Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ01 9/1 էջ 19-21
  • «Ի՞նչ կը նիւթուի ֆրանսայի մէջ»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Ի՞նչ կը նիւթուի ֆրանսայի մէջ»
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Ենթավերնագիրներ
  • Երկար Օր մը
  • Արդիւնքը
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
դ01 9/1 էջ 19-21

«Ի՞նչ կը նիւթուի ֆրանսայի մէջ»

«Ազատութիւն, սիրելի ազատութիւն». այս բառերը Ֆրանսայի ազգային քայլերգին՝ «Լա Մարսէյէզ»ին մաս կը կազմեն։ Կասկած չկայ որ ազատութիւնը արժէքաւոր բան մըն է։ Սակայն, Ֆրանսայի մէջ վերջերս տեղի ունեցած միջադէպեր, էական ազատութիւններու ոտնակոխ ըլլալուն շուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնեն։ Անոր համար, Ուրբաթ 3 Նոյեմբեր 2000–ին, տասնեակ հազարաւոր Եհովայի Վկաներ 12 միլիոն մասնայատուկ թերթիկ մը բաշխեցին, որու խորագիրն էր՝ «Ի՞նչ կը Նիւթուի Ֆրանսայի Մէջ։ Ազատութիւնը Կրնա՞յ Նահանջել»։

ՔԱՆԻ մը տարիէ ի վեր, Ֆրանսայի մէջ Եհովայի Վկաները յարձակման ենթարկուած են քաղաքագէտներու եւ հակա–աղանդական խմբակներու կողմէ։ Ասիկա դժուարութիւններ յարուցած է Վկաներուն՝ անհատական, ժողովքային եւ ազգային գետնի վրայ։ Բայց 23 Յունիս 2000–ին, Ֆրանսայի կառավարական բարձրագոյն ատեանը՝ Ազգային Խորհուրդը՝ շրջադարձային որոշում մը տուաւ, որ հաստատումն էր 31 շրջանային ատեաններու աւելի քան 1,100 դատերէն քաղուած ընդհանուր կարծիքին։ Բարձրագոյն ատեանը հաստատեց որ Եհովայի Վկաներուն մատուցանած պաշտամունքը ամբողջովին ներդաշնակ է ֆրանսական օրէնքին հետ, եւ թէ անոնց Թագաւորութեան Սրահները նոյնքանով տուրքերէ զերծ ըլլալու իրաւունքը ունին, որքան ուրիշ կրօնքները։

Սակայն, այս որոշումը ամբողջովին անտեսելով, Ֆրանսայի Ֆինանսի Նախարարութիւնը կը շարունակէ մերժել Եհովայի Վկաներուն տուրքերէ զերծ ըլլալը, զոր օրէնքը կը մատուցանէ կրօնական կազմակերպութիւններուն։ Նախարարութիւնը 60 առ հարիւր տուրք դրած է, Ֆրանսայի 1,500 ժողովքներուն հետ ընկերակցող Վկաներուն ու անոնց բարեկամներուն ըրած նուիրատուութիւններուն վրայ։ Այս դատը ներկայիս քննարկումի ներքեւ է։

Վերոյիշեալ արշաւին նպատակն էր այս յարակարծութիւնը երեւան հանել եւ բացայայտ ընել այսպիսի կամայական հարկադրման եւ օրէնքներու առաջարկման մէջ պարփակուած վտանգները, որ բոլորին կրօնական ազատութիւնը կրնայ նուազեցնել։a

Երկար Օր մը

Առաւօտեան ժամը երկուքին, կարգ մը ժողովքներու մէջ, Վկաները սկսան թերթիկը բաշխել գնացքի կայարաններուն եւ գործարաններուն դուրսը եւ ապա օդակայանին մէջ։ Ժամը վեցին, Փարիզը զարթնեցաւ։ Շուրջ 6,000 կամաւորներ նախապէս ծրագրուած գլխաւոր վայրերու մէջ տեղ գրաւեցին, որպէսզի գործի գացողներուն հանդիպին։ Երիտասարդ կին մը կ’ըսէ. «Կրօնական ազատութեան համար ի՛նչ որ կ’ընէք՝ գովելի է։ Միայն Եհովայի Վկաները չեն որ պարփակուած են ասոր մէջ»։ Մարսիլիայի մէջ, աւելի քան 350 Վկաներ մէթրոյի կայաններուն եւ փողոցներուն մէջ թերթիկը մարդոց յանձնեցին։ Մէկ ժամ ետք, ազգային ձայնասփիւռի կայանը ծանուցանեց այս արշաւը, իր ունկնդիրներուն ըսելով որ չզարմանան եթէ Եհովայի Վկաներ իրենց մօտենան։ Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Ատեանի օրրանը եղող Սթրազպուրկի մէջ, կեդրոնական կայարանին մէջ ուղեւորները համբերութեամբ շարքի կեցած էին իրենց անձնական օրինակը ստանալու համար։ Փաստաբան մը ըսաւ որ ինք մեր համոզումները չբաժնելով հանդերձ, մօտէն կը հետեւի մեր դատին, քանի որ մեր պայքարը կարեւոր եւ արդար է։

Ժամը ութին, հակառակ տեղատարափ անձրեւին, Ալպեան քաղաքի մը՝ Կրէօնոպլի մէջ, 507 Վկաներ փողոցները մաղէ անցուցին, կամ թերթիկներ դրին նամակատուփերուն մէջ։ Ինքնաշարժի վարիչներ եռուզեռ մը նկատելով՝ կը կենային ու թերթիկ մը կ’ուզէին։ Արեւմտեան Փուաթիէ քաղաքին մէջ, ժամը ինի գնացքով հասնող ուղեւորներ արդէն իսկ թերթիկը ստացած էին իրենց մեկնած կայանէն։ Գերմանիոյ սահմանակից Միւլուզի մէջ, 40,000 օրինակներ արդէն մարդոց տրուած էին։

Մինչեւ ժամը տասը, ժողովքներէն շատեր իրենց թերթիկներուն գրեթէ կէսը բաշխած էին։ Մինչ առաւօտը կը յառաջանար, շատ քիչեր մերժեցին զայն եւ շատ հետաքրքրական խօսակցութիւններ տեղի ունեցան։ Զուիցերիոյ սահմանէն միայն 80 քմ. հեռու՝ Պըզանսոնի մէջ, երիտասարդ մը Աստուածաշունչի հանդէպ հետաքրքրութիւն ցոյց տուաւ եւ հարցուց թէ Աստուած ինչո՛ւ կը թոյլատրէ տառապանքը։ Վկան զինք հրաւիրեց որ խօսակցութիւնը շարունակեն մօտակայ Թագաւորութեան Սրահին մէջ, ուր իսկոյն Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսուեցաւ, Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ գրքոյկով։

Կէսօրին, բազմաթիւ Վկաներ իրենց ճաշի դադարի ժամը օգտագործեցին մէկ կամ երկու ժամ քարոզելու համար։ Ամբողջ կէսօրէ ետք թերթիկին բաշխումը շարունակուեցաւ. բազմաթիւ ժողովքներ ժամը երեքի կամ չորսի ատենները արդէն վերջացուցած էին։ Շամբանեայի արտադրութեամբ նշանաւոր Ռէնսի մէջ, անցեալին Եհովայի Վկաներուն հետ ուսումնասիրած կամ ընկերակցած անհատներէն ոմանք, ժողովքին վերադառնալու փափաք յայտնեցին։ Պորտոյի մէջ, երեք հատ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսուեցան։ Նոյն քաղաքին մէջ, Վկայ մը խանութ մը մտաւ լրագիր գնելու համար եւ վաճառասեղանին վրայ տեսաւ տրցակ մը թերթիկ։ Խանութպանը՝ որ նախկին Վկայ մըն էր, ստացած էր թերթիկը եւ անոր կարեւորութեան գիտակցելով, պատճենահանած էր զայն, որպէսզի անձամբ ուրիշներու բաշխէր։

Նորմանտիի Լը Ավրի մէջ, Բողոքական տիկին մը, որ ձայնասփիւռէն լսած էր որ Եհովայի Վկաներուն ըրած նուիրատուութիւններուն վրայ տուրք կը պահանջուէր՝ ընդվզեցաւ։ Ան սիրով ընդունեց թերթիկը եւ գովաբանեց Վկաները որ այսպիսի անիրաւութեան դէմ բացայայտօրէն կ’արտայայտուէին։ Ժամը 19։20–ին, Լիոնի հեռատեսիլի շրջանի լուրերուն մէջ թերթիկի բաշխումին ակնարկուելով, ըսուեցաւ. «Այս առաւօտ շատ աւելի դիւրին էր անձրեւէն խուսափիլ, քան՝ Եհովայի Վկաներու թերթիկներէն»։ Երկու Վկաներու հետ հարցազրոյց կատարուեցաւ, որպէսզի բացատրեն այս արշաւին նպատակը։

Այն Վկաները, որոնք փափաքեցան իրենց աշխարհիկ գործէն ետք իրենց մասնակցութիւնը բերել, կարգ մը թերթիկներ բաշխեցին տուն վերադարձող ուղեւորներուն, նաեւ կարգ մը թերթիկներ դրին նամակատուփերու մէջ։ Իրենց ճենապակիով հռչակաւոր եղող Պրէսթ եւ Լիմոժ քաղաքներուն մէջ, ժամը 23։00–ին շարժապատկերի սրահէն դուրս ելլողները թերթիկը վերջին ստացողներուն մէջ կը գտնուէին։ Մնացեալ թերթիկները հաւաքուեցան եւ յաջորդ առաւօտ բաշխուեցան։

Արդիւնքը

Վկայ մը գրեց. «Մեր հակառակորդները կը խորհին որ մեզ կը տկարացնեն։ Իրականութեան մէջ, ճիշդ հակառա՛կն է որ տեղի կ’ունենայ»։ Շատ ժողովքներու մէջ, Վկաներուն աւելի քան 75 տոկոսը մասնակցեցաւ այդ օրը, անոնցմէ ոմանք 10, 12, կամ 14 ժամ անցուցին այս գործունէութեան մէջ։ Ֆրանսայի հիւսիսը, Էմի մէջ, գիշերային ժամ աշխատող Վկայ մը թերթիկը բաժնեց առաւօտեան ժամը հինգէն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը երեք։ Մօտակայ Տընէնի մէջ՝ ուր 1906–էն ի վեր ժողովք մը գոյութիւն ունեցած է, Ուրբաթ օրը 75 Վկաներ 200 ժամ տրամադրեցին թերթիկի բաշխման։ Ուրիշներ հակառակ իրենց յառաջացած տարիքին եւ աննպաստ օդին, ուզեցին իրենց մասնակցութիւնը բերել։ Լը Մանի մէջ, զոր օրինակ, 80–ական տարիքի մէջ եղող երեք քոյրեր երկու ժամ յատկացուցին թերթիկները նամակատուփերուն մէջ դնելու համար, իսկ հաշմակառքի մէջ եղող Վկայ մը, գնացքի կայարանին դիմաց թերթիկ բաշխեց։ Իսկ ո՛րքան քաջալերական էր տեսնել նախապէս անգործունեայ եղող բազմաթիւ Վկաներու բերած մասնակցութիւնը այս մասնաւոր գործունէութեան մէջ։

Անկասկած, այս բաշխումը մեծ վկայութիւն տուաւ։ Ամէն խաւէ մարդիկ՝ որոնցմէ շատեր հազուադէպօրէն կարելի է գտնել իրենց տունը՝ թերթիկէն օրինակ մը ստացան։ Շատեր զգացին որ այս արարքը Վկաներուն շահերը պաշտպանելէն շա՛տ աւելին կ’իրագործէ։ Շատեր զայն նկատեցին որպէս բոլոր Ֆրանսացիներուն խղճի ու պաշտամունքի ազատութեան պաշտպանութիւն։ Ասոր որպէս փաստ, ժողովուրդէն շատեր յաւելեալ օրինակներ խնդրեցին, իրենց բարեկամներուն, գործակիցներուն կամ ազգականներուն տալու համար։

Այո, Ֆրանսայի Եհովայի Վկաները հպարտ են, որ Եհովայի անունը կը գիտցնեն ու Թագաւորութեան շահերը կը պաշտպանեն։ (Ա. Պետրոս 3։15) Անոնց անկեղծ փափաքն է որ կարենան «խաղաղ ու հանդարտ կեանք մը վարել կատարեալ աստուածպաշտութիւնով ու պարկեշտութիւնով», եւ թէ հազարաւոր ուրիշներ իրենց միանան, իրենց երկնաւոր Հայրը՝ Եհովան փառաբանելու։—Ա. Տիմոթէոս 2։2

[Ստորանիշ]

a Նոյնանման արշաւ մը տեղի ունեցաւ Յունուար 1999–ին, կրօնական խտրականութեան դէմ բողոքելու համար։ Տեսնել՝ Դիտարան 1 Օգոստոս 1999, էջ 9 (Անգլերէն), եւ՝ Եհովայի Վկաներու 2000–ի Տարեգիրք, էջ 24-26։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել