Հարցումի Տուփ
◼ Ի՞նչ բաներ մեր հետ ժողովներուն պէտք է բերենք։
Ժողովքային հանդիպումներուն, իւրաքանչիւր շաբաթ օգտակար հրահանգ եւ քաջալերութիւն կը ստանանք։ (Եսայ. 48։17. Եբր. 10։24, 25) Սակայն, մեր օգտուիլը մեծապէս կախեալ է մեր լաւ պատրաստուած ըլլալէն։
Լաւ է որ ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ ունենայ իր ուսումնասիրուելիք գրականութիւնը եւ ինչ որ պէտք է ժողովներուն համար։ Ասիկա կը պարփակէ Աստուածաշունչ մը, ուսումնասիրուելիք գրականութիւնները, նոթատետր մը եւ գրիչ մը կամ մատիտ մը։
Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին համար, Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Յայտագիրը եւ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Կրթութենէն Օգտուեցէք գիրքը անհրաժեշտ են։ Անոնք կ’օգնեն մեզի որ աշակերտներուն ներկայացուցած դասախօսութիւններուն բնաբանները մեր մտքին մէջ պահենք եւ դպրոցի տեսուչին հետեւինք երբ խրատ տայ։ Կրնանք տրուած խրատն ու թելադրութիւնները անձնապէս կիրարկել, որպէսզի մեր դասախօսութիւնները եւ դաշտի ծառայութեան ներկայացումները բարելաւենք։
Ծառայութեան Ժողովին համար, պէտք է բերենք ընթացիկ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկը, Պատճառաբանել գիրքը, եւ այն գրականութիւնները, որոնց պիտի ակնարկուի ժողովին ընթացքին, ինչպէս՝ ցուցադրուելիք ներկայացումներու մէջ գործածուած գրականութիւնները։ Երէցները պէտք է բերեն Մեր Ծառայութիւնը Կատարելու Համար Կազմակերպուած գիրքը։
Ծնողներ պէտք է ջանք թափեն որ իրենց զաւակները հանդարտօրէն նստած մնան եւ ուշադիր ըլլան ժողովներուն ընթացքին։ Դիտարան–ը եւ այլ գրականութիւններ անոնց հայթայթելը, նոյնիսկ կարդալու կարող ըլլալէ առաջ, կը քաջալերէ զիրենք որ հետաքրքրութիւն ունենան։ Երբ երախաները սորվին աստուածպետական գրականութիւնները յարգել ու գործածել, կենսատեւ, առողջ հոգեւոր սովորութիւններ կը հաստատուին։
Ժողովքային հանդիպումներէն մեր քաղած ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը մեծապէս կ’աւելնան, երբ լիովին պատրաստուած գանք։ (Բ. Տիմ. 3։17) Ասիկա լաւագոյն կերպն է, որպէսզի ‘կատարեալ ըլլանք Աստուծոյ կամքին գիտութիւնովը, եւ լեցուինք իմաստութիւնով ու հոգեւոր հանճարով’։—Կող. 1։9