Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ14 4/15 էջ 27-31
  • Կ’արժեւորե՞ս Եհովայի հոգատարութիւնը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Կ’արժեւորե՞ս Եհովայի հոգատարութիւնը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԱՉԱԼՈՒՐՋ ԱՍՏՈՒԱԾԸ ՄԵԶ Կ’ԱԶԴԱՐԱՐԷ
  • ՀՈԳԱԾՈՒ ՀԱՅՐԸ ՄԵԶ ԿԸ ՍՐԲԱԳՐԷ
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐԸ ԿԻՐԱՐԿԵԼՈՎ Կ’ՕԳՏՈՒԻՆՔ
  • ԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄ ՄԸՆ Է, ՈՐ ՄԵԶԻ Կ’ՕԳՆԷ ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՏՈԿԱԼՈՒ
  • ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԱՃՈՒԹԵԱՆ ԺՊԻՏՈՎ ՕՐՀՆՈՒԷ՛
  • «Իմաստուններուն խօսքերուն մտիկ ըրէ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • Եհովան ի՞նչ կերպերով ցոյց կու տայ թէ մեզ կը սիրէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Եհովայի «թարթիչները» ամէն ոք կը քննեն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
  • Իրապէս հոգացող անձ մը կա՞յ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
դ14 4/15 էջ 27-31
Եբրայեցի մանկաբարձները՝ Սեփրան եւ Փուան կը հսկեն, մինչ եբրայեցի կին մը մանչի մը ծնունդ կու տայ

Կ’արժեւորե՞ս Եհովայի հոգատարութիւնը

«Տէրոջը աչքերը ամէն տեղ չարերն ու բարիները կը դիտեն» (ԱՌ. 15։3)։

ՅԻՇԵԼԻՔ ԳԼԽԱՒՈՐ ԿԷՏԵՐ

  • Եհովան ինչո՞ւ իր աչքերը վրադ կը պահէ։

  • Ի՞նչ կերպերով կրնաս ստանալ Եհովայի ազդարարութիւնները, սրբագրումը եւ առաջնորդութիւնը։

  • Ինչո՞ւ Եհովան երբեմն մեզ դժուարութիւններէ ազատելէ ետ կը կենայ։

1, 2. Մեր վրայ հսկելու Եհովայի կերպը ինչպէ՞ս կը տարբերի լուսանկարչական մեքենաներու կերպէն։

ԲԱԶՄԱԹԻՒ երկիրներու մէջ, լուսանկարչական մեքենաներ կը գործածուին երթեւեկութեան հսկելու եւ արկածները նկարելու համար։ Եթէ արձանագրուի արկած մը, ուր վարորդը կը փախչի՝ փոխանակ կանգ առնելու եւ վիրաւորուող անհատին օգնելու, նկարներուն միջոցաւ ոստիկանութիւնը կրնայ զայն գտնել ու ձերբակալել։ Իսկապէս, ամէն տեղ ելեկտրոնային աչքեր ըլլալով, ա՛լ աւելի դժուար կը դառնայ որ անհատներ իրենց արարքներուն հետեւանքներէն խոյս տան։

2 Միւս կողմէ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ մեր սիրալիր Հօր՝ Եհովայի աչքերը «ամէն տեղ» են (Առ. 15։3)։ Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ ան մեր ըրածները յարատեւաբար մանրամասն կը զննէ։ Ան մեր վրայ կը հսկէ պարզապէս իր օրէնքները պարտադրելո՞ւ համար, ի մտի ունենալով մեզ պատժել անմիջապէս որ սխալինք (Եր. 16։17. Եբ. 4։13)։ Բնա՛ւ երբեք։ Եհովան մեր վրայ կը հսկէ, գլխաւորաբար քանի որ իւրաքանչիւրս կը սիրէ եւ մեր բարօրութեամբ հետաքրքրուած է (Ա. Պետ. 3։12)։

3. Աստուծոյ սիրալիր հոգատարութեան ի՞նչ հինգ մարզեր նկատի պիտի առնենք։

3 Խորապէս ըմբռնելու համար թէ Աստուած մեզ սիրելուն համար մեր վրայ կը հսկէ, նկատի առնենք հինգ կերպեր, որոնցմով ասիկա ցոյց կու տայ։ Ան մեզ 1) կ’ազդարարէ երբ սխալ հակումներ ցոյց տանք, 2) կը սրբագրէ երբ սխալ քայլեր առնենք, 3) կ’առաջնորդէ իր Խօսքին բովանդակած սկզբունքներով, 4) կ’օգնէ երբ դժուարութիւններ դիմագրաւենք, եւ 5) կը վարձատրէ երբ ճիշդը ընենք։

ԱՉԱԼՈՒՐՋ ԱՍՏՈՒԱԾԸ ՄԵԶ Կ’ԱԶԴԱՐԱՐԷ

4. Կայէն մեղանչելէ առաջ, Աստուած ինչո՞ւ զինք ազդարարեց։

4 Նախ նկատի առնենք թէ Աստուած ինչպէ՛ս մեզ կ’ազդարարէ, երբ սխալ հակումներ զարգացնենք (Ա. Մն. 28։9)։ Աստուծոյ հոգատարութեան այս երեսակը ըմբռնելու համար, նկատի առ թէ ինչպէ՛ս վարուեցաւ Կայէնի հետ, որ «խիստ բարկացաւ» երբ իր ընծան չընդունուեցաւ (կարդա՛ Ծննդոց 4։3-7)։ Եհովան Կայէնը յորդորեց որ ‘աղէկը ընէ’։ Եթէ ան աղէկը չընէր, Եհովան ազդարարեց որ «մեղքը դրանը քով պառկած է», եւ նշեց. «Դուն անոր պիտի իշխես [«իշխե՞ս», ՆԱ]»։ Ան կ’ուզէր որ Կայէն ազդարարութեան ընդառաջէր եւ դարձեալ ‘ընդունելի ըլլար’, իրեն հետ լաւ փոխյարաբերութիւն պահպանելով։

5. Եհովան ի՞նչ կերպերով վատառողջ հակումներու մասին մեզ կ’ազդարարէ։

5 Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր մասին։ Եհովայի աչքերը մեր սիրտը կը ներթափանցեն. չենք կրնար մեր իսկական հակումներն ու շարժառիթները իրմէ թաքցնել։ Մեր սիրալիր Հայրը կ’ուզէ որ արդարութեան ճամբաներուն հետամուտ ըլլանք, բայց մեզ չի ստիպեր որ մեր ընթացքը փոխենք։ Իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին միջոցով, ան մեզ կ’ազդարարէ երբ սխալ ուղի կը բռնենք։ Ինչպէ՞ս։ Մեր ամէնօրեայ ընթերցանութեան մէջ, յաճախ կը հանդիպինք հատուածի մը, որ մեզի կ’օգնէ սխալ հակումներէ եւ վատառողջ միտումներէ ձերբազատուելու։ Ասկէ զատ, մեր քրիստոնէական հրատարակութիւնները թերեւս քննարկեն խնդիր մը՝ որուն դէմ կը մաքառինք, եւ ցոյց տան թէ ինչպէ՛ս կրնանք զայն յաղթահարել։ Իսկ մեր ժողովքային հանդիպումներուն, բոլորս ճիշդ ատենին տրուած խրատներ կը ստանանք։

6, 7. ա) Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ թէ միլիոնաւորներու համար պատրաստուած նիւթերը, քեզի հանդէպ Աստուծոյ սիրալիր հոգատարութիւնը կը յայտնեն։ բ) Եհովայի անձնական հոգատարութենէն ինչպէ՞ս կրնաս օգտուիլ։

6 Այսպիսի ազդարարութիւններ իսկապէս կ’ապացուցանեն, թէ Եհովան սիրալիր եւ աչալուրջ կերպով մեզ անհատապէս կը հոգայ։ Ճիշդ է որ Աստուածաշունչին խօսքերը դարաւոր են, Աստուծոյ կազմակերպութեան պատրաստած հրատարակութիւնները միլիոնաւորներու համար գրուած են, եւ ժողովներուն մէջ տրուած խրատները ամբողջ ժողովքին համար են։ Սակայն, այս բոլոր պարագաներուն, Եհովան քու ուշադրութիւնդ հրաւիրեց իր Խօսքին վրայ, որպէսզի կարենաս հակումներդ ճշդել։ Ուստի կրնայ ըսուիլ թէ ասիկա ապացոյց է, թէ Եհովան անձամբ քեզի հանդէպ սիրալիր հոգատարութիւն ցոյց կու տայ։

Տղամարդ մը կը մերժէ բաներ, որոնք կրնան զինք փորձել

Աստուածաշունչով մարզուած մեր խիղճը կ’օգնէ որ մեր շուրջը գտնուող վտանգներէն խուսափինք (տե՛ս պարբերութիւն 6, 7)

7 Աստուծոյ ազդարարութիւններէն օգտուելու համար, նա՛խ հարկ է որ գիտակցինք թէ իսկապէս մեզմով հետաքրքրուած է։ Ապա, իր Խօսքին պէտք է ընդառաջենք, ջանալով ձերբազատուիլ որեւէ մտածումէ, որ զինք կը տհաճեցնէ (կարդա՛ Եսայի 55։6, 7)։ Եթէ մեզի տրուած ազդարարութիւններուն անսանք, մեր անձը սրտացաւերէ պիտի խնայենք։ Սակայն, սեպենք թէ մեր սխալ հակումներուն տեղի տուինք։ Այն ատեն մեր սիրալիր Հայրը ի՞նչ օգնութիւն կը հայթայթէ։

ՀՈԳԱԾՈՒ ՀԱՅՐԸ ՄԵԶ ԿԸ ՍՐԲԱԳՐԷ

8, 9. Իր ծառաներուն միջոցով Եհովայի հայթայթած խրատը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, թէ մեզմով խորապէս հետաքրքրուած է. լուսաբանէ՛։

8 Եհովայի հոգատարութեան կ’անդրադառնանք, մասնաւորապէս երբ կը սրբագրուինք (կարդա՛ Եբրայեցիս 12։5, 6)։ Ճիշդ է որ խրատ ստանալը կամ կրթուիլը հաճելի չէ (Եբ. 12։11)։ Սակայն, պահ մը մտածէ թէ խրատ տուողը ինչո՛ւ այս քայլը կ’առնէ։ Վստահաբար, անոր նպատակը չէ մեր զգացումները վիրաւորել, հապա ուշադիր ըլլալով՝ կը նշմարէ թէ մեր ըրածը կրնայ Եհովա Աստուծոյ հետ մեր փոխյարաբերութիւնը վտանգել. ուստի, հարկ եղած ժամանակն ու ջանքը յատկացնելու յօժարելով, մեզի Աստուածաշունչէն ցոյց կու տայ թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր ընթացքը ճշդել, Աստուած հաճեցնելու համար։ Մենք այս խրատը կը յարգենք, քանի որ անոր Աղբիւրը Եհովան է։

9 Օրինակով մը նկատի առնենք, թէ ինչպէ՛ս մարդկային խրատատուներ կրնան Աստուծոյ հետաքրքրութիւնը արտացոլել։ Եղբայր մը պոռնկագրութիւն դիտելը սովորութիւն դարձուցած էր, նախքան ճշմարտութիւնը ընդունիլը։ Թէեւ զայն յաղթահարեց, բայց հակումը տակաւին առկայ էր, մխացող ածուխի մը նման։ Երբ ան նոր հեռախօսիկ գնեց, իր սխալ ցանկութիւնը բոցավառեցաւ (Յակ. 1։14, 15)։ Ան հեռախօսիկով սկսաւ պոռնկագրական կայքէջեր այցելել։ Օր մը, հեռաձայնով վկայելու ատեն, ան իր հեռախօսիկը երէցի մը տուաւ, կարգ մը հասցէներ փնտռելու համար։ Երբ երէցը հեռախօսիկին մէջ անբարոյ կայքէջերը նշմարեց, չվարանեցաւ անմիջապէս եղբօր խրատ տալու։ Ան խրատը գնահատեց, սրբագրումէն օգտուեցաւ եւ ի վերջոյ կրցաւ իր սխալ հակումները յաղթահարել։ Որքա՜ն երախտապարտ ենք մեր հոգածու երկնաւոր Հօր, որ նոյնիսկ մեր թաքնուած մեղքերը կը տեսնէ եւ մեզ կը սրբագրէ՝ նախքան շատ ուշ ըլլալը։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐԸ ԿԻՐԱՐԿԵԼՈՎ Կ’ՕԳՏՈՒԻՆՔ

10, 11. ա) Ի՞նչ կերպով առաջնորդութեան համար կրնաս Աստուծոյ դիմել։ բ) Պատմէ ընտանիքի մը փորձառութիւնը, որ իմաստունօրէն Եհովային առաջնորդութեան հետեւեցաւ։

10 Սաղմոսերգուն Եհովային տաղերգեց. «Դուն պիտի առաջնորդես զիս քու խորհրդովդ» (Սաղ. 73։24)։ Երբոր առաջնորդութեան կարիք ունենանք, կրնանք Եհովան ‘ճանչնալ’՝ իր Խօսքին դիմելով, որպէսզի հարցերուն շուրջ իր տեսակէտը գիտնանք։ Աստուածաշնչական սկզբունքները կիրարկելը ոչ միայն մեզի հոգեւորապէս կ’օգտէ, այլեւ երբեմն կ’օգնէ մեր նիւթական կարիքները հոգալու (Առ. 3։6)։

11 Օրինակ մը առնենք, թէ Եհովան ինչպէ՛ս ոմանք առաջնորդած է։ Վարձաբնակ հողագործ մը Ֆիլիփիններու Մասպաթի կղզիին մէջ կ’ապրի։ Ինք ու իր կինը կանոնաւոր ռահվիրաներ են, եւ բազմանդամ ընտանիք մը կազմած են։ Օր մը, անոնք զարմացան երբ կալուածատէրը իրենց լուր ղրկեց որ տունը պարպեն։ Պատճառը ի՞նչ էր։ Անոնց դէմ սուտ ամբաստանութիւն եղած էր, թէ անպարկեշտ վարքի միջամուխ եղած են։ Թէեւ եղբայրը մտահոգ էր թէ ընտանիքին հետ ո՛ւր պիտի ապրէր, բայց ըսաւ. «Եհովան պէտք եղածը պիտի հայթայթէ։ Ան մեր կարիքները մի՛շտ կը հոգայ, ինչ որ ալ պատահի»։ Ան յուսախաբ չեղաւ։ Քանի մը օր ետք, ընտանիքը ուրախութեամբ իմացաւ, թէ կրնայ չփոխադրուիլ։ Ի՞նչ պատահած էր։ Կալուածատէրը նկատած էր թէ հակառակ ամբաստանութեան, Վկայ ընտանիքը՝ աստուածաշնչական սկզբունքներով առաջնորդուելով, յարգալից եւ խաղաղարար հոգի մը պահպանեց։ Ան այնքա՛ն տպաւորուեցաւ, որ ոչ միայն իրենց արտօնեց մնալ, այլեւ մշակելիք յաւելեալ հող տուաւ (կարդա՛ Ա. Պետրոս 2։12)։ Այո, Եհովան իր Խօսքին միջոցաւ մեզ կ’առաջնորդէ, օգնելու համար որ կեանքի դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլենք։

ԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄ ՄԸՆ Է, ՈՐ ՄԵԶԻ Կ’ՕԳՆԷ ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՏՈԿԱԼՈՒ

12, 13. Ի՞նչ պարագաներու ներքեւ թերեւս ոմանք հարց տան, թէ արդեօք Աստուած իսկապէս իրենց տառապանքը կը նշմարէ՛։

12 Սակայն երբեմն փորձիչ պարագայ մը կ’երկարի։ Թերեւս երկարատեւ հիւանդութեան, ընտանեկան շարունակական հակառակութեան կամ յարատեւ հալածանքի դէմ կը մաքառինք։ Իսկ անձնաւորութիւններու միջեւ բախումը, ատեն–ատեն պատճառ կ’ըլլայ որ եղբօր կամ քրոջ մը հետ խնդիր ունենանք։

13 Օրինակ, եղբօր մը ըսածը կրնայ քեզ իսկապէս վիրաւորել։ «Աստուծոյ կազմակերպութեան մէջ ասիկա պէտք չէ պատահի», կը բացագանչես։ Բայց դիտողութիւն ընող եղբայրը ժողովքին մէջ յաւելեալ առանձնաշնորհումներ կը ստանայ եւ շատեր զինք կը գովեն։ Հարց կու տաս. «Ասիկա ինչպէ՞ս կարելի է։ Եհովան չի՞ տեսներ։ Ան պիտի չմի՞ջամտէ» (Սաղ. 13։1, 2. Ամբ. 1։2, 3)։

14. Պատճառներէն մէկը ի՞նչ կրնայ ըլլալ, թէ ինչու Աստուած մեր անձնական խնդիրները լուծելու համար չի միջամտեր։

14 Եհովան կրնայ չմիջամտելու վաւերական պատճառներ ունենալ։ Օրինակ, մինչ կը խորհիս թէ դիմացինը գլխաւորաբար մեղադրելի է, կրնայ ըլլալ որ Աստուծոյ տեսանկիւնէն դիտուած՝ կարծածէդ աւելի սխալած ես։ Քեզ շատ վիրաւորող այդ դիտողութիւնը, թերեւս տեղին տրուած խրատ մըն էր, որ կ’արժէ անոր մասին խորհրդածել։ Իր կենսագրութեան մէջ, եղբայր Գարլ Գլայն, որ ծառայեց որպէս Կառավարիչ մարմինի մէկ անդամը, պատմեց թէ ինչպէս առիթով մը եղբայր Ժ. Ֆ. Ռատըրֆորտէն լուրջ յանդիմանութիւն ստացաւ։ Երբ կրկին հանդիպեցան, եղբայր Ռատըրֆորտ ժպտելով զինք ողջունեց, ըսելով. «Բարե՛ւ Գարլ»։ Բայց եղբայր Գլայնը ստացած յանդիմանութենէն տակաւին վշտացած ըլլալով, ցած ձայնով կիսաբերան բարեւ տուաւ։ Գիտակցելով թէ եղբայր Գլայն բացասական զգացումներ կը սնուցանէր, եղբայր Ռատըրֆորտ զինք զգուշացուց Սատանային որսը դառնալէ։ Յետագային եղբայր Գլայն գրեց. «Եթէ եղբօր մը դէմ զայրոյթ պահենք մեր մէջ, մանաւանդ խօսքի մը համար, որ եղբայրը իր պատասխանատուութեան համաձայն իրաւունք ունէր ըսելու, կրնանք Սատանային թակարդներուն մէջ դիւրաւ իյնալ»a։

15. Ի՞նչ բանի գիտակցիլդ քեզի պիտի օգնէ որ համբերատար ըլլաս, մինչ Եհովային կը սպասես որ փորձութեանդ մէջ քեզի օգնէ։

15 Բայց եւ այնպէս, անհամբեր կը դառնանք երբ փորձութիւնը շատ երկարի։ Ինչպէ՞ս կրնանք գլուխ ելլել։ Ենթադրէ՛ թէ մայրուղիի մը վրայ ինքնաշարժ քշած ատեն, խճողումի կը բռնուիս։ Չես գիտեր թէ խճողումը որքա՛ն պիտի տեւէ։ Եթէ ջղագրգիռ դառնաս եւ փորձես ուրիշ ճամբայ գտնել, կրնաս կորսուիլ եւ որոշեալ վայրդ աւելի ուշ հասնիլ։ Նմանապէս, եթէ Աստուծոյ Խօսքին ուրուագծած ճամբաներուն կառչիս, ատենին որոշեալ վայրդ պիտի հասնիս։

16. Ուրիշ ի՞նչ պատճառով Եհովան թերեւս ընտրէ մեր փորձութիւններուն չմիջամտել։

16 Կրնայ ըլլալ որ Եհովան մեր փորձութիւններուն չի միջամտեր, քանի որ կ’ուզէ որ կարեւոր մարզում ստանանք (կարդա՛ Ա. Պետրոս 5։6-10)։ Անշուշտ, Աստուած փորձութիւններ չի պատճառեր (Յակ. 1։13)։ Մեր «հակառակորդը, Սատանան» մեծաւ մասամբ դժուարութիւններուն ետին կը գտնուի։ Սակայն, Աստուած կրնայ դժուար պարագայ մը գործածել, մեզի օգնելու որ հոգեւորապէս աճինք։ Ան կը տեսնէ մեր տառապանքը, եւ քանի որ մեզի համար «կը հոգայ», վստահ կ’ըլլայ որ փորձութիւնը շարունակուի միայն «քիչ մը ատեն»։ Կ’արժեւորե՞ս Եհովայի հոգատարութիւնը երբ փորձութիւն դիմագրաւես, վստահ ըլլալով որ ան ազատութեան միջոց մը պիտի հայթայթէ (Բ. Կոր. 4։7-9)։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԱՃՈՒԹԵԱՆ ԺՊԻՏՈՎ ՕՐՀՆՈՒԷ՛

17. Եհովան որո՞նք կը փնտռէ եւ ինչո՞ւ։

17 Ի վերջոյ, Աստուած շատ սրտապնդիչ պատճառով մը մեր կեանքը կը քննէ։ Տեսանող Անանիին միջոցաւ, ան Ասա թագաւորին ըսաւ. «Տէրոջը աչքերը բոլոր երկիրը կը դիտեն, որպէս զի իրեն ուղիղ սրտով յարողները ուժովցնէ» (Բ. Մն. 16։9)։ Մինչ Աստուած Ասային մէջ ուղիղ սիրտ չգտաւ, ան քեզի հանդէպ իր զօրութիւնը պիտի ցուցնէ, եթէ շարունակես ճիշդը ընել։

18. Երբ զգաս թէ ո՛չ մէկը քեզ կ’արժեւորէ, Եհովային մասին ի՞նչ պէտք է յիշես (տե՛ս բացման պատկերը)։

18 Աստուած կ’ուզէ որ ‘բարութիւնը փնտռենք’, ‘բարութիւնը սիրենք’ եւ ‘բարութիւնը ընենք’, որպէսզի մեզի հաճի (Ամովս 5։14, 15. Ա. Պետ. 3։11, 12)։ Ան արդարները կը նկատէ եւ զանոնք կ’օրհնէ (Սաղ. 34։15)։ Օրինակ, մտածէ՛ եբրայեցի մանկաբարձներուն՝ Սեփրայի եւ Փուայի մասին։ Երբ իսրայէլ ազգը եգիպտական ստրկութեան տակ էր, այս երկու կիները աւելի վախցան Աստուծմէ քան՝ փարաւոնէն, որ իրենց հրամայած էր բոլոր եբրայեցի արու մանուկները մեռցնել հազիւ որ ծնին։ Բացայայտ է որ իրենց աստուածային խղճմտանքը զիրենք մղեց որ մանուկներուն կեանքը պահպանեն։ Յետագային, Աստուած Սեփրային ու Փուային ընտանիքներ շնորհեց (Ել. 1։15-17, 20, 21)։ Անոնց լաւ արարքը Եհովային քննող աչքերէն չվրիպեցաւ։ Երբեմն, թերեւս խորհինք թէ ո՛չ մէկը կը նշմարէ մեր ըրած բարիքը։ Բայց Եհովան կը նշմարէ։ Ան նկատի կ’առնէ մեր ըրած իւրաքանչիւր բարիքը, եւ մեզ պիտի վարձատրէ (Մատ. 6։4, 6. Ա. Տիմ. 5։25. Եբ. 6։10)։

19. Քոյր մը ինչպէ՞ս նկատեց թէ լաւ արարքները Եհովային ուշադրութենէն չեն վրիպիր։

19 Աւստրիայի մէջ քոյր մը նկատեց թէ իր ծանր աշխատանքը Եհովայի ուշադիր աչքերէն չէր վրիպած։ Հունգարացի ըլլալով, ան հունգարերէն խօսող կնոջ մը հասցէն ստացաւ, որպէսզի անոր հետ կապ պահէ։ Ան անմիջապէս այդ հասցէին գնաց, բայց տունը մէկը չգտաւ։ Ան կրկին անգամ այցելեց։ Երբեմն կը զգար թէ տունը մէկը կար, բայց դուռը չէր բանար։ Քոյրը ձգեց հրատարակութիւններ, անձնական նամակներ, իր հեռաձայնի թիւը, եւ այլն։ Մէկ ու կէս տարի շարունակ այցելելէ ետք, դուռը վերջապէս բացուեցաւ։ Մարդամօտ կին մը քոյրը դիմաւորեց ու ըսաւ. «Հաճիս ներս հրամմէ։ Բոլոր բերածներդ կարդացի եւ կը սպասէի որ գաս»։ Ի յայտ եկաւ թէ ան քիմիաբուժումի կ’ենթարկուէր եւ չէր ուզեր մէկը տեսնել։ Ան սիրով ընդունեց Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը։ Արդարեւ, Աստուած քոյրը վարձատրեց իր ժրաջանութեան համար։

20. Եհովայի հոգատարութեան նկատմամբ ինչպէ՞ս կը զգաս։

20 Եհովան բոլոր ըրածներդ կը տեսնէ եւ ի վերջոյ քեզ պիտի վարձատրէ։ Երբ գիտակցիս թէ Աստուծոյ աչքերը վրադ են, մի՛ խորհիր թէ հսկողութեան մեքենայի մը նման յարատեւաբար մանրամասն քեզ կը զննէ, որ սխալներդ քօղազերծէ։ Փոխարէն, թող որեւէ ժամանակէ աւելի մօտիկ զգաս հոգածու Աստուծոյն, որ իսկապէս քեզմով հետաքրքրուած է։

a Եղբայր Գլայնին կենսագրութիւնը հրատարակուեցաւ Դիտարան–ի 1 հոկտեմբեր 1984 թիւին մէջ (անգլերէնով)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել