Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 4/03 էջ 5
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
թծ 4/03 էջ 5

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Ապրիլին եւ Մայիսին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր։ Երբ հետաքրքրուած անհատներու կը վերայցելէք, ի ներառեալ՝ Յիշատակատօնին եւ/կամ այլ աստուածպետական առիթներու ներկայ գտնուողներուն, որոնք ժողովքին հետ գործունեայ կերպով չեն ընկերակցիր, ջանացէք Միացած՝ Միակ Ճշմարիտ Աստուծոյ Պաշտամունքին Մէջ գիրքը ներկայացնել։ Ամէն ջանք պէտք է թափուի տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը սկսելու համար, մանաւանդ եթէ ոմանք արդէն իսկ Գիտութիւն գիրքը եւ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը ուսումնասիրած են։ Յունիսին. Գիտութիւն գիրքը կամ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը ներկայացուցէք։ Երբ տանտէրները արդէն ունին այս գրականութիւնները, ժողովքին ունեցած յարմար այլ գրքոյկ մը գործածեցէք։ Յուլիսին եւ Օգոստոսին. Հետեւեալ 32 էջնոց գրքոյկներէն որեւէ մէկը կրնայ գործածուիլ. «Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ», Աստուած Իրապէս Հոգ կը Տանի՞ Մեզի, Երբ Սիրելի մը Մեռնի. . . , Երկրի Վրայ Կեանքը Յաւիտեան Վայելեցէ՛ք, Ի՞նչ Է Կեանքին Նպատակը. Ինչպէ՞ս Կրնաք Գտնել Զայն, Ի՞նչ կը Պատահի Մեզի Երբ կը Մեռնինք եւ Պէ՞տք Է Հաւատաք Երրորդութեան։ Տեղաւորումները պէտք է ըլլան վերայցելութիւններու եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններու ընթացքին։

◼ Ընկերութեան համար անհրաժեշտ է, վերակացու տեսուչներու եւ քարտուղարներու ընթացիկ հասցէներն ու հեռաձայնի թիւերը ունենալ։ Եթէ որեւէ ատեն փոփոխութիւն մը ըլլայ, Ժողովքի Ծառայութեան Յանձնախումբը պէտք է անմիջապէս Ընկերութիւնը տեղեակ պահէ։

◼ Ժողովքի քարտուղարը հետեւեալ պատճեններէն բաւարար քանակ պէտք է ունենայ. Կանոնաւոր Ռահվիրայական Ծառայութեան Դիմումնագիր (S-205) եւ Օժանդակ Ռահվիրայական Ծառայութեան Դիմումնագիր (S-205b)։ Ասոնք կրնան ապսպրուիլ Գրականութիւններու Ապսպրանքի Պատճենով (S-14)։ Առնուազն մէկ տարուան պահեստ ունեցէք։ Կանոնաւոր ռահվիրայութեան բոլոր դիմումնագիրները ղրկելէ առաջ, վստահ եղէք որ անոնք ամբողջացուած են։ Եթէ դիմումնագիր ներկայացնողները իրենց մկրտութեան ճշգրիտ թուականը չեն յիշեր, մօտաւոր թուական մը պէտք է որոշեն եւ այդ ուղղութեամբ արձանագրութիւն մը պահեն։

◼ Երբ ճամբորդելու ձեր անձնական ծրագիրները կը պարփակեն ուրիշ երկրի մը մէջ ժողովքային հանդիպումներու, շրջանային կամ նահանգային համաժողովներու ներկայ գտնուիլ, թուականներու, ժամերու կամ հասցէներու նկատմամբ տեղեկութիւններ ստանալու ձեր խնդրանքները պէտք է ուղարկուին այդ երկրին մէջ գործին վրայ հսկող մասնաճիւղի գրասենեակը։ Մասնաճիւղերու գրասենեակներուն հասցէները կը գտնուին ընթացիկ Տարեգիրք–ին վերջին էջին վրայ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել