Անձնուրաց ծառայողներ. Մեքսիքա
ՍՐՏԱՊՆԴԻՉ է տեսնել հետզհետէ աւելի մեծ թիւով երիտասարդ Վկաներ, որոնք իրենց կենցաղակերպը կը պարզեցնեն՝ իրենց ծառայութիւնը ընդարձակելու համար (Մատ. 6։22)։ Անոնք ի՞նչ փոփոխութիւններ կ’ընեն։ Ի՞նչ խոչընդոտներ կը դիմագրաւեն։ Եկէք ծանօթանանք անոնցմէ ոմանց, որոնք այժմ Մեքսիքայի մէջ կը ծառայեն։
«ՊԷՏՔ Է ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԸՆԵՆՔ»
Տասթըն եւ Ճասա
Տասթըն եւ Ճասա, որոնք Միացեալ Նահանգներէն են, ամուսնացան յունուար 2007–ին։ Անկէ քիչ ետք, իրենց երազը իրականացուցին,– առագաստանաւ մը ունենալ եւ անոր մէջ շարունակ ապրիլ։ Առագաստանաւը խարսխեցին ԱՄՆ–ի Օրեկոնի Ասթորիա տեսարժան գիւղաքաղաքին մօտ, որ անտառապատ բլուրներ ու ձիւնածածկ լեռներ ունի, եւ Խաղաղական ովկիանոսին կը նայի։ Տասթըն կ’ըսէ. «Ո՛ւր որ նայէիր, ոգեւորիչ տեսարաններ կը տեսնէիր»։ Այս զոյգը կարծեց որ պարզ կեանք կը վարէր ու Եհովային կը վստահէր։ Անոնք խորհեցան. ‘Վերջ ի վերջոյ կ’ապրինք նաւու մը մէջ որ 7,9 մեթր է, մասնակի ժամանակով կ’աշխատինք, օտարախօս ժողովքի հետ կ’ընկերակցինք եւ ատենէ ատեն որպէս օժանդակ ռահվիրայ կը ծառայենք’։ Բայց ժամանակ մը ետք, եզրակացուցին թէ իրենք զիրենք կը խաբէին։ Տասթըն կ’ըսէ. «Ժողովքին աջակցելու փոխարէն, շա՜տ զբաղած կը մնայինք մեր նաւը նորոգելով։ Անդրադարձանք որ եթէ իրապէս կ’ուզենք Եհովան մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնել, պէտք է փոփոխութիւն մը ընենք»։
Ճասան կ’աւելցնէ. «Ամուսնանալէ առաջ, կ’ապրէի Մեքսիքայի մէջ, ուր անգլիախօս ժողովքի կը պատկանէի։ Հոն՝ ծառայութիւնը շատ կը սիրէի, եւ կը տենչայի վերադառնալ»։ Ընտանեկան պաշտամունքի ընթացքին, օտար երկրի մէջ ծառայելու իրենց փափաքը զօրացնելու համար, Տասթընն ու Ճասան սկսան կարդալ եղբայրներու ու քոյրերու կենսագրութիւններ, որոնք փոխադրուեցան այնպիսի շրջաններ, ուր ‘դաշտը’ հնձուելու պատրաստ էր (Յովհ. 4։35)։ Տասթըն կ’ըսէ. «Նոյն ուրախութիւնը ուզեցինք վայելել»։ Երբ Մեքսիքայի իրենց բարեկամներէն տեղեկացան, թէ նոր կազմուած խումբ մը օգնութեան կարիք ունի, Տասթընն ու Ճասան իրենց գործերը ձգեցին, առագաստանաւը ծախեցին եւ Մեքսիքա փոխադրուեցան։
«ՄԵԶԻ ՊԱՏԱՀԱԾ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԲԱՆԸ»
Տասթընն ու Ճասան Թեգոման գիւղաքաղաքին մէջ հաստատուեցան,– որ դարձեալ Խաղաղական ովկիանոսին մօտ է, բայց 4345 քմ Ասթորիայի հարաւը։ Տասթըն կ’ըսէ. «Զով զեփիւռին եւ լեռնային տեսարաններուն փոխարէն, շրջանը շատ տաք օդ կը տիրէ եւ ո՛ւր որ նայինք, լիմոնի ծառեր կը տեսնենք»։ Սկիզբը, անոնք չկրցան գործ գտնել եւ բաւարար գումար չունենալով՝ շաբաթներով օրը երկու անգամ բրինձ ու լուբիա կերան։ «Բայց ճիշդ երբ մեր կերակուրը անտանելի եղաւ, մեր Աստուածաշունչի աշակերտները սկսան մեզի տալ մանգ, պանան, հնդկասեխ եւ անշուշտ տոպրակներով լեցուն լիմոն», կ’ըսէ Ճասան։ Ժամանակի ընթացքին, զոյգը սկսաւ աշխատիլ լեզուական առցանց դպրոցի մը հետ, որ Թայուանի մէջ հաստատուած է։ Այժմ այդ գործին եկամուտը իրենց առօրեայ կարիքները դիւրաւ կը լեցնէ։
Տասթընն ու Ճասան իրենց նոր կենցաղակերպին նկատմամբ ինչպէ՞ս կը զգան։ Անոնք կ’ըսեն. «Այս փոխադրութիւնը մեզի պատահած լաւագոյն բանն է։ Եհովայի եւ իրարու հետ մեր փոխյարաբերութիւնը աւելի զօրաւոր է։ Ամէն օր միասնաբար բազմաթիւ բաներ կ’ընենք,– դաշտի ծառայութեան ելլել, քննարկել ինչպէ՛ս մեր Աստուածաշունչի աշակերտներուն օգնել, ժողովներուն նիւթերը պատրաստել։ Նաեւ անցեալի ճնշումներէն ձերբազատուած ենք։ Այժմ կ’արժեւորենք ինչ որ առաջ լիովին չէինք հասկնար,– Սաղմոս 34։8–ի խոստումին ճշմարիտ ըլլալը. ‘Ճաշակեցէ՛ք ու տեսէք թէ Տէրը բարի է’»։
ՀԱԶԱՐԱՒՈՐՆԵՐ ՅՕԺԱՐ ՀՈԳԻ ԿԸ ՑՈՒՑԱԲԵՐԵՆ
Աւելի քան 2900 եղբայրներ ու քոյրեր,– ամուսնացած ե՛ւ ամուրի, շատերը 20–ական եւ 30–ական տարիքին մէջ,– փոխադրուած են Մեքսիքայի զանազան շրջաններ, ուր Թագաւորութեան քարոզիչներու կարիքը տակաւին մեծ է։ Անոնք ինչո՞ւ այս դժուար աշխատանքին ձեռնարկած են։ Երբ անոնցմէ ոմանց այս հարցումը ուղղուեցաւ, անոնք երեք գլխաւոր պատճառ տուին։ Ի՞նչ են անոնք։
Լեթիսիա եւ Հէրմիլօ
Եհովային եւ մարդոց հանդէպ սէր ցուցաբերել։ Լեթիսիան 18 տարեկանին մկրտուեցաւ։ Ան կ’ըսէ. «Երբ Եհովայի նուիրուեցայ, հասկցած էի թէ սա կը նշանակէ իրեն ամբողջ սրտով ու հոգիով ծառայել։ Ուստի, Եհովայի հանդէպ իմ սրտագին սէրս ցուցաբերելու համար, ուզեցի իր ծառայութեան մէջ աւելի ժամանակ ու կորով տրամադրել» (Մար. 12։30)։ Հէրմիլօ, որ այժմ Լեթիսիայի ամուսինն է, կը նշէ. «Գիտակցեցայ թէ լաւագոյն կերպով ցոյց կու տամ թէ ընկերս կը սիրեմ, եթէ մարդոց օգնեմ որ իրենց հոգեւոր կարիքը գոհացնեն» (Մար. 12։31)։ Անոր համար, երբ շուրջ 20 տարեկան էր, ան ձգեց Մոնթերէ բարգաւաճ քաղաքը, ուր դրամատան մը մէջ կ’աշխատէր ու հանգստաւէտ կենցաղակերպ ունէր, եւ փոխադրուեցաւ գիւղաքաղաք մը՝ ուր Թագաւորութեան քարոզիչներու աւելի մեծ կարիք կար։
Էսլի
Իսկական եւ մնայուն ուրախութիւն վայելել։ Իր մկրտութենէն քիչ ետք, Լեթիսիան փորձառու քրոջ մը հետ գնաց մեկուսացած գիւղաքաղաք մը, ուր մէկ ամիս քարոզեցին։ Լեթիսիան կը յիշէ. «Հիացած էի։ Երբ տեսայ թէ մարդիկ ինչպէ՛ս Թագաւորութեան պատգամին կ’ընդառաջեն, շա՜տ ուրախացայ։ Այդ ամսուան վերջաւորութեան ես ինծի ըսի. ‘Ճիշդ ասիկա է որ կ’ուզեմ իմ կեանքիս մէջ ընել’»։ Նմանապէս, Էսլին որ այժմ իր 20–ական տարիքին մէջ է, կ’ըսէ թէ երբ տակաւին բարձրագոյն վարժարանն էր, ծանօթացաւ քանի մը նախանձախնդիր Վկաներու, որոնք կը ծառայէին հոն՝ ուր կարիքը մեծ էր։ Ան կ’ըսէ. «Տեսնելով այդ եղբայրներուն ու քոյրերուն ուրախ դէմքերը, փափաքեցայ ե՛ս ալ համանման կեանք վարել»։ Բազմաթիւ քոյրեր Էսլիին պէս արտայայտուած են։ Իրականութեան մէջ, Մեքսիքայի մէջ աւելի քան 680 ամուրի քոյր կը ծառայեն շրջաններու մէջ, ուր հրատարակիչներու մեծ կարիք կայ։ Անոնք ի՜նչ հոյակապ օրինակ կը հանդիսանան թէ՛ երիտասարդներուն եւ թէ տարեցներուն։
Իմաստալից եւ գոհացուցիչ կեանք վարել։ Բարձրագոյն վարժարանը աւարտելէ ետք, համալսարան յաճախելու համար՝ Էսլիին կրթաթոշակ առաջարկուեցաւ։ Իր հասակակիցները զինք քաջալերեցին որ զայն ընդունի եւ «բնական կեանք» հետապնդէ,– վկայական առնել, գործի տէր ըլլալ, ինքնաշարժ ձեռք ձգել եւ ճամբորդել։ Բայց Էսլին անոնց խրատին ականջ չկախեց։ Ան կ’ըսէ. «Քրիստոնեայ բարեկամներէս ոմանք ունեցա՛ն այսպիսի հետապնդումներ եւ նշմարեցի որ անոնց համար հոգեւոր նպատակակէտերը ա՛լ առաջին տեղը չէին գրաւեր։ Նաեւ նկատեցի թէ մինչ անոնք այս աշխարհի բաներով տարուեցան՝ իրենց դիմագրաւած խնդիրներուն պատճառաւ յուսախաբ եղան։ Բայց ես ուզեցի իմ երիտասարդութիւնս լիովին Եհովայի ծառայութեան տրամադրել»։
Ռաքէլ եւ Ֆիլիփ
Յաւելեալ դասընթացքներ առնելով, Էսլին կրցաւ իր ապրուստը ճարել մինչ ռահվիրայութեան կը մասնակցէր։ Ապա, ան փոխադրուեցաւ շրջան մը՝ ուր հրատարակիչներու մեծ կարիք կար։ Ան նոյնիսկ օթոմի եւ թլաբէնեքօ բնիկ լեզուները սորվեցաւ։ Այժմ, յետադարձ ակնարկ նետելով այն երեք տարուան վրայ, որ անցուց քարոզելով մեկուսացած շրջաններու մէջ, Էսլի կ’ըսէ. «Կարիքաւոր շրջաններու մէջ քարոզելը ինծի գոհունակութիւն տուած է եւ կեանքս իմաստալից դարձուցած է։ Բայց ամէն բանէ աւելի, ատիկա Եհովայի հետ փոխյարաբերութիւնս ամրացուցած է»։ Ֆիլիփ եւ Ռաքէլ,– Միացեալ Նահանգներէն զոյգ մը՝ որ իրենց 30–ական տարիքին մէջ են,– Էսլիի խօսքին համամիտ են։ Անոնք կ’ըսեն. «Աշխարհը ա՛յնքան արագ կերպով կը փոխուի որ շատեր կը զգան թէ իրենց կեանքը անկայուն է։ Բայց ծառայելը հոն՝ ուր շատեր Աստուածաշունչի պատգամին ականջ կու տան, մեր կեանքը իմաստալից կը դարձնէ ու մեր մէջ խոր գոհունակութեան զգացում կը յառաջացնէ»։
ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԳԼՈՒԽ ԵԼԼԵԼ
Վերոնիքա
Անշուշտ, հրատարակիչներու մեծ կարիք ունեցող շրջաններու մէջ քարոզելը իր մարտահրաւէրները ունի։ Ատոնցմէ մէկն է՝ ապրուստդ ինչպէ՛ս ճարել։ Այս ուղղութեամբ, պէտք է տեղական պարագաներուն յարմարիս։ Վերոնիքա, փորձառու ռահվիրայ մը, կը բացատրէ. «Ծառայած մէկ վայրիս մէջ պատրաստեցի ու ծախեցի աժան ճաշեր։ Ուրիշ վայրի մը մէջ հագուստ ծախեցի եւ որպէս վարսայարդար աշխատեցայ։ Այժմ, տուն մը կը մաքրեմ եւ դասընթացք կու տամ նոր ծնողներու, սորվեցնելով ինչպէ՛ս երեխաներուն հետ հաղորդակցիլ»։
Ուրիշ մշակոյթի եւ տարբեր սովորութիւններու յարմարիլը մասնաւորաբար մարտահրաւէր կ’ըլլայ, երբ մեկուսացած շրջանի մը մէջ բնիկ ժողովուրդին հետ ապրիս։ Ասիկա Ֆիլիփի եւ Ռաքէլի պարագան էր, երբ նահուաթլ լեզուն խօսող դաշտին մէջ կը ծառայէին։ «Մշակութային տարբերութիւնը շա՜տ հսկայ էր», կ’ըսէ Ֆիլիփ։ Ի՞նչ բան իրենց օգնեց որ յարմարին։ «Կեդրոնացանք նահուաթլ մարդոց դրական կէտերուն վրայ,– ընտանեկան մտերմութիւնը, իրենց գործառնութիւններուն մէջ իրենց ցուցաբերած անկեղծութիւնը եւ առատաձեռնութիւնը»։ Ռաքէլ կ’աւելցնէ. «Այդ բնիկ համայնքին մէջ ապրելով եւ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ ուս–ուսի աշխատելով շա՛տ բան սորվեցանք»։
ԻՆՉՊԷ՛Ս ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻԼ
Եթէ կը փափաքիս ծառայել կարիքաւոր մէկ մեկուսացած շրջանի մէջ, ինչպէ՞ս կրնաս նախապատրաստուիլ։ Եղբայրներ ու քոյրեր, որոնք այս տեսակի ծառայութեան կը մասնակցին, կ’ըսեն թէ փոխադրուելէ առաջ, պէտք է մեր կեանքը պարզեցնենք եւ սորվինք գոհունակ ըլլալ (Փլպ. 4։11, 12)։ Ուրիշ ի՞նչ կրնաս ընել։ Լեթիսիան կը պատմէ. «Խուսափեցայ այնպիսի գործեր աշխատելէ, որոնք ինձմէ կը պահանջէին մէկ վայրի մէջ երկար ժամանակ մնալ։ Ուզեցի միշտ փոխադրուելու կարող ըլլալ,– ե՛րբոր եւ ո՛ւր որ հարկ ըլլար»։ Հէրմիլոն կ’ըսէ. «Եփել, հագուստ լուալ եւ արդուկել սորվեցայ»։ Իսկ Վերոնիքան կը նշէ. «Մինչ ընտանիքիս հետ կ’ապրէի, տան մաքրութեան կը մասնակցէի, եւ սորվեցայ աժան բայց սննդարար ճաշեր պատրաստել։ Ինչպէս նաեւ սորվեցայ դրամ խնայել»։
Էմիլիա եւ Լիվա
Լիվա եւ Էմիլիա,– որոնք Միացեալ Նահանգներէն են եւ 8 տարիէ ամուսնացած են,– կը պատմեն թէ ինչպէ՛ս մասնայատուկ աղօթքներ իրենց օգնած են, որ Մեքսիքայի մէջ ծառայելու պատրաստուին։ Լիվա կը պատմէ. «Հաշիւ ըրինք թէ մէկ տարի արտասահման ծառայելու համար որքան դրամի հարկ պիտի ունենայինք, եւ ապա աղօթքով Եհովայէ խնդրեցինք որ մեզի օգնէ այդ գումարը ապահովելու»։ Քանի մը ամիս չանցած, անոնք կրցան խնայել այն գումարը որ աղօթքին մէջ նշած էին եւ անյապաղ փոխադրուեցան։ Լիվա կ’ըսէ. «Եհովան մեր մասնայատուկ խնդրանքին պատասխանեց, ուստի մեր կարգն էր քայլ առնելու»։ Էմիլիա կ’աւելցնէ. «Խորհեցանք որ միայն մէկ տարի կրնայինք մնալ, բայց այժմ եօթը տարիէ հոս ենք եւ բնա՛ւ չենք մտածեր վերադառնալ։ Հոս ապրիլը մեզի թոյլ կու տայ որ Եհովայի օգնութիւնը շօշափենք։ Ամէն օր իր բարութեան ապացոյցը կը տեսնենք»։
Էտէմ եւ Ճենիֆըր
Էտէմ եւ Ճենիֆըր,– Միացեալ Նահանգներէն զոյգ մը՝ որ Մեքսիքայի անգլիախօս դաշտին մէջ կը ծառայեն,– կ’ըսեն թէ իրենց համար ալ աղօթքը կարեւոր դեր խաղցաւ։ Անոնք կը յանձնարարեն. «Կատարեալ պարագաներու մի՛ սպասեր։ Արտասահման ծառայելու փափաքիդ մասին աղօթէ եւ ապա այդ աղօթքներուդ համաձայն գործէ։ Կեանքդ պարզ դարձուր։ Նամակ գրէ փափաքած երկրիդ հոգ տանող մասնաճիւղին, եւ ծախքը նկատի առնելէ ետք՝ փոխադրուէ՛»a։ Եթէ այսպէս ընես, հետաքրքրաշարժ եւ հոգեւորապէս հարուստ կեանք պիտի վայելես։
a Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս «Կրնա՞ս ‘Մակեդոնիա անցնիլ’» յօդուածը, Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին օգոստոս 2011 թիւին մէջ։