Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ15 11/15 էջ 31-32
  • «Արեւուն տակ ո՛չ մէկ բան պէտք է ձեզ կեցնէ»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Արեւուն տակ ո՛չ մէկ բան պէտք է ձեզ կեցնէ»
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Ենթավերնագիրներ
  • ՏԵՂԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՀԱՍԿՑՈՒԻԼ
  • ԱՂՔԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՌԱՆՁՆՈՒԹԻՒՆԸ ԶԻՐԵՆՔ ՉԿԵՑՈՒՑԻՆ
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
դ15 11/15 էջ 31-32

ՄԵՐ ԱՐԽԻՒԷՆ

«Արեւուն տակ ո՛չ մէկ բան պէտք է ձեզ կեցնէ»

Փարիզի մէջ մայիս 1931–ին տեղի ունենալիք միջազգային համաժողովի ծանուցումը

ԳԱՐՆԱՆ մէկ օրն է՝ 1931–ին։ Փարիզի հռչակաւոր Փլեյել համերգասրահին մուտքը խճողուած է 23 երկիրներէ եկող պատուիրակներով։ Սրահին առջեւ, վայելչազգեստ մարդիկ կ’իջնեն մեծ թաքսիներէն, եւ գլխաւոր հանդիսասրահը շուտով կը լեցուի։ Գրեթէ 3000 հոգի եկած են ոչ թէ համերգ մտիկ ընելու, այլ՝ Ժոզեֆ Ֆ. Ռատըրֆորտին, որ այն ատեն մեր քարոզչութեան մէջ առաջնորդութիւնը առած էր։ Իր ազդեցիկ դասախօսութիւնները կը թարգմանուին ֆրանսերէնի, գերմաներէնի եւ լեհերէնի։ Եղբայր Ռատըրֆորտի բարձր ձայնը կ’արձագանգէ սրահին մէջ։

Փարիզի այս համաժողովը դարձակէտ մը եղաւ Թագաւորութեան քարոզչութեան գործին Ֆրանսայի մէջ։ Եղբայր Ռատըրֆորտը բազմազգի ներկաներէն խնդրեց,– մասնաւորաբար երիտասարդներէն,– որ Ֆրանսայի մէջ ծառայեն որպէս հրատարակութիւններ բաշխողներ կամ ռահվիրաներ։ Ճոն Գուգ անունով անգլիացի պատանի պատուիրակ մը բնա՛ւ չմոռցաւ գործի մղող այս յորդորը. «Ո՛վ երիտասարդներ, արեւուն տակ ո՛չ մէկ բան պէտք է ձեզ կեցնէ հրատարակութիւններ բաշխողներ ըլլալէ»a։

Այս խնդրանքը կը նմանէր Մակեդոնիա անցնելու խնդրանքին, եւ շատեր ատոր ընդառաջեցին, ինչպէս՝ Ճոն Գուգը, որ յետագային միսիոնար եղաւ (Գործք 16։9, 10)։ 1930–ին ռահվիրաներուն թիւը 27 էր, իսկ 1931–ին այս թիւը բարձրացաւ 104–ի։ Միայն մէկ տարուան մէջ այս թիւին այսքան բարձրանալը յատուկ էր։ Սակայն ռահվիրաներուն մեծամասնութիւնը ֆրանսերէն չէր գիտեր։ Լաւ, անոնք ինչպէ՞ս պիտի կարենային հասկցուիլ տեղացիներուն հետ ու գլուխ ելլել աղքատութեան եւ առանձնութեան հետ։

ՏԵՂԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՀԱՍԿՑՈՒԻԼ

Օտարերկրեայ ռահվիրաները վկայութեան քարտերուն վստահեցան, որ իրենց տեղ խօսին Թագաւորութեան յոյսին մասին։ Գերմանախօս եղբայր մը, որ Փարիզի մէջ համարձակութեամբ քարոզեց, կը մտաբերէ. «Գիտէինք որ մեր Աստուածը հզօր Աստուած է։ Ծառայութեան ատեն մեր սիրտը կը զարնէր, բայց ոչ թէ մարդու վախին պատճառով, այլ քանի որ կը վախնայինք որ այս պզտիկ արտայայտութիւնը մոռնանք. ‘Voulez-vous lire cette carte, s’il vous plaît? [Հաճիք, կրնա՞ք այս քարտը կարդալ]’։ Մենք համոզուած էինք որ մեր ըրածը իրապէ՛ս կարեւոր էր»։

Ռահվիրաներ՝ հեծանիւներու եւ շարժանիւներու վրայ նստած

Անգլիացի ռահվիրաներ, որոնք Փարիզի մէջ 1931–ի համաժողովին ներկայ էին

Երբ ռահվիրաները բնակելի շէնքերու մէջ կը քարոզէին, յաճախ պահակները կը վռնտէին զիրենք։ Օր մը, շատ քիչ ֆրանսերէն գիտցող երկու անգլիացի քոյրերու առջեւ ելաւ կռուազան պահակ մը եւ հարցուց թէ ո՛վ կ’ուզէին տեսնել։ Քոյրերէն մէկը նկատեց որ դռներէն մէկուն վրայ գրութիւն մը կար. «Tournez le bouton [Զանգը զարկ]»։ Ուստի ուզելով բարկացած պահակը հանդարտեցնել եւ կարծելով որ ասիկա տանտէրին անունն է, քոյրը ուրախութեամբ պատասխանեց. «Եկած ենք տիկին ‘Tournez le bouton’–ը տեսնելու»։ Այս նախանձախնդիր ռահվիրաները պատահածը կատակի տալով մեծապէս օգտուեցան։

ԱՂՔԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՌԱՆՁՆՈՒԹԻՒՆԸ ԶԻՐԵՆՔ ՉԿԵՑՈՒՑԻՆ

1930–ականներուն, ռահվիրաները ֆրանսացիներուն մեծամասնութեան պէս նիւթական դժուարութիւններ ունէին։ Անգլիախօս քոյր մը՝ Մոնա Պժոսքա, պատմեց թէ իրեն եւ իր ռահվիրայ ծառայակիցին ի՛նչ պատահեցաւ. «Ընդհանուր առմամբ, մեր բնակած տեղը շատ հին էր, եւ ձմրան ընթացքին ջեռուցումը ամէնէն մեծ խնդիրներէն մէկն էր։ Շատ անգամներ սենեակը սառնարան կ’ըլլար, եւ առաւօտուն կը ստիպուէինք սափորի ջուրին վրայի սառը կտրել որպէսզի լուացուինք»։ Այդ ժամանակ ռահվիրաները յուսահատեցա՞ն անհանգստաւէտ պայմաններուն պատճառով։ Բնա՛ւ երբեք։ Անոնցմէ մէկը իրենց բոլորին զգացումը արտայայտող բան մը ըսաւ. «Բանի մը սեփականատէրը չէինք, բայց բանի մը պակասն ալ չունեցանք» (Մատ. 6։33)։

Հինգ անգլիացի ռահվիրայ քոյրեր, որոնք Փարիզի մէջ 1931–ի համաժողովին ներկայ էին

Անգլիացի ռահվիրաներ, որոնք Փարիզի մէջ 1931–ի համաժողովին ներկայ էին

Այդ քաջ ռահվիրաները նաեւ պէտք էր որ առանձնութեան հետ գլուխ ելլէին։ 1930–ականներուն սկիզբը, Ֆրանսայի մէջ Թագաւորութեան հրատարակիչներուն թիւը 700–էն պակաս էր, եւ մեծամասնութիւնը երկրին չորս կողմը ցրուած էր։ Ի՞նչ բան առանձնացած ռահվիրաներուն օգնեց որ ուրախ մնան։ Մոնան եւ իր ծառայակիցը այս դժուարութիւնը ունեցան։ Ան բացատրեց. «Ընկերութեան հրատարակութիւնները կանոնաւորաբար միասին սերտելով առանձնութեան դէմ կը դնէինք։ Եւ քանի որ այդ օրերուն վերայցելութիւններ չէինք ըներ, ոչ ալ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարէինք, իրիկունը ժամանակ կ’ունենայինք որ նամակ գրենք մեր ընտանիքներուն եւ յատկապէս ուրիշ ռահվիրաներու, որպէսզի մեր ունեցած փորձառութիւնները պատմենք եւ զիրար քաջալերենք» (Ա. Թես. 5։11)։

Հակառակ դժուարութիւններուն, այդ անձնուրաց ռահվիրաները շարունակեցին վարդագոյն ակնոցով դիտել ամէն ինչ։ Ասիկա յայտնի է մասնաճիւղին ղրկած իրենց նամակներէն, որոնցմէ ոմանք ղրկուած են Ֆրանսայի մէջ ռահվիրայութիւն ընելէ տասնամեակներ ետք։ Օծեալ քոյր մը՝ Էննի Գրեճին, որ 1931-1935 իր ամուսինին հետ Ֆրանսայի ճամբաները չափեց, գրեց. «Շատ ուրախ եւ դէպքերով լեցուն կեանք մը ունեցած ենք։ Ռահվիրաներս իրարու շատ մօտիկ էինք։ Ինչպէս որ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. ‘Ես տնկեցի, Ապօղոս ջուր տուաւ, բայց Աստուած աճեցուց’։ Անոնք որ երկար տարիներ առաջ առիթը ունեցած են օգնելու, այս խօսքին վրայ իրենց մարմինը փուշ–փուշ կ’ըլլայ» (Ա. Կոր. 3։6)։

Այդ ռահվիրաները տոկունութեան եւ նախանձախնդրութեան օրինակ ձգեցին անոնց, որոնք կ’ուզեն իրենց ծառայութիւնը ընդարձակել։ Ներկայիս, շուրջ 14,000 կանոնաւոր ռահվիրաներ կան Ֆրանսայի մէջ։ Շատեր կը ծառայեն օտարալեզու խումբերու կամ ժողովքներու մէջb։ Անոնք ալ այդ առաջին ռահվիրաներուն պէս, թոյլ չեն տար որ արեւուն տակ որեւէ բան զիրենք կեցնէ (Ֆրանսայի մեր արխիւէն)։

a Ֆրանսայի մէջ լեհացի գաղթականներուն քարոզելու մասին գիտնալու համար, տե՛ս «Եհովան ձեզ Ֆրանսա բերաւ, որպէսզի ճշմարտութիւնը սորվիք» յօդուածը, Դիտարան–ի 15 օգոստոս 2015 թիւին մէջ։

b 2014–ին, Ֆրանսայի մասնաճիւղը կը վերահսկէր աւելի քան 900 օտարալեզու ժողովքներու եւ խումբերու վրայ, որոնք 70 լեզուներով կ’օգնէին ճշմարտութիւնը փնտռողներուն։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել