Ծառայութեան Ժողովներ Նոյեմբեր Ամսուան Համար
Նոյեմբեր 6–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 46
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։
15 վյրկ. «Նոր Գիրքը Աստուծոյ Գիտութիւնը Ցցուն կ’Ընէ»։ Հարց–պատասխանով։ Բոլորը քաջալերէ որ քաջածանօթ ըլլան գրքին բովանդակութեան հետ այնպէս որ կարենան ազդեցիկ կերպով զայն գործածել դաշտին մէջ։
20 վյրկ. «Բոլոր Սուրբ Գրութիւնները Օգտակար Են Սորվեցնելու Համար»։ Նոր Աշխարհի Թարգմանութեան երեսակները նկատի առ, ցոյց տալով թէ ի՛նչու ան ուրիշները կը գերազանցէ։ Անոր արդի լեզուով թարգմանուելուն առաւելութիւնները բացատրէ։ (Տես «Բոլոր Գիրքը» գիրքը, էջ 328, պարբերութիւններ 4–6։) Թող որ երկու ներկայացումներ ցուցադրուին։
Երգեցողութիւն թիւ 59 եւ փակման աղօթք։
Նոյեմբեր 13–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 33
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւներուն տեղեկագիրը։ Վերաքաղ ըրէ դաշտի ծառայութեան ընդլայնուած գործունէութեան կարգադրութիւնները յաջորդ շաբաթ աշխարհային տօնին ժամանակաշրջանին։
15 վյրկ. «Ժողովներուն Կանոնաւորաբար Յաճախելը Անհրաժեշտ Է Որպէսզի Հաստատ Կենանք»։ Դասախօսութիւն եւ ունկնդիրներուն հետ խօսակցութիւն։
20 վյրկ. «Բարի Լուրին Ինչպէս կը Վայելէ՝ Այնպէս Վարուեցէք»։ Հարց–պատասխանով։ Յաւելեալ մեկնաբանութիւններ ըրէ Դիտարան Օգոստոս 1, 1989–ի թիւէն, էջեր 16–17, պարբերութիւններ 5–9։
Երգեցողութիւն թիւ 28 եւ փակման աղօթք։
Նոյեմբեր 20–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 172
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
15 վյրկ. Տեղւոյն կարիքներ։ (Կամ դասախօսութիւն մը ներկայացուր, «Անձնական Ուսումնասիրութենէն Հաճոյք կ’Առնէ՞ք» խորագրով, հիմնուած՝ Դիտարան Յունիս 15, 1994–ի Անգլերէն թիւին վրայ, էջեր 8–11։)
20 վյրկ. «Ուրիշներու Օգնենք որ Աստուածաշունչի Արժէքը Գնահատեն»։ Երէց մը նկատի կ’առնէ երկու կամ երեք հրատարակիչներու հետ թէ ինչո՛ւ պէտք է վերայցելութիւններ ընենք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու նպատակակէտով։ Վերայցելութիւններու համար թելադրուած ներկայացումները վերաքաղ ըրէ, ապա զանոնք ցուցադրէ, որպէս փորձի նիստի մը մէջ։
Երգեցողութիւն թիւ 212 եւ փակման աղօթք։
Նոյեմբեր 27–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 55
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
15 վյրկ. «Վերի Բաներուն Վրայ Մտածեցէք»։ Հարց–պատասխանով։
20 վյրկ. Ներկայացնենք Նոր Գիրքը՝ Գիտութիւնը Որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ՝ Դեկտեմբեր Ամսուան Ընթացքին։ Վերաքաղ ըրէ գրքին կոչ ընող երեսակները—ուշագրաւ խորագիրները եւ հետաքրքրական պատկերները, պարզ բացատրութիւնները, պզտիկ չափը եւ հարցումներու հմուտ գործածութիւնը։ Ցոյց տուր խօսակցական մի քանի կէտեր որոնք կրնան կոչ ընել տեղական թաղամասին մէջ գտնուող անհատներուն։ Գիտութիւն գիրքը յատկապէս ծրագրուած է Աստուածաշունչի յառաջդիմական ուսումնասիրութիւններ վարելու համար, եւ մասնաւոր ջանք պէտք է թափուի բոլոր տեղաւորումները հետապնդելու համար, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու նպատակով։ Թող որ ատակ հրատարակիչ մը ցուցադրէ մէկ կամ երկու հակիրճ ներկայացումներ։ Բոլորը քաջալերէ որ այս նոր գիրքը լաւ կերպով գործածեն դաշտին մէջ, Դեկտեմբերէն սկսեալ։
Երգեցողութիւն թիւ 10 եւ փակման աղօթք։