Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ16 Յունիս էջ 3-5
  • Եհովան ‘քեզի համար կը հոգայ’

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովան ‘քեզի համար կը հոգայ’
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԵՀՈՎԱՆ ՊԷՏՔ ԵՂԱԾ ԲԱՆԵՐԸ ԿՈՒ ՏԱՅ ՄԱՐԴՈՑ
  • ԵՀՈՎԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿ ՏԱԼՈՒ ՄԷՋ ԿԾԾԻ ՉԷ
  • ԱՍՏՈՒԱԾ Կ’ՈՒԶԷ ՆԵՐԵԼ
  • ՕԳՆՈՒԹԵԱՆԴ ԿԸ ՀԱՍՆԻ
  • Եհովան մեծագոյն Ներողն է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • Եհովայի ներած կերպով կը ներե՞նք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
  • ‘Շարունակեցէք իրարու անհաշիւ ներել’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Եհովա կը հայթայթէ մեր առօրեայ կարիքները
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2004
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
դ16 Յունիս էջ 3-5
Պարտէզի մը մէջ խնձորներու սնտուկներ

Եհովան ‘քեզի համար կը հոգայ’

ԻՆՉՈ՞Ւ համար կրնաս վստահ ըլլալ որ այս խօսքը ճիշդ է, եւ թէ Եհովան իսկապէս քեզի համար կը հոգայ։ Պատճառներէն մէկը այն է՝ որ ասիկա Սուրբ Գիրքին մէջ գրուած է։ Առաջին Պետրոս 5։7–ն կը նշէ. «Ձեր ամէն հոգը անոր վրայ ձգեցէ՛ք, վասն զի անիկա ձեզի համար կը հոգայ»։ Ի՞նչ փաստ ունիս որ Եհովա Աստուած քեզմով հետաքրքրուած է։

ԵՀՈՎԱՆ ՊԷՏՔ ԵՂԱԾ ԲԱՆԵՐԸ ԿՈՒ ՏԱՅ ՄԱՐԴՈՑ

Քոյր մը ուրիշ քրոջ նուէր կու տայ

Մեզի օրինակ կը հանդիսանայ Եհովան, որ ազնիւ եւ առատաձեռն է

Նախ եւ առաջ, Եհովան ունի այն յատկութիւնները որ դուն շատ հաւանաբար կը փնտռես մտերիմ բարեկամներուդ մէջ։ Անոնք որոնք իրարու հանդէպ ազնիւ եւ առատաձեռն են, ընդհանրապէս մօտիկ բարեկամներ կը դառնան։ Մեզի համար շատ յստակ է, որ Եհովան մարդոց հանդէպ ազնիւ եւ առատաձեռն է ամէ՛ն օր։ Նկատի առ օրինակ մը. «Իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը ղրկէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն վրայ» (Մատ. 5։45)։ Արեւու լոյսին եւ անձրեւին արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ։ Շատ մը բաներ. օրինակ՝ Աստուած անոնց միջոցաւ ‘կերակուրներով եւ ուրախութիւնով մեր սրտերը կը լեցնէ’ (Գործք 14։16)։ Ան կը ձգէ որ երկիրը առատ ուտելիք տայ, եւ ո՞վ չի համաձայնիր որ համով ճաշ մը մեզ ամէնէն շատ ուրախացնող բաներէն մէկն է։

Լաւ, ինչո՞ւ համար այսքա՛ն անօթի մարդիկ կան։ Քանի որ կառավարիչները փոխանակ մարդոց կեանքը աւելի լաւ դարձնելու, կը կեդրոնանան քաղաքական ոյժ ունենալու եւ դրամական շահ ընելու վրայ։ Եհովան մօտ ատենէն այս ագահութիւնը մէջտեղէն պիտի վերցնէ, եւ հիմակուան կառավարութիւններուն տեղ պիտի դնէ երկնային Թագաւորութիւնը, իսկ Թագաւորը՝ իր Որդին։ Այդ ժամանակ ո՛չ մէկը անօթի պիտի մնայ։ Մինչ այդ, Աստուած ապրելու համար պէտք եղած բաները կու տայ իր հաւատարիմ ծառաներուն (Սաղ. 37։25)։ Ասիկա փաստ չէ՞ որ ան մեզ կը հոգայ։

ԵՀՈՎԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿ ՏԱԼՈՒ ՄԷՋ ԿԾԾԻ ՉԷ

Եղբայր մը ուշի–ուշով մտիկ կ’ընէ, մինչ ուրիշ եղբայր մը իրեն կը խօսի

Մեզի օրինակ կը հանդիսանայ Եհովան, որ ժամանակ տալու մէջ կծծի չէ

Լաւ բարեկամը ժամանակ կու տայ քեզի։ Ան թերեւս ժամերով քեզի հետ խօսի ձեզ հետաքրքրող նիւթերու մասին։ Նաեւ, լաւ բարեկամը ուշի–ուշով մտիկ կ’ընէ քեզի, երբ խնդիրներդ եւ մտահոգութիւններդ պատմես իրեն։ Եհովան ալ նոյնպէս մտիկ կ’ընէ՞։ Իրապէս այո՛։ Ան կ’ուզէ մեր աղօթքները լսել։ Ասոր համար, Սուրբ Գիրքը մեզ կը քաջալերէ, որ ‘ստէպ աղօթքի կենանք’ եւ ‘անդադար աղօթք ընենք’ (Հռով. 12։12. Ա. Թես. 5։17)։

Եհովան որքա՞ն ժամանակ տրամադրելու պատրաստ է, որպէսզի աղօթքներդ մտիկ ընէ։ Սուրբ Գիրքէն օրինակ մը այս հարցումին պատասխանը կու տայ։ Յիսուս «բոլոր գիշերը Աստուծոյ աղօթք ընելով անցուց», առաջ որ իր առաքեալները զատէ (Ղուկ. 6։12)։ Ան շատ հաւանաբար այդ աղօթքին մէջ իր աշակերտներէն շատերը անունով նշեց, անոնց յատկութիւններն ու տկարութիւնները նկատի առաւ, եւ իր Հօրմէն խնդրեց որ իրեն օգնէ զատելու։ Երբ արեւը ծագելով նոր օր մը սկսաւ, Յիսուս արդէն գիտէր թէ զատած էր այն անհատները, որոնք ամէնէն շատ որակաւոր էին իր առաքեալները ըլլալու։ Եհովան կ’ուրախանայ բոլոր անկեղծ աղօթքները մտիկ ընելով, քանի որ «աղօթքի լսող»ն է (Սաղ. 65։2)։ Ան ժամ չի բռներ, նոյնիսկ եթէ մէկը ժամերով աղօթէ զինք մտահոգող նիւթի մը մասին։

ԱՍՏՈՒԱԾ Կ’ՈՒԶԷ ՆԵՐԵԼ

Երկու քրիստոնեայ եղբայրներ կը ձեռնուին

Մեզի օրինակ կը հանդիսանայ Եհովան, որ կ’ուզէ ներել

Ատեններ երկար տեւող բարեկամութիւններ կը կորսուին, քանի որ նոյնիսկ լաւ բարեկամներ թերեւս չկրնան դիւրաւ իրարու ներել։ Եհովան այդպէս չէ։ Սուրբ Գիրքը բոլոր անկեղծ անհատներուն կ’ըսէ, որ Աստուծմէ ներում խնդրեն, քանի որ «առատապէս կը ներէ» (Եսա. 55։6, 7)։ Աստուած ինչո՞ւ համար ազնուօրէն կը ներէ։

Քանի որ Աստուած աննման սէր ունի։ Ան այնքա՛ն կը սիրէ մարդիկը, որ իր Որդին՝ Յիսուսը զոհեց, որպէսզի զանոնք ազատէ մեղքէն եւ մահէն (Յովհ. 3։16)։ Ասկէ աւելին, փրկանքին միջոցաւ Աստուած ազնուօրէն կը ներէ իր սիրածներուն։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Եթէ խոստովանինք մեղքերնիս, հաւատարիմ ու արդար է անիկա մեր մեղքերուն թողութիւն տալու» (Ա. Յովհ. 1։9)։ Մարդիկ կրնան միշտ Եհովային բարեկամը մնալ, քանի որ ան կը ներէ։ Այս գաղափարը որքա՜ն կը դպչի մեր սրտին։

ՕԳՆՈՒԹԵԱՆԴ ԿԸ ՀԱՍՆԻ

Քոյր մը ուրիշ քոյր մը կը մխիթարէ

Մեզի օրինակ կը հանդիսանայ Եհովան, որ օգնութեան կը հասնի

Իսկական բարեկամը ուրիշին օգնութեան կը վազէ։ Աստուած ալ նոյնը կ’ընէ՞։ Իր Խօսքը կ’ըսէ. «Թէեւ [Աստուծոյ ծառաներէն մէկը] իյնայ, պիտի չկործանի, վասն զի Տէրը անոր ձեռքը պիտի բռնէ» (Սաղ. 37։24)։ Եհովան ‘իր ծառաներուն ձեռքը կը բռնէ’ զանազան կերպերով։ Նկատի առ այս փորձառութիւնը, որ տեղի ունեցած է Քարայիպեան կղզիի մը՝ Սենթ Գրուայի մէջ։

Պզտիկ աղջիկի մը դասընկերներն ու դասընկերուհիները ճնշեցին որ դրօշակին բարեւէ, բայց ան կրօնական պատճառներու համար մերժեց։ Աղօթքով Եհովային օգնութիւնը խնդրելէ ետք, ան որոշեց հարցին նկատմամբ բան մը ընել։ Յաջորդ անգամ, երբ ան պարտականութիւն ունէր դասարանին առջեւ նիւթ մը ներկայացնելու, դրօշակին բարեւելու մասին խօսեցաւ։ Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ գիրքը գործածելով, ան բացատրեց թէ ինչպէ՛ս Սեդրաքին, Միսաքին եւ Աբեդնագովին պատմութիւնը ազդեց իր որոշումին վրայ։ Ան ըսաւ. «Եհովան այդ երեք հրեաները պաշտպանեց, քանի որ արձանը չպաշտեցին»։ Ետքը, ան դասարանին հարցուց որ արդեօք կ’ուզէի՞ն գիրքը ունենալ։ Անոնցմէ տասնմէկ հոգի այո՛ ըսաւ։ Աղջիկը շատ ուրախացաւ, երբ զգաց թէ Եհովան իրեն տուած էր զօրութիւն եւ իմաստութիւն, որպէսզի այդ զգայուն հարցին մասին վկայութիւն տայ։

Եթէ օր մը օրանց կասկած ունենաս որ Եհովան քեզմով հետաքրքրուած է, այսպիսի համարներու վրայ խոկա՛, ինչպէս՝ Սաղմոս 34։17-19. 55։22. եւ 145։18, 19։ Նաեւ տարիներէ ի վեր ճշմարտութեան մէջ եղող Վկաներու հարցուր, որ Եհովան ինչպէ՛ս իրենց հոգ տարած է։ Իսկ երբ Աստուծոյ օգնութեան պէտք ունենաս, իրեն աղօթէ հարցին մասին։ Այսպիսով շուտով պիտի տեսնես, թէ Եհովան ‘քեզի համար կը հոգայ’։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել