ԱՍՏՈՒԱԾՊԵՏԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐՈՑԻ ՎԵՐԱՔԱՂ
Գոց գրքերով վերաքաղ այն նիւթերուն որոնք տրուեցան Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի նշանակումներով՝ Սեպտեմբեր 6–էն մինչեւ Դեկտեմբեր 20, 1993, շաբաթներու ընթացքին։ Անջատ թուղթ մը գործածեցէք հարցումներուն պատասխանելու, որքան որ կրնաք յատկացուած ժամանակամիջոցին։
[ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. Գրաւոր վերաքաղին ընթացքին, միայն Աստուածաշունչը կարելի է գործածել որեւէ հարցումի պատասխանելու համար։ Հարցումներուն յաջորդող աղբիւրները ձեր անձնական հետազօտութեան համար են]։
S-97 #281 12/93
–5–
–6–
Հետեւեալ արտայայտութիւններուն Շիտակ կամ Սխալ պատասխանեցէք.
1. Անհատին կուրութեան պատճառը իր մօր արգանդին մէջ իր գործած մեղքն էր, ինչպէս կարգ մը ռաբբիներ սորվեցուցին։ (Յովհ. 9։1, 2) [Դիտ. 12/1/91 էջ 24]
2. Հ.Դ. 31–ի Պասեքէն ետք, Յիսուս մէկուկէս տարի գրեթէ Գալիլիոյ մէջ ուսուցանելով անցուց։ Այդ միջոցին, ան լաւ մարզուած քարոզիչներու մեծ կազմակերպութիւն մը մէջտեղ բերաւ, որ նախապէս չունէր։ [Դիտ. 2/1/92 էջ 8]
3. Երբ դասախօսութիւն մը կը ներկայացնէք, նախընտրելի է որ մեծապէս խանդավառ չըլլաք ամբողջ դասախօսութեան տեւողութեան։ [Դասագիրք էջ 164 § 6]
4. Յիսուսի աշակերտներուն ձեռքով անտեսանելի դեւերուն ելլելը իր վստահութիւնը կ’աւելցնէ ապագային Սատանայի ու իր դեւերուն երկնքէն դուրս նետուելուն հանդէպ։ [Դիտ. 2/1/92 էջ 9]
5. Ժողովներուն կանոնաւորաբար մեկնաբանելը ձեզի պիտի օգնէ որ վարժուիք խումբի մը առջեւ խօսիլ։ [Դասագիրք էջ 183 § 14]
6. Իրապէս բաւարար է որ անհատ մը սիրէ իր դրացին։ [Պատճառաբանել էջ 327 § 4]
7. Կրօնական ծառայութիւններուն պարզապէս ներկայ գտնուիլը կրնայ Աստուծոյ հետ անձնական յարաբերութիւն ունենալուն տեղը առնել։ [Պատճառաբանել էջ 327 § 5 եւ էջ 328 § 1]
8. Բաւարար է որ Աստուածաշունչը անհատապէս կարդանք։ [Պատճառաբանել էջ 328 §§ 2, 3]
9. Ոեւէ Եհովայի Վկայ եթէ Յիշատակատօնին ներկայ չգտնուի, պէտք է տօնակատարէ զայն 30 օր ետք։ (Բ. Մնաց. 30։2) [Շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 2/15/85 էջ 31։]
10. Ճշմարիտ կրօնքը զատորոշելու կերպերէն մէկն է նկատի առնել թէ ան Աստուծոյ անունը կը ճանչցնէ թէ ոչ։ [Պատճառաբանել էջ 328 § 5]
Հետեւեալ հարցումներուն պատասխանեցէք.
11. Դասախօսութեան ժամանակը պատշաճօրէն պահելը կախեալ է գլխաւորաբար ի՞նչ բանէ։ [Դասագիրք էջ 179 § 25]
12. Որո՞նք են մեր ընկերները։ [Դիտ. 3/1/92 էջ 9]
13. Այլազանութիւնը ի՞նչ է։ [Դասագիրք էջ 160 § 11]
14. Օրինակի մը կիրարկումը ինչո՞ւ պէտք է յստակ ընել։ [Դասագիրք էջ 169 § 10]
15. Եթէ դասախօսը սահմանուած ժամանակէն աւելի առնէ, ասիկա ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ իր եզրափակութեան վրայ։ [Դասագիրք էջ 177 § 16]
16. Ինչո՞ւ անպատշաճ չէ հանրային աղօթքները ժապաւէնի վրայ արձանագրելը։ (Բ. Մնաց. 33։18) [Շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 1/1/78 էջ 32 (Անգլ.)։]
17. Յիսուս Քրիստոսին հանդէպ իրական հաւատք ցուցաբերելը ի՞նչ կը պարփակէ։ [Պատճառաբանել էջ 329 § 1]
18. Ի՞նչ կը նշանակէ հաւասարակշռուած դասախօս մը ըլլալ։ [Դասագիրք էջ 181 § 1]
19. Ո՞ր տարին էր «Արտաշէս թագաւորին քսաներորդ տարին»։ (Նէեմիա 2։1) [Շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 1/1/93 էջ 9։]
20. Դասախօսութեան սահմանուած ժամանակէն աւելի առնելուն գլխաւոր պատճառը ի՞նչ է։ [Դասագիրք էջ 179 §§ 21, 22]
21. Դասախօսութեան մը մէջ գործածուած որեւէ օրինակ ի՞նչ յատկութիւն պէտք է ունենայ։ [Դասագիրք էջ 171 § 20]
Հայթայթեցէք պէտք եղած բառը կամ նախադասութիւնը՝ հետեւեալ արտայայտութիւնները ամբողջացնելու համար.
22. ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ դասախօսութեան մը համեմն է։ Եթէ պատշաճ չափով գործածուի, ձեր նիւթին ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ պիտի ցոլացնէ։ [Դասագիրք էջ 163 § 24]
23. Եթէ դասախօսը ջերմ զգացում ունի իր ունկնդիրներուն հանդէպ, ան պէտք է ցոլացուի իր ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐։ [Դասագիրք էջ 166 § 13]
24. Եթէ մեր ծառայութեան մէջ աստուածպետական բառեր կը գործածենք, կարեւոր է որ զանոնք ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐։ [Դասագիրք էջ 173 § 5]
25. Եզրափակութեան մը գլխաւոր նպատակն է ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐։ [Դասագիրք էջ 175 § 4]
26. Դասախօսը պէտք չէ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ ամպիոնին։ [Դասագիրք էջ 186 § 26]
27. Ա. Տիմոթէոս 3։1–ին հետ համաձայն ըլլալով, եղբայրները կրնան իրենք զիրենք ձեռնտու ընել ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐։ [Դասագիրք էջ 190 § 10]
Ընտրեցէք շիտակ պատասխանը իւրաքանչիւր հետեւեալ արտայայտութիւններուն մէջէն.
28. Խօսելու ոճը բարելաւելու համար ընտիր մարզում մըն է (մրմռալը. աչքով հետեւիլը նախադասութիւններուն. բարձրաձայն կարդալը)։ [Դասագիրք էջ 161 § 17]
29. Պատշաճ կերպով օրինակ գործածելը կրնայ (կրկնակի նշանակութիւն մը ունենալ. Պատկեր մը փոխանցել մտքին. վիճաբանական հարցեր յարուցանել)։ [Դասագիրք էջ 170-1 §§ 17, 20-1]
30. Ձեր եզրափակութիւնը պիտի շեշտէ ինչ որ ունկնդիրները պէտք է (երեւակայեն սուր որոշումներ առնելու համար. ընեն իրենց սորված բաներով. հասկնան որպէս նիւթին ամփոփումը)։ [Դասագիրք էջ 176 §§ 6, 8]
Հետեւեալ համարները համեմատեցէք արտայայտութիւններուն հետ.
ԵՍԱ. 1։15-17. ՄԱՏԹ. 10։7, 11-13. ՅՈՎՀ. 8։41-44. ՅՈՎՀ. 15։19. Ա. ՅՈՎՀ. 5։3
31. Աստուած մեծապէս չի հաճիր այն կրօնքը որ պարզապէս ծիսականութիւն է։ [Պատճառաբանել էջ 329 § 2]
32. Անիկա ճշմարիտ չէ անոնց պարագային որոնց կղերները ու միւս անդամները քաղաքականութեան միջամուխ կ’ըլլան։ [Պատճառաբանել էջ 329 § 4]
33. Ճշմարիտ կրօնքը ձեզ կը զինէ այս գործունէութեան մէջ բաժին բերելու ինչպէս որ Յիսուս սորվեցուց։ [Պատճառաբանել էջ 330 § 1]
34. Անհատներ որոնք կը խորհէին թէ լաւ յարաբերութիւն ունէին Աստուծոյ հետ բայց մեծապէս սխալած էին։ [Պատճառաբանել էջ 327 § 5]
35. Եհովայի հանդէպ մեր սէրը կը ցուցաբերուի անոր պատուիրանքներուն հնազանդելով։ [Պատճառաբանել էջ 327 § 4]