Աստուածային հանելուկներ եւ Աստուծոյ նպատակը
ԵՐԲ չե՛ս գիտեր, շատ բարդ է. երբ գիտես՝ շատ պարզ է։ Ի՞նչ է անիկա։ Հանելո՛ւկ։
Ներկայ խիստ գործնական ընկերութեան մէջ, մարդիկ հակում ունին հանելուկները մանկական խաղ նկատելու, բայց հեռաւոր անցեալին, հանելուկը «իմաստութեան փորձ մըն էր», կ’ըսէ Տը Ինթըրբրիթըրզ Տիքշընըրի օֆ տը Պայպըլ։—Համեմատել՝ Առակաց 1։5, 6
Փոխանակ իր կամքը կամ նպատակը յստակօրէն յայտնելու, Եհովա երբեմն դիտումնաւոր կերպով իր մարգարէական խօսքերը դժուարիմաց դարձուցած է, համեմատութիւններ, խորհրդաւոր «թաքուն խօսքեր», կամ՝ կնճռոտ հանելուկներ գործածելով։ (Սաղմոս 78։2, Գինկ Ճէյմսի Թարգմանութիւն. Թուոց 12։8, Տը Էմֆըսայզտ Պայպըլ) Իրականութեան մէջ, մինչ Եբրայերէն հանելուկ բառը միայն 17 անգամ գործածուած է Աստուածաշունչին մէջ, Սուրբ Գրութիւնները իրապէս լեցուն են հանելուկներով ու առակներով։
Աստուածաշունչը Հանելուկներով Լեցուն Է
Տեղեկագրուած է թէ Սողոմոն Թագաւոր իրեն բերուած ամենախրթին հարցումները կամ հանելուկները լուծելու կարող էր։ (Գ. Թագաւորաց 10։1, ՆԱ, ստորանիշ) Վստահաբար, ասիկա աստուածատուր իմաստութիւն ունենալուն հետեւանքն էր։ Եթէ շիտակ է վաղեմի պատմաբաններու տեղեկագրութիւնը, թէ Սողոմոն անգամ մը Տիւրոսի Քիրամ Թագաւորին հետ հանելուկի մրցում մը կորսնցուցած է, անիկա հաւանաբար պատահած ըլլալու է ըմբոստութեան հետեւանքով Եհովայի հոգին կորսնցնելէն ետք։ Սամփսոն Դատաւորն ալ հանելուկներէ հաճոյք կ’առնէր։ Առիթով մը, սուրբ հոգիով զօրացած, հանելուկ մը անոր պատեհութիւն տուաւ որ Աստուծոյ թշնամիներուն սրտին մէջ վախ ձգէ։—Դատաւորաց 14։12-19
Սակայն, Աստուածաշունչի շատ մը հանելուկները ուղղակիօրէն Եհովայի նպատակներուն հետ առնչուած են։ Նկատի առէք, զոր օրինակ, Ծննդոց 3։15–ը։ Աստուածաշունչի բնաբանին հիմը կազմող այս մարգարէութիւնը ինքնին առեղծուած մը՝ «սրբազան գաղտնիք» մըն է։ (Հռովմայեցիս 16։25, 26, ՆԱ) Պօղոս առաքեալ, արտակարգ տեսիլքներ ու յայտնութիւններ ստանալէ զատ, Աստուծոյ նպատակին կարգ մը երեսակները տեսաւ «անյայտ կերպով», կամ բառացիօրէն՝ «խրթին արտայայտութիւններով»։ (Ա. Կորնթացիս 13։12. Բ. Կորնթացիս 12։1-4) Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել գազանին խորհրդաւոր թիւին՝ «վեց հարիւր վաթսունըվեց»ին շուրջ եղած բազմաթիւ ենթադրութիւններուն մասին, որ յանկարծ եւ առանց բացատրութեան կը ներկայացուի Յայտնութիւն 13։18–ի մէջ։ Ո՞վ կարող է աստուածային այս հանելուկները լուծել, եւ անոնք ի՞նչ նպատակի կը ծառայեն։
Սրբազան Գաղտնիքներ Երեւան Հանել
Մեզմէ շատերուն համար, մեր հինգ զգայարանքներէն ամենէն թանկագինը տեսողութիւնն է։ Սակայն, առանց լոյսի մարդուն տեսողութիւնը գրեթէ անօգուտ կրնայ դառնալ։ Իրապէս կը կուրանանք։ Նոյնն է պարագան մարդկային մտքին։ Անիկա տիպեր համեմատելու, տրամաբանելու, հետեւաբար հանելուկներ լուծելու հիանալի կարողութիւն մը ունի։ Սակայն, սրբազան գաղտնիքներ լուծելու համար ասկէ աւելին պահանջուած է։ Թէեւ ուրիշներ կրնան Աստուածաշունչի հանելուկներուն պատասխաններ առաջարկել, միայն անոր Հեղինակը՝ Եհովա, լուսոյ Աստուածը կրնայ անոնց մտադրուած իմաստը յայտնել։—Ա. Յովհաննու 1։5
Դժբախտաբար, մարդիկ յաճախ այնքան հպարտ եւ ինքնագլուխ են որ Եհովայի չեն սպասեր պատասխաններ ստանալու համար։ Խորհրդաւոր բաներով հետաքրքրուած ըլլալով, ոմանք ո՛չ թէ ճշմարտութիւնը, այլ՝ մտային յագեցում փնտռելու սիրոյն, Աստուծոյ Խօսքէն դո՛ւրս լուծումներ փնտռած են։ Զոր օրինակ, Գապալայով արտայայտուած հրէական խորհրդապաշտութիւնը խորհեցաւ, թիւերուն եւ հրէական այբուբենի տառերուն կախարդական իմաստ մը տալ։ Միւս կողմէ, երկրորդ դարու Գնոստիկները, Եբրայերէն ու Յունարէն Սուրբ Գրութիւնները գործածեցին, ջանալով անոնցմէ գաղտնի իմաստներ քաղել։
Սակայն, այս բոլոր փնտռտուքը զիրենք աւելի առաջնորդեց հեթանոսական արարողութիւններու կամ նախապաշարումներու եւ հեռացուց աստուածային ճշմարտութենէն։ Գնոստիկները պատճառաբանեցին. ‘Եթէ աշխարհը չարութեամբ լեցուած է, ուրեմն, անոր Ստեղծիչը՝ Եահվէ, չի կրնար բարի Աստուած մը ըլլալ’։ Ասկէ աւելի լաւ եզրակացութեան մը չէի՞ն կրնար յանգիլ։ Մարդկային տրամաբանութիւնը որքա՜ն մակերեսային է։ Գնոստիկեան աղանդներու կողմէ հետագային զարգացած հաւատուրաց գաղափարներու դէմ պայքարելով, զարմանալի չէ որ Պօղոս առաքեալ իր նամակներուն մէջ ուժգնօրէն ազդարարեց. ‘Գրուածէն աւելի բան մը մի՛ խորհիք’։—Ա. Կորնթացիս 4։6
«Թաքուն Խօսքեր»ու Վրայ Լոյս Սփռել
Սակայն, լուսոյ Աստուած մը ինչո՞ւ «թաքուն խօսքեր» պիտի խօսէր։ Հանելուկը ինքնին անհատի մը երեւակայութեան եւ տրամաբանելու կարողութեան մարտահրաւէր կը կարդայ։ Հետեւաբար, համադամ ճաշի մը մէջ դրուած համեղ համեմներու նման, Աստուածաշունչի մէջ ցանցնուած հանելուկները երբեմն գործածուած էին պարզապէս ընթերցողներուն հետաքրքրութիւնը արթնցնելու, կամ հաղորդուած պատգամը աւելի վառ դարձնելու համար։ Այս պարագաներուն, սովորաբար անկէ անմիջապէս ետք բացատրութիւններ կը տրուին։—Եզեկիէլ 17։1-18. Մատթէոս 18։23-35
Եհովա առատաձեռնօրէն իմաստութիւն կը շնորհէ, բայց ո՛չ անխտրաբար։ (Յակոբու 1։5-8) Նկատի առէք Առակաց գիրքը, ոմանց կողմէ հանելուկներ նկատուած՝ առեղծուածային խօսքերու ներշնչեալ հաւաքածոյ մը։ Զանոնք հասկնալը ժամանակ ու խորհրդածութիւն կը պահանջէ։ Սակայն, քանինե՞ր կ’ուզեն այս ջանքը թափել։ Անոնց պարունակած իմաստութիւնը մատչելի է միա՛յն զայն պեղել ուզողներուն։—Առակաց 2։1-5
Յիսուս ալ օրինակներ գործածեց, իր ունկնդիրներուն սրտի վիճակը քօղազերծելու համար։ Ամբոխներ իր քով խռնուեցան։ Անոնք իր պատմութիւններէն հաճոյք կ’առնէին ու իր հրաշքները կը սիրէին։ Սակայն, քանինե՞ր կ’ուզէին իրենց ապրելակերպը փոխել ու իրեն հետեւիլ։ Որքա՜ն հակառակը Յիսուսի աշակերտներուն, որոնք կրկին ու կրկին Յիսուսի ուսուցումները հասկնալ ուզեցին եւ իր հետեւորդները ըլլալու համար յօժարակամօրէն իրենք զիրենք ուրացան։—Մատթէոս 13։10-23, 34, 35. 16։24. Յովհաննու 16։25, 29
Լոյսին Նայիլ
Բառարանի մը համաձայն, «այնպէս կը թուի որ հանելուկներով հետաքրքրուիլը կը զուգադիպի մտային զարթօնքի ժամանակաշրջաններու»։ Ներկայիս մեծ առանձնաշնորհում է ապրիլ ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ Աստուծոյ ժողովուրդին համար հոգեւոր ‘լոյս ծագած’ է։ (Սաղմոս 97։11. Դանիէլ 12։4, 9) Կրնա՞նք համբերութեամբ Եհովայի սպասել, որ իր ժամանակացուցակին համաձայն իր նպատակները յայտնէ։ Աւելի կարեւորը, երբ Աստուծոյ յայտնուած կամքին հետ ի՛նչպէս աւելի լիովին յարմարելու մասին կը սորվինք, մեր կեանքերը արագօրէն փոփոխութեան կ’ենթարկե՞նք։ (Սաղմոս 1։1-3. Յակոբու 1։22-25) Եթէ այս է պարագան, Եհովա մեր ջանքերը պիտի օրհնէ, որպէսզի, ճիշդ ինչպէս որ ակնոցը աղօտ տեսողութիւնը կը շտկէ, սուրբ հոգին ալ աստուածային նպատակին գեղեցիկ համայնապատկերը յստակօրէն պիտի հաղորդէ մեր մտքի աչքին, մեր հոգեւոր տեսողութիւնը սրելով։—Ա. Կորնթացիս 2։7, 9, 10
Արդարեւ, սուրբ գրային հանելուկները Եհովան կը մեծարեն որպէս «գաղտնիքները յայտնողը»։ (Դանիէլ 2։28, 29) Ասկէ զատ, ան սրտերը Քննող ալ է։ (Ա. Մնացորդաց 28։9) Պէտք չէ զարմանանք, գիտնալով թէ աստուածային ճշմարտութեան լոյսին քօղազերծումը մի՛շտ աստիճանաբար եղած է։ (Առակաց 4։18. Հռովմայեցիս 16։25, 26) Փոխանակ խորհրդապաշտութեան կամ մարդկային իմաստութեան միջոցաւ Աստուծոյ խորունկ բաներուն հասկացողութիւնը փնտռելու, որ անօգուտ է, թող որ վստահութեամբ Եհովա Աստուծոյ նայինք, որպէսզի իր «թաքուն խօսքեր»ուն վրայ լոյս սփռէ, իր որոշած ժամանակին հաւատարիմ ծառաներուն իր հոյակապ նպատակները գիտցնելով։—Ամովսայ 3։7. Մատթէոս 24։25-27
[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 26]
Biblia Hebraica Stuttgartensia, Deutsche Bibelgesellschaft Stuttgart