Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ08 10/1 էջ 3
  • Կը ճանչնա՞ս երկնաւոր հայրդ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Կը ճանչնա՞ս երկնաւոր հայրդ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Եհովան՝ մեր Հայրը, մեզ խորապէս կը սիրէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
  • Կրնա՞նք Աստուած ճանչնալ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2019
  • ‘Որդին կ’ուզէ Հայրը յայտնել’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Հոգեւոր ընտանիքիդ մօտեցիր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
դ08 10/1 էջ 3

Կը ճանչնա՞ս երկնաւոր հայրդ

Ո՞ՐՔԱՆ լաւ կը ճանչնաս հայրդ։ Եթէ սիրալիր ընտանիքի մը մէջ մեծցած ես, այդ հարցումը կրնայ զարմանալի թուիլ։ Թերեւս պատասխանդ ըլլայ. ‘Հարկաւ զինք շատ լաւ կը ճանչնամ’։ Արդարեւ մարդոց մեծամասնութիւնը գիտեն թէ իրենց հայրը ի՛նչ բանէ կ’ախորժի եւ ի՛նչ բան չի հաւնիր, որոշ պարագաներու ի՛նչպէս կը հակազդէ եւ ի՛նչպէս ընտանիքը կը հոգայ։

Բայց եւ այնպէս, թերեւս եղած են պարագաներ, երբ անակնկալի եկած ես, հօրդ անձնաւորութեան բոլորովին տարբեր մէկ երեսակը նկատելով։ Օրինակ, զաւակ մը կրնայ իր հայրը ճանչնալ որպէս հանդարտ ու հեզ անձ մը, բայց ստիպողական վիճակի մը ներքեւ ան յանկարծ կը նկատէ թէ իր հայրը ընտանիքը պաշտպանելու մէջ վճռական ու հաստատամիտ է։

Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր Ստեղծիչին մասին։ Սուրբ Գիրքը կը նշէ. «Անով կ’ապրինք եւ կը շարժինք ու կանք» (Գործք 17։28)։ Մեր կեանքը Աստուծոյ կը պարտինք. այս առումով ան բոլոր ապրողներուն Հայրն է (Եսայի 64։8)։ Թերեւս Աստուծոյ հանդէպ այսպէս կը զգաս, եւ ասիկա լաւ ու պատշաճ բան մըն է։ Սակայն իր մասին շա՜տ աւելի բաներ կան, զորս պէտք է գիտնանք եւ սորվինք, մեր օգտին եւ ուրախութեան համար։

Երկրային հօրդ հանդէպ ունեցած զգացումներդ եւ յարգանքդ, զինք ո՛րքան լաւ ճանչնալէդ կախեալ են։ Նոյնպէս, Աստուած ո՛րքան աւելի լաւ ճանչնաս, ա՛յդքան աւելի մտերիմ յարաբերութիւն մը կ’ունենաս իրեն հետ։ Աստուած կրնայ քեզի օգնել կեանքի դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլելու, եթէ զինք մօտէն ճանչնաս ու սորվիս իր կամքը ընել։

Աստուած ի՞նչպիսի անձ մըն է։ Իր յատկութիւնները ի՞նչպէս պէտք է ազդեն իրեն հանդէպ ունեցած զգացումներուդ։ Զինք ճանչնալը քու վրադ որոշ պատասխանատուութիւններ կը դնէ՞։ Այս հարցումներուն պատասխանները պիտի գտնես յաջորդ յօդուածին մէջ։

[Մէջբերում՝ էջ 3]

Ուրիշները ո՛րքան լաւ ճանչնալդ կրնայ ազդել անոնց հանդէպ ունեցած զգացումներուդ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել