Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ15 5/15 էջ 31-32
  • Ան տեսաւ որ սէ՛րը ճաշարանը կը վարէր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ան տեսաւ որ սէ՛րը ճաշարանը կը վարէր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Ենթավերնագիրներ
  • «ԱՆՈՆՔ ՈՏՔԻ Կ’ՈՒՏԵՆ»
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
դ15 5/15 էջ 31-32
Ուրախ կամաւորներ միասին կ’աշխատին համաժողովի մը ինքնասպասարկումով ճաշարանին մէջ

ՄԵՐ ԱՐԽԻՒԷՆ

Ան տեսաւ որ սէ՛րը ճաշարանը կը վարէր

ԵՀՈՎԱՅԻ սեղանէն միասնաբար ճաշելը միշտ ուշագրաւ աստուածպետական առիթ եղած է։ Երբ Աստուծոյ ծառաները հոգեւոր խնճոյքի համար կը համախմբուին, բառացի ճաշի միասին մասնակցիլը յաճախ կ’աւելցնէ իրենց ուրախութիւնը։

Սեպտեմբեր 1919–ին, Աստուածաշունչի Աշակերտները ութ օր տեւող համաժողով մը կայացուցին Սիտըր Փոյնթի մէջ, Օհայօ (ԱՄՆ)։ Պանդոկները պատուիրակներուն համար իջեւան ու ճաշ պիտի հայթայթէին, բայց ակնկալուածէն աւելի հազարաւորներ եկան։ Ասոր ի տես, սպասեակները խմբովին քաշուեցան։ Ուստի ճաշարանի տնօրէնը հարցուց եթէ երիտասարդ պատուիրակներ կրնային օգնութեան ձեռք տալ, եւ շատեր կամաւ ընդառաջեցին։ Անոնցմէ մէկն էր Սէյտի Կրին։ Ան մտաբերեց. «Անիկա իմ առաջին փորձառութիւնս էր իբրեւ կին սպասեակ, բայց հաճելի ժամանակ անցուցինք»։

Սիերա Լէոնի մէջ քոյր մը կաթսայ մը ճաշ կը խառնէ

Սիերա Լէոնէ, 1982

Յաջորդող տարիներուն, համաժողովի մէջ ինքնասպասարկումով ճաշարանի կարգադրութիւնը պատեհութիւն ընծայեց անհամար ուրախ կամաւորներու, որ իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն ծառայեն։ Հաւատակիցներու հետ աշխատիլը նաեւ օգնեց բազմաթիւ երիտասարդներու, որ հոգեւոր նպատակակէտեր դնեն։ Կլատիս Պոլթըն ծառայեց 1937–ին կայացած համաժողովի մը ինքնասպասարկումով ճաշարանին մէջ։ Ան պատմեց. «Ուրիշ շրջաններէ եկող անհատներու ծանօթացայ եւ իմացայ թէ ինչպէ՛ս իրենց խնդիրները կը յաղթահարէին։ Այդ ժամանակն էր որ առաջին անգամ ըլլալով սկսայ յուսալ ռահվիրայ մը ըլլալ»։

Պատուիրակ Պիուլա Գովի ըսաւ. «Աշխատաւորներուն նուիրումը կը ձգէ որ ամբողջ գործը ժամացոյցի պէս ընթանայ»։ Սակայն գործը ունէր իր մարտահրաւէրները։ 1969–ին, երբ Անճելօ Մըներան հասաւ Տաճըր Սթատիում՝ Լոս Անճէլոսի մէջ, Քալիֆորնիա, իմացաւ թէ ինքնասպասարկումով ճաշարանին պատասխանատու նշանակուած էր։ Ան խոստովանեցաւ. «Ասիկա կեանքիս ամենամեծ ցնցումներէն մէկն էր»։ Այդ համաժողովին նախապատրաստութիւնները պարփակեցին՝ 0,4 քմ. երկարութեամբ խրամատ փորել, խոհանոցին կազ հասցնելու համար։

Կաթսաներու մէջ եփուող ճաշեր Ֆրանքֆուրթի մէջ, Գերմանիա

Ֆրանքֆուրթ, Գերմանիա, 1951

1982–ին Սիերա Լէոնէի մէջ, ջանասէր կամաւորներ նախ ստիպուեցան դաշտին գետինը մաքրել ու պատրաստել, ապա տեղական նիւթերով ճաշարանը կառուցանել։ 1951–ին Ֆրանքֆուրթի մէջ, Գերմանիա, բազմահնար եղբայրներ շոգեքարշ մը վարձեցին, որ կրցաւ 40 եփոցներու շոգի հայթայթել։ Սպասեակները մէկ ժամուան մէջ 30,000 պնակ կը հրամցնէին։ Աման լուացողները 576 հոգի էին, եւ անոնց բեռը թեթեւցնելու համար, պատուիրակները բերին իրենց անձնական դանակներն ու պատառաքաղները։ Եանկունի մէջ, Միանմար, նկատառու խոհարարները միջազգային պատուիրակներուն համար սովորականէն նուազ կծուիչ համեմներ գործածեցին։

«ԱՆՈՆՔ ՈՏՔԻ Կ’ՈՒՏԵՆ»

1950–ին Միացեալ Նահանգներուն մէջ, համաժողովի մը ընթացքին ինքնասպասարկումով ճաշարանին առջեւ, կիզիչ արեւի տակ երկար շարքի մէջ ըլլալը, Էննի Փոկկէնսիի օրհնութիւն մը բերաւ։ Ան ըսաւ. «Ամբողջ ուշադրութիւնս գրաւեց երկու քոյրերու սրտաշէն խօսակցութիւնը, որոնք նաւով Եւրոպայէն եկած էին»։ Իւրաքանչիւր քոյր նկարագրեց, թէ ինչպէ՛ս Եհովան իրեն օգնեց որ համաժողովին ներկայ գտնուի։ «Հոն այս երկու քոյրերէն աւելի ուրախ մէկը չկար», նշեց Էննի։ «Անոնց հոգը չէր՝ ո՛չ շարքին մէջ երկար սպասելը, ոչ ալ տաք օդը»։

Մարդիկ ոտքի վրայ ճաշ կ’ուտեն Սէուլի մէջ, Քորէա

Սէուլ, Քորէա, 1963

Բազմաթիւ մեծ համաժողովներու մէջ, ճաշարանի հսկայ վրանները ունէին բարձր սեղաններով շարքեր, ինչ որ ներկաները կը քաջալերէր որ արագօրէն ուտէին ու մեկնէին, որպէսզի ուրիշներու կարգը գար։ Այսպէս ճաշի ժամանակ հազարաւորներ կը կերակրուէին։ Վկայ չեղող անհատ մը նշեց. «Ասիկա տարօրինակ կրօնք մըն է։ Անոնք ոտքի կ’ուտեն»։

Զինուորական ու քաղաքային հեղինակութիւնները իրենց տեսած արդիւնագործութեամբ եւ կազմակերպութեամբ տպաւորուեցան։ Նիւ Եորք Սիթիի Եանգի Սթատիումի մէջ մեր ինքնասպասարկումով ճաշարանը քննելէ ետք, Միացեալ Նահանգներու Բանակի անձնակազմը յորդորեց Բրիտանական պատերազմի բաժանմունքէն հազարապետ Ֆոքնըրը, որ համանման քննութիւն մը կատարէ։ Ուստի, ան ու իր կինը գացին 1955–ի «Յաղթական Թագաւորութիւն» բնաբանով համաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Թուիքընհէմի մէջ, Անգլիա։ Ան ըսաւ թէ կրնար տեսնել որ սէ՛րը ճաշարանը կը վարէր։

Տասնամեակներ շարունակ, յօժարակամ աշխատողներ համաժողովի պատուիրակներուն սիրով հրամցուցին սննդարար ու աժան ճաշեր։ Բայց այս հսկայ աշխատանքը յաճախ պահանջեց, որ մեծ թիւով կամաւորներ երկար ժամանակ աշխատին ու նոյնիսկ համաժողովի յայտագրէն մաս մը կամ բոլոր մասերը փախցնեն։ 1970–ական թուականներուն վերջաւորութեան, բազմաթիւ վայրերու մէջ՝ համաժողովներուն ճաշ ներկայացնելու աւելի պարզ կարգադրութիւն մը ի զօրու դարձաւ։ Ապա, 1995–էն սկսեալ, պատուիրակներէն խնդրուեցաւ որ իրենց ուտելիքը իրենց հետ բերեն։ Այս կարգադրութեան շնորհիւ, անոնք որոնք նախապէս ճաշեր կը պատրաստէին ու կը հրամցնէին, սկսան հոգեւոր յայտագիրը եւ քրիստոնէական ընկերակցութիւնը ա՛լ աւելի վայելելa։

Եհովան որքա՜ն կը գնահատէ անոնք, որոնք ջանասիրութեամբ իրենց հաւատակիցներուն ծառայեցին։ Ոմանք թերեւս կը կարօտնան ճաշարանին մէջ աշխատելու այդ ուրախ օրերը։ Բայց մէկ բան ստոյգ է. մեր համաժողովներուն մէջ գլխաւոր բաղադրատարրը տակաւին սէրն է (Յովհ. 13։34, 35)։

a Անշուշտ բազմաթիւ պատեհութիւններ կան, որ կամաւորներ համաժողովի այլ բաժանմունքներու օգնական ձեռք տան։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել