Պարզ կեանք մը ունինք՝ բայց ուրախ ենք
ՏԱՆԻԷԼ ԵՒ ՄԻՐԻԷՄ ամուսնացան սեպտեմբեր 2000–ին եւ սկսան ապրիլ Սպանիոյ Պարսելոնա քաղաքին մէջ։ Տանիէլ կը պատմէ. «‘Սովորական’ կեանք մը ունէինք։ Մեր գործին շնորհիւ կարողութիւն ունէինք որ լաւ ճաշարաններու մէջ ուտենք, ուրիշ երկիրներ ճամբորդենք եւ որակաւոր հագուստներ հագուինք։ Նաեւ կանոնաւորաբար կը մասնակցէինք դաշտի ծառայութեան»։ Բայց ետքը փոփոխութիւն մը եղաւ։
2006–ին՝ համաժողովի մը ընթացքին, Տանիէլ շատ ազդուեցաւ երբ դասախօսութեան մը մէջ հարցուեցաւ. «Մեր ամէն կարելին կ’ընե՞նք որ ‘սպաննուելու վրայ եղողներուն’ օգնենք, որ քալեն յաւիտենական կեանքի տանող ճամբուն վրայ» (Առ. 24։11)։ Եւ շատ կարեւորութիւն տրուեցաւ Սուրբ Գիրքին կենսապահ պատգամը քարոզելուն (Գործք 20։26, 27)։ Տանիէլ կը պատմէ. «Զգացի թէ Եհովան ինծի կը խօսէր»։ Նաեւ նշուեցաւ որ եթէ մէկը աւելի ծառայէ, աւելի ուրախ պիտի ըլլայ։ Ան գիտէր թէ ասիկա ճիշդ է, քանի որ Միրիէմ արդէն իսկ ռահվիրայութիւն կ’ընէր եւ օրհնութիւններ կը քաղէր։
Տանիէլ կ’ըսէ. «Տեսայ թէ ժամանակը եկած է որ 180 աստիճան փոփոխութիւն ընեմ կեանքիս մէջ»։ Այդպէս ալ ըրաւ։ Ան իր գործի ժամերը քիչցուց եւ ռահվիրայ եղաւ։ Ան նաեւ մտածեց որ ինքը եւ Միրիէմ որքա՜ն ուրախ պիտի ըլլան, եթէ ծառայեն ուր որ քարոզիչներու աւելի պէտք կայ։
ՍԿԻԶԲԸ՝ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ԵՏՔԸ՝ ՈՒՐԱԽ ԼՈՒՐ ՄԸ
Մայիս 2007–ին, Տանիէլ եւ Միրիամ իրենց գործը ձգեցին եւ ճամբորդեցին Բանամա, ուր նախապէս այցելած էին։ Իրենց նոր թաղամասին մէջ կային Քարայիպեան ծովուն Պոգաս տել Թորօ կղզեխումբին շատ մը կղզիները։ Բնակչութեան մեծամասնութիւնը բնիկ նկապերէ ժողովուրդն է։ Տանիէլ եւ Միրիէմ հաշիւ ըրին որ իրենց շատցուցած դրամով կրնային ութ ամիս Բանամա մնալ։
Անոնք մէկ կղզիէն միւսը նաւով կ’երթային, իսկ կղզիներուն մէջ՝ հեծիկով։ Անոնք շատ լաւ կը յիշեն առաջին անգամը որ հեծիկով քարոզչութեան ելան։ Անոնք կիզիչ արեւուն տակ շուրջ 32 քմ. կտրեցին բլուրներու վրայէն։ Տանիէլ քիչ մնաց որ յոգնութենէն մարէր։ Տեղացիները հիւրասիրութեամբ կը վարուէին իրենց հետ, մանաւանդ երբ քանի մը խօսքեր սկսան գործածել տեղական լեզուով։ Շատ չանցած, անոնք 23 դաս ունեցան։
Բայց երբ անոնց խնայած գումարը վերջացաւ, անոնց ժպիտը արցունքի փոխուեցաւ։ Տանիէլ կ’ըսէ. «Աչքերնուս մէջ արցունքներով սկսանք մտածել Սպանիա վերադառնալ։ Շատ նեղուած էինք որ մեր Աստուածաշունչի աշակերտները պիտի ձգէինք»։ Բայց մէկ ամիս ետք, անոնք ուրախ լուր մը առին։ Միրիէմ կ’ըսէ. «Հրաւիրուեցանք որ որպէս մասնաւոր ռահվիրայ ծառայենք։ Որքա՜ն ուրախ էինք որ մեր նշանակումին մէջ պիտի մնայինք»։
ԱՆՈՆՑ ԱՄԵՆԱՄԵԾ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԸ
2015–ին, կազմակերպութեան մէջ կարգ մը փոփոխութիւններ ըլլալով, Տանիէլէն ու Միրիէմէն խնդրուեցաւ որ կանոնաւոր ռահվիրայ ըլլան։ Այժմ ի՞նչ պիտի ընէին։ Անոնք վստահեցան Սաղմոս 37։5–ի խոստումին, որ կ’ըսէ. «Տէրոջը յանձնէ քու ճամբադ ու անոր յուսա եւ անիկա պիտի կատարէ»։ Անոնք կրցան գործ գտնել եւ ռահվիրայութիւնը շարունակել։ Ներկայիս, անոնք կը ծառայեն Բանամայի Պերակուաս նահանգին մէկ ժողովքին մէջ։
Տանիէլ կը պատմէ. «Առաջ որ Սպանիայէն ելլէինք, վստահ չէինք որ պիտի կարենանք պարզ կեանք մը ապրիլ։ Այսօր, պարզ կեանք մը կ’ապրի՛նք եւ մեր բուն պէտքերը ունինք»։ Անոնց ամենամեծ ուրախութիւնը ի՞նչ է։ Անոնք կ’ըսեն. «Խոնարհ մարդոց Եհովային մասին սորվեցնելը ուրախութիւն մըն է, որ բանի մը հետ չի բաղդատուիր»։