Ծառայութեան Ժողովներ Յուլիս Ամսուան Համար
Յուլիս 4–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 32
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկէն ընտրուած ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ։ Ժողովքին ունեցած գրքոյկներուն խորագիրները յիշեցէք. հրատարակիչները քաջալերեցէք որ քանակ մը առնեն գործածելու համար ծառայութեան մէջ։ Եթէ ժողովքը գրքոյկներ չունի, առաջարկեցէք այն «պրօշիւր»ները զորս կարելի է գործածել։
17 վյրկ. «Տունէ Տուն Ծառայենք Առանց Դանդաղելու»։ Հարց պատասխանով։ Խնդրեցէք գնահատանքի արտայայտութիւններ կարգ մը ունկնդիրներէն որոնց հետ առաջին հանդիպումը եղաւ դռնէ–դուռի գործին միջոցաւ։
18 վյրկ. «Ուրիշներու Օգնենք Որ Ճշմարտութիւնը Սորվին»։ Ունկնդիրներուն հետ յօդուածը նկատի առնել։ Կարգադրեցէք որ ատակ հրատարակիչներ ցուցադրեն առաջարկուած երկու կամ երեք ներկայացումներ։ Շեշտեցէք համառօտ, պարզ մօտեցումին օգուտները։
Երգեցողութիւն թիւ 14 եւ փակման աղօթք։
Յուլիս 11–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 21
12 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Կարդացէք հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրը։ Գնահատանք արտայայտեցէք նուիրատուութիւններուն համար։ (Ել. 35։29) Հրատարակիչները քաջալերեցէք որ երեկոյեան Վկայութիւնը նկատի առնեն—ընտիր ժամանակ մը տունէ–տուն ծառայութեան կամ վերայցելութիւններուն համար։
15 վյրկ. Տեղւոյն կարիքներ։ Կամ փորձառու երէց մը դասախօսութիւն կը ներկայացնէ «Հեռացէ՛ք Երբ Վտանգը կը Սպառնայ» յօդուածին մասին, 15 Փետրուար 1994 Դիտարանէն, էջ 22-5։
18 վյրկ. «Անոնք Ի՞նչպէս Պիտի Լսեն Առանց Մեր Վերադառնալուն»։ Ունկնդիրներուն հետ յօդուածը նկատի առնել։ 3 եւ 4–րդ պարբերութիւններուն առաջարկները ցուցադրեցէք։ Յաւելեալ մեկնաբանութիւններով ցոյց տուէք թէ ինչո՛ւ վերայցելութիւնները պէտք է ուսումնասիրութիւններ սկսելու նպատակակէտով ընել։
Երգեցողութիւն թիւ 204 եւ փակման աղօթք։
Յուլիս 18–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 10
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Վերաքաղ ըրէք աչքառու կէտեր «Նոր Շրջանային Համաժողովին Յայտագիրը» յօդուածէն։ Շաբաթավերջի դաշտի ծառայութեան կարգադրութիւնները ուրուագծեցէք։
8 վյրկ. Հարցումի Տուփը։ Հարց պատասխանով։
22 վյրկ. «Ազդեցիկ Անպաշտօն Վկայութեան Միջոցաւ Հետաքրքրուող Անհատներ Գտնենք»։ Ծառայութեան տեսուչը կամ ուրիշ ատակ երէց մը որ ազդեցիկ է անպաշտօն վկայութեան մէջ, յօդուածը նկատի կ’առնէ երկու կամ երեք հրատարակիչներու հետ որոնք նաեւ փորձառութիւն ունին անպաշտօն վկայութեան մէջ։ Քննարկութիւնը կրնայ պարփակել երկու կամ երեք համառօտ փորձառութիւններ։
Երգեցողութիւն թիւ 162 եւ փակման աղօթք։
Յուլիս 25–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 55
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Աստուածպետական Լուրեր։ Ցուցադրեցէք պարբերաթերթերուն ամենավերջին թիւերուն ներկայացումը։
15 վյրկ. «Պատանիները Լաւ Օրինակի մը Կարիքը Ունին»։ Հարց պատասխանով։ Հարցազրոյց ունեցէք լաւ օրինակ հանդիսացող մէկ կամ երկու պատանիներու հետ։ Թող բացատրեն թէ իրենք իրենց համար հոգեւոր ի՛նչ նպատակակէտեր դրած են եւ իրենց ջանքերը ի՛նչպէս յաւելեալ օրհնութիւններ բերած են։
20 վյրկ. Մեր Ներկայացումներուն Ազդեցիկ Ըլլալը Բարեփոխենք։ Ընտանիք մը փորձի նիստ կ’ունենայ որ հիմնուած է Դպրոցի Դասագիրքին թելադրութիւններուն վրայ, էջ 99, պարբերութիւն 9։ Ընտանիքին անդամ մը ներկայացում մը կը ցուցադրէ, միւսները կը գովեն ու առաջարկներ կը մատուցանեն բարեփոխելու համար։ Պարփակեցէք ձեր շրջանին մէջ տարածուած առարկութիւն մը եւ բացատրեցէք ի՛նչպէս յաղթահարել զայն։
Երգեցողութիւն թիւ 34 եւ փակման աղօթք։