ԱՍՏՈՒԱԾՊԵՏԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐՈՑԻ ՎԵՐԱՔԱՂ
Գոց գրքերով վերաքաղ այն նիւթերուն զորս տրուեցան Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի նշանակումներով՝ Յունուար 6–էն մինչեւ Ապրիլ 20, 1992, շաբաթներու ընթացքին։ Անջատ թուղթ մը գործածեցէք հարցումներուն պատասխանելու՝ որքան որ կրնաք յատկացուած ժամանակին միջոցին։
[ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. Գրաւոր վերաքաղին ընթացքին, միայն Աստուածաշունչը կարելի է գործածել որեւէ հարցումի պատասխանելու համար։ Հարցումներուն յաջորդող վերագրութիւնները ձեր անձնական հետազօտութեան համար են։]
Հետեւեալ արտայայտութիւններուն Շիտակ կամ Սխալ պատասխանեցէք.
1. Ա. Կորնթացիս 9։27–ի հետ համաձայն ըլլալով, աշակերտները պէտք է սկսին խստութեամբ վարուիլ իրենց անձերուն հետ, մանաւանդ հեռատեսիլ դիտելու կամ ուրիշ ժամանցներու նկատմամբ, որոնք իրենց ուշադրութիւնը կը հեռացնեն դասէն, որպէսզի իրենց սորվելու կարողութիւնները բարելաւեն։ [Երիտասարդները էջ 142-3]
2. Ան որ ամուսնութենէն առաջ սեռային յարաբերութիւններուն միջամուխ կ’ըլլայ, իրականութեան մէջ՝ ‘‘իր մարմնին դէմ կը մեղանչէ’’։ (Ա. Կորնթ. 6։18) Անբարոյ սեռային յարաբերութենէն ետք, երիտասարդուհին ընդհանրապէս կը զգայ թէ շահագործուեցաւ կամ նոյնիսկ թէ անարգուեցաւ։ [Երիտասարդները էջ 183]
3. Ծաղրող դասընկերները դպրոցին մէջ կ’ուզեն ձեր թշուառութեամբ զուարճանալ։ Խօսքով հարուածելը կամ արտասուելը կրնայ քաջալերել որ աւելի նեղութիւն տան։ [Երիտասարդները էջ 154-5]
4. Սեռային ցանկութիւնը գրգռող նիւթեր կարդալը, մտիկ ընելը կամ դիտելը՝ ‘սեռային ախորժակը’ կը զօրացնէ։ (Կող. 3։5) Անհատի մտերիմ ընկերներն ալ կրնան մեծ ազդեցութիւն ունենալ թէ ինք անարատ պիտի մնա՞յ կամ ոչ։ [Երիտասարդները էջ 192]
5. Պէտք չկայ որ աշակերտները նեղութիւն զգան ուսուցիչին սիրած աշակերտին նկատմամբ, որքան ատեն որ իրենց ուսման պէտքերը չեն անտեսուիր։ Թերեւս լաւ գաղափար մըն է որ ա՛լ աւելի փութաջան ըլլաք որպէսզի ուսուցիչին ուշադրութիւնը աւելի գրաւէք։ [Երիտասարդները էջ 159]
6. Քահանայապետին զուարակ մը զոհելը որպէս մեղքի պատարագ ‘‘իրեն համար ու իր տանը համար’’, պատկերացուց Յիսուսի զոհագործութիւնը ինչպէս որ կը կիրարկուի ենթաքահանաներու ‘‘իր տանը’’ վրայ։ (Ղեւ. 16։6) [Շաբաթական ընթերցումը. տեսնել Դիտ. 3/1/87 էջ 28 (Անգլ.), (9/15/87 էջ 23, Արբ.)։]
7. Երբեք պատշաճ չէ եղբօրմէ մը տոկոս առնել։ (Ղեւ. 25։35-37) [Շաբաթական ընթերցումը. տեսնել Դիտ. 11/1/84 էջ 11։]
8. «Բարձրագոյն վարժարանի լաւ ուսում մը ձեռք ձգեցէք։ Շատ կը շեշտեմ կարեւորութիւնը սորվելու թէ ինչպէ՛ս պատշաճօրէն կարդաք եւ գրէք ու խօսիք։ Նաեւ բարեվայելչութիւնը սորվեցէք, այնպէս որ կարենաք մարդոց հետ վարուիլ գործի աշխարհին մէջ», յարմար խրատ մըն է անոնց որոնք գործ կը փնտռեն անգործութեան արդի աշխարհին մէջ։ [Երիտասարդները էջ 166]
9. Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ պատանին քանի՞ տարի պէտք է դպրոցական եւ համալսարանական ուսում ձեռք ձգէ։ Ուստի, ուշադրութեամբ ու աղօթքի հոգիով պէտք է ձեր արհեստը ընտրէք, այնպէս որ անիկա ոչ թէ միայն անձնական ուրախութիւն բերէ, այլ նաեւ՝ ձեզ կարող դարձնէ որ ‘ձեզի գանձեր դիզէք երկինքը’։ (Մատթ. 6։20) [Երիտասարդները էջ 176, 179]
10. Իսրայելացիները իրենց հանդերձներուն քղանցքներուն վրայ ‘‘ծոպեր’’ պիտի շինէին, որպէսզի Մովաբացւոց, Եգիպտացւոց եւ ուրիշներուն «ոճերուն» չհետեւէին, եւ մտաբերէին որ իրենք տարբեր պէտք էր ըլլային։ (Թուոց 15։38-40) [Շաբաթական ընթերցումը. տեսնել Դիտ. 7/1/84 էջ 17։]
Հետեւեալ հարցումներուն պատասխանեցէք.
11. Հակառակ սեռի հետ ժամադրութիւն առնելն ու սիրաբանութիւնը ինչո՞ւ ընդհանրապէս մեծագոյն մարտահրաւէրը կը ներկայացնեն անարատ մնալու։ [Երիտասարդները էջ 193 § 2]
12. Ի՞նչ է ձեր կարծիքը ընկերացող մը ունենալու նկատմամբ երբ հակառակ սեռին հետ ժամադրութիւն մը կ’ունենաք։ [Երիտասարդները էջ 196 § 3]
13. Ճարպը ուտելու մասին եղած արգելքը ի՞նչ կը յիշեցնէ Եհովայի ծառաներուն այսօր։ (Ղեւ. 3։17) [Շաբաթական ընթերցումը. տեսնել Դիտ. 11/1/84 էջ 10։]
14. Նադաբի եւ Աբիուդի մեղքը իր մէջ ի՞նչ պարփակուած էր։ (Ղեւ. 10։1, 2) [Շաբաթական ընթերցումը. տեսնել Դիտ. 11/1/84 էջ 10։]
15. Ինչո՞ւ ծննդաբերութիւն մը կին մը ‘‘անմաքուր’’ կը դարձնէր։ (Ղեւ. 12։2, 5) [Շաբաթական ընթերցումը. տեսնել Դիտ. 11/1/84 էջ 10։]
16. Ինչո՞ւ իր ծնողքը ‘անիծողը’ մահուամբ կը պատժուէր։ (Ղեւ. 20։9) [Շաբաթական ընթերցումը. տեսնել Դիտ. 11/1/84 էջ 10-11։]
17. Ի՞նչ ըսել կ’ուզէ ‘‘տասը կին մէկ թոնիրի մէջ պիտի եփեն’’ ըսելով։ (Ղեւ. 26։26) [Շաբաթական ընթերցումը. տեսնել Դիտ. 11/1/84 էջ 11։]
18. Մարիամ ինչո՞ւ Մովսէսին դէմ խօսեցաւ իր Եթովպիացի կնոջը համար։ (Թուոց 12։1) [Շաբաթական ընթերցումը. տեսնել Դիտ. 12/1/84 էջ 10-11։]
19. Ո՞ր կարեւոր իրողութիւնը Կորխ արհամարհեց։ (Թուոց 16։1-3) [Շաբաթական ընթերցումը. տեսնել Դիտ. 11/15/78 էջ 14 (Անգլ.), (8/1/79 էջ 36, Արբ.)։]
Հայթայթեցէք պէտք եղած բառը կամ նախադասութիւնը՝ հետեւեալ արտայայտութիւնները ամբողջացնելու համար.
20. Երիտասարդ զոյգը յաճախ չեն ծրագրեր ............... ունենալ։ Շատ մը պարագաներուն, ասիկա պատահած է քանի որ անհատները միջամուխ եղած են մարմնի մասնաւոր անդամներուն ................ , կամ ............... ։ [Երիտասարդները էջ 193 § 4]
21. Երիտասարդը թերեւս կը զգայ թէ իր ընկերուհին կ’ակնկալէ որ ինք սկսի համբուրել կամ փայփայել երբ կը հագուի ............... , որոնք ............... կը հաղորդեն։ [Երիտասարդները էջ 194 § 2]
22. Թէեւ գիջութիւնը կրնայ յանցաւոր ըլլալու զօրաւոր զգացումներ պատճառել, ............... Աստուծոյ թողութեան համար ................ կրնան անհատին բարի խղճմտանք տալ։ [Երիտասարդները էջ 198]
23. Աստուածաշունչը կը բովանդակէ ............... քանի որ ցոյց կու տայ Աստուծոյ նպատակը ............... եւ ինչպէ՛ս անիկա պիտի կատարուի։ [Պատճառաբանել էջ 289 § 2, (էջ 303 § 2, Արբ.)]
24. Եհովա ղրկեց իր վկաները համայն աշխարհի մէջ բացատրելու համար իր նպատակին ................. ։ Եւ Ա. Կորնթացիս 1։19-25–ի համաձայն, աշխարհի փիլիսոփայութիւններուն մտիկ ընելը ............... ։ [Պատճառաբանել էջ 291 § 3, (էջ 305 § 3, Արբ.)]
25. Այն ութը կէտերը, որոնք անհատի մը աղօթքները անընդունելի կը դարձնեն, հետեւեալներն են. (1) ................ , (2) ............... , (3) ................ , (4) ............... , (5) ................ , (6) ............... , (7) ................ , (8) ............... ։ [Պատճառաբանել էջ 293 § 3 մինչեւ էջ 294 § 3, (էջ 273 §§ 1-8, Արբ.)]
Ընտրեցէք շիտակ պատասխանը իւրաքանչիւր հետեւեալ արտայայտութիւններուն մէջէն.
26. Յիսուսի ուսուցումները սերտելը (յստակ մտածելակերպի. ընթերցանութեան մէջ հաճոյք գտնելու. փիլիսոփայական կարծիքները բաղդատելու) ապացոյց է։ [Պատճառաբանել էջ 290 § 3, (էջ 304 § 3, Արբ.)]
27. Եթէ տանուտէրը խնդրէ որ նախ իրեն հետ աղօթենք ու յետոյ մեր պատգամը ներկայացնենք, կրնանք (իրեն հետ աղօթել. թոյլ տալ որ ինք առանձին աղօթէ. իրեն ցոյց տալ Մատթէոս 6։5, 9–ի բովանդակութիւնը)։ [Պատճառաբանել էջ 295 § 4, (էջ 274 § 8, Արբ.)]
28. Հաւանաբար ‘հոգին վշտացնել’ ըսելով (ծոմապահութեան. մէկը ինքզինք ծեծելուն. զբօսանքի որեւէ գործունէութենէ ետ կենալուն) կ’ակնարկէ։ (Ղեւ. 16։29) [Շաբաթական ընթերցումը. տեսնել Դիտ. 11/1/84 էջ 10։]
29. Կնոջ մը զիստերը ‘փտիլը’ իրականութեան մէջ այն իմաստով էր որ (ան պիտի դադրէր Եհովային ծառայելէն. ան կորսնցուց իր սրունքի գործածութիւնը. վերարտադրական անդամները պիտի չորնային, յղութիւնը անկարելի դարձնելով)։ (Թուոց 5։21) [Շաբաթական ընթերցումը. տեսնել Դիտ. 12/1/84 էջ 10։]
30. ‘Եհովայի պատերազմներուն գիրքը’ (դասալիք տեղեկութիւն. պատմական վստահելի արձանագրութիւն. Աստուածաշունչի պատմութիւններու առասպելական արձանագրութիւն) մըն էր։ (Թուոց 21։14, 15) [Շաբաթական ընթերցումը. տեսնել Դիտ. 12/1/84 էջ 11։]
Հետեւեալ համարները համեմատեցէք արտայայտութիւններուն հետ.
ՂԵՒ. 2։11, 12. 19։32. ԹՈՒՈՑ 15։30, 31. ՅՈԲԱՅ 38։1-4. ՍԱՂՄ. 1։2. ԱՌԱԿ. 14։12
31. Ապարդիւն է մարդկային փիլիսոփայութեան դիմելը փաստելու համար ստեղծիչ Աստուծոյ մը գոյութիւնը։ [Պատճառաբանել էջ 289 § 3, (էջ 303 § 3, Արբ.)]
32. Մարդկային փիլիսոփայութիւնները յաճախ կը ցոլացնեն հիմնական անձնասիրութիւն մը որ կ’առաջնորդէ թերեւս ժամանակաւոր հաճոյքի մը, բայց նաեւ յուսախաբութեան ու ապերջանկութեան։ [Պատճառաբանել էջ 290 § 1, (էջ 304 § 1, Արբ.)]
33. Պտուղներու հիւթին ակնարկուած ‘‘մեղր’’ը կրնար թթուիլ, անոր համար անիկա ընդունելի չէր խորանին վրայ մատուցուելու։ [Շաբաթական ընթերցումը. տեսնել Դիտ. 11/1/84 էջ 10։]
34. Կարեւոր ու բարդ տեղեկութիւններուն առնչութեամբ պէտք է դանդաղիք, որպէսզի վստահ ըլլաք թէ շիտակ գաղափարը կը ստանաք։ [Ուղեգիրք էջ 22 § 11]
35. Աստուծոյ օրէնքները բեկանող կամաւոր ու չզղջացող անհատները կը սպաննուէին։ [Շաբաթական ընթերցումը. տեսնել Դիտ. 7/1/91 էջ 15։]