պիտի բռնեն ու ըսեն. «Ձեզի հետ երթանք, քանզի լսեցինք թէ Աստուած ձեզի հետ է»։—Զաք. 8։23, Դիտ. 2/1/96 18, 19գ
Դեկտեմբեր 7—Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ։—Մատթ. 24։14, Դիտ. 11/1/95 8, 9ա
Դեկտեմբեր 8—Զայն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք։—Ղուկ. 20։25, Դիտ. 10/1/96 15դ
Դեկտեմբեր 9—Քրիստոսը [«Եհովան», ՆԱ] չփորձենք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք փորձեցին ու օձերէն խայթուելով մեռան։—Ա. Կորն. 10։9, Դիտ. 9/1/96 11, 12գ
Դեկտեմբեր 10—Երուսաղէմի վրայ եկած բոլոր ազգերուն մնացորդները ամէն տարի Թագաւորին զօրքերու Տէրոջը, երկրպագութիւն ընելու եւ տաղաւարահարներու տօնը կատարելու պիտի գան։—Զաք. 14։16, Դիտ. 10/1/96 13բ
Դեկտեմբեր 11—Սուրբ Հոգին ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք ու ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը։—Գործք 1։8, Դիտ. 1/1/96 5ա
Դեկտեմբեր 12—Եթէ կերակուրը կը գայթակղեցնէ իմ եղբայրս, միս պիտի չուտեմ յաւիտեան՝ որպէս զի իմ եղբայրս չգայթակղեցնեմ։—Ա. Կորն. 8։13, Դիտ. 10/1/96 16դ
Դեկտեմբեր 13—Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ։—Մատթ. 24։14, Դիտ. 3/1/96 13, 14ա
Դեկտեմբեր 14—Անկէ ետքը տեսայ մեծ բազմութիւն մը, որ մէ՛կը չէր կրնար համրել, բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն, որոնք աթոռին առջեւ ու Գառնուկին առջեւ կեցեր էին՝ ճերմակ հանդերձներ հագած եւ ձեռքերնին արմաւենիներ բռնած։—Յայտ. 7։9, Դիտ. 10/1/96 16բ
Դեկտեմբեր 15—Ան որ մեղքի մեռած է, մեղքէ արդարացած է։—Հռովմ. 6։7, Դիտ. 3/1/96 16, 17գ
Դեկտեմբեր 16—Եթէ մեր սրտերը մեզ մեղադրեն, . . . Աստուած մեր սրտերէն մեծ է եւ ամէն բան գիտէ։—Ա. Յովհ. 3։20, Դիտ. 4/1/96 5, 6ա
Դեկտեմբեր 17—Վերին իմաստութիւնը նախ՝ սուրբ է, ետքը՝ խաղաղարար, հեզ, հլու, ողորմութիւնով ու բարի պտուղներով լեցուն, անկողմնակալ ու անկեղծ։—Յակ. 3։17, Դիտ. 2/1/96 8, 9ա
Դեկտեմբեր 18—Իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ։—Մատթ. 11։30, Դիտ. 11/1/95 5, 11, 12գ
Դեկտեմբեր 19—Ասկէ աւելի մեծ ուրախութիւն չունիմ, երբ կը լսեմ թէ իմ որդիներս ճշմարտութեան մէջ կը քալեն։—Գ. Յովհ. 4, Դիտ. 10/1/96 6, 7դ
Դեկտեմբեր 20—Անկէ ետք կու գայ վախճանը, երբ թագաւորութիւնը պիտի տայ Հօր Աստուծոյ ձեռքը, երբ խափանէ ամէն իշխանութիւն եւ ամէն պետութիւն ու զօրութիւն։—Ա. Կորն. 15։24, Դիտ. 10/1/96 17, 18բ
Դեկտեմբեր 21—[Առաքեալները եւ ուրիշ եղբայրներ] այս բաները լսելով՝ ձայներնին կտրեցին եւ Աստուած կը փառաւորէին ու կ’ըսէին. «Ուրեմն Աստուած հեթանոսներուն ալ կեանքի համար ապաշխարութիւն տուաւ»։—Գործք 11։18, Դիտ. 10/1/96 4, 5դ
Դեկտեմբեր 22—[Եհովան] բարութիւն մը պիտի չպակսեցնէ ուղղութեամբ քալողներէն։ Ո՛վ զօրաց Տէր, երանելի՜ է քեզի յուսացող մարդը։—Սաղմ. 84։11, 12, Դիտ. 5/1/96 16, 17բ
Դեկտեմբեր 23—‘Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, որ դուք ալ մէկզմէկ սիրէք’։ Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք։—Յովհ. 13։34, 35, Դիտ. 7/1/96 8, 9գ
Դեկտեմբեր 24—Ջանա՛ քու անձդ ընտիր ցուցնելու Աստուծոյ առջեւ, այնպիսի բանուոր մը ըլլալով, որ պիտի չամչնայ ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրելով։—Բ. Տիմ. 2։15, Դիտ. 8/1/96 8գ
Դեկտեմբեր 25—Իմ անձս գերեզմանին մէջ պիտի չթողուս ու քու Սուրբիդ ալ ապականութիւն տեսնել պիտի չտաս։—Գործք 2։27, Դիտ. 6/1/96 12, 13բ
Դեկտեմբեր 26—Ահա ո՜րչափ բարի ու ո՜րչափ վայելուչ է որ եղբայրները իրարու հետ միաբանութեամբ բնակին։—Սաղմ. 133։1, Դիտ. 10/1/96 19–21գ
Դեկտեմբեր 27—Այն ատեն կոյրերուն աչքերը պիտի բացուին ու խուլերուն ականջները պիտի բացուին։ Այն ատեն կաղը եղջերուի պէս պիտի ցատկռտէ ու համրին լեզուն օրհնութիւն պիտի երգէ, քանզի անապատին մէջ ջուրեր ու անբնակ երկրին մէջ հեղեղներ պիտի բխին։—Եսայ. 35։5, 6, Դիտ. 5/1/96 12, 13դ
Դեկտեմբեր 28—Ինծի սպասեցէ՛ք, կ’ըսէ Տէրը։—Սոփ. 3։8, Դիտ. 6/1/96 13, 14ա
Դեկտեմբեր 29—Ամէնքս ալ Քրիստոսին [«Աստուծոյ», ՆԱ] ատեանին առջեւ պիտի կանգնինք։—Հռովմ. 14։10, Դիտ. 8/1/96 18, 19ա
Դեկտեմբեր 30—Ասոնք տրտնջողներ ու քրթմնջողներ են, որոնք իրենց ցանկութիւններուն համեմատ կ’երթան։—Յուդա 16, Դիտ. 9/1/96 13, 14գ
Դեկտեմբեր 31—Տէ՛ր, ո՞վ պիտի չվախնայ քեզմէ ու քու անունդ չփառաւորէ, վասն զի Դո՛ւն միայն սուրբ [«հաւատարիմ», ՆԱ] ես։—Յայտ. 15։4, Դիտ. 10/1/96 10, 12բ