Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ16 Ապրիլ էջ 23-26
  • Կրօնաւորուհիներ էին՝ եղան իսկական հոգեւոր քոյրեր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Կրօնաւորուհիներ էին՝ եղան իսկական հոգեւոր քոյրեր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «ԱՐԳԻԼՈՒԱԾ» ԳԻՐՔ ՄԸ ՄԵԶ ԻՐԱՐՄԷ ԿԸ ԲԱԺՆԷ
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ՎԵՐՋԱՊԷՍ ՄԵԶ ԿԸ ՄԻԱՑՆԷ
  • Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
դ16 Ապրիլ էջ 23-26
Ֆերնանտես քոյրերէն երեքը՝ կրօնաւորուհիի տարազ հագած

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Կրօնաւորուհիներ էին՝ եղան իսկական հոգեւոր քոյրեր

Կը պատմեն՝ Ֆելիսա եւ Արասելի Ֆերնանտես

«ԿԸ ԲԱՒԷ հետս խօսիս», պոռաց Արասելին, պզտիկ քոյրս։ «Չեմ ուզեր որեւէ բան լսել քու կրօնքիդ մասին։ Սիրտս կը խառնուի երբ լսեմ։ Կ’ատեմ քեզ»։ Հիմա որ 91 տարեկան եմ, տակաւին կը յիշեմ թէ այդ խօսքերը որքա՜ն ցաւցուցին զիս։ Բայց ինչպէս որ Ժողովող 7։8–ը կ’ըսէ. «Բանի մը վախճանը սկիզբէն աղէկ է», եւ ասիկա մեզի հետ պատահեցաւ (Ֆելիսա)։

Ֆելիսա. Կրօնասէր ընտանիքէ մը եկած եմ։ Մեր ազգականներէն 13–ը քահանայ էին կամ կաթողիկէ եկեղեցիին մէջ պաշտօն ունէին։ Մօրս մէկ ազգականը քահանայ էր եւ կաթողիկէ դպրոցի մը մէջ ուսուցիչ էր։ Իր մեռնելէն ետք, Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապը զինք երանացուց։ Պարզ ընտանիք մը ունէի. հայրս երկաթագործ էր եւ մայրս դաշտերը կ’աշխատէր։ Ութ պզտիկներ էինք եւ ես ամէնէն մեծն էի։

Երբ 12 տարեկան էի, սպանական քաղաքացիական պատերազմը սկսաւ։ Պատերազմէն ետք, հայրս բանտարկուեցաւ, քանի որ դիկտատորական կառավարութիւնը ուրախ չէր իր ազատամիտ գաղափարներով։ Մայրս շատ դժուարութեամբ կը կերակրէր ընտանիքը։ Ասոր համար, բարեկամուհի մը իրեն խելք տուաւ որ երեք քոյրերս,– Արասելի, Լորի եւ Ռամոնի,– ղրկէ Պիլպաուի մէկ վանքը, Սպանիա։ Հոն անոնք անօթի պիտի չմնային։

Արասելի. Այդ ժամանակ մեր տարիքները 14, 12 եւ 10 էին, եւ շատ դժուար էր որ մեր ընտանիքէն բաժնուէինք։ Պիլպաուի մէջ մաքրութիւն կ’ընէինք։ Երկու տարի ետք, մայրապետները մեզ փոխադրեցին Սարակոսայի մէկ վանքը, որ ծերերուն հոգ կը տանէր։ Մեր գործը՝ խոհանոցը մաքրել էր, ինչ որ պատանուհիներու համար չըլլալիք յոգնեցուցիչ գործ մըն էր։

Ֆելիսա. Երբ քոյրերս Սարակոսա գացին, մայրս եւ տեղական քահանան, որ քեռիս էր, որոշեցին որ նոյն վանքը երթամ աշխատելու։ Անոնք մտածեցին որ եթէ երթամ, կը հեռանամ այն երիտասարդէն, որ ինձմով հետաքրքրուած էր։ Քանի որ շատ կրօնասէր էի, հաւնեցայ վանքին մէջ մնալու գաղափարը։ Ամէն օր պատարագին ներկայ կ’ըլլայի, եւ նոյնիսկ մտածած էի որ միսիոնար ըլլամ ազգականիս պէս, որ Ափրիկէի մէջ կը ծառայէր։

Սպանիոյ Սարակոսայի վանքը եւ Աստուածաշունչի Նագար–Գօլունկա թարգմանութիւնը

Ձախ՝ Սպանիոյ Սարակոսայի վանքը. Աջ՝ Աստուածաշունչի Նագար–Գօլունկա թարգմանութիւնը

Մայրապետները ո՛չ մէկ բան ըրին որ զիս քաջալերեն որ Աստուծոյ ծառայեմ ուրիշ երկիրներու մէջ, եւ վանքին մէջ կեանքը՝ բանտի պէս կու գար ինծի։ Մէկ տարի ետք, որոշեցի տուն վերադառնալ, որպէսզի քեռիիս հոգ տանիմ։ Թէ՛ անոր տան գործերը կ’ընէի, թէ ալ ամէն իրիկուն իրեն հետ վարդարանը կ’աղօթէի։ Նաեւ կը սիրէի եկեղեցիին ծաղիկները կարգի դնել եւ Մարիամին եւ «սուրբերուն» նկարները զարդարել։

Արասելի. Մինչ այդ, վանքին մէջ մեր կեանքը փոխուեցաւ։ Առաջին ուխտերս ընելէ ետք, մայրապետները որոշեցին մեզ բաժնել իրարմէ։ Ռամոնին Սարակոսա մնաց, Լորին Վալենսիա գնաց, իսկ ես Մատրիտ ղրկուեցայ, ուր երկրորդ ուխտերս ըրի։ Մատրիտի վանքը կը հիւրընկալէր աշակերտներ, ծերեր եւ ուրիշ այցելուներ։ Այս պատճառաւ գլուխս քերելու ժամանակ չունէի։ Ես կ’աշխատէի վանքին հիւանդանոցին մէջ։

Խօսքին բացը, մեծ ակնկալութիւններ ունէի կեանքիս նկատմամբ որպէս մայրապետ։ Ախորժակով մը եկած էի որ Աստուածաշունչը կարդամ եւ հասկնամ, բայց հոն ո՛չ մէկը Աստուծոյ կամ Յիսուսին մասին կը խօսէր, եւ Աստուածաշունչը չէինք գործածեր։ Միայն քիչ մը լատիներէն սորվեցայ, «սուրբեր»ուն կեանքին մասին սերտեցի եւ Մարիամը պաշտեցի։ Ասոնցմէ զատ ամէն ինչ՝ ֆիզիքական ծանր աշխատանք էր։

Սկսայ ընկճուիլ եւ պատասխանատու մայրապետին հետ խօսեցայ։ Իրեն ըսի որ տրամաբանական չէ որ ծանր աշխատիմ, որպէսզի ուրիշնե՛ր իրենց գրպանը լեցնեն, մինչ ընտանիքս օգնութեանս պէտք ունի։ Ան զիս բանտարկեց, յուսալով որ ասիկա խելքս գլուխս բերէ եւ արգիլէ որ վանքը ձգեմ երթամ։

Երեք առիթներով, մայրապետները զիս խցիկէն դուրս հանեցին, պարզապէս որպէսզի տեսնեն թէ տակաւին կ’ուզէի՛ երթալ կամ ոչ։ Երբ տեսան որ դեռ միտքիս վրայ եմ, ինծի ըսին որ գրաւորապէս ըսեմ. «Ես կ’երթամ, քանի որ կը նախընտրեմ Սատանային ծառայել քան՝ Աստուծոյ»։ Ասիկա ծանրիս եկաւ, եւ հակառակ որ ամէն գնով կ’ուզէի վանքը ձգել, այդ խօսքը բնա՛ւ չէի կրնար գրել։ Վերջապէս ուզեցի խոստովանահօր մը հետ խօսիլ եւ անոր պատմեցի պատահածը։ Ան եպիսկոպոսէն արտօնութիւն առաւ որ զիս փոխադրեն առաջուան վանքը, Սարակոսայի մէջ։ Հոն քանի մը ամիս անցընելէ ետք, ինծի արտօնեցին որ երթամ։ Շատ չանցած, Լորին եւ Ռամոնին ալ վանքը ձգեցին։

«ԱՐԳԻԼՈՒԱԾ» ԳԻՐՔ ՄԸ ՄԵԶ ԻՐԱՐՄԷ ԿԸ ԲԱԺՆԷ

Ֆելիսա՝ երբ երիտասարդուհի էր եւ հիմա

Ֆելիսա

Ֆելիսա. Ժամանակի ընթացքին ամուսնացայ եւ Գանթապրիա նահանգը փոխադրուեցայ։ Շարունակեցի կանոնաւորաբար պատարագին ներկայ ըլլալ, եւ կիրակի օր մը զարմացուցիչ յայտարարութիւն մը լսեցի ամպիոնէն։ Քահանան ջղայնացած պոռաց. «Այս գիրքին նայեցէ՛ք», եւ ցուցուց Ճշմարտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ գիրքը։ Ան շարունակեց. «Եթէ մէկը ձեզի ասոր մէկ օրինակը տուած է, ինծի տուէք զայն կամ ալ թափեցէք»։

Ես օրինակ մը չունէի, բայց անմիջապէս փափաքեցայ ունենալ։ Այնպէս մը պատահեցաւ որ քանի մը օր ետք, երկու Վկաներ դուրս զարկին եւ առաջարկեցին «արգիլուած» գիրքը։ Նոյն գիշերը կարդացի գիրքը եւ երբ կիները վերադարձան, ընդունեցի որ ինծի հետ Աստուածաշունչը սերտեն։

Սպաներէն լեզուով «Ճշմարտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ» գիրքը

«Արգիլուած» գիրք մը

Շատ չանցած՝ ճշմարտութիւնը սրտիս դպաւ։ Առաջուան կրօնասիրութեանս տեղ Եհովայի հանդէպ խոր սէր եւ քարոզչութեան հանդէպ նախանձախնդրութիւն ունեցայ։ 1973–ին մկրտուեցայ։ Թէեւ շատ քիչ առիթներ ունեցայ որ ընտանիքիս խօսիմ ճշմարտութեան մասին, բայց լաւագոյնս ըրի։ Ինչպէս որ սկիզբը ըսի, անոնք զօրաւոր կերպով հակառակ կեցան հաւատալիքներուս, մանաւանդ քոյրս՝ Արասելին։

Արասելի. Վանքին մէջ ունեցած փորձառութիւններս կեանքիս համը–հոտը տարած էին։ Սակայն շարունակեցի կիրակի օրերը պատարագին ներկայ ըլլալ, եւ օրական վարդարանը կ’աղօթէի։ Տակաւին ամբողջ սրտով կ’ուզէի Աստուածաշունչը հասկնալ, եւ Աստուծմէ խնդրեցի որ ինծի օգնէ։ Բայց երբ Ֆելիսան ինծի խօսեցաւ իր նոր հաւատալիքներուն մասին, այնքան խանդավառօրէն խօսեցաւ, որ մոլեռանդ թուեցաւ։ Բնա՛ւ համաձայն չէի ըսածներուն հետ։

Արասելի՝ երբ երիտասարդուհի էր եւ հիմա

Արասելի

Քանի մը տարի ետք, Մատրիտ վերադարձայ աշխատելու համար եւ ամուսնացայ։ Ժամանակի ընթացքին, շատ սկեպտիկ եղայ։ Անդրադարձայ որ անոնք որոնք կանոնաւորաբար պատարագի ներկայ կ’ըլլային, Աւետարաններուն ըսածները չէին գործադրեր։ Ասոր համար սկսայ եկեղեցի չերթալ։ Այլեւս չէի հաւատար «սուրբեր»ուն, խոստովանանքին եւ դժոխքին։ Նոյնիսկ ի՛նչ որ կրօնական նկար ունէի, թափեցի։ Չէի գիտեր եթէ ճիշդ բանը կ’ընէի կամ ոչ։ Յուսախաբ էի, բայց միշտ Աստուծոյ աղօթելով կ’ըսէի. «Կ’ուզեմ քեզ ճանչնալ։ Հաճիս ինծի օգնէ»։ Կը յիշեմ որ քանի մը առիթներով, Եհովայի վկաները դուրս զարկին, բայց ես ո՛չ մէկ անգամ դուռը բացի, քանի որ բոլոր կրօնքներուն չէի վստահեր։

1980–ականներուն սկիզբը, երկու քոյրերս՝ Լորան, որ Ֆրանսա կ’ապրէր, եւ Ռամոնին, որ Սպանիա կ’ապրէր, սկսան Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը սերտել։ Ենթադրեցի որ անոնք ալ Ֆելիսային պէս խաբուած էին։ Ետքը, ծանօթացայ Անճելինըս անունով դրացուհիիս, եւ սերտ բարեկամուհիներ դարձանք։ Ինքն ալ Եհովայի վկայ էր։ Անճելինըս եւ իր ամուսինը կրկին անգամ ինծի կը հարցնէին, որ եթէ կ’ուզեմ Աստուածաշունչը սերտել։ Անոնք ըմբռնեցին որ դուրսէն սկեպտիկ կ’երեւիմ, բայց ներսէն ծարաւ եմ Աստուածաշունչի գիտութեան։ Ի վերջոյ, իրենց ըսի. «Օքէյ, բայց ձեզի հետ կը սերտեմ, միա՛յն եթէ իմ Աստուածաշունչս գործածեմ»,– Նագար–Գօլունկա թարգմանութիւնը։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ՎԵՐՋԱՊԷՍ ՄԵԶ ԿԸ ՄԻԱՑՆԷ

Ֆելիսա. Երբ 1973–ին մկրտուեցայ, գրեթէ 70 Վկաներ կային Սանթանտեր քաղաքին մէջ, որ Սպանիոյ Գանթապրիա նահանգին մայրաքաղաքն է։ Մեր թաղամասը շատ մեծ էր։ Ասոր համար, պաս կ’առնէինք եւ ապա՝ ինքնաշարժ, որպէսզի նահանգին չորս կողմը քարոզենք։ Գիւղէ գիւղ գացինք, մինչեւ որ շրջանին հարիւրաւոր գիւղերը այցելեցինք։

Տարիներուն ընթացքին, բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ ունենալու առանձնաշնորհումը վայելած եմ, եւ անոնցմէ 11–ը մկրտուեցան։ Աշակերտներուս մեծամասնութիւնը կաթողիկէ էր։ Գիտէի որ պէտք է համբերող եւ հասկացող ըլլամ, քանի որ ժամանակին ես ալ նախանձախնդիր հաւատացեալ մըն էի։ Անդրադարձայ որ անոնք ժամանակ կ’ուզէին, որ իրենց զօրաւոր համոզումներէն վազ անցնին, եւ թէ միայն Աստուածաշունչը եւ Եհովային սուրբ հոգին կրնան անհատին օգնել որ ըմբռնէ ճշմարտութիւնը (Եբ. 4։12)։ Ամուսինս՝ Պայնվենիտօ, որ նախապէս ոստիկան էր, 1979–ին մկրտուեցաւ, իսկ մայրս իր մեռնելէն քիչ առաջ սկսաւ Աստուածաշունչը սերտել։

Արասելի. Երբ սկսայ Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը սերտել, շատ կասկածամիտ էի։ Բայց մինչ շաբաթները կ’անցնէին, անդրադարձայ որ կեանքս սկսած էր համ–հոտ ունենալ։ Վկաները իրենց քարոզածը կը կիրարկէին. ասիկա զիս ամէնէն շատ տպաւորեց։ Սկեպտիկութիւնս գնաց ու տեղը հաւատք եկաւ, եւ շատ աւելի ուրախ էի։ Նոյնիսկ կարգ մը դրացիներ ըսին. «Արասելի՛, ընտրած ճամբուդ մէջ շարունակէ՛ քալել»։

Կը յիշեմ որ աղօթեցի. «Շնորհակալ եմ, Եհովա, որ ինձմէ յոյսդ չկտրեցիր եւ շատ առիթներ տուիր, որպէսզի փնտռածս գտնեմ,– Աստուածաշունչին ճշգրիտ գիտութիւնը»։ Ֆելիսայէն խնդրեցի որ ինծի ներէ այն բոլոր վիրաւորական խօսքերուս համար։ Այլեւս փոխանակ վիճաբանելու, սկսանք միասին Աստուածաշունչը քննարկել։ 1989–ին մկրտուեցայ, 61 տարեկանիս։

Ֆելիսա. Հիմա որ 91 տարեկան որբեւայրի մըն եմ, առաջուան ուժս չունիմ։ Բայց ամէն օր Աստուածաշունչը կը կարդամ, ժողովներու կ’երթամ երբ առողջութիւնս ներէ, եւ հաճոյքով կը քարոզեմ, որքան որ կրնամ։

Արասելի. Կը սիրեմ բոլոր քահանաներուն եւ կրօնաւորուհիներուն վկայութիւն տալ ծառայութեանս ընթացքին, հաւանաբար քանի որ ես ալ կրօնաւորուհի էի։ Բազմաթիւ հրատարակութիւններ բաժնած եմ անոնց եւ կարգ մը հետաքրքրական խօսակցութիւններ ունեցած եմ։ Կը յիշեմ յատկապէս քահանայ մը, որուն քանի մը անգամ այցելելէ ետք, ինծի ըսաւ. «Արասելի՛, լման համաձայն եմ քեզի հետ, բայց այս տարիքիս ո՞ւր կրնամ երթալ։ Ծուխս եւ ընտանիքս ի՞նչ պիտի ըսեն»։ Պատասխանեցի. «Աստուա՛ծ ի՞նչ պիտի ըսէ»։ Ան տխուր–տխուր գլուխը ծռեց, բայց այդ ժամանակ քաջութիւն չունէր, որ շարունակէր ճշմարտութիւնը փնտռել։

Կեանքիս մէջ յատուկ պահ մը կը յիշեմ, երբ ամուսինս առաջին անգամ ըլլալով ըսաւ, որ կ’ուզէ հետս ժողովի երթալ։ Թէեւ այդ ժամանակ 80 տարեկանէն աւելի էր, սակայն անկէ ետք բնա՛ւ չփախցուց ժողով մը։ Ան Աստուածաշունչը սերտեց եւ չմկրտուած հրատարակիչ եղաւ։ Ծառայութեան մէջ իրեն հետ շատ ջերմ յիշատակներ ունիմ։ Ցաւօք սրտի, ան մեռաւ՝ մկրտուելէ երկու ամիս առաջ։

Ֆելիսա. Բաներէն մէկը, որ շատ ուրախութիւն տուած է ինծի, այն է որ տեսայ ինչպէ՛ս պզտիկ քոյրերս դարձան իմ հոգեւոր քոյրերս, իրե՛նք որ սկիզբը ինծի հակառակեցան։ Որքա՜ն կ’ուրախացնէր մեզ այն պահը, երբ միասին կ’ըլլայինք, մեր սիրելի Աստուծոյն՝ Եհովային եւ իր Խօսքին մասին խօսակցելով։ Վերջապէս, քոյրերս եւ ես հոգեւորապէս միացած ենքa։

a Արասելի (87 տարեկան), Ֆելիսա (91 տարեկան) եւ Ռամոնի (83 տարեկան) մինչեւ հիմա կը շարունակեն Եհովային նախանձախնդրօրէն ծառայել։ Եհովային հաւատարիմ մնալով, Լորան 1990–ին մահացաւ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել