«Լեհ եղբայրութիւնը» ինչո՛ւ հալածուեցաւ
1638–ին, Լեհ խորհրդարանը զօրաւոր հարուած մը տուաւ Լեհ Եղբայրութիւն կոչուած կրօնական փոքր խումբի մը։ Խումբին պատկանող եկեղեցի մը եւ տպագրական մեքենայ մը քանդուեցան։ Րագաու Համալսարանը փակուեցաւ, իսկ անոր ուսուցիչները աքսորուեցան։
Քսան տարի յետոյ, խորհրդարանը քայլ մը անդին գնաց։ Անիկա հրամայեց որ խումբին բոլոր անդամները՝ որոնք հաւանաբար շուրջ 10,000 կամ աւելի էին՝ երկրէն դուրս ելլեն։ Կացութիւնը ի՞նչպէս այսքան վտանգաւոր դարձաւ երկրի մը մէջ, որ այդ ժամանակ ամբողջ Եւրոպայի ամենէն հանդուրժող երկիրներէն մէկը կը նկատուէր։ Լեհ Եղբայրութիւնը ի՞նչ ըրած էր որ այսպիսի բիրտ վերաբերմունքի արժանացաւ։
ԱՅՍ բոլորը ծայր տուաւ երբ Լեհաստանի Կալվինական Եկեղեցիին մէջ լուրջ խրամատ մը գոյացաւ։ Անհամաձայնութեան գլխաւոր պատճառը Երրորդութեան վարդապետութիւնն էր։ Եկեղեցիին մէջ յառաջդիմական շարժումի ղեկավարները զայն մերժեցին, որպէս սուրբ գրային չեղող վարդապետութիւն մը։ Ասիկա եկեղեցիին առաջնորդները զայրացուց եւ պատճառ եղաւ որ յառաջդիմական շարժումը անջատուի։
Կալվինականները՝ Արիոսականներa կոչեցին այլախոհները, բայց նոր խմբակին անդամները նախընտրեցին Քրիստոնեաներ, կամ՝ Լեհ Եղբայրութիւն կոչուիլ։ Անոնք նաեւ ճանչցուեցան որպէս Սոկինեաններ, Լելիոս Սոկինոսի անունով՝ Սերվեթուսէ ազդուած Իտալացի մը՝ որու զարմիկը Ֆաուսթոս Սոկինոս, Լեհաստան ճամբորդեց եւ այս շարժումին մէջ կարկառուն անձնաւորութիւն մը դարձաւ։
Այդ ժամանակ, Լեհ ազնուական մը՝ Եան Սիէնիէնսքի, փափաքեցաւ նոր եկեղեցիին տալ՝ ըստ իր խօսքերուն՝ «հանդարտ ու մեկուսացած վայր մը», որուն մէջ կրնար բարգաւաճիլ։ Լեհաստանի թագաւորին կողմէ իրեն շնորհուած յատուկ առանձնաշնորհումը ի գործ դնելով, Սիէնիէնսքի՝ Րագաու քաղաքը հիմնեց, որ հետագային Սոկինեանութեան կեդրոնը եղաւ Լեհաստանի մէջ։ Սիէնիէնսքի Րագաուի քաղաքացիներուն կարգ մը իրաւասութիւններ շնորհեց, ի ներառեալ՝ պաշտամունքի ազատութիւնը։
Զանազան համայնքներէ արհեստաւորներ, բժիշկներ, դեղագործներ, քաղաքացիներ, եւ ազնուականներ այս նոր քաղաքով հրապուրուեցան։ Ասկէ զատ, Լեհաստանէն, Լիթուանիայէն, Թրանսիլվանիայէն, Ֆրանսայէն եւ նոյնիսկ Անգլիայէն քարոզիչներ հոն հաւաքուեցան։ Սակայն, նոր եկողներուն բոլորն ալ Սոկինեաններու հաւատալիքները չէին բաժներ. ուստի յաջորդ երեք տարիներու ընթացքին, 1569-1572, Րագաուը աստուածաբանական անվերջ զրոյցներու վայր մը դարձաւ։ Ի՞նչ արդիւնքով։
Բաժնուած Տուն մը
Սոկինեան շարժումն ալ իր կարգին բաժնուեցաւ. աւելի ծայրայեղական տեսակէտներ որդեգրողները մէկ կողմ, իսկ աւելի չափաւորները՝ միւս կողմը եղան։ Սակայն, հակառակ իրենց անհամաձայնութիւններուն, անոնց ունեցած հասարակաց հաւատալիքները յատկանշական էին։ Անոնք մերժեցին Երրորդութիւնը եւ մանուկներու մկրտութիւնը. ընդհանրապէս զէնք չէին վերցներ եւ յաճախ կառավարական պաշտօններ չէին ընդուներ։b Անոնք նաեւ կը հերքէին դժոխքի գոյութիւնը՝ որպէս տանջանքի վայր մը։ Այս բոլորին հետ, անոնք կրօնական ժողովրդային աւանդութիւնները կ’անտեսէին։
Թէ՛ Կալվինական եւ թէ Կաթողիկէ կղերները այս խմբակին դէմ սաստիկ հալածանք հրահրեցին, բայց Սոկինեան քարոզիչները իրենց գաղափարները քարոզելու համար, օգտագործեցին կրօնական հանդուրժողութիւնը, որու օժանդակեցին Սիկսմունտ Բ. Օգոստոս եւ Ստեփան Պադօրիի նման Լեհ թագաւորներ։
Պուտնիի Շրջադարձային Աշխատանքը
Այդ ժամանակ լայնօրէն գործածուած Աստուածաշունչի Կալվինական թարգմանութիւնը, ընթերցողներէն շատերուն կարիքները չէր գոհացներ։ Անիկա բնագիր լեզուներէն չէր թարգմանուած, այլ՝ Լատիներէն Վուլկաթա–յէն եւ ժամանակակից Ֆրանսերէն թարգմանութենէ մը։ Հեղինակութիւն մը կ’ըսէ. «Գաղափարի հաւատարմութիւնն ու ճշգրտութիւնը զոհ գացած էին ոճի գեղեցկութեան»։ Բազմաթիւ սխալներ ներմուծուած էին։ Հետեւաբար, Շիմոն Պուտնի կոչուած հանրածանօթ ուսումնականէ մը խնդրուեցաւ որ այս թարգմանութիւնը սրբագրէ։ Ան խորհեցաւ որ աւելի դիւրին պիտի ըլլար ամբողջովին նոր թարգմանութիւն մը արտադրել, քան՝ հինը սրբագրել։ Պուտնի սկսաւ այս ծրագրին վրայ աշխատիլ շուրջ 1567–ին։
Երբ կը թարգմանէր, Պուտնի իւրաքանչիւր բառ ու անոր տարբերակները այնպիսի ամբողջական կերպով մը վերլուծեց, որ իրմէ առաջ Լեհաստանի մէջ ոեւէ մէկը այսպիսի բան մը ըրած չէր։ Երբ Եբրայերէն հատուածը դժուարութիւն յարուցանեց, ան բառացի թարգմանութիւն մը ըրաւ լուսանցքի բացատրութեան մէջ։ Երբ կարիքը զգաց, նոր բառեր յօրինեց եւ փորձեց ժամանակակից պարզ, առօրեայ Լեհերէնը գործածել։ Անոր նպատակն էր Աստուածաշունչի հաւատարիմ եւ ճշգրիտ թարգմանութիւն մը ներկայացնել ընթերցողին։
Պուտնիի թարգմանած ամբողջական Աստուածաշունչը հրատարակուեցաւ 1572–ին։ Սակայն, հրատարակիչները իր թարգմանած Յունարէն Գրութիւնները խեղաթիւրեցին։ Առանց վհատելու, Պուտնի գործի լծուեցաւ վերստուգուած թարգմանութիւն մը արտադրելու համար, որ երկու տարի ետք ամբողջացաւ։ Պուտնիի Յունարէն Գրութիւններու հոյակապ թարգմանութիւնը գերազանցեց Լեհերէն նախկին թարգմանութիւնները։ Ասկէ զատ, անոր մէջ շատ մը տեղեր ան աստուածային Եհովա անունը վերադարձուց։
16–րդ դարու վերջաւորութեան եւ 17–րդ դարու առաջին երեք տասնամեակներու ընթացքին, շարժումին մայրաքաղաքը՝ Րագաուը՝ կրօնական ու մտաւորական կեդրոն մը դարձաւ։ Հոն՝ Լեհ Եղբայրութեան ղեկավարներն ու գրողները, իրենց թերթիկներն ու գրական գործերը հրատարակեցին։
Անոնք Ուսումը Քաջալերեցին
Լեհ Եղբայրութեան հրատարակչական աշխատանքը թափ մը ստացաւ շուրջ 1600–ին, երբ Րագաուի մէջ տպագրամեքենայ մը հաստատուեցաւ։ Այդ տպագրամեքենան կարող էր պզտիկ բանագրութիւններ եւ մեծ գրքեր արտադրել, քանի մը լեզուներով։ Րագաուը շուտով սկսաւ մրցիլ Եւրոպայի լաւագոյն տպագրական կեդրոններուն հետ։ Կը կարծուի թէ, յաջորդ 40 տարուան ընթացքին աւելի քան 200 գրականութիւններ տպուած են այդ տպագրամեքենային վրայ։ Լեհ Եղբայրութեան պատկանող մօտակայ թուղթի գործարան մը, այս գրականութիւններուն համար բարձրորակ թուղթ հայթայթեց։
Շատ չանցած, Լեհ Եղբայրութիւնը իր հաւատակիցներուն եւ ուրիշներու կրթութիւն տալու կարիքը զգաց։ Այդ նպատակաւ ալ, 1602–ին Րագաուի Համալսարանը հիմնուեցաւ։ Լեհ Եղբայրութեան, ինչպէս նաեւ Կաթողիկէ ու Բողոքական տղաքը, հոն դասընթացքներու հետեւեցան։ Թէեւ համալսարանը աստուածաբանական դպրեվանք մըն էր, բայց հոն միայն կրօնք չէր դասաւանդուեր։ Անոր կրթական ծրագրին մաս կը կազմէին օտար լեզուներ, բարոյագիտութիւն, քաղաքական տնտեսութիւն, պատմութիւն, իրաւաբանութիւն, տրամաբանութիւն, բնագիտութիւն, ուսողութիւն, բժշկութիւն, եւ մարմնամարզանք։ Համալսարանը հսկայ գրադարան մը ունէր, որ շարունակ կ’ընդլայնէր տեղւոյն տպագրամեքենային շնորհիւ։
Մինչ 17–րդ դարը կը յառաջանար, այնպէս կը թուէր թէ Լեհ Եղբայրութիւնը պիտի շարունակէր ուռճանալ։ Սակայն, պարագան այս չեղաւ։
Եկեղեցին ու Պետութիւնը Բախում կ’Ունենան
Լեհաստանի Գիտական Ակադեմիայէն՝ Զպիկնիու Օկոնովսկի կը բացատրէ. «17–րդ դարու երրորդ տասնամեակի վերջաւորութեան, Լեհաստանի մէջ Արիոսականներու վիճակը սկսաւ արագօրէն վատթարանալ»։ Ասիկա Կաթողիկէ կղերներուն հետզհետէ աւելցող բացայայտ գործունէութեան պատճառաւ էր։ Կղերները ամէն կարելի միջոց գործածեցին, ի ներառեալ զրպարտութիւն եւ պարսաւագիր, Լեհ Եղբայրութիւնը վարկաբեկելու համար։ Լեհաստանի մէջ քաղաքական կացութեան փոփոխութիւնը նպաստեց այս յարձակումին։ Լեհաստանի նոր թագաւորը՝ Սիկսմունտ Գ. Վասա, Լեհ Եղբայրութեան թշնամին էր։ Անոր յաջորդները, մանաւանդ Յովհաննէս Բ. Գասիմիր Վասան, նոյնպէս թիկունք կանգնեցաւ Լեհ Եղբայրութիւնը խափանելու Կաթողիկէ Եկեղեցիին ջանքերուն։
Րագաուէն քանի մը աշակերտներու կողմէ կամովին խաչը սրբապղծելու ենթադրեալ արարքը, հարցերը իրենց գագաթնակէտին հասցուցին։ Այս միջադէպը Լեհ Եղբայրութեան մայրաքաղաքը կործանելու համար պատրուակ մը եղաւ։ Րագաու համալսարանի սեփականատէրը Րագաու Համալսարանին ու անոր տպագրամեքենային թիկունք կանգնելով ‘ամբարշտութիւն տարածելու’ յանցանքով ամբաստանուեցաւ խորհրդարանի ատեանին առջեւ։ Լեհ Եղբայրութիւնը ամբաստանուեցաւ խռովարարութեամբ, շուայտանքներու միջամուխ ըլլալու եւ անբարոյ ապրելակերպ ունենալու յանցանքով։ Խորհրդարանը որոշեց որ Րագաու Համալսարանը պէտք է փակուի, իսկ տպագրամեքենան ու Լեհ Եղբայրութեան պատկանող եկեղեցին՝ կործանուի։ Հաւատացեալներուն հրամայուեցաւ որ քաղաքէն դուրս ելլեն։ Համալսարանի ուսուցիչները երկրէն աքսորուեցան, մահուան սպառնալիքի տակ։ Լեհ Եղբայրութեան անդամներէն ոմանք ապահով ափեր փոխադրուեցան, ինչպէս՝ Սիլեզիա եւ Սլովաքիա։
1658–ին խորհրդարանը վճիռ արձակեց որ Լեհ Եղբայրութիւնը իր ստացուածքը պէտք էր ծախէր ու երեք տարուան մէջ երկրէն դուրս փոխադրուէր։ Հետագային, այդ պայմանաժամը երկու տարուան իջաւ։ Անկէ ետք անոնց հաւատալիքները դաւանող ոեւէ անհատ մահապատիժ պիտի ստանար։
Սոկինեաններէն ոմանք Հոլանտայի մէջ հաստատուեցան, ուր շարունակեցին իրենց տպագրական գործունէութիւնը։ Թրանսիլվանիոյ մէջ, գործօն ժողովք մը կար մինչեւ 18–րդ դարու սկիզբը։ Իրենց ժողովներուն մէջ, որոնք շաբաթը մինչեւ երեք անգամ տեղի կ’ունենային, սաղմոսներ կ’երգէին, քարոզներ մտիկ կ’ընէին, եւ իրենց ուսուցումները բացատրելու համար պատրաստուած գրքէ մը կը կարդային։ Ժողովքին մաքրութիւնը պահպանելու համար, հաւատակիցներ կը սրբագրուէին, կը յորդորուէին, եւ եթէ հարկ տեսնուէր, կը վտարուէին։
Լեհ Եղբայրութեան անդամները Աստուծոյ Խօսքին աշակերտներն էին։ Անոնք կարգ մը թանկարժէք ճշմարտութիւններ գտան, եւ անվարան՝ զանոնք ուրիշներու հետ բաժնեցին։ Ի վերջոյ, սակայն, անոնք Եւրոպայի տարածքին ցրուեցան եւ հետզհետէ աւելի դժուար եղաւ իրենց միութիւնը պահպանել։ Ժամանակի ընթացքին, Լեհ Եղբայրութիւնը անհետացաւ։
[Ստորանիշներ]
a Արիոս (Հ.Դ. 250-336) Աղեքսանդրիացի քահանայ մըն էր որ փաստեր բերաւ որ Յիսուս Հօրմէն ստորադաս էր։ Հ.Դ. 325–ին Նիկիոյ Խորհրդաժողովը մերժեց իր տեսակէտը։—Տես՝ Զարթի՛ր 22 Յունիս 1989, էջ 27։
b Տես՝ Զարթի՛ր 22 Նոյեմբեր 1988, էջ 19, «Սոկինեանները—Անոնք Ինչո՞ւ Մերժեցին Երրորդութիւնը»։
[Նկար՝ էջ 23]
Սոկինեան քարոզիչի մը պատկանած տուն մը
[Նկարներ՝ էջ 23]
Վերեւը՝ Րագաուը ներկայիս. աջին՝ «Արիոսականութեան» որեւէ հետք ջնջելու համար, 1650–ին հիմնուած վանքը. վարը՝ այս վայրին մէջ Կաթողիկէ կղերները խաչ մը տնկեցին Լեհ Եղբայրութեան դէմ հակառակութիւն հրահրելու համար
[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 21]
Title card of Biblia nieświeska by Szymon Budny, 1572