Ծառայութեան Ժողովներ Յունիս Ամսուան Համար
Յունիս 6–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 34
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկէն տեղականօրէն կիրարկուելիք ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ։ Հակիրճ կերպով ցուցադրեցէք ինչպէս ամենավերջին պարբերաթերթերը ներկայացնել վերայցելութիւններուն ատեն։ Ունկնդիրներուն վերյիշեցուցէք որ Ստեղծագործութիւն գրքէն օրինակներ առնեն գործածելու համար ծառայութեան մէջ։
20 վյրկ. «Առատութիւնով կը Սերմանէ՞ք»։ Հարց պատասխանով։ Ժամանակին ներած չափով, ունկնդիրներուն հրաւիրեցէք որ անձնական փորձառութիւններ պատմեն, որոնք ցոյց կու տան թէ ինչպէս յաւելեալ ջանք թափած են իրենց ծառայութեան կարգ մը երեսակներուն առնչութեամբ եւ անոր համար օրհնուած են։
15 վյրկ. «Ուրիշներու Օգնենք որ Մեր Արարիչը Պատուեն»։ Յօդուածը ունկնդիրներուն հետ նկատի առէք։ Երկու ցուցադրութիւններ կարգադրեցէք որոնք ցոյց կու տան թէ ինչպէս առաջարկուած ներկայացումները կարելի է գործածել։
Երգեցողութիւն թիւ 143 եւ փակման աղօթք։
Յունիս 13–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 28
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Կարդացէք հաշիւներուն տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրը։ Պարփակեցէք համառօտ մեկնաբանութիւններ որոնք ցոյց կու տան թէ ինչպէս առատաձեռնութեան հոգի ունեցող մը կ’օրհնուի։—Առ. 11։24ա
15 վյրկ. «Հաւատք Կերտենք Մարդկութեան Ստեղծիչին Հանդէպ»։ Յօդուածը ունկնդիրներուն հետ նկատի առէք։ Ժամանակին ներած չափով, ցուցադրեցէք առաջարկուած վերայցելութիւններէն մէկը։
20 վյրկ. «Ժողովքի Գրի Ուսումնասիրութիւնը Դաստիարակչական Գործունէութիւններ Յառաջ կը Մղէ»։ Ուսումնասիրութեան վարիչ մը ունկնդիրներուն հետ յօդուածը նկատի կ’առնէ։ Շեշտեցէք թէ ինչպէս յօդուածը կը քաջալերէ որ (1) գրքի ուսումնասիրութեան աւելի ներկայ գտնուինք, (2) ուսումնասիրութեան ընթացքին աւելի մեկնաբանենք, եւ (3) դաշտի ծառայութեան ժողովներուն աւելի լաւ կերպով թիկունք կանգնինք։
Երգեցողութիւն թիւ 55 եւ փակման աղօթք։
Յունիս 20–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 21
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Այժմ դպրոցէն արձակուրդ առնող պատանիները պէտք է աչքէ անցընեն իրենց պատեհութիւնները աւելցնելու համար իրենց մասնակցութիւնը ծառայութեան. ոմանք թերեւս կարենան օժանդակ ռահվիրայութիւն ընել։ Անոնք որոնք շրջանաւարտ եղան պէտք է լրջօրէն նկատի առնեն իրենց ծրագիրները ապագային նկատմամբ, նպատակակէտ ունենալով որ Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը պիտի պահեն։
10 վյրկ. Տեղւոյն կարիքներ։ Կամ դասախօսութիւն, հիմնուած «Ի՞նչ Ասպարէզ Պէտք Է Ընտրեմ» յօդուածին վրայ, Զարթի՛ր Մայիս 8, 1989, էջ 12-14։
10 վյրկ. «Աստուածաշունչը—Մարդկութեան Ամենահին եւ Այժմու Գիրքը»։ Հարց պատասխանով։
15 վյրկ. «Աստուծոյ Կամքը կը Կատարէ՞ք»։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն, հիմնուած Դիտարանի Մարտ 1, 1994 թիւին վրայ, էջ 28-30, Արաբերէնով։
Երգեցողութիւն թիւ 13 եւ փակման աղօթք։
Յունիս 27–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 63
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Վերաքաղ ըրէք դաշտի ծառայութեան կարգադրութիւնները։
15 վյրկ. «Դաշտի Ծառայութեան Նշանակալից Ժողովներ»։ Հարց պատասխանով ծառայութեան տեսուչին կողմէ։ Երբ նկատի կ’առնէք 3–րդ պարբերութիւնը, Պատճառաբանել գրքէն ցոյց տուէք մէկ կամ երկու բացումներ զորս կարելի է գործածել այս շաբաթավերջը։ 5–րդ պարբերութեան վերաբերեալ յիշեցէք տեղականօրէն նկատուած որեւէ խնդիր որ կապ ունի վարքին հետ դաշտի ծառայութեան մէջ. ազնուօրէն թելադրութիւններ տուէք բարեփոխումի համար։
20 վյրկ. Յուլիս Ամսուան Ներկայացուելիք Գրականութիւնները Աչքէ Անցընենք։ Ցոյց տուէք այն գրքոյկները զորս ժողովքը ունի, ինչպէս՝ Աստուծոյ Ճամբան Սէր Է, «Թագաւորութեան Այս Բարի Լուրը» եւ Մարդկային Մեծ Բազմութեան մը Ազատումը Արմագեդոնի մէջէն։ Այս գրքոյկները գործնական են Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար։ Վերաքաղ ըրէք կարգ մը հետաքրքրական երեսակներ ու լուսաբանութիւններ զորս կարելի է գործածել խօսակցութիւններ սկսելու համար։ Երկու ցուցադրութիւններ կարգադրեցէք որոնք ցոյց կու տան ինչպէս խօսակցութիւն մը սկսիլ սուրբ գրային նիւթի մը մասին։ (Պատճառաբանել գրքին առաջարկները գործածեցէք «Ապագան/Ապահովութիւն» նիւթին մասին, էջ 11-12 [14, Արաբ.], եւ «Թագաւորութիւն» նիւթին մասին, էջ 12-13 [14-15, Արաբ.]։) Ցուցադրութիւնները պէտք է եզրափակուին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու կարգադրութիւններ ընելով։
Երգեցողութիւն թիւ 162 եւ փակման աղօթք։