Ծառայութեան Ժողովներ Ապրիլ Ամսուան Համար
Ապրիլ 3–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 152
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Վերաքաղ ըրէ «Պատրաստուինք Յիշատակատօնին Համար» յօդուածը։
15 վյրկ. «Շնորհապարտ Ենք Մեր Ունեցածին Համար»։ Հարց պատասխանով։ Ժամանակին ներած չափով, յաւելեալ մեկնաբանութիւններ ըրէ օգտագործելով՝ Դիտարան Հոկտեմբեր 1, 1990–ի թիւը, էջեր 17–19, պարբերութիւններ 15–20։
20 վյրկ. «Դիտարանն ու Զարթի՛րը—Պարբերաթերթեր՝ Մեր Ստիպողական Ժամանակներուն Համար»։ Ունկնդիրներուն հետ յօդուածը նկատի առ։ Պատմէ փորձառութիւն մը որ գնահատանք կ’արտայայտէ պարբերաթերթերուն հանդէպ։ (Զարթի՛ր 7/22/91 Անգլերէն թիւը, էջ 9) Թող որ երկու հրատարակիչներ ցոյց տան թէ ինչպէ՛ս ներկայացում մը կը պատրաստեն գործածելով տրուած թելադրութիւնները, եւ ետքը թող որ միասնաբար ցուցադրեն իրենց ներկայացումը։
Երգեցողութիւն թիւ 63 եւ փակման աղօթք։
Ապրիլ 10–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 212
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրը։ Աստուածպետական Լուրերը։ Վերյիշեցուր բոլորին որ օգնեն հետաքրքրուած անհատներուն որ Յիշատակատօնին ներկայ ըլլան։ Բոլորը յորդորէ որ մասնաւոր ջանք թափեն դաշտի ծառայութեան մասնակցելու այս շաբաթավերջը։
15 վյրկ. «Մեր Թագաւորութեան Միութիւնը Պահպանենք»։ Ունկնդիրներուն հետ յօդուածը նկատի առ։
20 վյրկ. «Աւելցէ՛ք Տէրոջը Գործին մէջ»։ Ծառայութեան տեսուչը յօդուածը հարց պատասխանով նկատի կ’առնէ։ Վերաքաղ ըրէ ընդլայնուած կարգադրութիւնները մասնաւոր Թագաւորութեան Լուրերը տունէ–տուն բաշխելու համար։ Յիշէ եղած ծրագիրները տեղական ժողովքին նշանակուած ամբողջ թաղամասը ծածկելու։ Բացատրէ ընելիք բաները նորեկներուն օգնելու որ ծառայութեան մասնակցին առաջին անգամ ըլլալով։ (Տես Մարտ 1995 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկը, էջ 1։)
Երգեցողութիւն թիւ 150 եւ փակման աղօթք։
Ապրիլ 17–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 127
13 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Պատմէ Յիշատակատօնի տօնակատարութեան առնչութեամբ քաջալերական աչքառու կէտեր, եւ վերաքաղ ըրէ կարգ մը կերպեր յաւելեալ օժանդակութիւն մատուցանելու ներկայ եղող նորեկներուն։ Բոլորը յորդորէ որ Ապրիլ 23–ին ներկայ ըլլան մասնաւոր դասախօսութեան եւ դարձեալ օգնեն վերջերս հետաքրքրուած անհատներուն որ ներկայ ըլլան։ Վերաքաղ ըրէ դաշտի ծառայութեան կարգադրութիւնները Թագաւորութեան Լուրերը բաշխելու համար։
15 վյրկ. «Կարիք մը կը Նկատէ՞ք»։ Հարց պատասխանով։ Ամփոփ կերպով յիշէ այն ընթացիկ նպատակակէտերը զորս երէցները կը փորձեն իրագործել իրենց հովուական գործունէութեան մէջ։ Բացատրէ թէ անհատները ի՛նչ կրնան ընել օգնելու համար։
17 վյրկ. «Սորվելու Ատակ Եղողները Փնտռենք»։ Բացատրէ վերայցելութիւններ ընելու կարեւորութիւնը։ Քաջալերէ Աստուածաշունչի գործածութիւնը։ Կարգադրէ հակիրճօրէն ցուցադրել մէկ կամ երկու ներկայացումներ։
Երգեցողութիւն թիւ 162 եւ փակման աղօթք։
Ապրիլ 24–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 123
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Վերաքաղ ըրէ թաղամասին մէջ Թագաւորութեան Լուրերու բաշխումին յառաջդիմութիւնը։ Հրատարակիչներ հրաւիրէ որ պատմեն Թագաւորութեան Լուրերը ներկայացնելուն վերաբերեալ ձեռք ձգուած փորձառութիւններ։ Առաջարկէ պարբերաթերթի ներկայացումներ որոնք տեղական թաղամասին յարմար են։ Ծանուցանէ ժողովքին համար եղած որեւէ կարգադրութիւն մասնակցելու համար երեկոյեան վկայելուն մինչ ցորեկուան ժամերը կ’աւելնան։
12 վյրկ. Տեղւոյն կարիքներ։ Կամ դասախօսութիւն մը ներկայացուցէք, Ուրիշներու Քաջալերող Եղէք, հիմնուած՝ Դիտարան Յունուար 15, 1995–ի Անգլերէն թիւին վրայ, էջեր 21–3։
18 վյրկ. Ձեր Ընտանեկան Ուսումնասիրութիւնը Կանոնաւորաբար Վարեցէք։ Տէր եւ տիկին մտահոգութիւն կ’արտայայտեն իրենց զաւակներուն հոգեւոր յառաջդիմութեան պակասին նկատմամբ։ Ամուսինը կ’ընդունի որ անտարբեր եղած էր ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը վարելուն առնչութեամբ. երբեմն շաբաթներ կ’անցնին առանց ընտանեկան որեւէ խրատի։ Անոնք վերաքաղ կ’ընեն հայթայթուած յորդորն ու առաջնորդութիւնը Դպրոցի Դասագիրքին մէջ, էջեր 37–8, պարբերութիւններ 12–14, Անգլերէնով։ Երկուքն ալ կը համաձայնին որ ընտանեկան ուսումնասիրութեան նախապատուութիւնը տան իւրաքանչիւր շաբաթ, չարտօնելով ուրիշ գործունէութիւններու որ արգելք հանդիսանան։
Երգեցողութիւն թիւ 172 եւ փակման աղօթք։