Ծառայութեան Ժողովներ Օգոստոս Ամսուան Համար
Օգոստոս 7–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 34
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Պարբերաթերթերուն ընթացիկ թիւերէն յօդուածներ ցոյց տուր, զորս կարելի է ուշագրաւ դարձնել ներկայացումներուն մէջ։
15 վյրկ. «Ձեզի Ի՞նչպիսի Մարդիկ Ըլլալ կը Վայելէ»։ Հարց պատասխանով։
20 վյրկ. «Աստուծոյ Խօսքին Ուսուցանողներ Եղէք—Գրքոյկներ Գործածելով»։ Այն եղբայրը որու նշանակուած է այս բաժինը, երկու կամ երեք հրատարակիչներու հետ պիտի խօսակցի գրքոյկներուն զանազան երեսակներուն մասին։ Ետքը իրարու հետ իրենց ներկայացումները փորձ պիտի ընեն։
Երգեցողութիւն թիւ 123 եւ փակման աղօթք։
Օգոստոս 14–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 59
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիրը։
10 վյրկ. Դպրոցէն Լաւագոյնս Օգտուեցէք։ Երէց մը ցոյց կու տայ թէ ինչպէ՛ս ծնող մը կրնայ խօսակցիլ պատանի տղուն կամ աղջկան հետ դպրոցական դասընթացքներ ընտրելու մասին։ Ցոյց տուր կարիքը ընտրելու այն նիւթերը որոնք պիտի օգնեն ծառայութեան մէկ ասպարէզը հետապնդելու։—Տես Դիտարան Փետրուար 1, 1993–ի թիւը, էջեր 15–17, Պարբերութիւններ 3–11։
15 վյրկ. «Ծնողներ Որոնք կ’Ուրախանան»։ Դասախօսութիւն երէցի մը կողմէ։ Մեկնաբանութիւններ պարփակէ Դիտարան Օգոստոս 15, 1987–ի Անգլերէն թիւէն, էջեր 13–15, պարբերութիւններ 14–23։
15 վյրկ. «Քրիստոնէական Վարք Դպրոցին մէջ»։ Հարց պատասխանով։ Ծնողները քաջալերէ որ իրենց զաւակներուն հետ վերաքաղ ընեն Դիտարան Յուլիս 15, 1991–ի Անգլերէն թիւը, էջեր 23–6, յատկապէս այն մասերը որոնք կապ ունին այն հարցերուն հետ զորս զաւակները հաւանաբար պիտի դիմագրաւեն։
Երգեցողութիւն թիւ 55 եւ փակման աղօթք։
Օգոստոս 21–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 129
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ «Միօրեայ Մասնաւոր Համաժողովի Նոր Յայտագիր»։ Եթէ տեղեակ ես, յաջորդ համաժողովին թուականը յայտարարէ։ Բոլորը քաջալերէ որ ներկայ գտնուին։
15 վյրկ. «Մենք Մեզ Կամաւ Ներկայացնենք Ամէն Բարի Գործի Համար»։ Խանդավառ դասախօսութիւն երէցի մը կողմէ, 1–9–րդ պարբերութիւններուն մասին։
20 վյրկ. «Մենք Մեզ Կամաւ Ներկայացնենք Ամէն Բարի Գործի Համար»։ Հարց պատասխանով նկատի առնել 10–15–րդ պարբերութիւնները։ Ցոյց տուր տեղական կարիքները եւ այն կերպերը որոնցմով բոլորն ալ կրնան օժանդակել։
Երգեցողութիւն թիւ 172 եւ փակման աղօթք։
Օգոստոս 28–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 63
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Սեպտեմբեր 4–ին առնչութեամբ դաշտի ծառայութեան մասնաւոր կարգադրութիւնները յայտարարէ։
15 վյրկ. «Յաջող Վերայցելութիւնները Ազդեցիկ Ուսուցում կը Պահանջեն»։ Գլխաւոր կէտերը վերաքաղ ըրէ եւ մէկ կամ երկու հակիրճ ցուցադրութիւններ կարգադրէ։
20 վյրկ. Յաւիտեան Ապրիլ Գիրքը Ներկայացնենք Սեպտեմբեր Ամսուան Ընթացքին։ Բացատրէ թէ ինչպէ՛ս այս գիրքը կարեւոր դեր մը կը խաղայ Եհովայի դատաստանական պատգամը հաղորդելու մէջ։ (Տես Դիտարան Ապրիլ 1, 1988–ի թիւը, էջեր 25–6, պարբերութիւններ 17–18։) Պատմէ այն փորձառութիւնը որ կը գտնուի Դիտարան Ապրիլ 1, 1992–ի Անգլերէն թիւին մէջ, էջ 15, պարբերութիւններ 3–4։ Ուշադրութեան յանձնէ ուշագրաւ պատկերները գրքին 3, 11–13 եւ 156–158–րդ էջերուն մէջ։ Ցոյց տուր կերպեր որոնցմով այս պատկերները կարելի է գործածել խօսակցութիւններ սկսելու համար։ Թող ատակ հրատարակիչ մը ցուցադրէ հակիրճ ներկայացում մը, գործածելով էջ 156–158–ի մէջ յիշուած համարներէն մէկը։ Շեշտէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու նպատակակէտը։ Բոլորին յիշեցուր որ օրինակներ առնեն գործածելու համար այս շաբաթավերջը։
Երգեցողութիւն թիւ 162 եւ փակման աղօթք։