ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐ ՄԱՅԻՍ ԱՄՍՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ
Մայիս 3–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 21
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկէն ընտրուած ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ։
20 վյրկ. «Մեր Կենսապահ Ծառայութեան Յաջողութեամբ Մասնակցիլ»։ Դասախօսութիւն եւ ցուցադրութիւններ։ Հակիրճ բացումէ մը ետք, երեք ցուցադրութիւններ ներկայացուցէք որոնք հիմնուած են 2–5 պարբերութիւններուն վրայ։ Իւրաքանչիւր ցուցադրութենէն ետք, ունկնդիրներուն հարցուցէք թէ ինչպէս կարելի է ներկայացումը յարմարցնել այլազան պարագաներու տեղական թաղամասին մէջ։ Եզրափակեցէք քաջալերելով լման կերպով բաժին բերելը ծառայութեան մէջ այս շաբաթավերջը։
15 վյրկ. Ընտանիքին Հոգեւորականութեան Կարեւորութիւնը։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն։ Բացատրեցէք հարկը օրուան համարը ընտանիոք նկատի առնելու, ուրուագծելով ինչպէս ասիկա կարելի է ընել զանազան պարագաներու մէջ։ Նաեւ շեշտեցէք կարիքը ընտանիոք աղօթելու, առնուազն օրը անգամ մը։ Ասիկա կարելի է ընել ննջաժամուն։ Նոյն սկզբունքները կը կիրարկուին բաժնուած ընտանիքներուն մէջ, մէկ–ծնող ունեցող ընտանիքներուն մէջ եւ անզաւակ ընտանիքներուն մէջ։ Ընտանեկան նախապատրաստութիւնը նաեւ դեր ունի իւրաքանչիւր շաբաթ ժողովքի ժողովներէն մեծագոյն օգուտը քաղելուն մէջ ինչպէս նաեւ ուրիշներու հաւատքը զօրացնելու մէջ։—Եբր. 10։23–25
Երգեցողութիւն թիւ 32 եւ փակման աղօթք։
Մայիս 10–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 27
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Պարբերաթերթերով ու գրքոյկներով աշխատելով վերջերս ձեռք ձգուած փորձառութիւններ։ Շատ մը հրատարակիչներ բաւարար հետաքրքրութիւն գտա՞ծ են բաժանորդագրութիւն առաջարկելու համար։ [Ասիկա առաջուընէ պէտք է նկատի առնուի այն եղբօր օգնութեամբ որ բաժանորդագրութիւններուն հոգ կը տանի ժողովքին մէջ։]
15 վյրկ. «Տունէ–Տուն Ծառայութեան Մարտահրաւէրը Դիմագրաւել»։ Հարց պատասխանով։ Մէջբերուած համարները կարդացէք ու կիրարկեցէք։
20 վյրկ. Աստուած Մեր Մեղքերը կը Ներէ՞։ Երկու երէցներ հովուական այցելութեան մը կը նախապատրաստուին։ Անոնք նկատի կ’առնեն ինչպէս եղբօր մը օգնել որ տակաւին նեղութիւն կը զգայ անցեալի մեղքերուն պատճառաւ եւ հարց կու տայ թէ Աստուած արդեօք իրեն ներա՞ծ է։ Երէցները վերաքաղ կ’ընեն Պատճառաբանել գիրքը էջ 81–4 [կամ էջ 48–52, Արբ.] եւ Խորաթափանց Ակնարկ, Հատոր Ա., էջ 861–2։ Անոնք նկատի կ’առնեն իրենց կարիքը ազնուօրէն վարուելու այս եղբօր հետ եւ ցցուն ընելու Եհովայի ողորմութիւնը եւ կամեցողութիւնը ներելու։ Անոնք նաեւ կը ծրագրեն շեշտել թէ եղբայրը անձնական ջանք թափելու կարիքը ունի. միայն խոստովանիլը բաւարար չէ։ Երէցները պիտի առաջարկեն վերաքաղ ընել եղբօր հետ ժամանակ առ ժամանակ, հոգեւոր օգնութիւն հայթայթելով։
Երգեցողութիւն թիւ 47 եւ փակման աղօթք։
Մայիս 17–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 33
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ, պարփակելով հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրը։ Ժողովքը գովեցէք նիւթական գետնի վրայ թիկունք կանգնելուն տեղական ժողովքին ինչպէս նաեւ Ընկերութեան աշխարհածաւալ գործին։
20 վյրկ. «Ուրախութեամբ Վերադարձէք Հետաքրքրուողներուն Օգնելու»։ Ունկնդիրներուն հետ խօսակցութիւն եւ ցուցադրութիւններ։ Շեշտեցէք գտնուած հետաքըրքրութեան համար լաւ արձանագրութիւններ պահելու կարիքը։ 3–6 պարբերութիւններուն հիման վրայ, կարգադրեցէք երկու ցուցադրութիւններ։ Ատոնք պէտք է ցոլացնեն տեղական պարագաներ եւ կարիքին համաձայն յարմարցուին։
15 վյրկ. Տեղւոյն կարիքներ։
Երգեցողութիւն թիւ 63 եւ փակման աղօթք։
Մայիս 24–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 34
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Աստուածպետական Լուրեր։ Ուրուագծեցէք դաշտի ծառայութեան կարգադրութիւնները շաբաթավերջուան համար։
20 վյրկ. «Ո՛վ Պատանիներ, Ձեր Քայլերը Հմտութեամբ Առաջնորդեցէք»։ Հարց պատասխանով յօդուածը նկատի առնել։ 3–րդ պարբերութենէն ետք, հակիրճ ցուցադրութիւն մը ներկայացուցէք, ուր պատանի հրատարակիչ մը կը խնդրէ չափահասէ մը որ միասնաբար աշխատին դաշտի ծառայութեան մէջ։ Չափահաս հրատարակիչը ուրախութեամբ կ’ընդունի եւ կը թելադրէ որ իրենց ներկայացումները վերաքաղ ընեն միասնաբար աշխատելէ առաջ։
15 վյրկ. «Ինչո՞ւ Այսքան Դիւրին Է Սուտ Խօսիլը» յօդուածին մասին դասախօսութիւն երէցի մը կողմէ, Դիտարանի Դեկտեմբեր 15, 1992, թիւին մէջ, էջ 21–3։
Երգեցողութիւն թիւ 81 եւ փակման աղօթք։
Մայիս 31–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 38
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Թելադրեցէք խօսակցական կէտեր Մեծագոյն Մարդը գրքէն, զորս կարելի է գործածել Յունիս ամսուան ընթացքին։ Հրատարակիչները քաջալերեցէք որ վերաքաղ ընեն դաշտի ծառայութեան թելադրութիւնները, Յունիս 1993 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկին վերջին էջին վրայ։
15 վյրկ. «Գնահատութիւն Ցոյց Տալ Գրականութիւններուն Հանդէպ»։ Հարց պատասխանով յօդուածը նկատի առնել։ Պարփակեցէք ցուցադրութիւն մը ուր հրատարակիչ մը վերայցելութիւն կ’ընէ։ Տանուտէրը հետաքրքրութիւն կը յայտնէ Աստուածաշունչի ներկայացումին եւ պարբերաթերթերուն նկարագրութեան հանդէպ, ըսելով թէ պիտի կարդայ զանոնք։ Ապա հրատարակիչը կ’ըսէ. «Կը խորհիմ որ պիտի օգտուիք անոնցմէ ինչպէս շատ մը ուրիշներ օգտուեցան։ Այս պարբերաթերթերը համայն աշխարհի մէջ կը բաժնուին եւ Դիտարանը 112 լեզուներով մատչելի է։ Այս գործին հոգ կը տարուի նուիրատուութիւններով։ Կ’ընդունինք պզտիկ գումարներով եղած նուիրատուութիւնները այս գործին թիկունք կանգնելու»։
20 վյրկ. Որպէս Օժանդակ Ռահվիրաներ Պիտի Ծառայէ՞ք Այս Ամառ։ Հարցազրոյց ունեցէք կարգ մը անհատներու հետ որոնք օժանդակ ռահվիրայութիւն ըրած են ամառուան ընթացքին անցեալ տարիներուն։ Քաջալերեցէք պատանիները եւ ուրիշներ որոնց պարագաները կը ներեն, որ նկատի առնեն թէ ինչպէս արձակուրդի ժամանակը օգտակար կերպով գործածեն։ Ոմանք թերեւս կարող են ծառայել քիչ անգամ աշխատցուած կամ հեռաւոր թաղամասերուն մէջ ամառուան ամիսներուն ընթացքին։ Քաջալերեցէք զանոնք որոնք դպրոցը պիտի աւարտեն որ կանոնաւոր ռահվիրաներ ըլլան կամ աշխատին դէպի այդ նպատակակէտը։—Բ. Կորն. 9։6բ
Երգեցողութիւն թիւ 95 եւ փակման աղօթք։