Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 4/96 էջ 7
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
թծ 4/96 էջ 7

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք գրականութիւնները Ապրիլին եւ Մայիսին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Յաճախակի աշխատցուած թաղամասին համար, կարելի է նաեւ յարմար որեւէ գրքոյկ գործածել։ Եթէ վերայցելութեան ատեն հետաքրքրութիւն յայտնաբերուի, կարելի է բաժանորդագրութիւն առաջարկել։ Յունիսին. Գիտութիւն մը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Յուլիսին եւ Օգոստոսին. Հետեւեալ որեւէ 32 էջնոց գրքոյկ. «Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ», Այն Կառավարութիւնը Որ Դրախտ Պիտի Բերէ, Աստուած Իրապէս Հոգ կը Տանի՞ Մեզի, Երբ Սիրելի մը Կորսնցնենք, Երկրի Վրայ Կեանքը Յաւիտեան Վայելեցէ՛ք, Երրորդութեան Պէ՞տք Է Հաւատաք եւ Ի՞նչ Է Կեանքին Նպատակը։ Երբ յարմար է, կրնաք այսպիսի գրքոյկներ ներկայացնել. Մեռելներու Հոգիները—Կրնա՞ն Ձեզի Օգնել կամ Ձեզ Վնասել. Անոնք Իրապէս Գոյութիւն Ունի՞ն, Մեր Խնդիրները—Ո՞վ Պիտի Օգնէ Մեզի որ Զանոնք Լուծենք եւ Պատերազմէ Զերծ Աշխարհ մը Պիտի Ըլլա՞յ։

◼ Երբ գործնական է, մինչ ցերեկուան ժամերը կ’աւելնան, երէցները պէտք է կարգադրութիւններ ընեն որ ժողովքը աւելի ժամանակ տրամադրէ երեկոյեան վկայութեան։

◼ Ապրիլէն սկսեալ, ղրկուած գրականութիւններուն հետ 1996–ի նահանգային համաժողովի պատճերը ինքնաբերաբար պիտի պարփակուին, հետեւեալ լեզուներով. Անգլերէն, Իտալերէն, Լեհերէն, Ճաբոներէն, Յունարէն, Չինարէն, Սպաներէն, Վիեթնամերէն, Փորթիւկալերէն, Քորեայերէն եւ Ֆրանսերէն։ Հարկ պիտի չըլլայ զանոնք խնդրելու։ Իւրաքանչիւր ժողովքին մեծութեան համաձայն, քարտերը պիտի ղրկուին ամէն 25 հատը միասին ըլլալով։ Եթէ ժողովքը յաւելեալ պատճերու կարիքը ունենայ, զանոնք պէտք է ապսպրէ Գրականութիւններու Խնդրանքի Թղթիկին (S-14) միջոցաւ։

◼ Ռահվիրայական Ծառայութեան Անձնագիրը փոխելու կերպին նկատմամբ բարեճշդում մը տեղի ունեցած է։ Այսուհետեւ, Ընկերութիւնը ինք պիտի հայթայթէ փոխուած քարտերը այն ռահվիրաներուն համար, որոնք կը տեղափոխուին, իրենց անունը կը փոխեն, իրենց քարտը կը կորսնցնեն կամ կը խնդրեն որ իրենց նշանակումը փոխուի։ Քարտուղարը պէտք է մէջտեղէն վերցնէ չգործածուած բոլոր քարտերը։ Անուան փոփոխութիւնները եւ վերանշանակումները ձեռք պիտի առնուին սովորական կերպով, այսինքն, քարտուղարը յարմար տեղեկութիւնները պիտի նոթագրէ Ժողովքի Տեղեկագրին (S-1) ետեւի կողմը։ Անկէ ետք, Ընկերութիւնը ժողովքին պիտի ղրկէ ռահվիրաներուն նոր քարտերը։ Այս քարտերը ընդհանրապէս ամսական հաշուեցոյցին հետ պիտի գան։ Ամէն փոփոխութիւն շուտով Ընկերութեան պէտք է տեղեկացնել, որպէսզի մեր արձանագրութիւնները ճշգրիտ ու ընթացիկ մնան։ Նաեւ, երբ ռահվիրայ մը ռահվիրայական ծառայութենէ կը դադրի կամ ռահվիրաներու շարքէն դուրս կը դրուի, S-206 թղթիկը անյապաղ պէտք է լեցնել ու Ընկերութեան յղել։

◼ Ուրիշ երկիրներու մէջ տեղի ունենալիք նահանգային համաժողովներուն թուականներուն ու վայրերուն վերաբերեալ որեւէ հարցում պէտք է ուղղել կապ ունեցող մասնաճիւղին։ Բոլոր մասնաճիւղերուն հասցէները կը գտնուին Տարեգրքին վերջին էջին վրայ։

◼ Կոյրերու համար Դիտարանը հիմա մատչելի է Քորեայերէն եւ Փորթիւկալերէն լեզուներով։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել