Հոգիին համաձայն մտածելը կ’առաջնորդէ դէպի կեանք եւ խաղաղութիւն
‘Հոգեւոր եղողները կը մտածեն հոգիին բաները’ (ՀՌՈՎ. 8։5)։
1, 2. Հռովմայեցիս 8–րդ գլուխը ինչո՞ւ կը հետաքրքրէ օծեալ քրիստոնեաները։
ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ Հռովմայեցիս 8։15-17–ն կարդացած ես Յիսուսի մահուան Յիշատակատօնին առթիւ։ Այս համարները կը բացատրեն թէ օծեալ քրիստոնեաները ինչպէ՛ս կը գիտնան թէ երկնային յոյսը ունին. սուրբ հոգին վկայութիւն կու տայ անոնց հոգիին հետ։ Հռովմայեցիս 8։1–ը օծեալներուն կ’ակնարկէ որպէս «Քրիստոս Յիսուսով եղողները»։ Բայց Հռովմայեցիս 8–րդ գլուխը միայն օծեալներո՞ւն կը կիրարկուի, թէ՞ երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյս ունեցողներն ալ կրնան ատկէ օգտուիլ։
2 Հռովմայեցիս 8–րդ գլուխը գլխաւորաբար գրուած էր օծեալներուն համար։ Անոնք «հոգին» կը ստանան որպէս անհատներ որոնք ‘կը սպասեն որդեգրութեան, այսինքն իրենց մարմնին ազատութեան’ (Հռով. 8։23)։ Անոնք ապագային Աստուծոյ որդիները պիտի ըլլան երկնքի մէջ։ Եհովան անոնց մեղքերը ներած է փրկանքին հիման վրայ եւ զիրենք արդար սեպած է, որպէսզի կարենան իր որդիները ըլլալ (Հռով. 3։23-26. 4։25. 8։30)։
3. Ինչո՞ւ երկրային յոյս ունեցողներն ալ պէտք է սերտեն Հռովմայեցիս 8–րդ գլուխը։
3 Բայց Հռովմայեցիս 8–րդ գլուխը նաեւ կը հետաքրքրէ երկրային յոյս ունեցողները, քանի որ Աստուած զիրենք ալ ձեւով մը արդար կը նկատէ։ Հռովմայեցիս 4–րդ գլուխին մէջ, Պօղոս խօսեցաւ Աբրահամին մասին, որ Քրիստոսէն շատ առաջ ապրած էր։ Ան օծեալ չէր բայց Եհովան զինք արդար նկատեց (կարդա՛ Հռովմայեցիս 4։20-22)։ Այսօր ալ Եհովան կրնայ արդար սեպել հաւատարիմ քրիստոնեաները, որոնք երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունին։ Ասոր համար, անոնք կրնան օգտուիլ Հռովմայեցիս 8–րդ գլուխին խրատէն, որ արդարներուն համար գրուած է։
4. Երբ Հռովմայեցիս 8։21–ը կարդանք, ի՞նչ պէտք է հարցնենք մենք մեզի։
4 Հռովմայեցիս 8։21–ը կը վստահեցնէ թէ նոր աշխարհը անպայման պիտի գայ եւ թէ մարդիկ պիտի ազատին մեղքէն եւ մահէն։ Այս համարը կ’ըսէ թէ անոնք պիտի վայելեն «Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութիւնը»։ Հարցումը այն է թէ մենք հոն պիտի ըլլա՞նք։ Դուն քեզ նոր աշխարհին մէջ կը տեսնե՞ս։ Նկատի առնենք թէ ի՛նչ պէտք է ընենք որպէսզի Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ ապրինք։
«ՄԱՐՄՆԱՒՈՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ»
5. Հռովմայեցիս 8։4-13–ին մէջ Պօղոս ի՞նչ լուրջ հարցի մը մասին խօսեցաւ։
5 Կարդա՛ Հռովմայեցիս 8։4-13։ Հռովմայեցիս 8–րդ գլուխին մէջ Պօղոս երկու տեսակ մարդոց մասին կը խօսի. անոնք որ ‘մարմնաւորապէս կը քալեն’ եւ անոնք որ ‘հոգեւորապէս կը քալեն’։ Ոմանք կը կարծեն որ Պօղոս կը խօսէր քրիստոնեայ չեղողներուն եւ քրիստոնեայ եղողներուն մասին։ Բայց Պօղոս այս նամակը կը գրէր քրիստոնեաներուն՝ «սուրբ ըլլալու կանչուածներուն» (Հռով. 1։7)։ Ուրեմն, թէ՛ ‘մարմնաւորապէս քալողները’ թէ ալ ‘հոգեւորապէս քալողները’ քրիստոնեայ էին։ Լաւ, ի՞նչ տարբերութիւն կար իրենց միջեւ։
6, 7. ա) Սուրբ Գիրքին մէջ «մարմին» բառին կարգ մը իմաստները ի՞նչ են։ բ) Հռովմայեցիս 8։4-13–ին մէջ ի՞նչ իմաստով գործածուած է «մարմին» բառը։
6 Սուրբ Գիրքը «մարմին» բառը զանազան իմաստներով կը գործածէ։ Ատեններ ատիկա կը նշանակէ բառացի մարմինը (Հռով. 2։28. Ա. Կոր. 15։39, 50)։ Ատիկա նաեւ կրնայ ակնարկել ազգականական կապի մը։ Օրինակ՝ Յիսուս «մարմնի կողմանէ Դաւիթին սերունդէն եղաւ», իսկ Պօղոս հրեաները կոչեց՝ ‘մարմնի կողմէ ազգականներս’ (Հռով. 1։3. 9։3)։
7 Նկատի առնենք Հռովմայեցիս 7։5–ը, որպէսզի գիտնանք թէ Պօղոս ի՛նչ ըսել ուզեց «մարմնաւորապէս ապրիլ» արտայայտութիւնով։ Ան ‘մարմնով ըլլալը’ կապեց «մեղքերու կրքեր»ուն հետ, որոնք իրենց «անդամներուն մէջ կը ներգործէին»։ Պօղոս հոս բացատրեց թէ ‘մարմնաւորապէս ապրողները’ անոնք են, որոնք կը կեդրոնանան եւ կը հետեւին իրենց մեղաւոր ցանկութիւններուն, ընելով որեւէ բան որ կ’ուզեն։
8. Ինչո՞ւ տեղին էր որ նոյնիսկ օծեալ քրիստոնեաները զգուշացում ստանային ‘մարմնաւորապէս ապրելու’ դէմ։
8 Պօղոս ինչո՞ւ օծեալ քրիստոնեաները զգուշացուց ‘մարմնաւորապէս ապրելէն’։ Եւ ինչո՞ւ ներկայիս բոլոր քրիստոնեաները պէտք ունին այս զգուշացումին։ Քանի որ ոեւէ հաւատարիմ քրիստոնեայ կրնայ սկսիլ իր ցանկութիւններուն վրայ կեդրոնանալ։ Օրինակ՝ Պօղոս գրեց որ Հռոմի մէջ կարգ մը եղբայրներ «իրենց որովայնին» կամ ախորժակին ծառայ էին։ Ան կրնայ ըլլալ ըսել ուզեց որ անոնց կեանքին մէջ ամէնէն կարեւոր բանն էր՝ սեռային յարաբերութիւնը, ուտելիքը, խմելիքը կամ ուրիշ հաճոյքներ (Հռով. 16։17, 18. Փլպ. 3։18, 19. Յուդա 4, 8, 12)։ Նաեւ յիշէ որ ատեն մը Կորնթոսի մէջ եղբայր մը անբարոյ կեանք կ’ապրէր իր «խորթ մօր» հետ (Ա. Կոր. 5։1)։ Յստակ է որ այդ քրիստոնեաները զգուշացումի պէտք ունէին որ ‘մարմնաւորապէս չապրին’ (Հռով. 8։5, 6)։
9. Հռովմայեցիս 8։6–ին զգուշացումը ի՞նչ բանի չի կիրարկուիր։
9 Այդ զգուշացումը այսօր ալ կը կիրարկուի։ Նոյնիսկ այն անձը որ տարիներէ ի վեր Եհովային կը ծառայէ, կրնայ սկսիլ մարմնաւոր բաներու վրայ կեդրոնանալ։ Լաւ, Պօղոս ըսել ուզե՞ց որ բնա՛ւ պէտք չէ մտածենք ուտելիքի, գործի, ժամանցի կամ նոյնիսկ սիրաբանութեան մասին։ Անշուշտ ո՛չ։ Ասոնք կեանքին մէջ բնական բաներ են։ Նոյնիսկ Յիսուս հաճոյք կ’առնէր ուտելէ եւ ուրիշներ ալ կերցուց։ Ան գիտէր թէ ժամանցն ալ պէտք է։ Եւ Պօղոս գրեց որ սեռային յարաբերութիւնները կարեւոր տեղ ունին ամուսնութեան մէջ։
Խօսակցութիւններդ կը ցուցնեն որ կը մտածես հոգիի՞ն համաձայն, թէ՞ մարմնին համաձայն (տե՛ս պարբերութիւն 10, 11)
10. Մարմնաւոր «խորհուրդ» ի՞նչ կը նշանակէ։
10 Պօղոս ի՞նչ ըսել ուզեց «խորհուրդ» կամ մտածում բառով։ Պօղոսի գործածած յունարէն բառը կը նշանակէ՝ բոլոր մտածումները եւ ծրագիրները կեդրոնացնել բանի մը վրայ։ Ուսումնական մը բացատրեց թէ անոնք որոնք մարմնաւոր խորհուրդ ունին՝ «խորապէս հետաքրքրուած են [ու] շարունակ կը խօսին» իրենց անձնասէր ցանկութիւններուն մասին եւ կը կեդրոնանան ատոնց վրայ։ Անոնք թոյլ կու տան որ այս ցանկութիւնները իրենց կեանքին վրայ իշխեն։
11. Ի՞նչ բաներ կրնան շատ կարեւոր դառնալ մեզի համար։
11 Հռոմի քրիստոնեաները պէտք էր իրենց անձը քննէին եւ տեսնէին թէ ինչի՛ վրայ կը կեդրոնանային։ Արդեօք ‘մարմնի՞ն բաները կը մտածէին’։ Այսօր մենք ալ պէտք է քննենք թէ մեզի համար ի՛նչն է ամէնէն կարեւորը։ Ամէնէն շատ ինչո՞վ կը հետաքրքրուինք եւ ինչի՞ մասին միշտ կը խօսինք։ Ի՞նչ բանի ետեւէ ենք։ Ոմանք թերեւս անդրադառնան որ միշտ կը մտածեն տարբեր–տարբեր գինիներ համտեսելու մասին, իրենց տունը զարդարելու մասին, հագուստի նորոյթին հետեւելու մասին, դրամ աշխատցնելու մասին կամ արձակուրդը ծրագրելու մասին։ Ասոնք սխալ բաներ չեն. ասոնք կեանքին մէջ բնական բաներ կրնան ըլլալ։ Օրինակ՝ Յիսուս անգամ մը գինի ապահովեց հարսանիքի մը ընթացքին, իսկ Պօղոս Տիմոթէոսին ըսաւ որ «քիչ մըն ալ գինի» խմէ իր առողջութեան համար (Ա. Տիմ. 5։23. Յովհ. 2։3-11)։ Բայց Յիսուս եւ Պօղոս շարունակ կը խօսէի՞ն գինիի մասին եւ կը կեդրոնանայի՞ն ատոր վրայ։ Ո՛չ։ Ի՞նչ կրնանք ըսել մեր մասին։ Կեանքին մէջ մեր ամէնէն մեծ հետաքրքրութիւնը ի՞նչ է։
12, 13. Ինչո՞ւ պէտք է ուշադիր ըլլանք որ ինչի՛ վրայ կը կեդրոնանանք։
12 Ինքնաքննութիւնը ինչո՞ւ կարեւոր է։ Պօղոս գրեց. «Մարմնաւոր խորհուրդը մահ է» (Հռով. 8։6)։ Ասիկա լուրջ բան մըն է եւ կրնայ նշանակել, որ եթէ մարմինին համաձայն ապրինք, կրնանք հիմա հոգեւորապէս մեռնիլ, իսկ ապագային՝ ֆիզիքապէս։ Բայց անձ մը կրնա՛յ փոխուիլ։ Յիշէ Կորնթոսի մէջ այն անբարոյ մարդը, որ մարմնին ետեւէ գնաց եւ վտարուեցաւ։ Ան կրնար փոխուիլ եւ փոխուեցաւ։ Ան այլեւս չգնաց իր անբարոյ ցանկութիւններուն ետեւէն եւ սկսաւ նորէն Եհովային ծառայել մաքուր կերպով (Բ. Կոր. 2։6-8)։
13 Այդ մարդը վերջին ծայր մարմնաւորապէս կ’ապրէր։ Եթէ ան կրցաւ փոխուիլ, ուրեմն ներկայիս այն քրիստոնեան որ սկսած է իր ցանկութիւններուն հետեւիլ՝ ինքն ալ կրնայ փոխուիլ։ Պօղոսին զգուշացումը կրնայ մեզ մղել որ պէտք եղած փոփոխութիւնները ընենք։
ՀՈԳԻԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆ ՄՏԱԾԵԼ
14, 15. ա) Պօղոս ըսաւ որ ինչի՞ համաձայն պէտք է մտածենք։ բ) Հոգիին համաձայն մտածելը ի՞նչ չի նշանակեր։
14 Մարմնին համաձայն մտածելուն վտանգներուն մասին խօսելէ ետք, Պօղոս բացատրեց. «Հոգեւոր խորհուրդը կեանք ու խաղաղութիւն [է]»։ Կեանք ու խաղաղութիւն ունենալը ի՜նչ գեղեցիկ վարձատրութիւն մըն է։ Ինչպէ՞ս կրնանք այս վարձատրութիւնը շահիլ։
15 Հոգիին համաձայն մտածելը չի նշանակեր, թէ անհատը կապ չունի այս աշխարհին հետ։ Ան պէտք չունի միայն Աստուծոյ եւ Սուրբ Գիրքին մասին մտածելու ու խօսելու։ Քրիստոնեաները բնական կեանք մը կ’ապրին։ Նկատի առ առաջին քրիստոնեաները։ Անոնք կերան ու խմեցին, ամուսնացան ու ընտանիք կազմեցին եւ աշխատեցան (Մար. 6։3. Ա. Թես. 2։9)։
16. Պօղոս ինչի՞ վրայ կեդրոնացած էր։
16 Բայց Պօղոս եւ ուրիշ քրիստոնեաներ չձգեցին որ այս բնական գործունէութիւնները դառնան իրենց կեանքին ամէնէն կարեւոր բաները։ Օրինակ՝ գիտենք որ Պօղոսին գործը վրանագործութիւն էր, բայց գործը իր կեանքին ամէնէն կարեւոր բանը չէր։ Ան կեդրոնացած էր հոգեւոր բաներու վրայ՝ քարոզչութեան եւ աշակերտելուն վրայ (կարդա՛ Գործք 18։2-4. 20։20, 21, 34, 35)։ Եւ ան Հռոմի եղբայրները քաջալերեց որ ասոնց վրայ կեդրոնանան։ Այդ եղբայրները պէտք էր իրեն նմանէին։ Մենք ալ պէտք է զինք ընդօրինակենք (Հռով. 15։15, 16)։
17. Եթէ հոգիին համաձայն մտածենք, ինչպիսի՞ կեանք մը կրնանք ունենալ։
17 Մեր կեանքը ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ, եթէ Եհովային ծառայելու վրայ կեդրոնանանք։ Հռովմայեցիս 8։6–ը յստակօրէն կը պատասխանէ. «Հոգեւոր խորհուրդը կեանք ու խաղաղութիւն [է]»։ Ասիկա կը նշանակէ թէ եթէ ձգենք որ սուրբ հոգին ուղղէ մեր մտածումները եւ ունենանք Աստուծոյ մտածելակերպը, հիմա՝ ուրախ եւ իմաստալից կեանք մը պիտի վայելենք, իսկ ապագային՝ յաւիտենական կեանք։
18. Երբ «հոգեւոր խորհուրդ» ունենանք, ինչպէ՞ս խաղաղութիւն կ’ունենանք։
18 Պօղոս ի՞նչ ըսել ուզեց երբ ըսաւ թէ «հոգեւոր խորհուրդը. . . խաղաղութիւն [է]»։ Շատեր կը պայքարին որ մտքի խաղաղութիւն ունենան։ Փառք Եհովային, մենք իսկական մտքի խաղաղութիւն ունինք։ Ինչո՞ւ։ Պատճառներէն մէկն է թէ ջանք կը թափենք որ մեր ընտանիքի անդամներուն եւ ժողովքի անդամներուն հետ խաղաղութիւն ունենանք։ Որովհետեւ անկատար ենք, ատեններ խնդիրներ պիտի ունենանք մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ։ Այդ պարագային, կը հետեւինք Յիսուսի խրատին. «Եղբօրդ հետ հաշտուէ» (Մատ. 5։24)։ Մի՛ մոռնար որ եղբայրդ կամ քոյրդ ալ կը ծառայէ Եհովային՝ ‘խաղաղութեան Աստուծոյն’ (Հռով. 15։32. 16։20)։
19. Ո՞ր յատուկ խաղաղութիւնը կրնանք վայելել։
19 Երբ հոգիին համաձայն մտածենք, նաեւ Աստուծոյ հետ խաղաղութիւն պիտի ունենանք։ Եսայի մարգարէն Աստուծոյ լիովին ապաւինողին մասին ըսաւ. «[Զինք] կատարեալ խաղաղութեան մէջ կը պահես, վասն զի քեզի կը յուսայ» (Եսա. 26։3. կարդա՛ Հռովմայեցիս 5։1)։
20. Ինչո՞ւ երախտապարտ ես Հռովմայեցիս 8–րդ գլուխի խրատին համար։
20 Ըլլանք օծեալներ թէ երկրային յոյս ունեցողներ, բոլորս կրնանք օգտուիլ Հռովմայեցիս 8–րդ գլուխի իմաստուն խօսքերէն։ Երախտապարտ ենք որ Սուրբ Գիրքը մեզ կը քաջալերէ որ կեդրոնանանք Եհովային ծառայելուն վրայ, եւ ոչ թէ՝ մեր ցանկութիւններուն վրայ։ Գիտենք թէ եթէ հոգիին համաձայն մտածենք, պիտի կարենանք այս հոյակապ վարձատրութիւնը վայելել. «Աստուծոյ ձրի պարգեւը յաւիտենական կեանք [է] մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով» (Հռով. 6։23)։