Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Գոց գրքերով վերաքաղ այն նիւթերուն որոնք տրուեցան Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի նշանակումներով, այն շաբաթներուն ընթացքին որոնք սկսան Սեպտեմբեր 5–էն մինչեւ Դեկտեմբեր 19, 1994։ Յատկացուած ժամանակամիջոցին, ձեր կրցածին չափ հարցումներուն պատասխանեցէք անջատ թուղթի մը վրայ։
[Նշմար. Գրաւոր վերաքաղին ընթացքին, միայն Աստուածաշունչը կարելի է գործածել որեւէ հարցումի պատասխանելու համար։ Հարցումներուն յաջորդող աղբիւրները ձեր անձնական հետազօտութեան համար են։ Դիտարանի ակնարկումներէն ոմանք թերեւս չբովանդակեն էջերուն եւ պարբերութիւններուն թիւերը։]
Հետեւեալ արտայայտութիւններուն Շիտակ կամ Սխալ պատասխանեցէք.
1. Սատանան խորամանկօրէն կը հրապուրէ մարդիկ որ իրենց բնական ցանկութիւններուն սխալ կերպով գոհացում տան։ [Պաշտամունք էջ 65 § 9]
2. Շէօլը, Հատէսը եւ Գեհենը, բոլորն ալ կ’ակնարկեն մարդկութեան հասարակ գերեզմանին։ [Պաշտամունք էջ 72 § 6]
3. Քանի որ Սաղմոս 110։1, 2–ի կատարումը կ’երկարի մինչեւ այս աշխարհին վերջին օրերը, այս համարները մեզի կ’օգնեն որ հասկնանք թէ Յիսուսի մարգարէութիւնը իրերու դրութեան վախճանին մասին չէր ընդգրկեր միայն Երուսաղէմի կործանումը Հ.Դ. 70–ին։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 5/1/94 էջ 22 § 17։]
4. Սենետրիոնը 71 անդամներով Հռովմէական Բարձրագոյն Ատեանն էր որ Երուսաղէմի մէջ ժողով կը գումարէր։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 119]
5. Եփեսացիս 6։12–ին մէջ ակնարկուած «աշխարհին իշխաններ»ը քաղաքական առաջնորդներն են որոնք Աստուծոյ հաճութիւնը չունին։ [Պաշտամունք էջ 63 § 4]
6. Միլիոնաւորները որոնք պիտի յարուցուին, պիտի դատուին իրենց յարութենէն առաջ գործած արարքներուն համեմատ։ [Պաշտամունք էջ 75 § 12]
7. Նոր ուխտին որպէս Միջնորդ ծառայելէ զատ, Յիսուս անձամբ թագաւորութեան ուխտ մը ըրաւ իր հաւատարիմ առաքեալներուն հետ։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 115]
8. Մկրտութիւնը ինքնին փրկութեան երաշխիք մըն է։ [Պաշտամունք էջ 100 § 12]
9. Երբ Յիսուս աղօթեց. «Հա՛յր, եթէ կ’ուզես, այս գաւաթը ինծմէ անցուր», ան կը խնդրէր մահը չհամտեսել։ (Ղուկաս 22։42) [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 117]
10. Հերովդէս շատ ուրախացաւ Յիսուսը տեսնելով, քանի որ կ’ուզէր իրմէ սորվիլ։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 122]
Հետեւեալ հարցումներուն պատասխանեցէք.
11. Գիտնալը թէ Եհովա թռչունները կը կերակրէ եւ ծաղիկները հոյակապ կերպով կը հագուեցնէ, ո՞ր մտահոգութիւններէ պէտք է ձերբազատէ իր մարդկային ծառաները։ [Պաշտամունք էջ 88 § 3]
12. Ինչպէս որ նկարագրուած է Սաղմոս 58։3-5–ին մէջ, ամբարիշտները ինչպէ՞ս օձերու պէս են։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 2/1/87 էջ 30։]
13. Եփեսացիս 5։3-5–ին հետ համաձայն ըլլալով, ի՞նչ բանի հիման վրայ զատորոշող Քրիստոնեայ մը պիտի մերժէ որոշ երաժշտութիւն մը որ շատ հաճելի եղանակ մը, գրաւիչ դաշնակաւորում եւ զարկ մը ունի։ [Պաշտամունք էջ 67 § 12]
14. Աստուածաշունչը ի՞նչ ըսել կ’ուզէ Յայտնութիւն 20։14–ին մէջ, ուր կ’ըսէ թէ Հատէսը ‘կրակի լիճին մէջ ձգուեցաւ’։ [Պաշտամունք էջ 75 § 12]
15. Մատթէոս 25։31-46–ին մէջ Յիսուսի յիշած առակին ոչխարներն ու այծերը ի՞նչ բանի հիման վրայ կը դատուին։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 111 § 43]
16. Եթէ Հ.Դ. 33–ի Նիսան 11–ը վերջացաւ Երեքշաբթի արեւնամուտին, Ե՞րբ Նիսան 14–ը սկսաւ ու վերջացաւ։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 112]
17. Ի՞նչ կը նշանակէ մկրտուիլ Հօրը, Որդւոյն եւ սուրբ հոգիին անունով։ [Պաշտամունք էջ 98 § 9]
18. Յիսուսի աշակերտները ի՞նչ կերպերով Յիսուսի ըրածէն աւելի մեծ գործեր պիտի ընէին, ինչպէս որ ըսաւ Յովհաննու 14։12–ին մէջ։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 116 § 6]
19. Սաղմոս 91։1–ին մէջ ակնարկուած «Բարձրելոյն ծածկոց»ը ի՞նչ է, եւ ի՞նչ պէտք է ընենք որպէսզի հոն բնակինք։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 2/1/94 էջ 8. Դիտ. 3/1/87 էջ 11։]
20. Յովհաննու 16։33–ին մէջ, Յիսուս ինչո՞ւ կրնար ըսել թէ ինք աշխարհին յաղթած էր։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 116 § 37]
Հայթայթեցէք պէտք եղած բառը կամ նախադասութիւնը՝ հետեւեալ արտայայտութիւնները ամբողջացնելու համար.
21. Ինչպէս ցոյց տրուած է Յոբի պարագայով, Սատանան կը պնդէ որ մենք գլխաւորաբար մեր ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ ստացուածքներով, մեր հանգիստով եւ անձնական բարօրութեամբ հետաքրքրուած ենք, եւ թէ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ շարժառիթէ մղուած Աստուծոյ կը ծառայենք։ [Պաշտամունք էջ 93 § 13]
22. Երբ Յիսուս անարդարօրէն դատուեցաւ, ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ Հրէաստանի վրայ կուսակալութիւն կ’ընէր, իսկ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ Գալիլիոյ կառավարիչն էր։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 121, 122]
23. Համաձայն ըլլալով ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ բացատրածին հետ Ղուկաս 3։16–ին մէջ, Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, Յիսուսի աշակերտները առաջին անգամ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ մկրտուեցան. իսկ Հ.Դ. 70–ին, դարձի չեկող Հրեաները ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ մկրտուեցան։ [Պաշտամունք էջ 96 § 4]
24. Յիսուսի ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ մկրտութիւնը սկսաւ Հ.Դ. 29–ին, բայց ան ամբողջացաւ իր ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ եւ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ ետք։ [Պաշտամունք էջ 97 § 6]
25. Նոր ուխտը եղած է ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ եւ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ միջեւ։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 114]
Ընտրեցէք շիտակ պատասխանը իւրաքանչիւր հետեւեալ արտայայտութիւններուն մէջէն.
26. Ակներեւաբար, Սաղմոս 82–ին մէջ ակնարկուած «աստուածներ»ը (Սատանան ու դեւերն են. ազգերուն հեթանոս չաստուածներն են. Իսրայէլի դատաւորներն են)։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 3/1/87 էջ 10։]
27. Յիսուսի աշխարհ գալուն գլխաւոր նպատակն էր (մարդկութիւնը փրկել. աշակերտներ ընել. ճշմարտութեան վկայել)։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 122]
28. Եթէ ֆիզիքական կամ նիւթական վնասներ կրենք, Բանսարկուն պիտի ուզէ որ (Եհովան պատուենք ու փաստենք թէ Բանսարկուն ստախօս մըն է. Աստուած մեղադրենք ու անհաւատարիմ ըլլանք. տոկանք Յոբի նման)։ [Պաշտամունք էջ 60 § 13]
29. Ղուկաս 23։2–ին մէջ, Յիսուսի դէմ Հրեայ կրօնական առաջնորդներուն ըրած երեք մասերէ բաղկացած ամբաստանութենէն, Պիղատոսին հետաքրքրած մասը այն էր որ Յիսուս (Հրեայ ազգը կը մոլորեցնէր. Կայսրին հարկ տալէ կ’արգիլէր. կ’ըսէր թէ ինք Քրիստոս ու թագաւոր է)։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 121]
30. Սաղմոս 63։3–ին մէջ, Դաւիթ իսկապէս կ’ըսէր թէ Եհովայի հետ լաւ յարաբերութիւն մը ունենալը (կեանքին յաջորդող լաւագոյն բանն է. կեանքին պէս լաւ է. շատ աւելի թանկագին է քան կեանքը)։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 1/1/86 էջ 28։]
Հետեւեալ համարները համեմատեցէք արտայայտութիւններուն հետ.
ՍԱՂՄ. 86։1, 2. ՄԱՏԹ. 26։52. ՅՈՎՀ. 13։1-17. ՅՈՎՀ. 15։8. ԵԲՐ. 13։5, 6.
31. Հակառակ սղաճին եւ համատարած անգործութեան, եթէ մեր հաւատքին հետ ներդաշնակ ջանք թափենք, Եհովա պիտի հսկէ որ մեր կարիքները գոհացուին։ [Պաշտամունք էջ 89 § 6]
32. Ճշմարիտ Քրիստոնեաները աշխարհին մէկ մասը չեն. հետեւաբար, անոնք մարմնաւոր զէնքերու չեն դիմեր։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 118. տես Դիտ. 9/1/94 էջ 14։]
33. Թէեւ կարելի է որ մտատանջուինք եւ ընկճուինք մեզ հարուածող խնդիրներով, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան իր ականջը պիտի դարձնէ այս երկրին եւ պիտի լսէ մեր խոնարհ աղօթքները։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 2/1/93 էջ 21 § 3, 4։]
34. Կրնանք իսկապէս Աստուած փառաւորել ցուցաբերելով Քրիստոսանման յատկութիւնները, մասնաւորաբար սէրը, եւ լման կերպով մասնակցելով աշակերտելու գործունէութեան։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 116 § 19]
35. Որպէս Քրիստոնեաներ պէտք է յօժար ըլլանք առանց աչառութեան ուրիշներու ծառայելու, գործը ո՛րքան ալ անարգ կամ անհաճոյ ըլլայ։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 113]