Հիմա Է Ժամանակը
1 Երբ Պօղոս առաքեալ Կորնթացիներուն յղած իր երկրորդ թուղթը գրեց, անոնց ուշադրութեան յանձնեց թէ իրենք որոշած էին լաւ գործ մը ընել Երուսաղէմի մէջ գտնուող իրենց հաւատակիցներուն ի նպաստ։ Սակայն, տարի մը անցած էր եւ անոնք տակաւին սկսած գործը չէին ամբողջացուցած։ Ուստի ան զիրենք յորդորեց. «Հիմա ընելն ալ կատարեցէք, որպէսզի ինչպէս կամքի յօժարութիւն կայ, նոյնպէս ալ ընելը»։—Բ. Կորն. 8։11
2 Ժամանակ առ ժամանակ, բոլորս ալ նպատակակէտեր դրած ենք մեզի համար։ Թերեւս որոշած ենք մեր բաժինը աւելցնել դաշտի ծառայութեան մէջ, մեր եղբայրները աւելի լաւ ճանչնալ, ծառայութեան առանձնաշնորհումի մը որակելի ըլլալ կամ որոշ տկարութիւն մը յաղթահարել։ Թէեւ լաւ դիտումով սկսանք, շարունակ ջանք չենք թափած որպէսզի մեր նպատակակէտին հասնինք։ Առանց ուշադրութիւն ընելու, թերեւս շաբաթներ, ամիսներ կամ նոյնիսկ տարիներ անցած են ու մենք որեւէ յառաջդիմութիւն չենք արձանագրած։ Կարելի՞ է որ կարիքը ունինք կիրարկելու այն խրատը թէ ‘յառաջ անցնինք ու կատարենք’ ինչ որ սկսանք։
3 Մեր Նպատակակէտերը Իրագործենք. Աւելի դիւրին է անձնական որոշում մը առնելը քան զանիկա կատարելը։ Ձգձգումը կրնայ որեւէ յառաջդիմութիւն խափանել։ Պէտք է որոշում առնենք, ապա հաստատամիտ ըլլանք յառաջ մղուելու առանց տնտնալու։ Անձնական կարգաւորութիւնը անհրաժեշտ է։ Կարեւոր է յատկացնել պէտք եղած ժամանակը գործը ամբողջացնելու համար եւ վստահ ըլլալ որ ժամանակը կը գործածուի այդ նպատակին համար։ Լաւ գաղափար է որ վերջին ժամկէտ մը հաստատենք եւ ետքը ինքնակրթութիւն գործադրենք որպէսզի վստահ ըլլանք անոր գոհացում տալու։
4 Երբ դժուարութիւն կը դիմագրաւենք մեր նպատակակէտին գոհացում տալու, դիւրաւ կրնանք մտածել. ‘Անոր պիտի հասնիմ հետագային’։ Բայց չենք գիտեր թէ ի՛նչ պիտի պատահի ապագային։ Առակաց 27։1–ը կը նշէ. «Վաղուան համար մի՛ պարծենար, վասնզի չես գիտեր թէ օրը ի՞նչ պիտի ծնանի»։ Յակոբոս աշակերտ ազդարարեց ապագային նկատմամբ չափազանց ինքնավստահ ըլլալուն դէմ, քանի որ «ոչինչ գիտէք վաղուան մասին։ . . . Ով որ բարին ընելը գիտնայ ու չընէ, ան մեղք է անոր»։—Յակ. 4։13-17
5 Շատ զբաղումներ ըլլալով եւ ուրիշներ մեզմէ շատ մը բաներ պահանջելով, մեր նպատակակէտերը կրնան դիւրաւ մթագնիլ։ Գիտակից ջանք մը թափելու ենք որպէսզի մեր նպատակակէտերը թարմ պահենք մեր մտքերուն մէջ։ Հարցը մեր աղօթքներուն մէջ միշտ ներկայացնելը օգտակար է։ Մեզի մտերիմ եղողներէն խնդրելը որ վերյիշեցնեն ու քաջալերեն մեզ, կրնայ տարբերութիւն մը ընել։ Մեր օրացոյցին վրայ նոթագրութիւն մը դնելը պիտի ծառայէ որպէս վերյիշեցում մը ստուգելու համար մեր յառաջդիմութիւնը։ Անհատ մը պէտք է որոշէ ընել «ինչպէս իր սրտովը կը յօժարի»։—Բ. Կորն. 9։7
6 Հոկտեմբեր ամիսը ընտիր պատեհութիւն մը կը հայթայթէ մեր նպատակակէտերուն վրայ կեդրոնանալու։ Մենք պիտի ներկայացնենք Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերէն օրինակներ։ Այս երկու պարբերաթերթերուն բաժանորդագրութիւններ կարելի է առաջարկել երբ հարազատ հետաքրքրութիւն կայ, սովորաբար վերայցելութիւններուն ընթացքին։ Կրնա՞նք կարգ մը տրամաբանական նպատակակէտեր դնել որոնց ջանանք հասնիլ։ Կը մտածե՞նք աւելցնել մեր պարբերաթերթի տեղաւորումը։ Աւելի վերայցելութիւններ ընել եւ Աստուածաշունչի նոր ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ որոշելը, կրնայ ոմանց համար տրամաբանական նպատակակէտ ըլլալ։
7 Իմաստութիւն չէ յետաձգել ինչ որ կարեւոր է, քանի որ այս «աշխարհ[ը] կ’անցնի»։ (Ա. Յովհ. 2։17) Այժմ մեզի մատչելի են մասնաւոր առանձնաշնորհումներ եւ օրհնութիւններ Եհովայի ծառայութեան մէջ։ Զանոնք օգտագործելը մեզմէ կախեալ է։