Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 4/96 էջ 7
  • Հարցումի Տուփ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումի Տուփ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Հարցումի Տուփ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
  • Մեր ժողովները ինչո՞ւ կարեւոր են
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Մաս 7. Աստուածաշունչի Յառաջդիմական Ուսումնասիրութիւններ Վարենք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
  • Գլխաւորութիւնը ժողովքին մէջ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
թծ 4/96 էջ 7

Հարցումի Տուփ

◼ «Եղբայր» եւ «քոյր» արտայայտութիւններուն պատշաճ գործածութիւնը ի՞նչ է։

Երբ բառացիօրէն կը գործածուին, «եղբայր» եւ «քոյր» արտայայտութիւնները կ’ակնարկեն միեւնոյն ծնողքը ունեցող անհատներուն։ Այս բնական յարաբերութիւնը սովորաբար ջերմ յարում մը կը ստեղծէ, իսկ այս անհատներուն վայելած մտերմութիւնը ա՛լ աւելի կը զօրանայ ընկերային, միջավայրի եւ զգացական կապերով։

Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուց որ Եհովայի աղօթեն, ըսելով՝ «Հայր մեր»։ Այս արտայայտութեան գործածութիւնը կը նշանակէ որ Քրիստոնեաներ ըլլալով, մենք բոլորս ալ ընտանեկան սերտ շրջանակի մը մաս կը կազմենք, ուր հոգեւոր ճոխ յարաբերութիւն մը կը վայելենք։ Յիսուս ասիկա աւելի շեշտեց, երբ իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Դուք ամէնքդ եղբայր էք»։—Մատթ. 6։9. 23։9

Աստուծոյ ընտանիքին մէջ մեր ունեցած հոգեւոր սերտ կապերուն շնորհիւ, իրարու «Եղբայր» եւ «Քոյր» կ’ըսենք, մանաւանդ ժողովքի ժողովներուն ընթացքին։ Այս հոգեւոր առիթներուն, ժողովը վարող եղբայրը մկրտուած անհատներուն կ’ակնարկէ, գործածելով «եղբայր» կամ «քոյր» արտայայտութիւնները, ապա անհատին մականունը։

Ի՞նչ ըսենք եթէ չմկրտուած անհատ մը կը փափաքի ժողովներուն մասնակցիլ։ Երբ անհատ մը որոշ ատենէ ի վեր Եհովայի ժողովուրդին հետ կ’ընկերակցի ու նուիրումի կը մօտենայ, իր անձը նկատելով որպէս Եհովայի Վկաներէն մէկը, արգելք չկայ որ իր մականունէն առաջ «Եղբայր» կամ «Քոյր» ըսենք։ Պարագան մասնաւորաբար այդպէս է եթէ անհատը չմկրտուած հրատարակիչ մը եղած է։

Միւս կողմէն, հետաքրքրուած անհատներ որոնք միմիայն վերջերս սկսան մեր ժողովներուն յաճախել, տակաւին չեն առած այն քայլերը որոնք պիտի բնորոշեն զիրենք որպէս Աստուծոյ ընտանիքին մէկ մասը։ Այս անհատներուն պիտի չըսուի «Եղբայր» կամ «Քոյր», քանի որ չունին Աստուծոյ ընտանիքին վայելած հոգեւոր յարաբերութիւնը։ Հետեւաբար, ժողովներուն ընթացքին, անոնց պիտի ակնարկենք աւելի պաշտօնական կերպով մը, գործածելով իրենց մականունին հետ յարմար տիտղոս մը, ինչպէս՝ «Պարոն»։

Մեր ժողովքի ժողովներուն «եղբայր» եւ «քոյր» արտայայտութիւնները գործածելը կը մատնանշէ կապի մը, որ ա՛լ աւելի սերտ ու շատ աւելի թանկագին է քան ինչ որ ցոյց կու տայ անհատի մը առաջին անունը գործածելը։ Անիկա մեզի կը վերյիշեցնէ օրհնեալ յարաբերութիւնը զոր կը վայելենք որպէս հոգեւոր ընտանիք մը մէկ Հօր՝ Եհովա Աստուծոյ՝ ներքեւ։ Այս կերպով նաեւ իրարու հանդէպ մեր ունեցած խոր սէրը ու ջերմութիւնը մեր ուշադրութեան կը յանձնուին։—Եփ. 2։19. Ա. Պետ. 3։8

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել