Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ99 5/1 էջ 3
  • Ո՞րքան երկար կրնանք ապրիլ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ո՞րքան երկար կրնանք ապրիլ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Հարցումներ ընթերցողներէն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
  • Մենք ստեղծուած ենք յաւիտեան ապրելու
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2019
  • Տարեցները երիտասարդներուն օրհնութիւն մըն են
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
  • Աստուծոյ կողմէ «իշխանուհի» կոչուեցաւ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
դ99 5/1 էջ 3

Ո՞րքան երկար կրնանք ապրիլ

Ընդհանուր առմամբ, ներկայիս մարդիկ աւելի երկար կ’ապրին, որու պատճառաւ շատեր հարց կու տան՝ ‘Ո՞րքան երկար կրնանք ապրիլ’

ՓԻԷՐ Ժուպէր ընդհանուրին կողմէ ընդունուած է որպէս ամենէն երկար ապրած մարդը՝ (1995) Պրիթանիքա Նոր Համայնագիտարան–ին համաձայն։ 1814–ին, ան մեռաւ 113 տարեկանին։ Ճիշդ է որ ըսուած է թէ ուրիշներ աւելի երկար ապրած են, բայց անոնց տարիքին վաւերական ապացոյց չկայ։ Սակայն, ճշգրիտ փաստագրութիւններ կան թէ բաւական անհատներ Փիէր Ժուպէրէն աւելի երկար ապրած են։

Ժան Լուիզ Գալման 21 Փետրուար 1875–ին ծնած էր Ֆրանսայի հարաւ–արեւելքը գտնուող Արլ քաղաքին մէջ։ 4 Օգոստոս 1997–ին անոր մահը՝ աւելի քան 122 տարի ետք՝ շատ աղմուկ հանեց։ 1986–ին, Ճափոնէն Շիկէչիյօ Իզումի 120 տարեկանին մեռաւ։ Կինէսի 1999–ի Մրցանիշներու Գիրք–ը կը ցուցակագրէ 118 տարեկան Սառա Նոսը, որպէս ամենատարեց անհատը, այդ գրականութիւնը գրուած ժամանակ։ Ան ծնած էր 24 Սեպտեմբեր 1880–ին, Փէնսիլվանիոյ մէջ (Ա.Մ.Ն.)։ Երբ Գէպէգի մէջ, Գանատա, Մարի Լուիզ Ֆէպրոնի Մէյէօր 1998–ին մեռաւ 118 տարեկանին, ան Սառայէն 26 օր աւելի մեծ էր։

Արդարեւ, շատ տարեցներուն թիւը յանկարծ վերելք մը ստացած է։ Մինչեւ յաջորդ դարու կիսուն, կը կարծուի որ հարիւրամեաներուն թիւը 2.2 միլիոնէն աւելի պիտի ըլլայ։ Նմանապէս, 1970–ին, 80 եւ աւելի տարիք ունեցողներուն թիւը 26.7 միլիոնէն՝ 66 միլիոնի բարձրացաւ 1998–ին։ Ասիկա 147 առ հարիւր յաւելում մըն է, համեմատած աշխարհի ընդհանուր բնակչութեան 60 առ հարիւր յաւելումին հետ։

Իսկ հարցը պարզապէս այդ չէ թէ մարդիկ աւելի երկար կ’ապրին։ Անոնցմէ շատեր տակաւին այնպիսի բաներ կ’ընեն որ 20 տարու եղողներէն շատեր չեն կրնար ընել։ 1990–ին, 82 տարեկան Ճոն Գէլին մարաթոն մը՝ 42,195 մեթր վազք մը՝ աւարտեց, հինգ ժամ ու հինգ վայրկեանի մէջ։ 1991–ին, 84 տարու մեծ–տատ մը, Մէյվիս Լինտկրէն, այդ նոյն հեռաւորութիւնը եօթը ժամ եւ ինը վայրկեանէն կտրեց։ Իսկ աւելի վերջերս, 91 տարու մարդ մը Նիւ Եորք Քաղաքի Մարաթոնը աւարտեց։

Անշուշտ ըսել չենք ուզեր որ անցեալի տարեցները ապշեցուցիչ սխրագործութիւններ չեն ըրած։ 99 տարեկանին, Աստուածաշունչի նահապետներէն մէկը, Աբրահամ, իր հիւրերը ‘դիմաւորելու համար վազեց’։ 85 տարեկան Քաղէբ ըսաւ. «Այն ատենուան զօրութիւնս [45 տարի առաջ] ինչպէս էր, հիմակուան զօրութիւնս ալ նոյնպէս է՝ . . . ելլելու ու մտնելու համար»։ Իսկ Աստուածաշունչը Մովսէսի մասին կ’ըսէ թէ 120 տարեկանին, «անոր աչքերը չտկարացան ու անոր ոյժը չգնաց»։—Ծննդոց 18։2. Յեսուայ 14։10, 11. Բ. Օրինաց 34։7

Յիսուս Քրիստոս խօսեցաւ առաջին մարդուն՝ Ադամի, եւ տապան շինող Նոյի մասին, որպէս պատմական անձնաւորութիւններ։ (Մատթէոս 19։4-6. 24։37-39) Ծննդոցը կ’ըսէ որ Ադամ մինչեւ 930 տարի ապրեցաւ, իսկ Նոյ՝ 950 տարի։ (Ծննդոց 5։5. 9։29) Մարդիկ իրապէս այդքան երկար ապրեցա՞ն։ Արդեօք մենք անոնցմէ աւելի երկար, կամ թերեւս յաւիտեան կրնա՞նք ապրիլ։ Հաճեցէք յաջորդ յօդուածին մէջի ապացոյցները նկատի առնել։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել