ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
«Ամէն տեսակ մարդոց համար ամէն ինչ եղայ»
«Եթէ մկրտուիս, պիտի ձգեմ երթամ»։ 1941–ին, հայրս այս խօսքով փորձեց մայրս վախցնել։ Հակառակ ասոր, մայրս որոշեց մկրտուիլ որպէս Եհովայի վկայ։ Հայրս իր ըսածին պէս ըրաւ. մեզ ձգեց գնաց։ Այդ ժամանակ ես միայն ութ տարեկան էի։
ԵՍ ԱՐԴԷՆ առաջուընէ սկսած էի հետաքրքրուիլ ճշմարտութեամբ։ Մայրս ստացած էր Սուրբ Գիրքի հրատարակութիւններ եւ ատոնք խելքս–միտքս առած էին, մանաւանդ պատկերները։ Հայրս չէր ուզեր որ մայրս ինծի պատմէ ինչ որ կը սորվի։ Բայց ես հետաքրքիր էի եւ հարցումներ կը հարցնէի։ Ասոր համար, մայրս հետս կը սերտէր երբ հայրս տունը չըլլար։ Այսպիսով, ես ալ որոշեցի կեանքս Եհովային նուիրել։ 1943–ին, երբ տասը տարեկան էի, մկրտուեցայ Պլէքփուլ, Անգլիա։
ՍԿՍԻԼ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅԵԼ
Ատկէ ի վեր, մայրս ու ես կանոնաւորաբար միասին ծառայութեան ելանք։ Այդ ժամանակ, ֆոնոկրաֆը գործածելով կը քարոզէինք։ Ատիկա մեծ եւ ծանր էր՝ շուրջ չորսուկէս քիլօ։ Երեւակայէ ինծի պէս պզտիկ տղայ մը շալկած է զայն։
14 տարեկանիս, ուզեցի ռահվիրայութիւն ընել։ Մայրս ըսաւ որ պէտք է նախ խօսիմ եղբայրներուն ծառային հետ (հիմա կը կոչուի շրջանային տեսուչ)։ Ան առաջարկեց որ նախ փորձեմ հմտութիւն մը սորվիլ, որպէսզի կարենամ պէտքերուս հոգ տանիլ մինչ ռահվիրայութիւն կ’ընեմ։ Այդպէս ալ ըրի։ Երկու տարի աշխատելէ ետք, խօսեցայ ուրիշ շրջանային տեսուչի մը հետ, եւ ան ալ ըսաւ. «Հայտէ նայիմ, սկսէ»։
1949–ի ապրիլին, մայրս ու ես պարպեցինք մեր վարձու տունը եւ փոխադրուեցանք Մանչեսթըրի մօտ եղող Միտըլթըն գիւղաքաղաքը, ուր սկսանք ռահվիրայութիւն ընել։ Չորս ամիս ետք, եղբայր մը ընտրեցի որպէս ռահվիրայութեան ծառայակիցս։ Մասնաճիւղը առաջարկեց որ փոխադրուինք նոր հաստատուած ժողովքին, Ըրլըմ գիւղին մէջ։ Մայրս քրոջ մը հետ ռահվիրայութիւն կ’ընէր ուրիշ ժողովքի մը մէջ։
Հակառակ որ միայն 17 տարեկան էի, ծառայակիցիս ու ինծի տրուեցաւ ժողովներ վարելու պատասխանատուութիւնը, քանի որ նոր ժողովքին մէջ որակեալ եղբայրներուն թիւը քիչ էր։ Ետքը, ինձմէ խնդրուեցաւ որ փոխադրուիմ Պաքսթըն ժողովքին, որ շատ քիչ հրատարակիչներ ունէր եւ օգնութեան պէտք ունէր։ Այդ փորձառութիւնները զիս պատրաստեցին ապագայ նշանակումներու։
1953–ին, ուրիշներու հետ կը ծանուցանեմ հանրային դասախօսութիւն մը, Նիւ Եորքի Ռոչեսթըր քաղաքին մէջ
1951–ին, դիմումնագիր լեցուցի որ Գաղաադի աստուածաշնչական դպրոցը երթամ։ Բայց դեկտեմբեր 1952–ին, զինուորական ծառայութեան կանչուեցայ։ Խնդրեցի որ զինուորութեան չերթամ, քանի որ լիաժամ քարոզիչ էի, բայց դատարանը չընդունեց խնդրանքս եւ վեց ամիս բանտարկուեցայ։ Մինչ բանտարկուած էի, հրաւէր ստացայ որ Գաղաադի 22–րդ դասարանը երթամ։ Յուլիս 1953–ին, բանտէն դուրս ելլելէ քիչ ետք, Ճորճիգ կոչուած նաւը ելայ եւ Նիւ Եորք ճամբորդեցի։
Հազիւ որ հասայ, ներկայ եղայ «Նոր աշխարհի ընկերութեան համաժողով»ին։ Ետքը, շոգեկառքով ճամբորդեցի դէպի Նիւ Եորքի Սաութ Լէնսինկ, ուր դպրոցը կը գտնուէր։ Հետս քիչ դրամ ունէի, քանի որ տակաւին նոր ելած էի բանտէն։ Երբ շոգեկառքէն իջայ, ստիպուեցայ ճամբորդէ մը 25 սենթ առնել որպէսզի պասով Սաութ Լէնսինկ երթամ։
ՕՏԱՐ ԵՐԿՐԻ ՄԸ ՄԷՋ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ ՄԸ
Գաղաադի դպրոցին մէջ ստացանք հոյակապ մարզում մը, ինչ որ մեզի պիտի օգնէր որ «ամէն տեսակ մարդոց համար ամէն ինչ [ըլլանք]» (Ա. Կոր. 9։22, ՆԱ)։ Փոլ Պրուն, Ռեմոնտ Լիչ եւ ես նշանակուեցանք Ֆիլիփիններ։ Քանի մը ամիս սպասեցինք մեր այցեգիրին եւ յետոյ նաւով մը ճամբայ ելանք, անցնելով Րոթըրտամէն, Միջերկրական ծովէն, Սուէզի ջրանցքէն, Հնդկական ովկիանոսէն, Մալէզիայէն եւ Հոնկ Քոնկէն։ 47 օր ծովուն վրայ անցընելէ ետք՝ 19 նոյեմբեր 1954–ին վերջապէս հասանք Մանիլա։
Միսիոնարական ծառայակիցս՝ Ռեմոնտ Լիչ ու ես նաւով 47 օր ճամբորդեցինք դէպի Ֆիլիփիններ
Պէտք էր սկսէինք վարժուիլ նոր մշակոյթի, նոր երկրի եւ նոր լեզուի։ Բայց սկիզբը նշանակուեցանք Քայզոն Սիթիի մէկ ժողովքին, ուր շատեր անգլերէն կը խօսէին։ Ասոր համար, վեց ամիս ետք՝ միայն քանի մը բառ թակալերէն սորված էինք։ Մեր յաջորդ նշանակումը պիտի օգնէր մեզի այս խնդրին մէջ։
1955–ի մայիսին, օր մը երբ ծառայութենէն տուն վերադարձանք, եղբայր Լիչ եւ ես նամակներ տեսանք մեր սենեակին մէջ։ Տեղեկացանք թէ նշանակուեցանք որպէս շրջանային տեսուչ։ Ես միայն 22 տարեկան էի, բայց այս նշանակումը առիթ տուաւ ինծի, որ նոր կերպերով ‘ամէն ինչ ըլլամ ամէն տեսակ մարդոց համար’։
Հանրային դասախօսութիւն մը կու տամ՝ պիքոլերէն շրջանային համաժողովի մը ընթացքին
Օրինակ՝ որպէս շրջանային տեսուչ առաջին հանրային դասախօսութիւնս տուի բացօթեայ տեղ մը՝ գիւղին խանութներէն մէկուն առջեւ։ Շատ չանցած տեղեկացայ որ Ֆիլիփիններուն մէջ այդ ժամանակ սովորութիւն էր, որ հանրային դասախօսութիւնը բառին բուն իմաստով հանրային ըլլար։ Մինչ տարբեր ժողովքներու կ’այցելէի, դասախօսութիւն կու տայի ամարանոց տուներու մէջ, շուկաներու մէջ, քաղաքապետական սրահներու մէջ, պասքեթպոլի դաշտերու մէջ, հանրային պարտէզներու մէջ եւ շատ անգամներ՝ քաղաքի թաղերուն անկիւնները։ Անգամ մը՝ Սան Փապլօ Սիթիի մէջ, տեղատարափ անձրեւին պատճառով չկրցայ դասախօսութիւն տալ շուկայի մը մէջ. հետեւաբար պատասխանատու եղբայրներուն առաջարկեցի որ Թագաւորութեան սրահին մէջ տամ։ Ետքը, եղբայրները հարցուցին թէ արդեօք ատիկա կրնա՞յ կոչուիլ հանրային ժողով, քանի որ տեղի չէր ունեցած հանրային տեղ մը։
Միշտ կը մնայի եղբայրներու քով։ Թէեւ տուները պարզ էին, բայց միշտ մաքուր էին։ Շատ անգամներ կը պառկէի տախտակէ գետնին վրայ դրուած խսիրի վրայ։ Լոգնալու տեղերը տունէն դուրս էին, ամէնուն աչքերուն առջեւ։ Այս պատճառով, սորվեցայ պատշաճ կերպով լոգնալ։ Կը փոխադրուէի պասով եւ ատեններ նաւակով, երբ ուրիշ կղզի պիտի երթայի։ Ծառայութեանս բոլոր տարիներուն ընթացքին անձնական ինքնաշարժ բնա՛ւ չեմ ունեցած։
Ծառայութեան ելլելը եւ ժողովքներուն այցելելը ինծի օգնեցին որ թակալերէն սորվիմ։ Լեզուական դասընթացք բնա՛ւ չեմ առած, բայց լեզուն սորվեցայ ծառայութեան եւ ժողովին ատեն եղբայրներուն մտիկ ընելով։ Եղբայրները կ’ուզէին ինծի օգնել որ սորվիմ եւ ես կ’արժեւորէի իրենց համբերութիւնը եւ անկեղծ ակնարկները։
Պէտք էր ժամանակի ընթացքին կեանքիս մէջ աւելի փոփոխութիւններ մտցնէի նոր նշանակումներու պատճառով։ 1956–ին, երբ եղբայր Նաթան Նոր այցելեց Ֆիլիփինները, ազգային համաժողով մը ունեցանք։ Նշանակումս էր որ լրատուամիջոցներուն հետ հաղորդակցիմ։ Փորձառութիւն չունէի, բայց ուրիշներ սիրայօժար օգնեցին ինծի։ Մէկ տարի չանցած, ուրիշ ազգային համաժողով մը ըրինք եւ գլխաւոր կեդրոնատեղիէն եղբայր Ֆրետերիք Ֆրանզ այցելեց։ Ծառայեցի որպէս համաժողովի տեսուչ, եւ եղբայր Ֆրանզէն սորվեցայ որ պատրաստ ըլլամ մարդոց սովորութիւններուն յարմարելու։ Երբ ան հանրային դասախօսութիւնը կու տար, հագած էր ֆիլիփինեան աւանդական պարոնկ թակալոկ հագուստը, ինչ որ եղբայրները շատ ուրախացուց։
Երբ նահանգային տեսուչ նշանակուեցայ, պէտք կար որ աւելի փոփոխութիւններ ընէի։ Այդ ժամանակ կը ցուցադրէինք Նոր աշխարհի ընկերութեան ուրախութիւնը ժապաւէնը։ Զայն գրեթէ միշտ կը ցուցադրէինք հանրային տեղեր, եւ ատեններ միջատները նեղութիւն կու տային մեզի։ Լուսարձակին լոյսը կը քաշէր զանոնք եւ ատոնք կը կախուէին լուսարձակին մէջ։ Ետքը ատոր մաքրելը երկար–բարակ գործ էր։ Այս ցուցադրութիւնները կարգադրելը դիւրին չէր, բայց գոհունակ կը զգայինք տեսնելով որ մարդիկ կը ծանօթանային Եհովայի համաշխարհային կազմակերպութեան։
Կաթողիկէ քահանաները կը ճնշէին կարգ մը տեղական իշխանութիւններու վրայ, որպէսզի համաժողով ընելու արտօնութիւն չտան մեզի։ Կամ ալ երբ իրենց եկեղեցիներուն մօտ դասախօսութիւն տրուէր, եկեղեցիին զանգերը կը հնչեցնէին որպէսզի չձգեն որ մարդիկ լսեն։ Հակառակ բոլոր ասոնց, մարդիկ շարունակեցին ճշմարտութիւնը սորվիլ, եւ այդ շրջաններուն մէջ շատեր հիմա Եհովան կը պաշտեն։
ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐ, ԱՒԵԼԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1959–ին, նշանակուեցայ մասնաճիւղին մէջ ծառայելու։ Այդտեղի փորձառութիւններէս շատ բաներ սորվեցայ։ Ժամանակ մը ետք, ինձմէ խնդրուեցաւ որ ուրիշ երկիրներ այցելեմ որպէս գօտիի տեսուչ։ Ճամբորդութեան մը ընթացքին ծանօթացայ Ճանէթ Տումանտ անունով քրոջ մը, որ Թայլանտի մէջ միսիոնար էր։ Ժամանակ մը իրարու հետ նամակով հաղորդակցեցանք եւ յետոյ ամուսնացանք։ Իրարու հետ 51 տարի ուրախութեամբ ծառայած ենք Եհովային։
Ճանէթի հետ՝ Ֆիլիփիններու մէկ կղզիին մէջ
Ուրախութիւնը ունեցած եմ որ Եհովայի ժողովուրդին այցելեմ 33 երկիրներու մէջ։ Շա՜տ երախտապարտ եմ որ սկիզբի նշանակումներս օգնեցին, որ գիտնամ ինչպէ՛ս վարուիլ տարբեր մշակոյթներէ եւ երկիրներէ եղող մարդոց հետ։ Այս այցելութիւնները ինծի օգնեցին որ յստակօրէն հասկնամ, թէ Եհովան ամէն տեսակի մարդիկ կը սիրէ (Գործք 10։34, 35)։
Ջանք կը թափենք որ կանոնաւորաբար ծառայութեան ելլենք
ՏԱԿԱՒԻՆ ԿԸ ՅԱՐՄԱՐԻՆՔ
Ֆիլիփիններու եղբայրներուն հետ ծառայելը որքա՜ն ուրախութիւն տուած է մեզի։ Հիմա հրատարակիչներուն թիւը տասը անգամ աւելի է, քան երբ սկսայ հոս ծառայել։ Ճանէթ եւ ես տակաւին կը ծառայենք Ֆիլիփիններու մասնաճիւղին մէջ։ Նոյնիսկ աւելի քան 60 տարի հոս ծառայելէ ետք, տակաւին պէտք ունիմ պատրաստ ըլլալու որ յարմարիմ Եհովայի ուզածին։ Օրինակ՝ վերջերս կազմակերպութեան մէջ եղած կարգ մը փոփոխութիւններուն պատճառով պէտք եղաւ, որ յօժար սրտով աւելի փոփոխութիւններ մտցնենք մեր կեանքին մէջ։
Վկաներուն շատնալը միշտ կ’ուրախացնէ մեզ
Մեր ամէն կարելին ըրած ենք որ Եհովային ուղղութեան հետեւինք, եւ այսպիսով լաւագոյն կեանքը ունեցած ենք։ Նաեւ փորձած ենք պէտք եղած փոփոխութիւնները ընել, որպէսզի լաւ կերպով ծառայենք մեր եղբայրներուն։ Մենք որոշած ենք ‘ամէն տեսակ մարդոց համար ամէն ինչ ըլլալ’, այնքան ատեն որ Եհովան կը կամի։
Տակաւին կը ծառայենք Ֆիլիփիններու մասնաճիւղին մէջ