Յաւիտենական կեանք իրապէս կարելի՞ է
«Վարդապետ, ի՞նչ բարի գործ գործեմ, որպէս զի յաւիտենական կեանքը ընդունիմ»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 19։16
1. Մեր կեանքի երկարութեան մասին ի՞նչ կրնայ ըսուիլ։
ՊԱՐՍԻԿ Քսերքսես Թագաւորը, որ Աստուածաշունչին մէջ ճանչցուած է որպէս Ասուերոս, Հ.Դ.Ա. 480–ին պատերազմէ մը առաջ իր բանակը աչքէ կ’անցընէր։ (Եսթերայ 1։1, 2) Յոյն պատմաբան Հերոդոտոսի համաձայն, թագաւորին աչքերէն արցունքներ հոսեցան, մինչ իր մարդիկը կը դիտէր։ Ինչո՞ւ։ Քսերքսես ըսաւ. «Երբ մարդու կեանքին կարճատեւ ըլլալուն մասին մտածեմ՝ սիրտս կը ցաւի։ Քանի որ այս մարդոցմէ ոեւէ մէկը ողջ պիտի չըլլայ, հարիւր տարի ետք»։ Անկասկած դուք ալ նկատած էք որ կեանքը դժբախտաբար շա՜տ կարճ է եւ ոեւէ մէկը չ’ուզեր ծերանալ, հիւանդանալ ու մեռնիլ։ Ա՜խ, երանի կարենայինք երիտասարդական կայտառութեամբ եւ ուրախութեամբ շարունակել կեանքը։—Յոբայ 14։1, 2
2. Շատեր ի՞նչ յոյս կը սնուցանեն եւ ինչո՛ւ։
2 Յատկանշականօրէն Տը Նիու Եորք Թայմզ Պարբերաթերթ–ի 28 Սեպտեմբեր 1997–ի համարին մէջ յօդուած մը կար՝ «Անոնք կ’Ուզեն Ապրիլ» խորագրով։ Հետախոյզի մը խօսքերը մէջբերուած էին, որ կ’ըսէր. «Իրապէս կը հաւատամ որ մենք կրնանք յաւիտեան ապրող առաջին սերունդը ըլլալ»։ Թերեւս դուք ալ կը հաւատաք որ կարելի է յաւիտեան ապրիլ։ Այդպէս կրնաք խորհիլ, որովհետեւ Աստուածաշունչը կը խոստանայ որ կրնանք յաւիտեան ապրիլ հոս երկրի վրայ։ (Սաղմոս 37։29. Յայտնութիւն 21։3, 4) Սակայն, ոմանք կը խորհին որ կարելի է յաւիտեան ապրիլ, Աստուածաշունչի յիշած պատճառներէն տարբեր պատճառներով։ Այդ պատճառներէն քանի մը հատը նկատի առնելը պիտի օգնէ մեզի որ գնահատենք, թէ յաւիտենական կեանքը իրապէս կարելի է։
Յաւիտեան Ապրելու Համար Շինուած
3, 4. (ա) Ինչո՞ւ շատեր կը հաւատան որ պէտք է կարող ըլլանք յաւիտեան ապրելու։ (բ) Դաւիթ ի՞նչ ըսաւ իր կազմուածքին մասին։
3 Մեր հոյակապ կերպով շինուած ըլլալը, պատճառներէն մէկն է ոմանց խորհիլ տալու, թէ մարդիկ կրնան յաւիտեան ապրիլ։ Օրինակ, մեր մօրը արգանդին մէջ մեր կազմուիլը իրապէս հրաշք մըն է։ Ծերութեան մասին մասնագէտ մը գրեց. «Յղացումէն մինչեւ ծնունդ, ապա սեռային հասունութեան եւ չափահասութեան տանող հրաշքները կատարելէն ետք, բնութիւնը ընտրած է չսարքել աւելի տարրական թուող կառուցուածք մը, այդ հրաշքները յաւիտեան պահպանելու համար»։ Նկատելով մեր հրաշալի կերպով կառուցուած ըլլալը, կը հարցնենք. Ինչո՞ւ պէտք է մեռնինք։
4 Հազարամեակներ առաջ, Աստուածաշունչը գրողներէն մէկը՝ Դաւիթ, խոկաց այս հրաշքներու մասին, հակառակ անոր որ այսօրուան գիտնականներուն նման, կարելիութիւնը չունէր արգանդի մը ներքնամասը տեսնելու։ Դաւիթ իր անձնական կազմուածքին մասին կը խորհրդածէր երբ ըսաւ, որ ‘ծածկուած էր իր մօրը որովայնին մէջ’։ Ան ըսաւ թէ այդ ժամանակ, ‘իր երիկամունքները ստեղծուեցան’։ Ան խօսեցաւ նաեւ իր ‘ոսկորներուն’ կազմուելուն մասին, երբ ըսաւ որ «գաղտուկ տեղը շինուեցայ»։ Դաւիթ ետքը խօսեցաւ ‘սաղմին’ մասին, եւ իր մօրը որովայնին մէջի սաղմին ակնարկելով ըսաւ. ‘Անոր անդամներուն բոլորը գրուած էին’։—Սաղմոս 139։13-16, ՆԱ։
5. Արգանդին մէջ կազմուելու ժամանակ ի՞նչպիսի հրաշքներ պարփակուած են։
5 Բացայայտ է որ իր մօրը որովայնին մէջ Դաւիթի կազմուելուն համար բառացիօրէն ձեռագիր խաժատիպեր չկային։ Բայց երբ Դաւիթ խորհեցաւ իր ‘երիկամունքներուն’, ‘ոսկորներուն’ եւ մարմնի ուրիշ անդամներուն շինուածքին մասին, իրեն այնպէս թուեցաւ որ անոնց աճումը ծրագրուած էր, որպէս թէ ամէն բան «գրուած» ըլլար։ Կարծէք մօրը մէջ բեղմնաւորուած բջիջ մը, մեծ սենեակ մը ունի գրքերով լեցուն, մարդկային մարմին մը ի՛նչպէս կազմելու մասին մանրամասն տեղեկութիւններ պարունակող, եւ այս բարդ տեղեկութիւնները կը փոխանցուին յայտնուող եկող իւրաքանչիւր բջիջին։ Հետեւաբար Սայէնս Ուորլտ (Անգլերէն) պարբերաթերթը հետեւեալ փոխաբերութիւնը կը գործածէ. ‘զարգացող սաղմին մէջի իւրաքանչիւր բջիջ, խաժատիպերու լրիւ պահարան մը ունի’։
6. Ի՞նչ փաստեր ունինք որ «զարմանալի կերպով» ստեղծուած ենք, ինչպէս Դաւիթ գրեց։
6 Երբեք մտածա՞ծ էք մեր մարմիններու հրաշալի գործելակերպին մասին։ Կենսաբան Ճէրըտ Տայմընտ նշեց. «Մեր աղիքին ներքնամասի բջիջները ամէն մի քանի օր անգամ մը կը փոխարինուին, միզապարկին ներքնամասի բջիջները՝ երկու ամիսը անգամ մը, իսկ արեան կարմիր գնդիկները՝ չորս ամիսը անգամ մը»։ Ան եզրակացուց. «Բնութիւնը ամէն օր մեզ կ’անջատէ ու դարձեալ իրարու կը միացնէ»։ Իրականութեան մէջ ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Կը նշանակէ, որ քանի տարի ալ ապրինք՝ 8, 80, թէ 800, մեր ֆիզիքական մարմինը շատ երիտասարդ կը մնայ։ Գիտնական մը, առիթով մը հետեւեալ հաշիւը ըրաւ. «Մէկ տարուան մէջ, հիմա մեր մէջ գտնուող հիւլէներուն շուրջ 98 տոկոսը պիտի փոխարինուի ուրիշ հիւլէներով, որոնք մեր շնչած օդին, կերակուրին եւ խմիչքին միջոցաւ մեր մարմնին մէջ կը ստանանք»։ Ինչպէս Դաւիթ փառաբանեց, իրապէս «զարմանալի կերպով» ստեղծուած ենք։—Սաղմոս 139։14
7. Մեր ֆիզիքական մարմնի ծրագրուած կերպին վրայ հիմնուելով, շատեր ի՞նչ եզրակացութեան յանգած են։
7 Ուստի, մեր ֆիզիքական մարմիններուն ծրագրուած կերպին վրայ հիմնուելով, ծերութեան մասնագէտ մը ըսաւ. «Բացայայտ չէ թէ ինչո՛ւ ծերութիւն պիտի ըլլայ»։ Իրապէս կը թուի թէ մենք պէտք է յաւիտեան ապրինք։ Ասոր համար է որ մարդիկ կը ջանան իրենց արուեստագիտութեամբ հասնիլ այս նպատակին։ Վերջերս Տոքթ. Էլվին Սիլվըրշթայն, Մահուան Վրայ Յաղթանակ խորագրով իր գրքին մէջ վստահութեամբ գրեց. «Կեանքի բուն գաղտնիքը պիտի լուծենք։ Պիտի հասկնանք թէ . . . անհատ մը ի՛նչպէս կը ծերանայ»։ Ի՞նչ հետեւանք ակնկալելով։ Ան նախագուշակեց. «Այլեւս ‘ծերեր’ գոյութիւն պիտի չունենան, քանի որ մահուան վրայ յաղթանակ տանող գիտութիւնը՝ յաւիտենական երիտասարդութիւն պիտի բերէ»։ Մարդու կազմուածքին առնչութեամբ գիտական արդի հետազօտութիւնները նկատի առնելով, արդեօք յաւիտենական կեանքի գաղափարը անիրապա՞շտ կը թուի։ Տակաւին աւելի զօրաւոր պատճառ մը ունինք հաւատալու, որ յաւիտենական կեանքը կարելի է։
Յաւիտեան Ապրելու Փափաքը
8, 9. Պատմութեան տեւողութեան, բնական եղող ի՞նչ փափաք սնուցանած են մարդիկ։
8 Բնաւ նշմարա՞ծ էիք որ յաւիտեան ապրիլը մարդկային բնական փափաք մըն է։ Գերմանական լրագրի մը մէջ գրելով, բժիշկ մը ըսաւ որ «յաւիտենական կեանքի երազը հաւանաբար մարդկութեան չափ հին է»։ Հին Եւրոպացիներէն ոմանց հաւատալիքները նկարագրելով, Պրիթանիքա Նոր Համայնագիտարանը կը նշէ. «Արժէքաւոր անհատներ յաւիտեան պիտի ապրին, ոսկիով պատուած շողշողուն դղեակի մը մէջ»։ Յաւիտենական կեանքի հիմնական փափաքին գոհացում տալու համար, մարդիկ որքա՜ն հեռու գացած են։
9 Ամերիքանա Համայնագիտարան–ը դիտել կու տայ որ աւելի քան 2,000 տարիներ առաջ, Չինաստանի մէջ «Թաոյական քահանաներու առաջնորդութեան ներքեւ, կայսրերը, ինչպէս նաեւ [հասարակ] ժողովուրդը, աշխատանքը լքեցին, որպէսզի փնտռեն կենսաջուրը»՝ այդպէս կոչուած, երիտասարդութեան աղբիւրը։ Արդարեւ, ամբողջ պատմութեան ընթացքին, մարդիկ հաւատացած են որ այլազան բաղադրութիւններ գործածելով, կամ նոյնիսկ որոշ ջուրեր խմելով, կրնան երիտասարդ մնալ։
10. Արդի ի՞նչ փորձեր եղած են կեանքը երկարելու համար։
10 Ներկայիս ալ նուազ ուշագրաւ չեն յաւիտենական կեանքի բնածին փափաքին գոհացում տալու համար թափուած ջանքերը։ Ասոր ցցուն մէկ օրինակն է, հիւանդութենէ մահացած անհատին դիակը սառեցնելու սովորութիւնը, յուսալով որ ապագային օր մը այդ հիւանդութեան բուժում կարելի ըլլայ գտնել ու անոր կեանքը վերահաստատել։ Սառեցում կոչուած այս սովորութեան ջատագովներէն մէկը գրեց. «Եթէ մեր լաւատեսութիւնը արդարացուի եւ սորվինք բոլոր վնասները բուժել կամ դարմանել՝ մէջը ըլլալով ծերութեան տկարութիւնները՝ այդ պարագային անոնք որոնք հիմա կը ‘մեռնին’, ապագային անվերջ կեանք մը պիտի ունենան»։
11. Մարդիկ ինչո՞ւ յաւիտեան ապրիլ կը փափաքին։
11 Հարց կրնանք տալ թէ, յաւիտենական կեանքի այս ցանկութիւնը մեր մտքին մէջ ինչո՞ւ այսքան զօրաւոր կերպով զետեղուած է։ Քանի որ «[Աստուած] յաւիտենականութիւնը դրել է նորանց սրտումը»։ (Ժողովողի 3։11, Արարատ) Ասիկա լուրջ խորհրդածութեան արժանի հարց մըն է։ Խորհեցէք. Ինչո՞ւ յաւիտենականութեան՝ յաւիտեան ապրելու՝ բնածին ցանկութիւնը պիտի ունենայինք, եթէ մեր Ստեղծիչին նպատակը չըլլար այդ փափաքին գոհացում տալ։ Իր կողմէ անսիրալիր պիտի չըլլա՞ր մեզ յաւիտենական կեանքի ցանկութեամբ ստեղծել, ապա այդ ցանկութիւնը բնաւ իրագործելու առիթ չտալով՝ մեզ ընդվզեցնել։—Սաղմոս 145։16
Որո՞ւ Պէտք Է Վստահինք
12. Ոմանք ի՞նչպիսի վստահութիւն ունին, բայց կը հաւատա՞ք որ անիկա հաստատուն է։
12 Յաւիտենական կեանք շահելու համար մեր վստահութիւնը որո՞ւ՝ կամ ի՞նչ բանի վրայ պէտք է դնենք։ Ի. կամ ԻԱ. դարու մարդկային արուեստագիտութեա՞ն վրայ։ Նիու Եորք Թայմզ Պարբերաթերթ–ի «Անոնք կ’Ուզեն Ապրիլ» յօդուածը կը խօսէր «աստուածութեան մը՝ արուեստագիտութեան»՝ եւ «արուեստագիտութեան հնարաւորութեան նկատմամբ եղած խանդավառութեան» մասին։ Ըսուած է որ հետազօտող մը նոյնիսկ «զուարթօրէն վստահութիւն յայտնեց . . . որ ժամանակի ընթացքին ծիներու հետ ճարտարօրէն խաղալու հմտութիւնները մատչելի պիտի ըլլան ու մեզ պիտի փրկեն, ծերութիւնը կասեցնելով եւ թերեւս զայն յեղաշրջելով»։ Արդարեւ, ծերութիւնը կասեցնելու, կամ մահը նուաճելու մարդկային ջանքերը, բոլորովին ի դերեւ ելած են։
13. Մեր ուղեղին կառուցուածքը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ յաւիտեան ապրելու համար ծրագրուած ենք։
13 Սակայն ասիկա կը նշանակէ՞ որ յաւիտենական կեանք ձեռք ձգելու կերպ մը չկայ։ Կա՛յ կերպ մը։ Մեր ուղեղին սքանչելի ու սորվելու փաստօրէն անսահման կարողութիւնը պէ՛տք է համոզէ մեզ այս ուղղութեամբ։ Մասնիկային կենսաբան՝ Ճէյմս Ուաթսըն, մեր ուղեղը կոչեց «մեր տիեզերքին մէջ ցարդ երեւան հանուած ամենէն բարդ բանը»։ Իսկ ջղախտագէտ Ռիչըրտ Ռէսթէք ըսաւ. «Գիտցուած տիեզերքին մէջ ո՛չ մէկ տեղ նոյնիսկ հեռուէն անոր նմանող բան մը գոյութիւն ունի»։ Ինչո՞ւ անսահման տեղեկութիւն մթերելու եւ իւրացնելու կարողութեամբ օժտուած ուղեղ մը եւ յաւիտեան գործելու համար ծրագրուած մարմին մը պիտի ունենայինք, եթէ յաւիտենական կեանք վայելելու համար մտադրուած չըլլայինք։
14. (ա) Աստուածաշունչ գրողները մարդկային կեանքի նկատմամբ ի՞նչ եզրակացութեան մը կը յանգին։ (բ) Ինչո՞ւ մեր վստահութիւնը Աստուծոյ եւ ո՛չ թէ մարդու վրայ պէտք է դնենք։
14 Ուստի, ի՞նչ տրամաբանական ու բանաւոր եզրակացութեան պէտք է յանգինք։ Չէ՞ք համաձայնիր որ ամենազօր, մտացի Արարիչի մը կողմէ ծրագրուած ու ստեղծուած ենք, որպէսզի յաւիտեան ապրինք։ (Յոբայ 10։8. Սաղմոս 36։9. 100։3. Մաղաքեայ 2։10. Գործք 17։24, 25) Ուստի, պէտք չէ՞ իմաստութեամբ Աստուածաշունչի սաղմոսերգուին ներշնչուած պատուէրին հնազանդինք, որ ըսաւ. «Մի՛ յուսաք իշխաններուն, մարդու որդիին՝ որուն քով փրկութիւն չկայ»։ Ինչո՞ւ պէտք չէ մարդու վստահինք։ Որովհետեւ ինչպէս սաղմոսերգուն գրեց. «Անոր հոգին կ’ելլէ, անիկա իր հողը կը դառնայ։ Նոյն օրը անոր խորհուրդները կը կորսուին»։ Արդարեւ, հակառակ յաւիտեան ապրելու մարդուն հնարաւորութեան, մահուան դիմաց ան անօգնական է։ Սաղմոսերգուն կ’եզրակացնէ. «Երանի՜ անոր՝ որուն . . . յոյսը իր Տէր Աստուծոյն վրայ է»։—Սաղմոս 146։3-5
Իրապէս Աստուծոյ Նպատա՞կն Է
15. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Աստուծոյ նպատակն է որ մենք յաւիտեան ապրինք։
15 Բայց կրնաք հարցնել. Իրապէս Եհովայի նպատա՞կն է որ յաւիտեան ապրինք։ Այո՛։ Իր Խօսքը տասնեակ անգամներ կը խոստանայ զայն։ «Աստուծոյ ձրի պարգեւը յաւիտենական կեանք» է, կը վստահեցնէ Աստուածաշունչը։ Աստուծոյ ծառան Յովհաննէս գրեց. «Ասիկա է այն խոստումը, որ ինք [Աստուած] ձեզի խոստացաւ, այսինքն՝ յաւիտենական կեանքը»։ Զարմանալի չէ որ երիտասարդ մը Յիսուսի հարցուց. «Վարդապետ, ի՞նչ բարի գործ գործեմ, որպէս զի յաւիտենական կեանքը ընդունիմ»։ (Հռովմայեցիս 6։23. Ա. Յովհաննու 2։25. Մատթէոս 19։16) Արդարեւ՝ Պօղոս առաքեալ գրեց «յաւիտենական կեանքի յոյս»ին մասին, «զոր խոստացաւ անսուտն Աստուած յաւիտենական ժամանակներէն առաջ»։—Տիտոս 1։2, Երուսաղէմ։
16. Ի՞նչ առումով Աստուած «յաւիտենական ժամանակներէ առաջ» յաւիտենական կեանք խոստացած կրնայ ըլլալ։
16 Ի՞նչ կը նշանակէ որ Աստուած «յաւիտենական ժամանակներէն առաջ» յաւիտենական կեանք խոստացած է։ Կարգ մը անհատներ կը խորհին որ Պօղոս առաքեալ ըսել կ’ուզէր թէ, առաջին զոյգը Ադամն ու Եւան ստեղծուելէն առաջ, Աստուած նպատակադրած էր որ մարդիկ յաւիտեան ապրէին։ Սակայն, եթէ Պօղոս մարդկութիւնը ստեղծուելէն, եւ Եհովա իր նպատակը յայտնելէն ետք եղող բանի մը կը նշէր, տակաւին բացայայտ է որ մարդոց յաւիտենական կեանք տալը Աստուծոյ նպատակին մաս կը կազմէր։
17. Ինչո՞ւ Ադամն ու Եւա Եդեմի պարտէզէն դուրս վտարուեցան, եւ ինչո՞ւ քերովբէներ դրուեցան անոր մուտքը պահելու համար։
17 Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ, Եդեմի պարտէզին մէջ, «Տէր Աստուած . . . պարտէզին մէջտեղը կենաց ծառը . . . բուսցուց»։ Ադամի պարտէզէն դուրս դրուելուն համար տրուած պատճառը այն էր որ, չըլլայ թէ ան «ձեռքը երկնցնէ ու կենաց ծառէն ալ առնէ եւ ուտէ ու յաւիտեան ապրի»։ Այո՝ յաւիտեա՛ն ապրի։ Ադամն ու Եւան Եդեմի պարտէզէն վտարելէն ետք, Եհովա «քերովբէներ ու ամէն կողմ դարձող բոցեղէն սուրը դրաւ, կենաց ծառին ճամբան պահելու համար»։—Ծննդոց 2։9. 3։22-24
18. (ա) Կենաց ծառէն ուտելը ի՞նչ պիտի նշանակէր Ադամի ու Եւայի համար։ (բ) Այդ ծառէն ուտելը ի՞նչ կը ներկայացնէր։
18 Եթէ Ադամի ու Եւայի արտօնութիւն տրուէր այդ ծառէն ուտելու, անիկա ի՞նչ պիտի նշանակէր իրենց համար։ Այո, Դրախտին մէջ յաւիտեան ապրելու առանձնաշնորհումը պիտի ունենային։ Աստուածաշունչի մեկնաբան մը ըսաւ. «Կենաց ծառը կարգ մը արժանիքներ ունենալու էր, որոնց միջոցաւ մարդկային մարմինը տարիքի մաշումէն, կամ մահուամբ վերջ գտնող քայքայումէն զերծ պիտի պահէր»։ Ան նոյնիսկ դաւանեցաւ որ «դրախտին մէջ բուսական արժանիքներ կային, որոնք կրնային չէզոքացնել [ծերութեան] ազդեցութիւնները»։ Սակայն, Աստուածաշունչը չ’ըսեր որ կենաց ծառը ինքնին այսպիսի կենսատու յատկութիւններ ունէր։ Այլ, ծառը պարզապէս կը ներկայացնէր անոր պտուղէն ուտելու թոյլատրուած անհատներուն յաւիտենական կեանք տալու Աստուծոյ երաշխիքը։—Յայտնութիւն 2։7
Աստուծոյ Նպատակը՝ Անփոփոխ
19. Ադամ ինչո՞ւ մեռաւ, իսկ մենք՝ անոր սերունդը՝ ինչո՞ւ կը մեռնինք։
19 Երբ Ադամ մեղանչեց, ան իրեն եւ տակաւին ծնելիք իր ամբողջ սերունդին համար, յաւիտենական կեանքի իրաւունքը կորսնցուց։ (Ծննդոց 2։17) Անհնազանդութեան որպէս հետեւանք մեղաւոր ըլլալէ ետք, ան թերի, անկատար եղաւ։ Բայց այդ ժամանակէն սկսեալ, Ադամի մարմինը արդարեւ մահանալու ծրագրուեցաւ. ինչպէս Աստուածաշունչը կ’ըսէ՝ «մեղքին վարձքը մահ է»։ (Հռովմայեցիս 6։23) Ասկէ զատ, Ադամի անկատար սերունդն ալ մահուան՝ եւ ոչ թէ յաւիտենական կեանքի համար ծրագրուեցաւ։ Աստուածաշունչը կը բացատրէ. «Մարդէ մը [Ադամէն] մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին»։—Հռովմայեցիս 5։12
20. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ մարդիկ երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու նպատակադրուած էին։
20 Բայց եթէ Ադամ չմեղանչէր, եթէ Աստուծոյ անհնազանդ չըլլար եւ կենաց ծառէն ուտելու արտօնութիւն շնորհուէր իրեն, ի՞նչ պիտի ըլլար։ Յաւիտենական կեանքի Աստուծոյ պարգեւը ո՞ւր պիտի վայելէր. երկի՞նքը։ Ո՜չ. Աստուած Ադամի բան մը չէր ըսած երկինք առնուելու մասին։ Իրեն նշանակուած գործը հոս երկրի վրայ էր։ Աստուածաշունչը կը բացատրէ որ «Աստուած գետնէն՝ տեսնելու հաճելի եւ ուտելու աղէկ ամէն ծառ . . . բուսցուց», եւ կ’ըսէ. «Աստուած առաւ մարդը ու Եդեմի պարտէզին մէջ դրաւ, որպէս զի զանիկա մշակէ ու պահէ»։ (Ծննդոց 2։9, 15) Եւան՝ Ադամի որպէս կողակից ստեղծուելէ ետք, երկուքին ալ հոս երկրի վրայ յաւելեալ գործ նշանակուեցաւ։ Աստուած անոնց ըսաւ. «Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք ու ծովու ձուկերուն ու երկնքի թռչուններուն եւ երկրի վրայ սողացող բոլոր կենդանիներուն իշխեցէք»։—Ծննդոց 1։28
21. Ի՞նչ սքանչելի հեռանկարներ կը վայելէր առաջին մարդկային զոյգը։
21 Խորհեցէք որ Աստուծոյ տուած այս հրահանգները Ադամի ու Եւայի առջեւ երկրային ի՜նչ հոյակապ հեռանկարներ կը բանային։ Անոնք կատարելապէս առողջ տղաք ու աղջիկներ պիտի մեծցնէին երկրային Դրախտին մէջ։ Մինչ իրենց սիրելի զաւակները աւելի մեծնային, անոնք աճելու եւ այդ Դրախտը պահպանելու հաճելի գործին մէջ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերէին։ Բոլոր կենդանիները իրենց հպատակութեան ներքեւ ըլլալով, մարդկութեան կեանքը իրապէս գոհացուցիչ պիտի ըլլար։ Խորհեցէք Եդեմի պարտէզի սահմաններուն ընդարձակման մասին, մինչեւ որ ամբողջ երկիրը դրախտ մը դառնար։ Պիտի ուզէի՞ք այսպիսի գեղեցիկ երկրային բնակարանի մը մէջ ապրիլ, կատարեալ զաւակներով, առանց ծերանալու եւ մեռնելու որեւէ մտավախութեամբ։ Ձգեցէք որ ձեր սրտին բնական ցանկութիւնը պատասխանէ այս հարցումին։
22. Ինչո՞ւ վստահ կրնանք ըլլալ որ Աստուած երկրի նկատմամբ իր նպատակը չփոխեց։
22 Լաւ, երբ Ադամն ու Եւան անհնազանդ գտնուեցան ու Եդեմի պարտէզէն վտարուեցան, արդեօք Աստուած Դրախտ երկրի վրայ մարդիկը յաւիտեան ապրեցնելու նկատմամբ իր նպատակը փոխե՞ց։ Բնա՛ւ երբեք։ Եթէ Աստուած այսպիսի բան մը ընէր, անիկա պիտի նշանակէր որ իր սկզբնական նպատակը իրագործելու կարողութիւն չունէր։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ Աստուած ի՛նչ որ խոստանայ, անիկա կը կատարէ, ինչպէս ինք յայտարարեց. «Իմ բերնէս ելած խօսքն ալ այնպէս պիտի ըլլայ։ Ինծի պարապ պիտի չդառնայ, հապա իմ կամքս պիտի կատարէ, յաջողութեամբ գործադրէ այն բանը, որուն համար զանիկա ղրկեցի»։—Եսայեայ 55։11
23. (ա) Ի՞նչ բան կը հաստատէ թէ Աստուծոյ նպատակն է որ արդարութիւն սիրողները երկրի վրայ յաւիտեան ապրին։ (բ) Յաջորդիւ ի՞նչ պիտի քննարկենք։
23 Երկրի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակին փոխուած չըլլալը բացայայտօրէն կը տեսնենք Աստուածաշունչին մէջ, ուր Աստուած կը խոստանայ. «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին»։ Նոյնիսկ Յիսուս Քրիստոս իր Լերան Քարոզին մէջ ըսաւ, որ հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը։ (Սաղմոս 37։29. Մատթէոս 5։5) Սակայն, յաւիտենական կեանք ի՞նչպէս ձեռք կրնանք ձգել, եւ զայն վայելելու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։ Ասոնք նկատի պիտի առնուին յաջորդ յօդուածով։
Ի՞նչպէս Պիտի Պատասխանէիք
◻ Ինչո՞ւ շատեր կը հաւատան թէ յաւիտենական կեանքը կարելի է։
◻ Ի՞նչ բան մեզ պէտք է համոզէ թէ մենք յաւիտեան ապրելու համար ծրագրուած ենք։
◻ Աստուծոյ սկզբնական նպատակը ի՞նչ էր մարդուն եւ երկրին նկատմամբ։
◻ Ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ թէ Աստուած իր սկզբնական նպատակը պիտի իրագործէ։