Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ00 1/1 էջ 6-10
  • Դէտին հետ ծառայենք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Դէտին հետ ծառայենք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Բաբելոնական Աղանդապաշտութիւն
  • Վկաներու Ազգ մը
  • Հսկողութեան Վրայ Եղող «Դէտ» մը
  • Յառաջդիմական Մաքրութիւն
  • Այսօրուա՞ն՝ թէ յաւիտենական ապագայի համար կ’ապրինք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • Մեծ քաղաքին աւերումը
    Յայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
  • Սուտ աստուածներու դէմ վկաներ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
դ00 1/1 էջ 6-10

Դէտին հետ ծառայենք

«Ո՛վ տէր, ես ցորեկը միշտ իմ դիտանոցիս մէջ կը կայնիմ ու բոլոր գիշերը իմ պահպանութեանս տեղը կը կենամ»։—ԵՍԱՅԵԱՅ 21։8

1. Ո՞ր հոյակապ խոստումներուն վկան Եհովա ինքն է։

ԵՀՈՎԱ Մեծ Նպատակադրողն է։ Այն ըմբոստ հրեշտակը որ Բանսարկու Սատանան եղաւ, Իր անունը սրբացնելու եւ դրախտանման երկրի մը վրայ փառաւոր թագաւորական իշխանութիւն մը հաստատելու Իր հոյակապ նպատակը որեւէ կերպով չի կրնար ի դերեւ հանել։ (Մատթէոս 6։9, 10) Այդ իշխանութեան ներքեւ, մարդկութիւնը իրապէս պիտի օրհնուի։ Աստուած «մահը յաւիտեան բնաջինջ պիտի ընէ ու Տէր Եհովան ամէն աչքէ արցունքը պիտի սրբէ»։ Ուրախ, համերաշխ մարդիկ յաւիտեան խաղաղութիւն եւ բարգաւաճութիւն պիտի վայելեն։ (Եսայեայ 25։8. 65։17-25) Այս բոլոր հոյակապ խոստումներուն վկան Եհովա ինքն է։

2. Եհովա մարդկային ի՞նչ վկաներ հանած է։

2 Այսուհանդերձ, Մեծ Ստեղծիչը մարդկային վկաներ ալ ունի։ Նախաքրիստոնէական ժամանակներուն Աբէլէն սկսեալ ‘վկաներու բազմութիւն’ մը համբերութեան մրցավազքին մասնակցեցաւ, յաճախ այնպիսի պայմաններու ներքեւ որ անհաւանական կը թուէին։ Անոնց հոյակապ օրինակները քաջալերութիւն մըն են ներկայիս հաւատարիմ Քրիստոնեաներուն։ Քրիստոս Յիսուս քաջարի վկայի մը գերադրական տիպարն է։ (Եբրայեցիս 11։1–12։2) Յիշեցէք, զոր օրինակ, Պոնտացի Պիղատոսի դիմաց իր տուած վերջին վկայութիւնը։ Յիսուս ըսաւ. «Ես այս բանին համար ծնած եմ եւ ասոր համար աշխարհ եկած, որպէս զի ճշմարտութեան համար վկայեմ»։ (Յովհաննու 18։37) Հ.Դ. 33–էն մինչեւ Հ.Դ. 2000 թուականը, նախանձախնդիր Քրիստոնեաներ Յիսուսի օրինակին հետեւած են եւ շարունակած են վկայել, խիզախօրէն ծանուցանելով «Աստուծոյ մեծամեծ բաներ»ը։—Գործք 2։11

Բաբելոնական Աղանդապաշտութիւն

3. Սատանան ի՞նչպէս հակառակած է Եհովայի ու իր կամքին մասին տրուած վկայութեան։

3 Հազարամեակներէ ի վեր մեծ Հակառակորդը՝ Բանսարկու Սատանան, չարամտօրէն փորձած է վատահամբաւել Աստուծոյ վկաներուն վկայութիւնը։ Որպէս ‘ստախօսութեան հայրը’ այս «մեծ վիշապը, այն առաջուան օձը, . . . բոլոր աշխարհ մոլորեցուց»։ Ան անողոքաբար պատերազմ մղած է անոնց դէմ, որոնք «Աստուծոյ պատուիրանքները կը պահեն», մանաւանդ այս վերջին օրերուն մէջ։—Յովհաննու 8։44. Յայտնութիւն 12։9, 17

4. Մեծն Բաբելոնը ի՞նչպէս գոյացաւ։

4 Շուրջ 4,000 տարիներ առաջ, Նոյի օրուան Ջրհեղեղէն ետք, Սատանան հանեց Նեբրովթը՝ «Եհովայի դէմ զօրաւոր որսորդ» մը։ (Ծննդոց 10։9, 10, ՆԱ) Նեբրովթի մեծագոյն քաղաքը՝ Բաբելոնը՝ դիւային կրօնքի կեդրոն մը եղաւ։ Երբ Եհովա Բաբելոնի աշտարակը շինողներուն լեզուն խառնակեց, ժողովուրդը ամբողջ երկրի վրայ ցրուեցաւ եւ անոնք իրենց կրօնքը իրենց հետ տարին։ Այս կերպով Բաբելոնը համաշխարհային սուտ կրօնքի կայսրութեան ակունքը եղաւ, Յայտնութիւն գրքին մէջ կոչուելով Մեծ Բաբելոն։ Այդ գիրքը այս վաղեմի կրօնական դրութեան կործանումը կը նախագուշակէ։—Յայտնութիւն 17։5. 18։21

Վկաներու Ազգ մը

5. Եհովա ո՞ր ազգը կազմեց որպէս իր վկան, բայց ինչո՞ւ թոյլ տուաւ որ անիկա գերութեան երթայ։

5 Նեբրովթի ժամանակէն շուրջ 500 տարիներ ետք, Եհովա հաւատարիմ Աբրահամի սերունդէն Իսրայէլ ազգը մէջտեղ բերաւ, որպէսզի երկրի վրայ Իր վկաները ըլլան։ (Եսայեայ 43։10, 12) Այդ ազգէն շատ անհատներ հաւատարմօրէն ծառայեցին Եհովայի։ Սակայն, դարերու ընթացքին, դրացի ազգերուն կեղծ հաւատալիքները եղծանեցին Իսրայէլը եւ Եհովայի ուխտեալ ժողովուրդը իրմէ հեռանալով սուտ աստուածներու պաշտամունքին դարձաւ։ Հետեւաբար, Հ.Դ.Ա. 607–ին, Նաբուգոդոնոսորի կողմէ առաջնորդուած Բաբելոնի բանակները կործանեցին Երուսաղէմն ու անոր տաճարը եւ Հրեաներէն մեծամասնութիւնը Բաբելոն գերի քշեցին։

6. Եհովայի մարգարէական դէտը ի՞նչ աւետիս տուաւ եւ անիկա ե՛րբ կատարուեցաւ։

6 Ասիկա ի՜նչ մեծ յաղթանակ մըն էր սուտ կրօնքին համար։ Սակայն, Բաբելոնի իշխանութիւնը կարճատեւ եղաւ։ Այս դէպքէն շուրջ 200 տարիներ առաջ, Եհովա պատուիրած էր. «Գնա՛, դէտ մը դի՛ր, որ տեսածը պատմէ»։ Այս դէտը ի՞նչ լուր պիտի ծանուցանէր։ «Ինկաւ Բաբելոն, ինկաւ ու անոր աստուածներուն բոլոր արձանները կոտրտեցան ու գետինը նետուեցան»։ (Եսայեայ 21։6, 9) Արդարեւ, Հ.Դ.Ա. 539–ին, մարգարէական յայտարարութիւնը իրականացաւ։ Հզօր Բաբելոնը ինկաւ եւ շատ չանցած Աստուծոյ ուխտեալ ժողովուրդը կրցաւ հայրենիք վերադառնալ։

7. (ա) Հրեաները ի՞նչ սորվեցան Եհովայի տուած կրթութենէն։ (բ) Աքսորէն վերադարձած Հրեաները ի՞նչ ծուղակի մէջ ինկան, եւ ի՛նչ արդիւնքով։

7 Վերադարձող Հրեաները լաւ կերպով հասկցած էին կռապաշտութիւնը եւ ոգեհարցական կրօնքը լքելու կարեւորութիւնը։ Բայց ժամանակի ընթացքին անոնք ուրիշ որոգայթներու մէջ ինկան։ Ոմանք յունական փիլիսոփայութիւնով ծուղակը ինկան։ Ուրիշներ՝ մարդկային աւանդութիւնը Աստուծոյ Խօսքէն աւելի արժեւորեցին։ Տակաւին ուրիշներ, ազգայնականութեամբ հրապուրուեցան։ (Մարկոս 7։13. Գործք 5։37) Յիսուսի ծնած ժամանակ, այդ ազգը մաքուր պաշտամունքէն դարձեալ հեռացած էր։ Թէեւ անհատաբար Հրեաներ ընդառաջեցին Յիսուսի կողմէ քարոզուած բարի լուրին, բայց որպէս ազգ անոնք մերժեցին զինք, հետեւաբար մերժուեցան Աստուծոյ կողմէ։ (Յովհաննու 1։9-12. Գործք 2։36) Իսրայէլ այլեւս Աստուծոյ վկան չէր, եւ Հ.Դ. 70–ին Երուսաղէմն ու անոր տաճարը դարձեալ կործանեցան, այս անգամ հռովմէական բանակին կողմէ։—Մատթէոս 21։43

8. Ո՞վ Եհովայի վկան եղաւ, եւ այս վկային Պօղոսի տուած ազդարարութիւնը ինչո՞ւ տեղին էր։

8 Մինչ այդ, Քրիստոնեաներէ բաղկացած «Աստուծոյ Իսրայէլը» ծնած էր եւ այժմ անիկա ազգերուն դիմաց որպէս Աստուծոյ վկան կը ծառայէր։ (Գաղատացիս 6։16) Շատ շուտով, Սատանան ծրագրեց այս նոր, հոգեւոր ազգը ապականել։ Առաջին դարու վերջաւորութեան, ժողովքներուն մէջ աղանդական ազդեցութիւններ սկսած էին տեսնուիլ։ (Յայտնութիւն 2։6, 14, 20) Պօղոսի ազդարարութիւնը շատ տեղին էր. «Զգուշացէ՛ք, չըլլայ թէ մէկը ձեզ գերի դարձնէ փիլիսոփայութիւնով ու փուճ խաբէութիւնով, որ մարդոց աւանդութեան պէս է ու աշխարհի սկզբունքներուն պէս եւ ոչ թէ Քրիստոսին վարդապետութեանը պէս»։—Կողոսացիս 2։8

9. Ճիշդ ինչպէս Պօղոս ազդարարած էր, ի՞նչ փոփոխութիւններ Քրիստոնեայ Աշխարհի յառաջ գալուն նպաստեցին։

9 Վերջապէս, յունական փիլիսոփայութիւնը, բաբելոնական կրօնական գաղափարները եւ աւելի ետքը, բարեշրջութեան ու «բարձրագոյն քննադատութեան» նման մարդկային «իմաստութիւնը» վարակեցին դաւանեալ բազմաթիւ Քրիստոնեաներու կրօնքը։ Ինչ որ Պօղոս նախագուշակած էր՝ պատահեցաւ. «Քանզի գիտեմ թէ իմ զատուելէս ետքը ձեր մէջ յափշտակող գայլեր պիտի մտնեն, որոնք պիտի չխնայեն հօտին։ Եւ ձեզմէ ալ այնպիսի՛ մարդիկ պիտի ելլեն, որոնք ծուռ բաներ պիտի խօսին՝ աշակերտները իրենց ետեւէն քաշելու համար»։ (Գործք 20։29, 30) Այս հաւատուրացութեան որպէս հետեւանք, Քրիստոնեայ Աշխարհը գոյացաւ։

10. Ի՞նչ փոփոխութիւններ բացայայտ ըրին թէ ամէն մարդ Քրիստոնեայ Աշխարհի ապականած պաշտամունքի սովորութիւններուն անձնատուր չէ եղած։

10 Անոնք որոնք իրապէս նուիրուած էին մաքուր պաշտամունքին, պէտք էր «մրցէին այն հաւատքին համար, որ անգամ մը սուրբերուն աւանդուեցաւ»։ (Յուդա 3) Մաքուր պաշտամունքին եւ Եհովայի մասին վկայութիւնը երկրի վրայէն պիտի անհետանա՞ր։ Ո՛չ։ Մինչ ըմբոստ Սատանային եւ իր բոլոր գործերուն կործանման ժամանակը կը մօտենար, բացայայտ եղաւ որ ամէն ոք Քրիստոնեայ Աշխարհի հաւատուրաց սովորութիւնները չէր որդեգրած։ ԺԹ. դարու վերջին մասին, Փիթցպըրկի մէջ, Փէնսիլվանիա (Ա.Մ.Ն.), Աստուածաշունչի անկեղծ Աշակերտներու խումբ մը կազմակերպուեցաւ եւ Աստուծոյ արդի վկայ դասակարգին կորիզը կազմեց։ Այս Քրիստոնեաները մարդոց ուշադրութիւնը դարձուցին սուրբ գրային այն իրողութեան վրայ թէ ներկայ աշխարհի դրութեան վախճանը մօտեցած էր։ Աստուածաշունչի մարգարէութեանց առ ի կատարում, այս աշխարհի «վերջ»ը սկսաւ 1914–ին եւ անիկա նշուեցաւ Առաջին Աշխարհամարտի ծագումով։ (Մատթէոս 24։3, 7) Զօրաւոր ապացոյց կայ թէ այդ տարուընէ ետք, Սատանան եւ իր դիւային հորդաները երկնքէն դուրս նետուեցան։ Խռովալից Ի. դարը յստակօրէն փաստած է թէ Սատանան գործունեայ է եւ թէ երկնքի մէջ թագաւորական զօրութեամբ Յիսուսի արքայական ներկայութեան նշանը հոյակապօրէն կատարուած է։—Մատթէոս 24 եւ 25, Մարկոս 13, Ղուկաս 21 գլուխները. Յայտնութիւն 12։10, 12

11. Սատանան ի՞նչ փորձեց, բայց այս փորձը ի՞նչպէս ձախողեցաւ։

11 1918–ի Յունիսին, Սատանան խելայեղօրէն փորձեց Աստուածաշունչի այս աշակերտները սրբել աշխարհէն, որոնք այն ժամանակ բազմաթիւ երկիրներու մէջ կը քարոզէին։ Ան նաեւ ջանաց անոնց իրաւական հաստատութիւնը՝ Դիտարանի Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութիւնը՝ կործանել։ Ընկերութեան պատասխանատուները բանտարկուեցան, խռովարարութեան անհիմն ամբաստանութեամբ, ինչպէս առաջին դարուն ըրած էին Յիսուսի։ (Ղուկաս 23։2) Բայց 1919–ին, այս պաշտօնեաները ազատ արձակուեցան եւ կարողացան իրենց ծառայութիւնը շարունակել։ Հետագային ամբողջովին անպարտ յայտարարուեցան։

Հսկողութեան Վրայ Եղող «Դէտ» մը

12. Ներկայիս որոնցմէ՞ բաղկացած է «դէտ» դասակարգը եւ անոնց կեցուածքը ի՛նչ եղած է։

12 Ուստի, երբ «վերջին ժամանակը» սկսաւ, Եհովա դարձեալ թատերաբեմին վրայ դէտ մը ունէր, մարդիկը զգուշացնելով Իր նպատակներուն կատարման հետ կապ ունեցող իրադարձութիւններու շուրջ։ (Դանիէլ 12։4. Բ. Տիմոթէոս 3։1) Մինչեւ օրս, այդ դէտ դասակարգը՝ օծեալ Քրիստոնեաները, Աստուծոյ Իսրայէլը՝ Եսայիի նկարագրած մարգարէական դէտին նման վարուած է. «Անիկա . . . ուշադրութեամբ, մեծ ուշադրութեամբ մտիկ ըրաւ ու աղաղակեց առիւծի պէս. ‘Ո՛վ Տէր, ես ցորեկը միշտ իմ դիտանոցիս մէջ կը կայնիմ ու բոլոր գիշերը իմ պահպանութեանս տեղը կը կենամ’»։ (Եսայեայ 21։7, 8) Ահաւասիկ դէտ մը, որ իր պարտականութիւնը լուրջի կ’առնէ։

13. (ա) Եհովայի դէտը ի՞նչ պատգամ ծանուցանեց։ (բ) Ի՞նչպէս կրնայ ըսուիլ թէ Մեծն Բաբելոնը ինկած է։

13 Այս դէտը ի՞նչ տեսաւ։ Դարձեալ Եհովայի դէտը՝ իր վկայ դասակարգը՝ ծանուցանեց. «Ինկաւ Բաբելոն, ինկաւ ու անոր աստուածներուն բոլոր արձանները կոտրտեցան ու գետինը նետուեցան»։ (Եսայեայ 21։9) Այս անգամ, Ա. Աշխարհամարտէն ետք, Մեծն Բաբելոնը՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւնն է, որ իր հեղինակութեան բարձր դիրքէն վար ինկաւ։ (Երեմեայ 50։1-3. Յայտնութիւն 14։8) Չենք զարմանար։ Մեծ Պատերազմը՝ ինչպէս կը կոչուէր այն ատեն՝ սկսաւ Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ, երբ երկու կողմերու կղերները կրակին վրայ իւղ թափեցին, իրենց մատղաշ երիտասարդները քաջալերելով որ պատերազմի դաշտ երթան։ Ի՜նչ անշնորհքութիւն։ 1919–ին, Մեծն Բաբելոնը չկրցաւ Աստուածաշունչի Աշակերտները՝ ինչպէս կը կոչուէին Եհովայի Վկաները այն ժամանակ՝ ետ պահել իրենց անգործունեայ վիճակէն փախչելէ եւ ցարդ շարունակուող համաշխարհային վկայութեան արշաւին ձեռնարկելէ։ (Մատթէոս 24։14) Անիկա Մեծն Բաբելոնի անկումը նշեց, ճիշդ ինչպէս որ Հ.Դ.Ա. վեցերորդ դարուն Հրեաներուն ազատագրումը կը նշէր թէ վաղեմի Բաբելոնը ինկած էր։

14. Եհովայի դէտը ի՞նչ պարբերաթերթ գործածած է ուշագրաւ կերպով, եւ Եհովա ի՛նչպէս օրհնած է անոր գործածութիւնը։

14 Դէտ դասակարգը իր պարտականութիւնը միշտ նախանձախնդրութեամբ եւ շիտակը ընելու ցանկութեամբ կատարած է։ 1879–ի Յուլիսին, Աստուածաշունչի Աշակերտները սկսան այս պարբերաթերթը հրատարակել, որ այն ատեն ճանչցուած էր որպէս Սիօնի Դիտարանը եւ Քրիստոսի Ներկայութեան Մունետիկը։ 1879–էն մինչեւ 15 Դեկտեմբեր 1938 իւրաքանչիւր թիւի կողքին վրայ հետեւեալ բառերը կային. «‘Ո՛վ Պահապան, Գիշերուան Համար Ի՞նչ Լուր’։—Եսայեայ 21։11»։a Դիտարան–ը 120 տարի հաւատարմաբար շարունակած է հսկել աշխարհի իրադարձութիւններուն ու անոնց մարգարէական նշանակութեան վրայ։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5, 13) Աստուծոյ դէտ դասակարգն եւ «ուրիշ ոչխարներ»էն եղող անոնց ընկերակիցները այս պարբերաթերթը գործածած են, մարդոց ուժգին կերպով ծանուցանելով թէ Քրիստոսի Թագաւորութեան միջոցաւ Եհովայի գերիշխանութեան ջատագովումը մօտ է։ (Յովհաննու 10։16) Այս վկայութիւնը Եհովայի կողմէ օրհնուա՞ծ է։ Այո կրնանք ըսել, քանի որ 1879–ին առաջին թիւը 6,000 օրինակով սկսելով, հիմա Դիտարան–ը աւելի քան 22,000,000 տպաքանակի հասած է՝ 132 լեզուներով, որոնց 121–ը միաժամանակ կը հրատարակուին։ Որքա՜ն տեղին է որ երկրի վրայ ամենաշատ շրջաբերութիւն ունեցող կրօնական պարբերաթերթը, ճշմարիտ Աստուծոյ Եհովա անունը պանծացնէ։

Յառաջդիմական Մաքրութիւն

15. Յառաջդիմական ի՞նչ մաքրութիւն սկսաւ նոյնիսկ 1914–էն առաջ։

15 Իսկ 1914–ին Քրիստոսի երկնային իշխանութիւնը սկսելուն նախորդող շուրջ 40 տարիներու ընթացքին, Աստուածաշունչի Աշակերտները Քրիստոնեայ Աշխարհի բազմաթիւ վարդապետութիւններէն ձերբազատուեցան, որոնք սուրբ գրային չէին, ինչպէս՝ մանուկներու մկրտութիւնը, մարդկային հոգիին անմահութիւնը, քաւարանը, դժոխքի տանջանքը եւ Երրորդութենական Աստուածը։ Բայց բոլոր սխալ գաղափարները մաքրելը յաւելեալ ժամանակ պահանջեց։ Օրինակ, 1920–ական թուականներուն Աստուածաշունչի Աշակերտներէն շատեր զարդասեղ մը կը դնէին, որու վրայ խաչ մը եւ թագ մը կային. անոնք Ծնունդը եւ հեթանոսական այլ տօներ կը պահէին։ Բայց պաշտամունքը մաքուր ըլլալու համար, կռապաշտութեան ամէն հետք վերցուած պիտի ըլլայ։ Աստուծոյ Խօսքը՝ Սուրբ Աստուածաշունչը, քրիստոնէական հաւատքի ու ապրելակերպի միակ հիմը պէտք է ըլլայ։ (Եսայեայ 8։19, 20. Հռովմայեցիս 15։4) Աստուծոյ Խօսքին վրայ բան մը աւելցնելը, կամ անկէ բան մը պակսեցնելը սխալ է։—Բ. Օրինաց 4։2. Յայտնութիւն 22։18, 19

16, 17. (ա) Դէտ դասակարգը տասնեակ տարիներ ի՞նչ սխալ տեսակէտ մը պաշտպանեց։ (բ) «Եգիպտոսի» «սեղան»ին ու «կոթող»ին շիտակ բացատրութիւնը ի՞նչ է։

16 Օրինակ մը այս սկզբունքին կարեւորութիւնը պիտի շեշտէ։ 1886–ին, երբ Չ. Թ. Ռասըլ գիրք մը հրատարակեց, որ կոչուեցաւ Դարերու Աստուածային Ծրագիրը, այս հատորը ցուցակ մը կը պարունակէր, որ մարդկութեան դարաշրջանները կը կապէր Եգիպտոսի Մեծ Բուրգին հետ։ Կը կարծուէր որ Խուֆու Փարաւոնին այս յուշարձանին կ’ակնարկէր Եսայեայ 19։19, 20–ի մէջ յիշուած կոթողը. «Այն օրը Եգիպտոսի մէջ Տէրոջը համար սեղան ու անոր սահմանին քով Տէրոջը համար կոթող մը պիտի ըլլայ։ Անիկա Եգիպտացիներու երկրին մէջ զօրքերու Տէրոջը համար նշան ու վկայութիւն պիտի ըլլայ»։ Բուրգը ի՞նչ կապակցութիւն կրնար ունենալ Աստուածաշունչին հետ։ Օրինակ, կը կարծուէր որ Մեծ Բուրգին կարգ մը անցքերուն երկարութիւնը կը մատնանշէր՝ ըստ այն ժամանակուան հասկացողութեան՝ Մատթէոս 24։21–ի «մեծ նեղութիւն»ը սկսելուն ժամանակին։ Աստուածաշունչի Աշակերտներէն ոմանք իրապէս սկսան բուրգին տարբեր մասերը չափել, կարգ մը բաներ գիտնալու համար, ինչպէս՝ իրենց երկինք երթալու թուականը։

17 Այդպէս կոչուած այս Քարեղէն Աստուածաշունչը տասնեակ տարիներ պատուուեցաւ, մինչեւ որ 15 Նոյեմբեր եւ 1 Դեկտեմբեր 1928–ի Դիտարան–ը պարզեց թէ Եհովա կարիքը չունի հեթանոս փարաւոններու կողմէ կառուցուած եւ աստղաբաշխութեան դիւային նշաններ պարունակող քարեղէն կոթողի մը, Աստուածաշունչին մէջ տրուած վկայութիւնը հաստատելու համար։ Այլ, տեսնուեցաւ որ Եսայիի մարգարէութիւնը հոգեւոր կիրարկում մը ունէր։ Ինչպէս Յայտնութիւն 11։8–ի մէջ, «Եգիպտոս»ը Սատանայի աշխարհը կը խորհրդանշէ։ «Տէրոջը համար սեղան»ը մեզի կը յիշեցնէ աշխարհի վրայ իրենց պանդխտութեան շրջանին օծեալ Քրիստոնեաներու կատարած զոհերուն ընդունելի ըլլալը։ (Հռովմայեցիս 12։1. Եբրայեցիս 13։15, 16) «[Եգիպտոսի] սահմանին քով»ի կոթողը կը նշէ օծեալ Քրիստոնեաներու ժողովքը, որ «ճշմարտութեան սիւնը ու հաստատութիւն»ն է, որ որպէս վկայ կը կենայ «Եգիպտոս»ի՝ այն աշխարհին մէջ, ուրկէ անոնք մեկնելու վրայ են։—Ա. Տիմոթէոս 3։15

18. (ա) Եհովա ի՞նչպէս շարունակած է հարցերը աւելի պարզել Աստուածաշունչի անկեղծ աշակերտներուն համար։ (բ) Երբ Քրիստոնեայ մը սուրբ գրային բացատրութիւն մը հասկնալու դժուարութիւն ունի, ի՞նչ ընելը իմաստութիւն պիտի ըլլայ։

18 Մինչ տարիները կը սահին, Եհովա կը շարունակէ աւելի յստակ դարձնել ճշմարտութիւնը, իր մարգարէական խօսքն ալ աւելի յստակօրէն հասկցնելով։ (Առակաց 4։18) Վերջին տարիներուն, քաջալերութիւն տրուեցաւ որ խոր հասկացողութեամբ անգամ մը եւս նայինք, ի միջի այլոց, սերունդին՝ որ վախճանը գալէն առաջ պիտի չանցնէր, ոչխարներու եւ այծերու առակին, պիղծ բանին, եւ սուրբ տեղը անոր ե՛րբ կայնելուն, նոր ուխտին, այլակերպութեան, եւ Եզեկիէլ գրքին տեսլական տաճարին մասին։ Երբեմն դժուար կ’ըլլայ վերջին բացատրութիւնները հասկնալ, բայց յարմար ժամանակին անոնց պատճառները աւելի յստակ կը դառնան։ Եթէ Քրիստոնեայ մը համարի մը մասին տրուած նոր բացատրութիւնը լիովին չի հասկնար, ան հեզութեամբ կրնայ Միքիա մարգարէին խօսքերը արտայայտել. «Ես Տէրոջը պիտի սպասեմ, իմ փրկութեան Աստուծոյս պիտի յուսամ»։—Միքիայ 7։7

19. Օծեալ մնացորդը եւ ուրիշ ոչխարներէ բաղկացած անոնց ընկերակիցները ի՞նչպէս առիւծանման քաջութիւն ցոյց տուած են այս վերջին օրերուն։

19 Յիշեցէք որ դէտը «աղաղակեց առիւծի պէս. ‘Ո՛վ Տէր, ես ցորեկը միշտ իմ դիտանոցիս մէջ կը կայնիմ ու բոլոր գիշերը իմ պահպանութեանս տեղը կը կենամ’»։ (Եսայեայ 21։8) Օծեալ մնացորդը առիւծանման քաջութիւն ցոյց տուած է, սուտ կրօնքը քօղազերծելով եւ մարդոց ցոյց տալով ազատութեան ճամբան։ (Յայտնութիւն 18։2-5) Որպէս «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ», անոնք բազմաթիւ լեզուներով Աստուածաշունչեր, պարբերաթերթեր եւ այլ գրականութիւններ՝ ‘ատենին կերակուր’՝ հայթայթած են։ (Մատթէոս 24։45) Անոնք առաջնորդութիւնը առած են հաւաքելու համար «մեծ բազմութիւն մը, . . . բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն»։ Անոնք ալ մաքրուած են Յիսուսի քաւիչ արեան միջոցաւ, եւ առիւծանման քաջութիւն ցոյց տալով Աստուծոյ «կը ծառայեն ցորեկ ու գիշեր»։ (Յայտնութիւն 7։9, 14, 15) Անցեալ տարի ի՞նչ եղած է Եհովայի այս օծեալ Վկաներուն եւ անոնց ընկերակիցներու մեծ բազմութեան արտադրած պտուղը։ Մեր յաջորդ յօդուածը պիտի խօսի այս մասին։

[Ստորանիշ]

a 1 Յունուար 1939–էն ետք անիկա փոխուեցաւ ու եղաւ՝ «‘Պիտի գիտնաք թէ ես եմ Եհովան’։—Եզեկիէլ 35։15»։

Կը յիշէ՞ք

• Եհովա ի՞նչ վկաներ հանած է տարիներու ընթացքին։

• Մեծն Բաբելոնի ծագումը ի՞նչ է։

• Եհովա ինչո՞ւ թոյլ տուաւ որ Երուսաղէմը՝ վկաներու ազգին մայրաքաղաքը՝ կործանի Հ.Դ.Ա. 607–ին եւ Հ.Դ. 70–ին։

• Եհովայի դէտ դասակարգը եւ անոր ընկերակիցները ի՞նչպիսի հոգի ցոյց տուած են։

[Նկար՝ էջ 7]

«Ո՛վ Տէր, ես ցորեկը միշտ իմ դիտանոցիս մէջ կը կայնիմ»

[Նկարներ՝ էջ 10]

Եհովայի դէտ դասակարգը իր պարտականութիւնը լուրջի կ’առնէ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել